Խաչակիրներու Թ․ Արշաւանք
Խաչակիրներու իններորդ արշաւանք, որ որոշ պատմաբաններ խաչակիրներու ութերորդ արշաւանքի մաս կը համարեն, տեղի ունեցած է վերջին մեծ Խաչակիրներու արշաւանքը դէպի Սուրբ երկիր։ Տեղի ունեցած է 1271-1272 թուականներուն։ Լիւդովիկոս IX-ի՝ խաչակիրներու ութերորդ արշաւանքի ժամանակ Թունուզը վերցնելու անկարողութիւնը ստիպեց Անգլիոյ թագաւոր Հենրիխ III-ի որդի Էտուարտ I-ին շարժիլ դէպի Ակրա։ Յետագայ իրադարձութիւնները պատմութեան մէջ մտած են խաչակիրներու իններորդ արշաւանքի անուանումով։ Արշաւանքի ժամանակ Էտուարտ յաջողեցաւ շարք մը յաղթանակներ ձեռք բերել Բեյբարս I-ի դէմ։ Միայն թէ վերջաւորութեան, Էտուարտ ստիպուած էր դէպի տուն շարժիլ անյետաձգելի գործերու պատճառով, գահակալութեան հարցով, իսկ Ուտրեմերի մէջ ան չի յաջողիր իշխաններու միջեւ վէճերը լուծել։ Կարելի է ըսել, որ այդ ժամանակ խաչակիրներու արշաւանքներու ոգին արդէն մարած էր[1]:Խաչակիրներու ամրոցները՝ Միջերկրական Ծովու ափերուն տեղակայուած, ոչնչացման վտանգի տակ էին։
Խաչակիրներու Թ․ Արշաւանք | |||||||
---|---|---|---|---|---|---|---|
Խաչակիրներու Արշաւանքներ | |||||||
| |||||||
| |||||||
Հակառակորդներ | |||||||
*Անգլիոյ Թագաւորութիւն | Մամլուքներ | ||||||
Հրամանատարներ | |||||||
Էտուարտ I Քարլ I Անժուցի Հուգո III Բոհեմունդ IV Աբակա-խան |
Բեյբարս I | ||||||
Կողմերու ուժեր | |||||||
Խաչակիրներ |
Մոնկոլներու արշաւանքները
ԽմբագրելԵրբ Էտուարտ Ակրա կը հասնի, անմիջապէս դեսպանութիւն կ'ուղարկէ Իրան` Մոնկոլական կայսրութեան ղեկավար Աբակ-խանի մօտ։ Դեսպանութիւնը ղեկավարուած էր Ռեդջինալտ տէ Ռասսելի, Գոդֆրուա տէ Վոսի եւ Իոհան տէ Պարկերի կողմէ։ Անոնց առաքելութիւնը այնպէս էր, որպէսզի մոնկոլներուն կողմէ (որոնք նոյնպէս թշնամաբար տրամադրուած էին իսլամներու հանդէպ) ռազմական օգնութիւն ստանային։[2], 4 Սեպտեմբեր 1271-ին Աբակ-խանը կը պատասխանէ, որ համաձայն է համագործակցելու եւ կը հարցնէ, թէ երբ միասնաբար դուրս պիտի գան մամլուքներու դէմ[3]։ Հոկտեմբերի վերջը, 1271–ին, մոնկոլներու բանակը Սուրիա կը հասնի։ Խանը ինքը, սակայն, Թուրքմենիստանի մէջ վէճերու մէջ էր եւ այդ պատճառով միայն կրնար 10 հազարանոց հեծելազօր ուղարկել Սամագարի ղեկավարութեամբ։ Այս զօրքի կազմին մէջ կային զինուորներ` Փոքր Ասիայէն եւ սելճուքներու օգնական ջոկատներէն եկած։ Չնայած մոնկոլներու համեմատաբար փոքր ուժերուն, անոնց երեւալը իսլամական բնակչութեան հեռացման կը յանգէր, որոնք մինչեւ Կիպրոս կը փախչին, իսկ մոնկոլները թուրքմէններու ուժերը կը ջախջախեն, որոնք Ալեբբոն կը պահպանեն եւ կը շարունակեն դէպի հարաւ ներխուժումները։ Բայց մոնկոլները Սուրիա չեն մնար։ Իսկ Բեյբարսը զօրքերով դուրս կու գայ Եգիպտոսէն 12 Նոյեմբեր 1271-ին. մոնկոլներն արդէն վերցուած աւարով Եփրատը կ՛անցնին[4][5]!։
Ծովու վրայ ճակատամարտ` Կիպրոսի մօտ
ԽմբագրելԲեյբարսը, գալով այն եզրակացութեան որ շուտով խաչակիրները Եգիպտոսի վրայ կը յարձակին միաժամանակ ծովէն եւ ցամաքէն, գիտակցելով իր դրութեան վտանգաւորութիւնը՝ նաւատորմի ստեղծմամբ կը զբաղի։
Խաչակրաց Արշաւանքի Աւարտ
ԽմբագրելԱյս յաղթանակէն ետք, Էտուարտ կը հասկնայ, որ ուժերու ստեղծման, Երուսաղէմի ազատագրման համար, անհրաժեշտ է վերջացնել ներքին անկարգութիւնները քրիստոնէական տիրոյթներուն մէջ։ Արքայազն Էտուարտ եւ արքայ Հուգոն, կը սկսին բանակցութիւններ վարել՝ սուլթան Բեյբարսի հետ հաշտութիւն կնքելու համար։ Կեսարիոյ մէջ 1272–ին հաշտութիւն կը կնքուի 10 տարի, 10 ամիս եւ 10 օրով։ Արքայազն Էտմունտը համարեայ անմիջապէս Անգլիա կը հասնի. այդ ժամանակ Էտուարտ կը մնայ, որպէսզի տեսնէ, թէ Բեյբարսը համաձայնութիւնը կը պաշտպանէ՞, թէ ոչ։ Յաջորդ ամիս Էտուարտի վրայ մահափորձ կը կատարեն։ Քանի մը տարբերակ կայ, թէ ով ուղարկած է մարդասպանը։ Համաձայն առաջին տարբերակին՝ մարդասպանը ուղարկուած է էմիր Ռամլայի կամ Բեյբարսի կողմէ։ Նաեւ որոշ մեծաւորներ կ'ըսեն, որ մարդասպանը Ռաշիդ ատ-Տին Սինանի կողմէ ուղարկուած է, թէեւ ան 1192–ին մահացած էր՝ խաչակիրներու իններորդ արշաւանքի սկսելէն առաջ։ Էտուարտ կը սպասէ վարձու մարդասպանին, շատ վատ վէրքով (որուն պատճառը դաշոյնի հարուածն էր) եւ ստիպուած կ'ըլլայ յետաձգել մեկնումը։ 1272–ին Էտուարտը կը ձգէ Ակրան եւ Սիկիլիա կը մեկնի։ Եւ մինչ ան կ'ապաքինէր կղզիին մէջ, սկիզբը կը ստանայ որդիի՝ Յովհանի մահուան լուրը, իսկ յետոյ հօր՝ Հէնրիխ III (Անգլիոյ հաւաքականի թագաւոր)-ի մահուան լուրը։ 1273–ին Էտուարտ դէպի տուն վերադարձի ճամբան կը սկսի՝ անցնելով Իտալիայէն, Գասկոնէն եւ Փարիզէն։ Ան վերջապէս 1274–ի կէսերուն Անգլիա կը հասնի։
Արշաւանքներու հետեւանքները
ԽմբագրելԷտուարտ կ'ուղեկցի Թեոբալդո Վիսկոնտիին, որ յետագային Գրիգորիոս X կը դառնայ։ Ան 1272–ին նոր խաչակրաց արշաւանքի կոչով հանդէս կու գայ, բայց այդ կեանքի չի կոչուիր։ Ընդ որում քրիստոնէական պետութիւններու միջեւ առաջ կու գան նոր գժտութիւններ, երբ Քարլ I Անժուացի, օգտուելով Հուգո III-ի (Կիպրոսի թագաւոր), Տաճարականներու եւ Վենետիկի միջեւ եղած վէճէն եւ կը փորձէ վերահսկողութիւն սահմանել Սուրբ Երկրին մէջ գտնուող տարածքներու վրայ։ Մարիա Անտիոքցին, ձեռք բերելով յաւակնութիւն Երուսաղէմի թագաւորութեան վրայ, կը սկսի քաղաքացիական պատերազմ Կիպրոսի մէջ։ 1277–ին Ռոջեր տէ Սան-Սեւերինոն Ակրան կը գրաւէ Կարլի համար։ Երկպառակտչական կռիւները կը հիւծեն թագաւորութիւնը։ Անոնք հնարաւորութիւն կու տային մէկ հրամանատարի իր շուրջը ուժեր համախմբելու՝ խաչակիրներու արշաւանքի համար։ Այդպէս եղաւ Քարլ Անժուացին։ Սակայն այդ յոյսերը չէին արդարանար, որովհետեւ տակաւին վենետիկցիները խաչակրաց արշաւանքը կը կատարէին դէպի Կոստանդնուպոլիս, ուր Միքայէլ VIII Պալեոլոգոս, վերջերս Բիւզանդական կայսրութիւնը հիմնած էր եւ վռնտած էր վենետիկցիներուն։ Գրիգորիոս պապը չաջակցիր արշաւանքին, բայց Մարտին IV-ը 1281–ին կ'ողջունէ այդ արշաւանքը։ Սակայն Սիկիլիական գիշերները, տեղի ունեցած՝ մարտ 1282–ին, Քարլին կը ստիպէ տուն վերադառնալ։ Այդ մէկը վերջին արշաւանքը կ'ըլլայ` Եւրոպայէն սկսած, ընդդէմ Բիւզանդիոնի եւ Սուրբ Երկրին մէջ՝ ընդդէմ իսլամներու։ Յաջորդ ինը տարիներուն մամլուքները կը սկսին նոր պահանջներ առաջ քաշել՝ հարկերու հետ առնչուած։ Այդ բոլորը կը խախտէ միջազգային հաշտութեան պայմանագիրը։ 1289–ին սուլթան Կալաուն ալ-Մանսուրը մեծ բանակ կը հաւաքէ եւ դէպի Թրիփոլի կը շարժի, քաղաքը պաշարելով եւ արիւնահեղ գրոհով վերցնելով զայն։ Քաղաքներու գրաւումը մամլուքներու համար առանձնակի դժուարութեամբ կ'ըլլար։ Քրիստոնեաները մոլեռանդութեամբ հակառակութիւն ցոյց կու տային։ Ինքը՝ Կալաունը, կը կորսնցնէր աւագ որդին։ Ան երկու տարի պէտք ունէր վերականգնելու եւ վերստին բանակը հաւաքելու համար։
1275–ին Աբակ-խանը սուրհանդակի միջոցով նամակ ուղարկեց Էտուարտին։ Խանը խնդրեց Էտուարտէն հերթական խաչակրաց արշաւանք կազմակերպել եւ ըսաւ, որ յաջորդ անգամ ինքը մեծ օգնութիւն ցոյց կու տայ։ Էտուարտ նոյն տարին պատասխանեց անոր, շնորհակալութիւն յայտնելով խաչակրաց իններորդ արշաւանքի ժամանակ համագործակցելու համար, նշելով անոր նաեւ՝ քրիստոնէութեան նուիրուածութեան մասին։ Ան նշեց նաեւ, որ չի գիտեր, թէ երբ տեղի պիտի ունենայ խաչակիրներու յաջորդ արշաւանքը եւ պատրաստ է ուրախութեամբ սուրբ Երկիր վերադառնալու կը տեղեկացնէ Աբակային, թէ եթէ Հռոմի Պապը նորէն Խաչակրաց արշաւանք յայտարարէ։ Նամակը ձեւական բնոյթ ունէր, քանի որ Էտուարտ խաչակրաց արշաւանքի համար չէր սկսած նախապատրաստական աշխատանք տանելու։ 1276–ին, մէկ այլ սուրհանդակ եկաւ նոյն ուղերձով, եւ որպէս յաւելում, խանը ներողութիւն խնդրեց այն բանի համար, որ 1271–ին չի կրցաւ էական օգնութիւն ցուցաբերել[6]։ 1275–ին ուխտագնացներու խումբը Ակրաէն յարձակման ենթարկուեցաւ։ Որպէս վրէժ, 18 իսլամ վաճառականներ սպաննուեցան՝ Սուրիայէն եկող կարաւանին ուղեկցող։ Կալաունը պահանջեց մեծ գումար վճարել, որպէս փոխհատուցում, բայց պատասխան չստացաւ եւ սուլթանը այս մէկը որպէս առիթ օգտագործեց պատերազմի համար։ Ան 1291–ին Ակրան պաշարեց եւ գրոհով գրաւեց, այսպիսով վերջ դնելով խաչակիրներու վերջին անկախ պետութեան Սուրբ Երկրի մէջ։ Ինքը՝ Կալաունը մահացաւ պաշարման ժամանակ եւ Խալիլ ալ-Աշրաֆը` միակ կենդանի մնացածը անոր ընտանիքէն, նոր սուլթան դարձաւ։ Խաչակիրներու յենակէտը դէպի հիւսիս տեղափոխուեցաւ` Թարթուս, յետոյ Կիպրոս։ 1299–ին մոնկոլական բանակը Ղազան - խանի գլխաւորութեամբ քանի մը յաջող արշաւանք իրականացուց մամլուքներու դէմ։ Յետոյ մոնկոլները եւ հայերը եւս իրականացուցին մէկ համագործակցութիւն՝ Սուրիոյ համար։ Վերջին յենակէտը Սուրբ Երկրին մէջ Արուատն էր, որ 1302–ին ինկաւ։ Այսպիսով Խաչակիրներու արշաւանքները աւարտեցան Սուրբ Երկրին մէջ, որ խաչակրաց առաջին արշաւանքէն ետք 208 տարիով երկարաձգուած էր։
Ծանօթագրութիւններ
ԽմբագրելԳրականութիւն
Խմբագրել- «Histoire des Croisades III», René Grousset
- «Edward I», Michael Prestwich, University of California Press, 1988
- «The Crusades: A History of One of the Most Epic Military Campaigns of All Time», Jonathan Howard, 2011
- «God’s War: A New History of the Crusades», Christopher Tyerman
- «Mongols and Mamluks», Reuven Amitai-Preiss, 2005
- «A History of the Crusades: The Kingdom of Acre and the Later Crusades», Steven Runciman, 1987