Ժարաշ
Ժարաշ կամ Երասա՝ հին անունը. (արաբ․՝ جرش Ǧaraš, յուն․՝ Γέρασα, լատինացուած՝ Gérasa), Յորդանանի մէջ քաղաք։
Քաղաք | |
---|---|
Ժարաշ Երասա | |
արաբերէն՝ جرش, յունարէն՝ Γέρασα | |
Ժարաշ, համայնապատկեր | |
Երկիր | Յորդանան |
Հիմնադրուած է՝ | Ք․Ա․331 |
Տարածութիւն | 410 քմ² |
ԲԾՄ | 600±1 մեթր |
Բնակչութիւն | 50 745 մարդ (2015) |
Ժամային գօտի | UTC+2 |
Պաշտօնական կայքէջ | jerash.gov.jo |
Աշխարհագրական դիրք
ԽմբագրելԿը գտնուի Ամման մայրաքաղաքէն 48 քմ դէպի հիւսիս։ Եղած է հին յունական եւ հռոմէական կարեւոր քաղաք՝ Դեքապոլիս, Քիլի Սիրիա (Սուրիոյ Սնամէջ) Κοίλη Συρία /Cœle Syria։ Երասա (յուն․՝ ծերացայ կը նշանակէ) կառուցուած էր Պարատա գետի ափին (յուն․՝ Χρυσορρόας, արաբ․՝ بَرَدَىٰ Barada) եւ կը գտնուէր Բելայի (յուն․՝ Πέλλα, արաբ․՝ فحل) եւ Ֆիլատելֆիոյ (Ամմանի) միջեւ։
Երասա եղած է հարուստ քաղաք մը եւ պատմութեան մէջ կը յիշուի իբրեւ «Միջին Արեւելքի Պոմպէյ»ը։ Հելլենիստական տարիներու Պոլիվիոս յոյն պատմաբանը քաղաքը կը նկարագրէ հետեւեալ խօսքերով․ «Երկու գլխաւոր պողոտաները դարպասներով կը վերջանային եւ քաղաքը խաչաձեւ կը բաժնէին։ Շուկան կը գտնուէր գլխաւոր ճամբուն մէկ կողմը, սակայն երբեք անոր վրայ։ Անոր կողերուն գաւիթներ կային, նաեւ՝ հանրային շէնքեր։ Ճամբաները գեղեցիկ սալարկում ունէին եւ ապականողները կը տուգանուէին»։ Իսկապէս, քաղաքին աւերակները այդ կը փաստեն։
Պատմական ակնարկ
ԽմբագրելՔաղաքին հին յունական արձանագրութիւնները, ինչպէս նաեւ Իամվլիհոսի (Ἰάμβλιχος) եւ Մեծ Ստուգաբանականի բանասիրական վկայութիւնները Երասայի հիմնադրումը կը կապեն Մեծն Աղեքսանտրին կամ անոր բանակին Բերդիքաս զօրավարին, որ հոն կը հաստատէ Մակեդոնացի վեթերան՝ ծերացած (յունարէն «երասա» γέρασα բառը ծերացայ կը նշանակէ) զինուորներ Ք․Ա. 331-ի գարնան, երբ Մեծն Աղեքսանտր Եգիպտոսէն Միջագետք ուղղուելու ատեն Սուրիայէն կ'անցնի։ Մեծն Աղեքսանտրի մահէն ետք, Երասա յաջորդաբար կ'իյնայ նախ Պտողէմէոսեան, ապա Սելեւկեան իշխանութեանց ձեռքը։ Եւ ըստ Սուրիոյ յոյն իշխանատէրերու սովորութեան, քաղաքը «Խրիսորոյի գետն ի վեր Անտիոքիա» (Αντιόχεια η επί Χρυσορρόη ποταμώ) կը վերանուանուի։ Քաղաքը կը վերակառուցէ շատ հաւանաբար Անտիոքոս Գ․ Մեծ (Ք․Ա․241 -Ք․Ա.187) եւ կամ Անտիոքոս Գ․ Էբիֆանիս (Ք․Ա․215 -Ք․Ա.164), որ մինչեւ Եգիպտոս արշաւած է։
1120-ին Դամասկոսի աթաբեկ Զահիր ալ-տին Թողդեքինը կը հրամայէ քառասուն հոգինոց կայազօր մը կառուցել հնագոյն քաղաքին աւերակներուն մէջ, որ քաղաքին պարիսպներուն ամէնէն բարձր կէտն է հիւսիս-արեւելեան բլրան վրայ:
Անիկա 1121-ին գրաւուած է Երուսաղէմի Պալտուին Բ. թագաւորին կողմէ եւ ամբողջովին աւերուած։ Այնուհետեւ խաչակիրները անմիջապէս կը հեռանան Ժարաշէն եւ կը քաշուին դէպի Սաքիբ (Seecip)՝ բնակավայրին արեւելեան սահմանը։
Այնուհետեւ Ժարաշ լքուած կը մնայ, մինչեւ որ դարձեալ կը յայտնուի ԺԶ. դարուն սկիզբին, օսմանեան տիրապետութեան պատմական արձանագրութիւններուն մէջ:
1596-ին, Օսմանեան ժամանակաշրջանին, Ժարաշ ունէր 12 տուն մահմետական բնակիչ։
1885-ին օսմանեան իշխանութիւնները չերքէզ ներգաղթողները, որոնք գլխաւորաբար գիւղացիներ էին, կ'առաջնորդեն հաստատուելու Ժարաշի մէջ եւ անոնց վարելահողեր կը բաժնեն։
Ժարաշի հնագիտական վայրը ունի երկու թանգարան, ուր կը ցուցադրուին հնագիտական նիւթեր եւ համապատասխան տեղեկութիւններ՝ տուեալ վայրին ու անոր հարուստ պատմութեան մասին։
Ներկայ վիճակը
ԽմբագրելԺամանակակից Ժարաշը ինկած է հնավայրէն արեւելք։ Անոր բնակիչներուն մեծ մասը չերքէզներ են, որոնք ԺԹ. դարու վերջերուն եկած են Կովկասէն։ Կան նաեւ արաբներ եւ հայեր:
1981-էն ի վեր, ամէն տարի ամրան, երեք շաբթուան տեւողութեամբ, տեղի կ'ունենայ Ժարաշի փառատօնը, որուն կը մասնակցին աշխարհի տարբեր թատերախումբեր, բանաստեղծներ եւ երաժիշտներ: Անոնք իրենց ելոյթներով հանդէս կու գան քաղաքին հնագոյն թատրոններուն մէջ։
Փառատօնին յաճախ ներկայ կը գտնուին Յորդանանի արքայական ընտանիքին անդամները եւ անիկա կը համարուի տարածաշրջանին ամէնէն մեծ մշակութային ձեռնարկներէն մէկը[1]:
Փառատօնին եւ հնավայրին շնորհիւ, Ժարաշ դարձած է Յորդանանի ամէնէն նշանաւոր զբօսավայրերէն մին՝ Փեթրայէն ետք։
Պատկերասրահ
Խմբագրել-
Հին ու նոր Ժարաշ (Երասա)
-
Ժարաշ կամ Երասա մարզարանը
-
Թատրոնն ու մարզարանը
-
Ջրաղացք
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Ժարաշի Փառատօն
- ↑ Մեծ Աղեքսանտրի ժառանգորդներուն պատմութիւնը, Տրոյսըն Եոհան Կուսթաւ, հրատ․՝ Բոլիթիա(յունարէն)
- ↑ Իամվլիհոս(յունարէն)
- ↑ Խրիսորոա գետ (այսօրուան Պարատա)(յունարէն)
- ↑ Մեծ Ստուգաբանական, հրատ․1816
- ↑ Տեսերիզ․ Իքոնես յայտագիրը կը ճամբորդէ Յորդանան, մաս 3, 23։00-էն ետք, Երասա(յունարէն)
- ↑ Յորդանան․ գլխաւոր քաղաքներու տուեալներ(անգլերէն)
- ↑ Հնաբանական ուսումնասիրութիւններ․ Ճարաշի պատմութիւն, Սաեպ Ռաուաշտեհ, 7-4-2016(անգլերէն)
- ↑ Հեբի Թրավելեր - Երասա․ հին քաղաքը ուր կը բնակէին Մակեդոնացի տարիքոտ զինուորները(յունարէն)
- ↑ Երասա քաղաքը, Դեքաբոլիս, Սուրիոյ Սնամէջ(յունարէն)
- ↑ Տեսերիզ - Միջին Արեւելքի Բոմբէյը(անգլերէն)
- ↑ Ճարաշ․ Զբօսաշրջիկութիւն(անգլերէն)