Կարապետ Գալուստեան

Աղա Կարապետ Գալուստեան (1790-1864 թթ.)։

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Կարապետ Գալուստեան ծնած է Վան, 1802–ին (ըստ տապանագրին), բայց իր ազգականներու վկայութեամբ 1790–ին։ Իր ընտանեկան անունն էր Հանըմեան կամ Հանըմ Օղլու։ Հայրը քահանայ էր Վանի մէջ՝ Տ․ Գալուստ անունով եւ իր զաւակներն ալ Խաչատուր եւ Կարապետ տեղւոյն վարժարանը կը յաճախէին։

Խաչատուր պանդխտանալով կը հասնի Գահիրէ, ուր իրեն կը միանայ նաեւ իր եղբայրը՝ Կարապետ։ Բաւականաչափ արաբերէն սորվելով՝ կը մտնէ Եղիազարեաններու քով (ասոնք կառավարութեան հետ կարեւոր գործեր կ'ընէին)։ Կարապետ հետզհետէ յառաջանալով իր կինն ալ Վանէն բերել կու տայ, որ չկարողանալով տոկալ հայրենաբաղձութեան՝ 1833–ին կը մեռնի։ Սակայն կնոջմէն առաջ մեռած էր նաեւ իր եղբայրը՝ Խաչատուր Գալուստեանը, որուն գերեզմանը Մարմենայի մէջ է։

Ինք սեղանաւորական գործերու հմուտ, ճշդապահ անձ մը եղած է եւ մեծ վստահութիւն շահած։ Կը ստանձնէ երկրին ցորենի, աղի եւ ծխախոտի հոգածութիւնը, հրամանագրով տնօրէն կը դառնայ ընդհանուր մաքսերու։ Գալուստեան՝ ի բնէ ուշիմ եւ հաշուագէտ անձ մը ըլլալով, ամէն գործ կանոնաւորաբար կը կատարէ ու հետեւաբար շատ կը հարստանայ: Նեղոսի վրայ միայն իր հաշւոյն 1000 նաւ կ՛ունենայ։ Շրջան մը Սուտան կ՛երթայ, ուր տուրքերը հաւաքելով, սնտուկներով կը բերէ Եգիպտոս։ Անգամ մը Զակազիկի մէջ սով կը պատահի, փաշան կը հրամայէ Գալուստեանին, որ առաջքը առնէ: Կարապետ իր դրամով ամբարները կը լեցնէ եւ յետոյ վնասով 12 ղրուշով կը ծախէ, փոխան՝ 25 ղրուշի: Միւս վաճառականներն ալ վախնալով, որ պիտի վնասեն, անոնք ալ կը սկսին նոյն գնով ծախել եւ ահա սովը կը վերջանայ։

Ան Կառավարութենէն վարձած էր Տամիյէթի ձկնարանը։ Իր ազդեցութիւնը մեծ էր: Ըստ զրոյցի՝ Մուհամմէտ Ալի եւ Իպրահիմ փաշաներու իշխանութեան ատեն, իր շոգենաւին մէջ թնդանօթ կրելու արտօնութիւնը ստացած էր։

Անսահման վարկ ունէր ելեւմտից պաշտօնէութենէն: Վարած է փողերանոցի տեսչութիւնը Ապպաս փաշայի իշխանութեան բովանդակ շրջանին (1848-1854 թթ.), թէեւ քիչ էր մնացեր՝ որ իւրիմացութեամբ մը աքսորուէր, սակայն փոխարքային բժշկապետին միջամտութեամբ կ'ազատէր։

Ունէր առաջնակարգ ադամանդազարդ պատուանշան։ Ինք քանի կը բարձրանար, այնքան ազգին կը մօտենար, առաջնորդ Գաբրիէլ Սրբազանին հետ կը տնօրինէր ազգային խնդիրները եւ կը վարէր ազգային հաստատութիւնները։ 1854–ին կանոնագիր մը պատրաստուած է վարժարանի, եկեղեցական, գերեզմանական եւ ժառանգական ուրիշ գործերու համար, որուն տակ Գալուստեան ստորագրուած է Գաբրիէլ Եպիսկոպոսի հետ։

Տարպէլ Կենենայի մէջ Երուսաղէմի վանքին սեփական տուն մը կար, որ հրդեհէ մը աւերակ դարձած էր։ Գալուստեան 20000 ֆրանք տալով այդտեղ կը շինէ վարժարան մը եւ կը կոչէ Մովսէս Խորենացիի անուամբ․ 1854–ին շքեղ հանդէսով վարժարանը կը բացուի եւ հին դպրատան աշակերտները կը փոխադրուին հոն։ 1897–ին «Գաւառական Ժողով»ի որոշումով Խորէնեան անունը կը փոխուի Գալուստեանի։ Կարապետ Գալուստեան շէնքը շինելէն ետք կը խորհի անոր բարոյական շէնքն ալ կառուցանել, քանի որ այն ատեն եկամուտը հազիւ 1200 ֆրանք էր եւ անհնարին էր մատակարարել այդ դրամով, ուստի իշխանավայել առատութեամբ կտակ կ'ընէ եւ իր շինած վարժարանին կարեւոր կալուածներ կը նուիրէ, որոնք այսօր քանի մը պատիկ աւելի արժէք ունին։

1864-ին Գալուստեան նամակ կը գրէ Մկրտիչ Խրիմեանի, թէ. «Ե՛լ, եկո՛ւր, Վարագդ՝ Վիեննա եւ Աղթամար ալ Վենետիկ պիտի ընեմ»․ Հայրիկ ճամբայ կ'ելլէ սակայն տակաւին Եգիպտոս չհասած Գալուստեան կը մեռնի: Իր կտակին մէջ Հայրիկի մասին ոչինչ գրուած է։ 1864 թուականի Ապրիլին Պոլսոյ Պատրիարքարանէն Սահմանադրութեան հաստատման համար պաշտօնագիր եկած ըլլալով, Գալուստեան Հէլվանի ագարակէն կ'իջնէ մասնակցելու համար խորհրդածութեանց եւ երբ Գահիրէ կը հասնի 1864 Ապրիլ 8–ին, յանկարծամահ կ'ըլլայ։

Դպրոցին արձանագրութիւնը Խմբագրել

Ահաւասիկ դպրոցին արձանագրութիւնը․

«Շնորհիւն Աստուծոյ ի հիմանց կառուցաւ վարժարանս յանուն Քերթողահօրն մերոյ Մովսիսի Խորենացւոյ, արդեամք եւ ծախիւք Վանեցի ազգասէր Կարապետ աղայի Տէր Գալուստեան ի յաւերժական յիշատակ լուսահոգի հօրն Տէր Գալուստին եւ մօրն Մարեմայ եւ եղբօրն Խաչատուրոյ եւ կենդանեաց ի վայելումն եւ ի բարեկարգութիւն մանկաւ Արամեան տոհմիս յԵգիպտոս ի բարոյական եւ ուսումնական վարժս գիտութեան։ Յամի Տեառն 1854 Սեպտ․ 15»։

Կտակը Խմբագրել

Կտակն ինքնագիր է եւ թրքերէն լեզուով շարադրուած, կը կրէ 1274 Շաապան 1 թուականը (1858 Մարտ 5, վկան է Խաչեր պէյ Միքայէլեան եւ հաստատողը՝ Գաբրիէլ Եպիսկոպոս։

Մեծանուն բարերարը իր այս կտակագրով տրամադրած է իր ամբողջ ստացուածքն ի նպաստ Ազգային հաստատութեանց եւ անձերու՝ աղքատը, դպրոցը, եկեղեցին, ժառանգորդները, ծառաները եւ պաշտօնեաները։ 430000 ֆրանքէն աւելի արժէք ունեցող շարժուն եւ անշարժ կալուածներ էին։

Իր կտակը կառավարութենէն վաւերացուած է 1887-ին, շնորհիւ Իզմիրլեան երջանկայիշատակ հայրապետին, որ այն ատեն Եգիպտոսի առաջնորդն էր։

Դամբարանին արձանագրութիւնը Խմբագրել

Ահաւասիկ իր դամբարանին արձանագրութիւնը, որ կը գտնուի Մարմինայի մէջ։

«Դամբարան Ազն․ Կարապետ Աղայի Տէր Գալստեան Վանեցւոյ պայծառափայլ իշխանի եւ բարերարի, որ հանգեաւ ի տէր ամաց 62 յամի փրկչին 1864 Ապրիլի 8 թողեալ ի սուգ անմխիթար զսիրելի զազգ իւր համայն»։

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • «Նոր Օր» (1900), թիւ 34,35,36 Ն․ Աղազարմ եւ Աւետիս Թնկրեանէ
  • Արձանագրութիւն է գերեզմանատանց