Հայաստանի Անտառներ
Անտառ, բուսականութեամբ ծածկուած տարածութիւն, աշխարհագրական դաշտանկար կամ բնատեսարան (landscape), կենսոլորտի բաղկացուցիչ մաս։ Ծառերու, թուփերու եւ բուսական միւս կենսակերպերով, կենդանիներու եւ մանրագործարանութիւններու (microorganism) բազմազանութեան ամբողջականութիւն, որոնք փոխադարձաբար կապուած են իրարու եւ շրջակայ միջավայրին հետ։
Հայաստանի Անտառներու Տեսակներ
ԽմբագրելԱնտառներուն գլխաւոր դերը կը պատկանի ծառատեսակներուն ու թուփերուն, որոնք, ըստ կենսապահպանական (bio Environment) առանձնայատկութիւններուն եւ տնտեսական նշանակութեան, ՀՀ մէջ կը բաժնուին հետեւեալ խումբերուն՝
- գլխաւոր կամ անտառը կազմող ծառեր
- երկրորդական կամ ստորադաս
- արժէքաւոր թուփեր
- վայրի պտղատուներ
Գլխաւոր կամ անտառ կազմող տեսակները (հաճարենի, կաղնի, կարպենի (նշդարի աղաճը - hornbeam), մայրի) անտառային համակեցութեան գերիշխող, դիմացկուն ամենախոշոր ծառերն են, որոնք կը գրաւեն առաջին շարքը եւ կը զբաղեցնեն մեծ տարածք։
Երկրորդական կամ ստորադաս տեսակները (արեւելեան նշդարի(hornbeam), թղկի, լորենի, հաւամրգի (ցարասի, birch), թեղի (կնձնի-elm), հացենի եւ այլն) ստուերասէր են, խոնաւասէր, կը զբաղեցնեն երկրորդ շարքը։
Լուսասէր եւ չորութիւնը դիմակայաող տեսակները (գիհի- այսինքն արտուճ կամ հաղարջի տեսակ, վրացական թղկի (maple), Ֆենցլի նշենի (ծանօթագրութիւն՝ կան 3 տեսակ՝ նշենի Ֆենցլի, նայիրեան եւ սովորական), խնկենի եւ այլն) կը կազմեն «լուսաւոր» անտառները։
Հազուագիւտ տեսակները կը զբաղեցնեն սահմանափակ տարածք կամ բուսաշխարհի հնագոյն ներկայացուցիչներն են։ Անոնք կը բաժնուին հետեւեալ խմբերուն՝
- ասեղնատերեւաւորներ (կարմրածառ),
- մշտադալար տերեւաւոր (թփային յասմիկ, վարդածառ, դափնեակ, սովորական բաղեղ եւ այլն)
- տերեւաթափ (արեւելեան սոսի, թաղարենի, նշդարի տերեւ «բոխատերեւ», սովորական մտրակակոթ եւ այլն) տեսակներ
Արժեքաւոր թուփերը (սովորական ձիւնածաղիկ (The Snowball)(այծատերեւ ընտանիքին պատկանող ծառատեսակ, իսկ պտուղը՝ բռինչ), գերմաստի կամ գերեմաստ այսինքն եգիպտոլոռ «բակլա» (ընդաւոր ընտանիքին պատկանող բոյս, ցախակեռաս, դրախտածառ, «դժնիկ» Մորենի (անգլ.՝ bramble) եւ այլն) բարեշրջական (evolutionary) տեսակետէն աւելի զարգացած են, քան ծառերը, եւ օժտուած են արտաքին միջավայրի անբարենպաստ պայմաններուն յարմարուելու մեծ ունակութեամբ։
Վայրի պտղատուները (խնձորենի, տանձենի, սերկեւլի, կեռասենի, նշենի, սալորենի, ընկուզենի, կաղնի, կեռասենի եւ այլն) կ՛աճին բազմազան հողակլիմայական պայմաններու մէջ եւ կը տարբերին իրենց բարեշրջական առանձնայատկութիւններով։
Միատեսակ ծառերէն (օրինակ՝ կաղնիէն) կազմուած անտառները կը կոչուին զուտ, տարբեր տեսակներէն (օրինակ՝ կաղնիէն եւ հաճարենիէն) կազմուածները՝ խառն։
Կովկասեան եւ Հայկական-իրանական Մարզեր
ԽմբագրելՀայաստանի անտառներն իրենց ծառատեսակներով ու բուսական ծածկոյթով կը պատկանին Կովկասեան եւ Հայկական-իրանական Պարսկական մարզերուն։ Ներկայիս ՀՀ Կովկասեան մարզին մէջ մտնող անտառներու հիմնական ծառատեսակները (հաճարենի, նշդարի, թղկի, կաղնիի շատ տեսակներ, խնձորենի, լորենի, կեռասենի, մորմենի, թեղի, հացենի եւ այլն) տարածուած են վերին միոցենի մէջ։
Սառցային ժամանակաշրջանին վերջնականապէս ոչնչացած են անտառներու խոնաւասէր եւ ջերմասէր տեսակները, եւ մերձարեւադարձային փարթամ անտառները իրենց տեղը զիջած են տերեւաթափ անտառներուն, ուր կը գերիշխեն հաճարենին, կաղնին եւ ցուրտը դիմակայող այլ տեսակներ։
յետսառցային ժամանակաշրջանին Հայաստանի անտառային մասերը նոր փոփոխութեան ենթարկուած են։ Հայկական-իրանական մարզի (ՀՀ սահմանները կ՝ ընդգրկէ Միջին Արաքսեան գոգաւորութեան յատակը իր նախալեռներով, Արփա գետի աւազանը, Զանգեզուրի հարաւային մասը) անտառները աչքի կ՝ իյնան իր չորասէր բուսատեսակներով։
Երրորդական ժամանակաշրջանէն ետք չորասէր ցանցառ անտառները տուժած են։ Առաւել անտառածածկ շրջաններ են ՀՀ հիւսիս-արեւելեան մարզերը, ուր բուսականութեան հիմնական տեսակը հաճարենիի անտառներն են (արեւելեան հաճարենիի գերակշռութեամբ)։ Ենթալպեան անտառային գօտիին մէջ տարածուած են հաճարենիի խոնաւ անտառները, որոնց ներսը եւ եզրերը լայնօրէն տարածուած են կաղնիի զուտ եւ խառն ծառուտները։
Զուտ կաղնիի անտառները հիմնականօրէն յարմարած են հարաւային չոր լանջերու միջին եւ վերին գօտիներուն, իսկ կաղնիի խառն անտառները՝ արեւմտեան եւ արեւելեան լանջերուն։ Հիւսիս-արեւելեան մասի կաղնուտներուն հիմնական անտառ կազմող ծառատեսակներն են վրացական եւ արեւելեան կաղնիները։ Կաղնիի առաւել յատուկ անտառները տարածուած են Լոռիի մարզին մէջ։
ՀՀ հիւսիսը տեղ-տեղ կը գտնուին սոճիի անտառներու, ոչ մեծ տեղամասեր։ Ամենամեծը Գիւլագարակի եւ Շահալիի սոճուտներն են։ Հարաւը, համեմատաբար, ընդարձակ անտառներու տարածքներ կը գտնուին Սիւնիքի մարզին մէջ (հիմնականօրէն՝ վրացական կաղնի, հացենի, թղկի, նշդարի, կովկասեան տանձենի, խնձորենի, նաեւ սզնի, ընկուզենի, մորմենի, մրտավարդ եւ այլն)։ Ապարանի, Բիւրականէն հիւսիս, Սեւանի լեռնաշղթայի, Արեգունիի լիճի եզերքին, Վետի գետի աւազանի եւ Վայքի մէջ պահպանուած են արեւելեան կաղնիի անտառներու առանձին, փոքր կղզեակներ։
Հայկական լեռնաշխարհը յատկապէս անտառածածկ են արեւելապոնտական լեռներու հարաւային եւ հիւսիսարեւելեան, Հայկական Տաւրոսի, Ներքին Տաւրոսի հարաւային, Արցախի լեռնաշղթային արեւելեան լանջերը։
Հայաստանի Անտառները Դարերի Ընթացքին
ԽմբագրելՀՀ ներկայիս անտառազուրկ զգալի տարածութիւնները հին անցեալին ծածկուած եղած են անտառներով։ Այդ կը վկայեն հին պատմիչները եւ անտառներու մնացորդները։ Հայոց թագաւորներու հովանաւորութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ արքունական կալուած Այրարատ նահանգին մէջ տնկուած են արհեստական անտառներ։
Մովսէս Խորենացին կը յիշատակէ Արմաւիր մայրաքաղաքին մօտ հայ ազգապետ Արամանեակի տնկած Սօսեաց անտառի մասին (Ք.Ա. առաջին հազարամեակի 1-ին կէս)։ Երուանդ Դ․ արքան (Ք.Ա. 3-րդու վերջ) Շիրակի մէջ տնկած է «Ծննդոց» անտառը։ Խոսրով Բ․ թագաւորի օրով (332 - 338) տնկած են Խոսրովակերտ եւ Տաճար մայրի անտառները, որոնք շրջափակուած են պարիսպներով եւ բնակեցուած կենդանիներով եւ թռչուններով։ Հայաստանի անտառներու զգալի մասը միջին դարերուն ոչնչացուած է օտարերկրեայ արշաւանքներու ժամանակ։ ՀՀ-ի շատ մը անտառներ կը գտնուին յատուկ պահպանութեան տակ։
Անտառներու Նշանակութիւնը
ԽմբագրելՀայաստանի Հանրապետութեան անտառները լեռնային են, ունին հողապաշտպան, դաշտապաշտպան, ջրապաշտպան, հակաէրոզային, ջրակարգաւորիչ եւ կլիմայակարգաւորիչ նշանակութիւն: Անտառները օդը կը հարստացնեն թթուածինով, կը բարձրացնեն օդի յարաբերական խոնաւութիւնը, կը կարգաւորէ մթնոլորտային տեղումներու քանակը, կը մեղմացնէ կլիման, բարերար ազդեցութիւն կը ձգէ շրջակայ դաշտերու բերքատւութեան եւ մարդու առողջութեան վրայ:
Ըստ իրենց նպատակային նշանակութեան՝ ՀՀ անտառները կը դասակարգուին հետեւեալ ձեւով.
- Պաշտպանական (ջրային առարկաներու ջրապահպան գօտիներու, բարձր թեքութեան վրայ գտնուող, անտառներու վերին եւ ստորին սահմաններու 200 մ լայնութեամբ տարածքի, կիսաանապատային, տափաստանային, անտառատափաստանային գօտիներուն մէջ աճող, բուսաբանական, կենդանաբանական այգիներու, տենտրոպարկերու շրջակայքի անտառները, ուր կ'արգիլուին վերականգնողական հատումները)
- Յատուկ (բնութեան յատուկ պահպանուող տարածքներուն մէջ ընդգրկուած, քաղաքային եւ քաղաքամերձ, առողջարարական, սահմանային, ռազմական, պատմական ու գիտական արժէք ներկայացնող, գօտիները պահպանող անտառներ, ուր կը սահմանափակուին եւ կ'արգիլւուին այդ տարածքներու պահպանութեանը չհամապատասխանող անտառօգտագործման ձեւերը)
- Արտադրական (բնափայտի շարունակական արտադրութիւնն ապահովող անտառներ).
Մարդու Ազդեցութեան Հետեւանքները Եւ Անտառի Բարելաւումը
ԽմբագրելՀՀ սակաւ անտառածածկ երկիր է: Անտառներուն ընդհանուր տարածութիւնը 407 681 հեքտար է, որ կը կազմէ ՀՀ տարածքին 23.7%ը: Վերջին հարիւրամեակին, մարդոց տնտեսական գործունէութեան պատճառով ՀՀ անտառներուն տարածքը 2 անգամով նուազած է, ինկած է ամտառներուն արտադրողականութիւնն ու պաշտպանական ունակութիւնը: Անտառածածկ տարածքի ընդարձակման եւ լեռնալանջերուն անտառներուն բարելաւման նպատակով ՀՀ մէջ կը կատարուին արհեստական անտառատնկումներ:
Անտառներուն պահպանումը, պաշտպանութիւնը, վերականգնումն ու արդիւնաւէտ օգտագործումը, ինչպէս նաեւ անտառներու հաշուառումը, կարգաւորումը, վերահսկումն ու անտառային հողերու հետ կապուած յարաբերութիւնները կը կարգաւորուին ՀՀ անտառային օրէնսգիրով (2005):
Տե՛ս նաեւ
ԽմբագրելԱրտաքին յղումներ
Խմբագրել- Հայաստանի Հանրապետության անտառային օրենսգիրք
- Անտառային պետական մոնիտորինգի կենտրոն Archived 2015-05-06 at the Wayback Machine.