Կարօ Կապուտակեան

Կարօ Կապուտակեան, լիբանանահայ երգիչ, երաժշտահան:

Կարօ Կապուտակեան
Անուն Կարօ Կապուտակեան

Կարօ Կապուտակեան ծնած է 7 Յունիս-ին, Պէյրութ, Լիբաանան: Ան իր ուսումը ստացեր է հայկական դպրոցներու մէջ, այնուհետեւ ուսանած է երկու տարի Business Administration at Haigazian University Հայկազեան համալսարանի մէջ: Մանկութեան իր երազանքը երգիչ ըլլալն էր. հակառակ իր ծնողներուն հաճելի չէ եկած գաղափարը, բայց հաւատքը հարթեց իր ճանապարհը դէպի իր երազանքները: Ան երաժշտութիւն սորված է Լիբանանի երաժշտական ​​ակադեմիոյ մէջ, որմէ ետք տիկին Թագուհի Թեքեանի հետ շարունակած է մասնաւոր դասեր ստանալ: 1986-ին ան սկսաւ երգել նուագախումբերու հետ, բայց իր մենակատար նախաքայլ ալպոմը թողարկուեցաւ 1990-ին: Վերջին 20 տարուայ ընթացքին ան ելոյթներով հանդէս եկաւ ամբողջ աշխարհի հայերու համար: Ինչպէս Եգիպտոսի, Յորդանանի, Կիպրոսի, Սուրիոյ, Քուէյթի, Ապու Տապիի, Աւստրալիոյ, ԱՄՆ-ի, Քանատայի, Ֆրանսայի, Անգլիոյ, Հոլանտայի մէջ եւ այլն [1]:

Երգերու խօսքի հեղինակ եւ երաժշտութիւն

Խմբագրել
  • Սէր տուր ինձ Ser Dour Ints
  • Քեզնից հեռու Keznits Herou
  • Այո Սիրուն ես Ayo...Siroun es
  • Սէրն է յաղթելու Sern E Haghtelou
  • Պայքարը հայոց Baykare Hayots (Երգի կատարումը՝ Գառնիկ Սարգիսեան եւ Կարօ Կապուտակեան)

Ստեղծագործութիւններ - Ալպոմներ

Խմբագրել

Կարօ Կապուտակեան աւելի քան 180 երգ հրապարակած է, որոնց մօտաւորապէս 90-էն աւելի երգերու խօսքերը գրած, իսկ 65-էն աւելի երգերու երաժշտութիւնը կը պատկանին իրեն: Ան մինչեւ օրս ունի 17 ալպոմներ, որոնց մեծամասնութեան խօսքերը ու երաժշտութիւնը կը պատկանին իրեն յատկապէս Volume 4-17: -

  • 1) «Սիրուն են», 1991թ., CD 6 երգ, 2) «Թէ Արի», 1993թ. Cassette, 3) «Դու չես մեղաւոր», 1994թ., cassette, *4) «Քո աչերը», 1995թ., 5)«Միայն սէրդ», 1996թ., 6)«Արժանի էիր», 1997թ.,7) «Այս է սէրը», 1998թ.
  • 8)«Քո սիրոյ համար», 2000թ., 9)«Առանց քեզ», 2001թ., 10) «Մօտս լինես» 2002թ., *11)«Ճիշդ է սխալուել եմ», 2004թ., 12) «Ժպտա՛», 2006թ., 13) «And the party begins» no. 1, 2007թ.
  • 14) «Աչերիս նայիր», 2008թ., 15) «Արեւը իմ կեանքի», 2011թ., 16«And the party begins» no. 2 (2014թ.), *17)«30 years and still on» (2019թ.):

Եւ տակաւին ունի շարք մը մեներգներ, որ կարելի է թուարկել որպէս ալպոմ 18: Ունի նաեւ օտար երգեր, որոնց հայերէն խօսքի հեղինակն է, եւ երգին բառերը համահունչ են նոյն այդ օտար երգերու երաժշտութեանը, ինչպէս՝

  • An Eisai Ena Asteri-Tou Im Asdghn Es (Garo Gaboudagian-Lara Manoukian) Խօսք՝ Կարօ Կապուտակեանի:

նախընտրած երգի ժանրը եւ ելոյթները

Խմբագրել

Ան իր Ելոյթներուն կը ներկայանայ տարբեր լեզուներով՝ հայերէն, արաբերէն, յունարէն, անգլերէն … Ամէն տեսակի միութենական եւ անձնական ձեռնարկներու:

«Մինի Մարաթոն-2015» Քարոզարշաւ

Խմբագրել

«Հորիզոն» թմրամոլութեան կանխարգիլման եւ նախազգուշական գրասենեակին, կիրակի, 28 յունիս 2015-ին տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի «Մինի մարաթոն -2015» վազքի մրցումը` «Միասնաբար վազենք թմրամոլութեան դէմ» նշանաբանով: Քարոզարշաւին մաս կազմեցին՝ երգիչներ Կարօ Կապուտակեան եւ Հրաչ Կայծակեան, նաեւ ՀՄԸՄ-ական մարզիկներ Նաթալի Սվաճեան եւ Սեւակ Քեթենճեան[2]:

Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած ելոյթ

Խմբագրել

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին, ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2020-ին, Ֆանարի Լէյլաւանի Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին դիմաց, արտակարգ պայմաններու մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակի յիշատակում: Աւարտին, գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ լիբանանահայ երգիչներ Կարօ Կապուտակեանի եւ Հրաչ Կայծակեանի կողմէ շարք մը ազգային-հայրենասիրական երգերու կատարումով [3]:

Հայոց ցեղասպանութեան կեդրոնական ձեռնարկին` ժողովրդային քայլարշաւին նախօրեակին՝ Ապրիլ 23 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Միշել Մըր»-ի անուան մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի երեկոյ մը, կազմակերպուած` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի երիտասարդական մարմինին կողմէ: Ներկայացուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի քարոզչական մարմինին նախաձեռնութեամբ յօրինուած` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած միացեալ երգ մը` «Հոգեհանգիստ»-ը, որուն առաջին բաժինը կը պատկանի Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի, իսկ երկրորդ բաժինը` Աշոտ Բագրատունիի:

Միացեալ երգի՝ «Հոգեհանգիստ»-ը երաժշտութիւնը կը պատկանի Սեդօ Պաղտասարեանի: Երգին մեկնաբանութիւնը կատարուեցաւ Գառնիկ Սարգիսեանի, Վիգէն Տիշչեքենեանի, Կարօ Կապուտակեանի եւ Պերճ Նաքքաշեանի կողմէ: Գառնիկ Սարգիսեան երգին կատարումին ներկայ չէր, ան իր մասնակցութիւնը բերաւ նախապէս արձանագրուած ձայնով[4]:

Ելոյթ՝ Ժողովրդական եւ միութենական ձեռնարկներու

Խմբագրել
  • կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Քարոզչական մարմինին կողմէ, տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 20 մայիս 2016, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Փոլիկարպոս» կառատան մէջ:

Աւարտին, Ազգային յեղափոխական երգերով յաջորդաբար ելոյթ ունեցան Շաքէ Պաղտասարեան, Մանուկ Մինասեան, Գարմէն Աճէմեան, Կարօ Կապուտակեան, Հրաչ Կայծակեան, Լիզա Սվաճեան, Արարատ Ահարոնեան, Վիգէն Տիշչէքէնեան եւ Սերոբ Յակոբեան, որոնց ընկերակցեցան Սեդօ Պաղտասարեան եւ իր նուագախումբը [5]:

  • Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնն ու մատաղօրհնէքը էր, շաբաթ` 2 ապրիլ 2016-ին:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Լիւսի Չամսարեան` ջութակ, Շաքէ Պաղտասարեան` երգ, Կարօ Կապուտակեան` երգ, Ալիս Իփրաճեան` երգ: Բոլորին երգեհոնով ընկերակցեցաւ Սեդօ Պաղտասարեան[6]:

  • կազմակերպութեամբ՝ Աւստրալիոյ Հ.Օ.Մ-ի, Կարօ Կապուտակեան ելոյթ ունեցաւ Ատիս Հարմանտեանի հետ միասին Մարտ 2010-ին, Սիտնի:
  • կազմակերպութեամբ՝ Տիթրոյթ ARF ՀՅԴ-ի, Յեղաթոխական երգերու մեկնաբան՝ Գառնիկ Սարգիսեանի հետ միասին ելոյթ ունեցաւ Կարօ Կապուտակեան Նոյեմբեր 2016-ին, Տիթրոյթ:

Երգ Երգոց հաղորդաշար Երեւան

Խմբագրել

10 Մայիս 2011-ին, Կարօ Կապուտակեան երգեց Սայեաթ-Նովա երգը Երեւանի մէջ՝ «Երգ Երգոց» հաղորդաշարին:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել