Հրազդան Թոքմաճեան

Հրազդան Թոքմաճեան (ծն․ 18 Յունուար 1961, Գիւմրի), նկարիչ, արուեստագէտ, գեղանկարիչ, ազգագրագէտ: ՀՀԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գիտաշխատող

Հրազդան Թոքմաճեան
Ծնած է 18 Յունուար 1961
Ծննդավայր Գիւմրի
Քաղաքացիութիւն  Հայաստան
Ուսումնավայր Փանոս Թէրլեմէզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարան
Խ. Աբովեանի Անուան Մանկավարժական Համալսարան
Կարողութիւն ազգագրագէտ
Մասնագիտութիւն գեղանկարիչ
Աշխատավայր «Գալէմքեարեանները... Այնթապ, Դամասկոս, Հալէպ», «Անապատի Տխուր Մեղեդի», «ասեղնագործ-ձեռագործներ՝ Մարաշի, Ուրֆայի, Այնթապի»,
Երեխաներ Տղան՝Արմենակ, Սուրիոյ գծով հակամարտ բախումներու մասնագէտ conflict expert, ։ Աղջիկները՝ Հայկանուշ եւ Արինա

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Հրազդան Թոքմաճեան ծնած է Գիւմրի 18 Յունուար, 1961-ին: 1980-ին աւարտած է Երեւանի «Փ. Թերլեմեզեան»ի անուան ուսումնարանը: 1985-ին աւարտած է Երեւանի «Խ. Աբովեան»ի անուան հիմնարկը: 1985-1988 թթ. Դասաւանդած է Կերպարուեստ Իջեւանի Սեւ Քար գիւղը: 1988-1992 թթ աշխատած է Գիւմրիի Առասպելի դպրաթատրոնին մէջ որպէս գլխաւոր նկարիչ: 1993-2015 աշխատած է Հալէպ, Սուրիա դասաւանդելով ՀԲԸՄ Հալէպի «Մ. Սարեան» անուան ակադեմիային մէջ:

22 տարիներու աշխատութիւնը Հալէպի մէջ

Խմբագրել

Հրազդան Թոքմաճեան մասնագիտութեամբ նկարիչ է եւ որպէս այդպիսին 1993-ին հրաւիրուեցաւ Հալէպի ՀԲԸՄիութեան կողմէ որպէս դասատու «Մարտիրոս Սարեան» ակադեմիայի: Քանի մը տարիով Հալէպ եկած Հրազդանը մնաց ամբողջ 22 տարի. սիրեց Հալէպն ու Հալէպցին՝ Հալէպահայը եւ իրեն համար պարարտ հող գտաւ իր երկրորդ նախասիրութեան յագուրդ տուող, որն էՙ ազգագրութիւնը: Հրազդան սիրահարուեցաւ հայկական ասեղնագործութեան, որոնցմէ բաւական առատ օրինակներ կային հայ ընտանիքներու մօտ, ոչ միայն Երկրէն բերուած, այլեւ ժառանգուած հունարովՙ Հալէպի մէջ աշխատցուած:

Հրազդան այցելեց տուները, լուսանկարեց ձեռագործներն ու անզուգական ֆոնտ մը կազմեց, որուն արդիւնքը եղան վերոյիշեալ երեք կոթողային գիրքերը: Իսկ ահա այսօր, ուրիշ ազգային-ազգագրական հարստութիւն մըՙ Հայկական պղնձագործութիւնը:

22 տարուան նուիրումով Հրազդան Թոքմաճեան դարձաւ Հալէպի հայութեան զաւակներէն մին, որ նուիրուածութեամբ եւ մեծ հոգատարութեամբ հաւաքեց, ուսումանասիրեց, գրեց եւ ներկայացուց Հալէպի հայ արհեստագործներու աւանդն ու գործերը:

Հրազդան Թոքմաճեանի Հրատարակութիւնները՝ ազգագրական պատկերագիրքեր

Խմբագրել
  • 2010-ին «Մարաշի Ասեղնագործութիւն» պատկերագիրքը (Մարաշի Հայրենակցական Միութիւն, Հալէպ)
  • 2014-ին «Ուրֆայի Ասեղնագործութիւն – Ա. հատոր» պատկերագիրքը (Բերիոյ Հայոց Թեմ, Հալէպ)
  • 2015-ին «Այնթապի Ասեղնագործութիւն» պատկերագիրքը (Կրթասիրաց Մշակութային Միութիւն, Հալէպ)
  • Օգոստոս 2016-ին «Գալեմքեարեաններ, Այնթապ – Դամասկոս- Հալէպ» պատկերագիրքը (Բերիոյ Հայոց Թեմ, Հալէպ), որ նուիրուած է մետաղի գեղարուեստական մշակման վարպետ Գալէմքեարեան գերդաստանին (Այնթէպ-Դամասկոս-Հալէպ)։
  • Մայիս 2017-ին «Անապատի Տխուր Մեղեդին, Պետուին Հայերը Նուրհան Պալեանի լուսանկարներով» պատկերագիրքը (ՀԲԸՄ), որ նուիրուած է Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցին, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն սրբադասուած նահատակներու եւ անյիշատակ ու անշիրիմ մնացած հազարաւոր Այնթապցիներու պայծառ յիշատակին։ Գեղատիպ, 300 էջանի Երկլեզու (հայերէն, անգլերէն) ներածական բաժինով ծաւալուն այս գիրքը հրատարակուած է Բերիոյ Հայոց թեմին կողմէ՝ Գիրքը պատրաստուած է Հալէպ, հրատարակուած՝ Երեւան։ Գիրքը հրատարակուած է Միմի եւ Արմէն Յարութիւնեաններու մեկենասութեամբ
  «Ես միտքով եւ սիրտով կապուած եմ Սուրիոյ հետ եւ կը կարծեմ, սուրիահայերու համար, դեռ շատ բանպէտք է ընեմ»:[1]
- գեղանկարիչ, ազգագրագէտ Հրազդան Թոքմաճեան
 

«Անապատի տխուր մեղեդին. պետուին հայերը Նուրհան Պալեանի լուսանկարներում» պատկերագիրքը հրատարակութիւնը պատրաստած է Հրազդան Թոքմաճեանը, ի մի բերելով Հալէպահայ յայտնի լուսանկարիչ Նուրհան Պալեանի նկարները, որոնք կը ներկայացնեն ցեղասպանութիւնէն յետոյ արաբացած, պետուիններու մօտ ապաստան գտած հայերուն կեանքն ու կենցաղը, ինչպէս նաեւ Տէր-Զօրն ու անոր շրջակայքը ներկայացնող լուսանկարներ:

Պատկերագիրքերու շնորհանդէսներ

Խմբագրել

19 Հոկտեմբեր, 2016-ին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղանկարիչ, ազգագրագէտ Հրազդան Թոքմաճեանի` «Գալէմքեարեաններ. Այնթէպ, Դամասկոս, Հալէպ» պատկերագիրքի շնորհահանդէսը:

Ձեռնարկին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, հասարակական գործիչներ եւ մտաւորականներ:

  Պղինձի եւ արծաթի մշակումի մեծ վարպետ Գալէմքեարեաններու ընտանիքի գործունէութիւնը ծաւալած է շուրջ 200 տարի: 1915-ի տեղահանութենէն ետք Գալէմքեարեանները գաղթած են Դամասկոս, ապա` տեղափոխուած Հալէպ: Այսպիսի գաղթի ճամբայ մը անցած է Գալէմքեարեաններու ընտանիքը: Մեր սիրելի Հրազդան Թոքմաճեանը անոնց պատմութիւնը գիրքի վերածած է եւ իր աշխատութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած է:[2]
- ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան
 
  Այո՛, նախարար Հրանուշ Յակոբեան շատ ճիշդ նշեց, որ Միջին Արեւելքի հայ գաղութներուն մէջ ապրող հայ արհեստաւորները իրենց տաղանդը պէտք է փոխանցեն յատկապէս Հայաստանի նորահաս սերունդին: Համայն հայութեան ապագան Հայաստանի մէջ է:
- գեղանկարիչ, ազգագրագէտ Հրազդան Թոքմաճեան
 
  Ես կ՛առաջարկեմ հայ գիտնականներուն եւ արուեստաբաններուն` ուսումնասիրութեան նիւթ դարձնել պատկերագիրքի վերջին էջերուն մէջ հրապարակուած հայ հռչակաւոր արհեստաւոր գերդաստաններու կեանքը եւ գործերը»,
- գեղանկարիչ, ազգագրագէտ Հրազդան Թոքմաճեան
 


10 Յունիս, 2015-ին, մա­տե­նա­դա­րա­նի եր­դի­քին տակ «Այն­թա­պի ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը» գիր­քին շնոր­հան­դէ­սը կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ա­ռա­ջին տի­կին Ռի­թա Սարգ­սեա­նի բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ։ Ներ­կայ գտնուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նուշ Յա­կո­բեան։ Գի­նե­ձօ­նին ներ­կայ էր նաեւ հե­ղի­նա­կը՝Հրազդան Թոքմաճեան, Դա­մաս­կո­սի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Լե­ւոն Սարգ­սեան, «Փիւ­նիկ» հիմ­նար­կի նա­խա­գահ Գաբ­րիէլ Չէմ­պէր­ճեան, Տ. Մար­կոս Եպսկ. Ժամ­կո­չեան եւ այլ բազ­մա­թիւ հիւ­րեր։

Ցուցահանդէսներ

Խմբագրել

1993-2015 թթ. Հրազդան Թոքմաճեան ունեցած է անհատական ցուցահանդէսներ՝ Հալէպ, Պէյրութ, Երեւան եւ Գիւմրի մէջ:

Հայաստանի Նկարիչներու Միութեան անդամ

Խմբագրել

1988-էն իվեր Հրազդան Թոքմաճեան Հայաստանի նկարիչների Միութեան անդամ է:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել