Հայ Աղջիկներու Կրթութիւնը Հայաստանի Մէջ

19-րդ դարուն աղջիկները տղոց հաւասար ուսում չէին ստանար։ Հարուստներու աղջիկները քիչ մը հայերէնի եւ քիչ մըն ալ ֆրանսերէնի անձնական դասեր կ’առնէին, իսկ աղքատները ատոնցմէ զրկուած էին։

Գաղափարախօսութիւն

Խմբագրել

Հայ կնոջ ընկերային եւ իրաւական կացութեան համար պայքարած առաջին գրագիտուհին եղած է Սրբուհի Տիւսաբ (1841-1901): Ան կը շեշտէր, որ կիները այրերու հաւասար կրթութիւն պէտք է ստանան։ Տիւսաբ կ’առաջարկէր, որ աղջիկներու կրթութիւնը հիմնական փոփոխութեան ենթարկուի, եւ անոնք ստանան տղոց հաւասար ուսում, որպէսզի հետագային կարենան ազատօրէն ասպարէզի ընտրութիւն կատարել։ Շնորհիւ Սրբուհի Տիւսաբի նմաններուն արծարծած յառաջադէմ գաղափարներուն, հայ աղջիկներ Պոլսոյ մէջ սկսան թաղային վարժարաններ յաճախել։ Հիմնուեցան նաեւ աղջկանց վարժարաններ։

Պատմութեան Ընթացքին

Խմբագրել

Տե՛ս Նաեւ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել