Հիբիներ․ Սիրոյ եւ Ծաղիկի առաքեալները։ 1960-ական թուականներուն Ա․Մ․Նահանգներուն մէջ ծնած երիտասարդներու հակամշակութային հոսանք։

Խաբեպատիր յօրինում

Անուանում

Խմբագրել

Հիբի անուան ստուգաբանութեան տարբերակները բաւական են․-

  • Հիբի անունը կ՛առաջանայ hipster բառէն, որ կը նշանակէ․- «ան որ կը մերժէ ներկայ մշակոյթը եւ նեցուկ կը կանգնի ազատամիտ գաղափարներու»։ Իսկ «հիբ» hip բառը, կը ծագի ափրիկեան ուելաֆ wolof լեզուի հիփի բառէն (Սենեկալի եւ Մորիթանիոյ մէջ խօսուող լեզու) որ կը նշանակէ «աչքերը բանալ»։ Սակայն, կրնայ նաեւ «հայբ»-ին (hype) բառախաղը ըլլայ․ կը նշանակէ ցրուող, թառած, «cool» կեցուածքով։ Հարի Կիպսըն երաժիշտն է, որ հիբսթըր եզրը կը գործածէ 1944-ին (Հարլեմի ռամիկ լեզուն Harlem jazz slang
  • Նիու Եորքի Կրինուիչ Վիլաճի մէջ հաստատուած հակամշակութային գաղափարներով երիտասարդներ, հիբ կ՛ անուանուին, որովհետեւ «լուսաբանուած» (in the know) կամ «cool»կը սեպուին։
  • 27 Ապրիլ 1961-ին, ամերիկեան «The Village Voice» մշակութային պարբերաթերթին մէջ լոյս կը տեսնէ «Բաց նամակ Քենետիին եւ Ֆիտել Քասթրոյին» (An open letter to JFK & Fidel Castro) յօդուածը, որուն հեղինակը՝ Նորման Մէյլըր «hippies» եզր կը գործածէ, երբ հարցականի տակ կ՛ առնէ Քենետիին վարքը։
  • 1961-ին Քենեթ Ռեքսրոթ «հիբսթըր» եւ «հիբիս» եզրերը կը գործածէ, որպէսզի նկարագրէ երիտասարդները որոնք սեւամորթ ամերիկացիներուն խաղաղ ըմբոստութեան կամ «Պիթնիք» գիշերային կենցաղին կը մասնակցին։
  • 1963-ի երկու ծանօթ երգեր՝ «Սաութ Սթրիթ» [1] եւ «Եու քենթ սիթ տաուն» [2] հիբի սահմանումը կու տան Ֆիլատելֆիա քաղաքի հարաւային բողոցին բնակիչներուն։
  • Հիբի անունը կը գործածուի նաեւ, նկարագրելու համար հակա-ընկերական վարքով անձեր որոնք կը բնակին Սան Ֆրանսիսքոյի Հայթ Աշպըրի Haight-Ashbury (ատենօք մեծահարուստներու կողմէ բնակուած) թաղամասի լքուած տուներուն մէջ եւ ուրիշ նման տեղեր։

Պատմական ակնարկ

Խմբագրել
 
27 Հոկտեմբեր 1967․ Վիեթնամի պատերազմին դէմ հիփիներուն բողոքի հսկայ քայլարշաւը դէպի Փենթակոն, Ուաշինկթըն։ Ցուցարարներէն մէկը զինուորին ծաղիկ մը կը նուիրէ։

Հիբիներու շարժումը Ա․Մ․Ն․ մէջ ծնունդ կ՛ առնէ 15 – 25 տարեկան պատանիներէ եւ երիտասարդներէ, որոնք պոհեմականներէն եւ գոյապաշտներէն (beatniks) կը ժառանգեն մշակութային անհամաձայնութեան սովորութիւնը (գաղափարական հոսանք, ստեղծուած 1950-ական թուականներուն վերջերը): Անոնց գաղափարախօսութիւնը ազդուած է Պիթ սերունդի Beat Generation գրագէտներէն։

Պիթ սերունդ․ 1950-ական թուականներուն Ա․Մ․Ն․ մէջ ծնած գրական եւ արուեստի հոսանք։ Հոսանքին գլխաւոր ներկայացուցիչներն են՝ Ճաք Քերուաք, Ալեն Կինզպըրկ, Ուիլիամ Պարոուս։

1960-ական թուականներուն Ա․Մ․Ն․ մեծ քաղաքներուն մէջ ծայր առած Վիեթնամի պատերազմին դէմ բողոքի ցոյցերը եւ Սեւամորթ բնակչութեան ըմբոստութիւնը, մեծապէս կը սատարեն շարժման արագ տարածման, Ամերիկայի սահմաններէն դուրս, մանաւանդ Անգլիա, Եւրոպա, Քանատա, Նիու Զիլանտ, Ճափոն, Մեքսիքօ եւ Պրազիլ։ Եւրոպայի մէջ, սկզբնական շրջանին հիփիներու շարժումը երաժշտութեան ընդմէջէն կը յայտնուի։

Պատերազմի դէմ բողոքի ցոյց, Շիքակօ, 1968․ տեսերիզ

Հիբիներուն նշանաբանն է «Սէր եւ Խաղաղութիւն»։ Դէմ են որեւէ հաստատութեան, ընկերային սահմանափակումներուն, պատերազմներուն, կորիզային զէնքերուն․․։ Թեր են սեռային ազատագրումին՝ «սիրեցէք զիրար», անձի ազատութեան, բուսակերութեան, բնապահպանման։ Կը գովազդեն թեթեւ թմրեցուցիչներու գործածութիւնը։

Հիբիներէն ազդուած են շատեր, ինչպէս օրինակ`Պիթլս[3]որոնք իրենց կարգին ուրիշներու ազդած են ու դեռ կ՛ ազդեն։ Հիբի մշակոյթը աշխարհով մէկ կը թափանցէ եւ կը միաձուլէ ռոք երաժշտութիւնը, ֆոլք, պլուզ եւ պատրանքի ռոքը։ Նաեւ կ՛ արտայայտուի գրականութեան, թատերական արուեստի, նորաձեւութեան եւ տեսողական արուեստի ընդմէջէն։ Հիբի ենթամշակութային հոսանքը կը սկսի հատնիլ 1970-ական թուականներուն վերջերը։

Հիփի շարժումի զարգացում եւ թափանցում ուրիշ երկիրներ

Խմբագրել

Summer of Love

Խմբագրել

Հիբիները կը ժողովրդականացուին, երբ 14 Յունուար 1967-ին Սան Ֆրանսիսքոյի «Golden Gate» պուրակին մէջ կը հաւաքուին 20 000 հիբիներ։ Կը յաջորդէ նոյն տարուան 26 Մարտին (Զատկուան Կիրակին) Մանհաթանի «Central Park»-ի «be-ins» լոզունքին տակ 10 000 հիբիներուն հաւաքը։

Յունիս 16 – 18 Մոնթըռէ կը կազմակերպուի համանուն Բոբ երաժշտութեան Փառատօնը որուն կը հետեւին 200 000 հոգի․ փառատօնին Ճիմի Հենտրիքս հանրութեան առջեւ իր առաջին ելոյթը կ՛ ունենայ։ Այս փառատօնը մեկնակէտն է «Summer of Love» պիտակին տակ ձեռնարկուած եղելութիւններուն։ Այս առթիւ Սքոթ Մաքենզի կը գրէ «Սան Ֆրանսիսքօ» երգը [4]։ Երգը կայծն է դէպի Սան Ֆրանսիսքօ ճամբորդելու հոսանքի մը ստեղծման։ Քաղաքը կը ներգրաւէ մեծ թիւով հիբիներ․ մօտաւորապէս 100 000 հիբիներ կը հաստատուին գլխաւորաբար Պերքլէյ շրջանի Հայթ Աշպըրի թաղամասը։ Անոնք իրենց գլուխը ծաղիկներով կը զարդարեն, անցող - դարձողին ծաղիկ կը բաժնեն․ այսպէս կ՛ առաջանայ «Flower child» անունը որ հիփի անունին հոմանիշը կը սեպուի։ Սակայն անոնցմէ լուրջ թիւ մը թմրեցուցիչ կը գործածէ։ Այս բոլորէն ազդուած՝ Պիթլս կ՛ արտադրեն «Sgt. Pepper's Lonely Hearts Club Band» ձայնապնակը [5]։

Ա․Մ․Նահանգներու տարածքին հաւատաւոր հիբիներու թիւը 300 000 կը հասնի։

1518 Օգոստոս 1969-ին Նիու Եորքի շրջանը, Մաքս Եասկըրի կաթնագործութեան ագարակի հողատարածքին մէջ կը կազմակերպուի «Ուտսթոք» Woodstock փառատօնը, որուն կը հետեւին 500 000 հոգի։

Եղելութիւնները իրար կը յաջորդեն։ Ինչպէս օրինակ՝

  • Մեքսիքայի հիփիները՝ «jipitecas», կը հիմնեն «La Onda Chicana» շարժումը եւ Աւանտարօ Avándaro կը հաւաքուին։
  • Նիու Զիլանտ․ վաչկատուներ իրենց շարժուն տուներով կենցաղի տարբեր ձեւեր կ՛ որոնեն եւ վերամշակելի կենսուժ կը գործածեն Նամպասայի Nambassa շրջանը։
  • Անգլիոյ մէջ «Խաղաղութեան փաղանգները» շարժումը ամառները կը կազմակերպէ ազատ երաժշտութեան հաւաքներ եւ 1974-ին «Սթոնհենճ» փառատօնը։
  • Աւստրալիա. հիբիներ Նիմփին Nimpin կը հաւաքուին (1973) «Նիմփին Ջրհոս» փառատօնին համար եւ տարիներու պայքարներէ ետք կանեփի ազատ գործածութեան օրէնքի փոփոխութեան համախմբութիւն (կը կոչուի նաեւ Մարտիկրաս MardiGrass) կը կազմակերպեն։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Մաթալայի հիբիներու համայնքը

Խմբագրել
 
Մաթալա․ ծովափը եւ քարայրները

1960-ական թուականներուն, Մաթալայի քարայրները «կը գրաւուին» հիբիներէն։ Հազարներով Կրետէ կու գան եւ Մաթալայի քարանձաւներուն մէջ կ՛ ապրին մինչեւ 1970-ական թուականներուն սկիզբները։ Կը հիմնեն հիբիներու համայնք մը։ Քանատացի երգչուհի Ճոնի Միչել, կ՛անմահացնէ այս ժամանակաշրջանը «Քերի»[6] եւ «Քալիֆորնիա»[7] երգերով։ Յունական ուղղափառ եկեղեցւոյ ճնշումներուն տակ, Յունաստանի զինուորական կառավարութիւնը հիբիները Մաթալայէն կը վռնտէ եւ 1977-ին քարայրները վերջնականապէս կը փակուին։

Հիբիներու ժամանակաւոր հաստատութիւնը իր հետքը ձգած է մինչեւ այսօր։ 2011-էն ի վեր ամէն տարի Յունիս ամսուան մէջ երեք օրուան համար տեղի կ՛ ունենայ «Մաթալա Ծովափի Փառատօն»ը Matala Beach Festival։

Հիբիներու շարժումին անկումը

Խմբագրել

1970-ական թուականներուն կը սկսի հատնիլ հիբիներուն շարժումը։ Քանի մը եղելութիւններ անոր անկման կը սատարեն։

  • Ռոլինկ Սթոնս ռոք նուագախումբի բացօթեայ ձրի փառատօնը (6 Դեկտեմբեր 1969), որուն 300 000 հոգի կը հետեւի, աղիտալի վերջ կ՛ ունենայ, երբ փառատօնի հսկիչները կը յարձակին 18-ամեայ երիտասարդի մը վրայ․ կը կասկածին թէ նուագախումբի երգիչ Միք Ճակըրին դէմ զէնք վերցուցած է։
  • Չարլս Մանսոն ծանօթ անձնաւորութիւնը որ հիբիներու կենցաղը որդեգրած էր, իր կնոջ Շարոն Թէյթի սպանութեան ամբաստանութեամբ կը դատապարտուի։
  • Ծանր թմրեցուցիչներու գործածութիւնը ծանօթ «հիբի» երգիչներու մահը կը պատճառէ․ Ճիմի Հենտրիքս, Ճանիս Ճոփլին, Ճիմ Մորիսոն․․․։
  • Վիեթնամի պատերազմի աւարտով, լրատուական միջոցները այլեւս հիբիներուն հետ չեն զբաղիր։

[8] [9] [10] [11] [12] [13] [14] [15] [16] [17] [18] [19] [20] [21] [22] [23] [24] [25] [26] [27]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սաութ Սթրիթ (South Street)
  2. Եու քենթ սիթ տաուն (you can't sit down)
  3. Օլ իու նիտ իս լաւ All You Need Is Love
  4. Francisco
  5. Պիթլս․ Sgt. Pepper's Lonely Hearts Club Band
  6. Քերի «Carey» երգ
  7. Քալիֆորնիա «California» երգ
  8. Հիփ․ պատմութիւնը․ Jesse Sheidlower, 8-12-2004(անգլերէն)
  9. Հիփսթըրի պատմութիւնը․ ինքնակենսագրութիւն, Harry "The Hipster" Gibson 1986(անգլերէն)
  10. TIME պարբերաթերթ – Երբ հիփիները Ամերիկան «առին», 7 Յուլիս 1967(անգլերէն)
  11. պարբերաթերթ, Երիտասարդութիւն․ Հիփիները, Յուլիս 7, 1967(անգլերէն)[permanent dead link]
  12. TIME պարբերաթերթ – Ամէն ինչ հիթիներուն կը պարտինք, Stewart Brand 1-3-1995(անգլերէն)
  13. Մէյլըրին վերջին հարցազրոյցը․ Norman Mailer And J. Michael Lennon(անգլերէն)
  14. «Ի՞նչ կ՛անցնի կը դառնայ գիշերային կեանքին հետ» What's Wrong with the Clubs, Քենեթ Րեքսրոթ, 1961(անգլերէն)
  15. Zablocki, Benjamin. "Hippies." Հիփիները մաս կը կազմէին երիտասարտներու շարժման․․․, 2006(անգլերէն)
  16. Havens», Skip Stone(անգլերէն)[permanent dead link]
  17. Թոնի Պլեր․ Հիփի սերունդին զաւակը, Karen Moller, 25-9-2006(անգլերէն)
  18. together : John Lennon in his time , Wiener, Jon(անգլերէն)
  19. 1967-ի Սենթրալ Փարքի հաւաքը, Tony Ortega, 5-2-2010(անգլերէն)
  20. be-in, Being, Don McNeill, 30-3-1967(անգլերէն)
  21. Pepper and the Beatles, Քառասուն տարի առաջ էր․․․Olivier Julien, 2008(անգլերէն)[permanent dead link]
  22. Ուտսթոքի երաժշտութեան եւ արուեստի փառատօն, Jesse Jarnow(անգլերէն)
  23. Հիփիներուն վերջը
  24. Հայրերուն դէմ ըմբոստութիւնը, Stern-Hambourg, 19-12-2007(ֆր.)
  25. Ալթամոնի փառատօնը նկարներով, 6 Դեկտեմբեր 1969(անգլերէն)
  26. Ի՞նչ պատահեցաւ Մաթալայի ծովեզերքը ուր հաւաքուած էին հիփիները․ ճշմարտութիւնը, Φώντας Τρούσας, 17-8-2017 (յունարէն)
  27. Մաթալան 1960-ական եւ 1970-ական թուականներուն(անգլերէն)

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. Հարի (Հիփսթըր) Ճիպսըն(անգլերէն)
  2. Ալեն Կինզպըրկ (սպան․)
  3. Պիթ Սերունդը(ֆր.)
  4. Ճաք Քերուաք(ֆր.)
  5. Ուիլիամ Պարոուս (անգլերէն)
  6. Հարի Կիպսըն(անգլերէն)
  7. Քենեթ Րեքսրոթ(ֆր.)
  8. Պիթնիք(անգլերէն)
  9. Մոնթըռէի երաժշտութեան փառատօնը(ֆր.)
  10. Սան Ֆրանսիսքօ երգի մասին(անգլերէն)
  11. Summer of Love(անգլերէն)
  12. Woodstock Ռոք Փառատօն(անգլերէն)
  13. Աւանտարօ փառատօն(սպան․)
  14. Նիմպին ջրհոս փառատօն(անգլերէն)
  15. MardiGrass(անգլերէն)
  16. Կարմիր Ժայռ փառատօն(սպան․)
  17. Ճիմի Հենտրիքս(ֆր.)
  18. Չարլս Մանսոն(ֆր.)
  19. Շարոն Թէյթ(ֆր.)