Լիմ անապատ․ կը գտնուի Վանայ լճի հիւսիս-արեւելքը՝ Լիմ կղզիին մէջ։ Ըստ աւանդութեան, Դ․ դարասկզբին հիմնադրուած է Գրիգոր Լուսաւորիչին կողմէն,

Լիմ անապատը

Պատմական

Խմբագրել

ԺԴ․ դարու սկիզբին Լիմ անապատին մէջ կառուցուած են Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Կարապետ եւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցիները։ 1305-ին Աղթամարի Զաքարիա Ա. կաթողիկոսը վերակառուցած է Լիմ անապատի գլխաւոր՝ Սուրբ Գէորգ, եկեղեցին։ Ըստ Թ․ - Ժ․ դարերու պատմիչ Թովմա Արծրունիին «Պատմութիւն Արծրունեաց տան» երկի անանուն շարունակողի՝ եկեղեցին գմբէթաւոր էր, շքեղօրէն զարդարուած։

1394-ին Լենկ-Թիմուրի արշաւանքին ընթացքին եւ 1428-ին Սքանդարի ներխուժումէն փախչելով՝ Վանայ լիճին ափամերձ բնակչութիւնը Լիմ անապատ պատսպարուած է։ 1538-ին Վանի կառավարիչ Գոգչա սուլթանը գրաւած է Լիմ կղզին, այրած ու ծով նետած Լիմ անապատի գրատան ձեռագրերը, որոնցմէ միայն փոքր մաս մը գտնուած ու փրկուած է։

Վերելքի շրջան

Խմբագրել
 
Լիմ Եկեղեցի, աւերակներ

Լիմ անապատը կը ծաղկի ԺԷ․ դարուն։ 1621-ին Սիւնաց Մեծ անապատէն Լիմ տեղափոխուած է Ներսէս Մոկացի վարդապետը իր աշակերտներուն՝ Ստեփանոս Շատախցի եւ Մելիքսեթ Վժանցի հետ։ Ան Լիմ անապատին մէջ հիմնած է բարձրագոյն դպրոց, ուր ուսանած են փիլիսոփայութիւն, քերականութիւն, տոմարագիտութիւն, գրչութեան արուեստ եւայլն։ Ներսէս Մոկացիի յաջորդին՝ Ստեփանոս Շատախցիի վանահայրութեան ժամանակ Լիմ անապատի միաբանութիւնը այնքան բազմանդամ դարձած է, որ անոր մէկ մասը տեղափոխուած է Կտուց անապատ։

1763-ին Սիմէոն Ա. Երեւանցի կաթողիկոսը այցելած է Լիմ եւ Լիմ անապատ։ Յատուկ կոնդակով արտօնած է համալիրի նորոգութեան համար գումար հաւաքել։ Վանահայր Յովհաննէս Մոկացին Լիմ անապատի պարտքերը վճարելու համար հանգանակութիւն կատարած է, 1766-ին քանդած է փայտեայ ժամատունը եւ 1770-ին քարաշէն նոր ժամատուն կառուցած է (ճարտարապետ՝ Սիոն)։ 1882-ին վանահայր Պողօս եպիսկոպոսը անապատին կից դպրոց կառուցած է։ Լիմ անապատը կողոպտած եւ աւերած են քիւրտ աւազակախումբերը 1896 եւ 1898 թուականներուն։

 
Հայկական գրութիւններ եկեղեցւոյ պատին

1915-ին՝ Մեծ եղեռնի օրեր

Խմբագրել

1915-ին՝ Մեծ եղեռնի զոհ գացած են անապատի միաբանները եւ կղզիին մէջ ապաստանած վասպուրականցիները, եկեղեցական իրերը կողոպտուած են եւ ջարդարարները ոչնչացուցած են ձեռագիրները եւ Լիմ անապատին մէջ պահուող Սուրբ Գէորգի ու Սահակ Պարթեւի մասունքները։ Լիմ անապատի խաչաձեւ, գմբէթաւոր, սրբատաշ «ֆելզիտ»ով կառուցուած Սուրբ Գէորգ եկեղեցիէն պահպանուած է միայն հիւսիս-արեւմտեան անկիւնը։ Անոր արեւմուտքին կից կը գտնուի քառամոյթ ժամատունը, որուն հիւսիսը՝ Սուրբ Սիոն մատուռը։ Իսկ արեւմուտքէն՝ եռաստիճան, քառամոյթ, կամարակապ երկրորդ յարկով ու սիւնազարդ գմբէթով զանգակատունը (ԺԸ․ դար)։

Լիմ անապատին մէջ ԺԳ․ - ԺԷ․ դարեր գործած է գրչութեան կեդրոն

Խմբագրել

Լիմ անապատին մէջ ԺԳ․ - ԺԷ․ դարեր գործած է գրչութեան կեդրոն, ուր գրուած, ընդօրինակուած, նկարազարդուած ու կազմուած են հարիւրաւոր ձեռագիրներ։ ԺԳ․ եւ ԺԴ․ դարերէն մեզ հասած է մօտ մէկ տասնեակ ձեռագիր՝ ընդօրինակուած Մովսէս, Խաչատուր, Աբրահամ եւ Մանուէլ գրիչներու ձեռքով։ ԺԵ․ դարու կիսուն այդտեղ աշխատած են Իգնատիոս, Յովհաննէս Մանկասարենց գրիչները, իսկ ծաղկող Մինասը նկարազարդած է անոնց ընդօրինակութիւնները։

ԺԷ․ դարուն, Լիմ անապատին մէջ բարձրագոյն դպրոցի գործունէութեան ժամանակ, ուսումնասիրուած են աշխարհիկ գիտութիւններ, գրուած են թուաբանութեան, աստղաբաշխութեան, բժշկութեան վերաբերեալ աշխատութիւններ։

Լիմ անապատը ունեցած է հարուստ մատենադարան, 1693-ին այդտեղ կար 3124 գիրք, ԺԹ․ դարավերջին՝ 550 ձեռագիր, մօտ 3․000 տպագիր գիրք, որոնց մէկ մասը փրկուած եւ մեզի հասած է։

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • «Վասպուրական-Վանի Վանքերը», Հմազասպ Ոսկեան, Վիեննա 1940, էջ 5-12։
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է « Քրիստոնեա Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։