Կիլիկիոյ Պետական Կարգը

Կիլիկեան Հայաստանի պետական կարգը, ձեւաւորուած է աւատատիրական Հայաստանի աւանդոյթներուն հիման վրայ՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հաստատուած խաչակիր ասպետներու իշխանութիւններու եւ եւրոպական պետութիւններու կառավարող մարմիններու ազդեցութեամբ։

Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութիւն

Թագաւորին գործառոյթները

Խմբագրել

Թագաւորը՝ իբրեւ պետութեան գլուխը եւ երկրին գերագոյն տէրը, օժտուած էր բացառիկ իրաւունքներով եւ առանձնաշնորհումներով։ Ան իր մշտական դեսպանները ունեցած է Հռոմի, Նափոլի, Կոստանդնուպոլսոյ, Ֆրանսայի, Անգլիոյ, Եգիպտոսի եւ Մոնկոլիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ այլ տեղեր։

 
Կիլիկեան Հայաստանի թագաւոր Լեւոն Բ.

Արքունիքին կառուցուածքը

Խմբագրել

Թագաւորութեան հռչակումէն ի վեր պետութիւնը կառավարած է արքունիքը, որ բաղկացած էր՝

  1. գործակալութիւններէ,
  2. վերին արքունի ատեանէն:

Վերին արքունի ատեանին գործառոյթները

Խմբագրել

Ատեանին նիստերուն կը մասնակցէին մեծ իշխանները՝ բերդատէր պարոնները։ Վերին արքունի ատեանը խորհրդատուի իրաւասութիւն ունէր, իսկ նիստերը կը վարէր թագաւորը։

Պետութեան ազդեցիկ գործակալութիւններէն էր պայլութիւնը կամ խնամակալութիւնը։

Պայլին գործառոյթները

Խմբագրել

Պայլը թագաւորին առաջին խորհրդականը եւ գահաժառանգին դաստիարակն էր, իսկ գահակալին անչափահասութեան պարագային՝ անոր խնամակալն ու պետութեան կառավարիչը։ Ան պետութիւնը կը կառավարէր նաեւ թագաւորին երկիրէն ժամանակաւոր բացակայութեան ընթացքին։

Սպարապետին գործառոյթները

Խմբագրել

Սպարապետութեան գործակալը՝ սպարապետը կամ գունդստապլը, կը տնօրինէր ռազմական գործերը։ Ան թագաւորին առաջին տեղակալն էր. կը գլխաւորէր ինչպէս արքունի, այնպէս ալ իշխանական զօրամիաւորումները։ Բանակին սպառազինման եւ պարենաւորման գծով սպարապետին տեղակալը կոչուած է մարաջախտ։

Ջանցլերին (կանցլեր) գործառոյթները

Խմբագրել

Արքունի դպրապետութեան (քարտուղարութիւն) գործակալը՝ ջանցլերը (կանցլեր) կամ ատենադպիրը, վարած է արտաքին գործերը, կազմած եւ թագաւորին հետ ստորագրած է պետական հրովարտակները եւ շնորհագիրերը։ Ան պահած է պետական կնիքը, ղեկավարած դիւանագիտական յարաբերութիւնները, թագաւորին անունով բանակցութիւններ վարած՝ օտարերկրեայ պետութիւններու հետ։ Այդ պաշտօնը սովորաբար վարած է Սիսի արքեպիսկոպոսը, երբեմն՝ օտար լեզուներու գիտակ, տաղանդաւոր անձ մը (օրինակ՝ Վահրամ Րապունի վարդապետը)։

Սեղանապետութեան գործակալին գործառոյթները

Խմբագրել

Սեղանապետութեան գործակալը զբաղած է արքունի տան եկամուտերով եւ ծախսերով, պալատին տնտեսութեամբ, համարուած է թագաւորին խորհրդականը եւ «հաւատարիմն տանն արքայի»։

Մաքսապետութեան գործակալին գործառոյթները

Խմբագրել

Մաքսապետութիւն գործակալը ղեկավարած է պետական եկամուտերը, մաքսային եւ տուրքային գործերը, ներքին եւ արտաքին առեւտրական յարաբերութիւնները։ Անոր ենթարկուած են քաղաքներու, նաւահանգիստներու եւ մաքսատուներու վերակացուները եւ միւս պաշտօնեաները։ Նաեւ, Արքունիքին մէջ գործած են այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ՝ իշխանաց իշխանը, թագադիր իշխանը, սուրհանդակապետը (պետական գործակալ) եւ այլն։

 
Վարդգէս Սուրէնեանց «Զապէլ Թագուհիին վերադարձը» (1909)

Թագուհիին գործառոյթները

Խմբագրել

Մեծ հեղինակութիւն վայելած է տիկնանց տիկինը՝ թագուհին։ Ան մասնակցած է արքունի եւ իշխանական խորհուրդի նիստերուն, քաղաքական մեծ դեր խաղացած է յատկապէս թագաւորին բացակայութեան, կամ վերջինիս մահուան պարագային։

Կանոնագիրք

Խմբագրել

Կիլիկիոյ հասարակական-քաղաքական յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար, սկզբնական շրջանին առաջնորդուած են «Կանոնագիրք Հայոց»ով եւ ժողովներու կանոնական որոշումներով: ԺԲ. դարու վերջին, Ներսէս Լամբրոնացի, պակասը որոշ չափով լրացնելու համար, թարգմանած է բիւզանդական «Զինուորական օրէնքները», իսկ ԺԳ. դարու կիսուն Սմբատ Սպարապետը՝ «Անտիոքի ասիզները»: Սակայն այդ օրէնքները հայերուն համար օտար էին, ուստի Սմբատ Սպարապետ, օգտագործելով հայ միջնադարեան իրաւագիտութեան նուաճումները, 1265-ին կազմած է «Դատաստանագիրքը»` ազգային օրէնսգիրքը[1][2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. ՍՄԲԱՏ ՍՊԱՐԱՊԵՏԻՆ ԴԱՏԱՍՏԱՆԱԳԻՐՔԸ
  2. «Կանոնագիրք»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-09-22-ին։ արտագրուած է՝ 2022-07-12 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։