Մարիքա Նինու

Ռեպեթիքոյի յունահայ երգչուհի

Մարիքան Նինու ((յուն.)Μαρίκα Νίνου), աւազանի անունով՝ էվանկելիա Ադամեան ((յուն.)Ευαγγελία Αταμιάν), 1922, «էվանկելիսդրիա» նաւուն վրայ, Էգէական Ծով  -  23 Փետրուար 1957, Էղալէօ, յունահայ երգչուհի։  Կը համարուի Յունաստանի կնոջական ամենալաւ ձայներէն։

Մարիքա Նինու
Marika Ninou.jpg
Հիմնական տուեալներ
Աւազանի անուն յուն․՝ Ευαγγελία Αταμιάν[1]
Ծննդեան անուն Էվանկելիա Ադամեան
Ծնած է 1922[2]
«Էվանկելիսդրիա» նաւ
Երկիր Flag of Greece (1822-1978).svg Յունաստան
Մահացած է 23 Փետրուար 1957(1957-02-23)
Էղալէօ, Յունաստան
Ազգութիւն հայ
Տեսակ/ներ Յունահայ երգչուհի
Մասնագիտութիւն Յունական ժողովրդային «ռեպեթիքօ»ի երգչուհի
Գործիքներ կիթառակ

Կենսագրական գիծերԽմբագրել

ԾնունդըԽմբագրել

Մարիքա Նինու ծնած է 1922 թուականին, Կիլիկիոյ ջարդերէն փրկուած հայեր փոխադրող յունական «Էվանկելիսդրիա» նաւուն մէջ։  Նաւուն վրայ գտնուող գաղթական հայ տէր հայր մը նորածինը կը կնքէ եւ սովորոյթին համաձայն, կնքահայրը նաւապետը կ՛ըլլայ ու անոր կու տայ  նաւուն անունը՝ Էվանկելիա։  Նաւը կը թափառի մինչեւ հիւրընկալ  նաւահանգիստ մը զայն ընդունի։  Վերջապէս Իզմիր (Զմիւռնիա) խարիսխ կը նետէ։  Քանի մը ամիս ետք, աշնան, Փոքր Ասիոյ աղէտէն (յունական բանակի նահանջ) եւ Իզմիրի հրկիզումէն փրկուած հարիւր հազարաւոր յոյն եւ հայ գաղթականներ քաղաքը կը լքեն ամէն միջոցով որ կարելի է։  Մանուկ Էվանկելիան Սիսեցի մօրը՝ Կիւլա Ադամեան եւ երկու քոյրերուն եւ եղբօրը՝ Պարգեւին հետ Փիրէա կը փոխադրուին «Էվանկելիսդրիա» նաւով․ հայրը՝ Կեսարացի Հայկ Ադամեան, ժամագործ արհեստով, Իզմիրի աղետալի օրերուն կը սպաննուի։   

Կեանքին առաջին տարիներըԽմբագրել

Ընտանեօք Քոքինիա կը հաստատուին, Մեղարոն փողոց թիւ 50։  Այդ օրերուն Յունաստանը անպատրաստ, կ՛ընդունի շուրջ մէկ ու կէս միլին յոյն եւ հայ գաղթականներ․ հայերու թիւը՝  80․000 առաւել 8․000 որբեր։  Փիրէայի շրջակայքը՝ Քոքինիա եւ Լիբազմա կ՛ապաստանին մօտ 11․000 հայեր։ Տե՛ս Քոքինիոյ հայկական գաղութը

Քոքինիա ողողած հայ եւ յոյն գաղթականներուն կեանքը բնաւ դիւրին չէր, նոյնպէս Էվանկելիային ընտանիքին համար․ դժնդակ տարիներ՝ աղքատութիւն, անգործութիւն։ 

Եօթը տարեկան հասակին կը յաճախէ Քոքինիոյ «Զաւարեան-Ազգային» նախակրթարանը։  Երգի ուսուցիչը կը քաջալերէ զայն կիթառակ (մանտոլինօ ) mandolin (երաժշտական գործիք ) սորվիլ ու Էվանկելիան քանի մը տարի ետք կը մասնակցի «Զաւարեան» ակումբի նուագախումբին։ 

  • Այդ տարիներուն, Քոքինիոյ համայնքին կեանքը ընդհանրապէս կը դառնար Զաւարեան ակումբին շուրջ (հիմնուած՝ 1924-ին եւ կառուցուած (1927 ), կը պատսպարէ նաեւ համանուն վարժարանը) եւ կը հարստանար զանազան առիթներով կազմակերպուած խնճոյքներով, թատերական ներկայացումներով, նուագահանդէսներով, պարահանդէսներով եւ այլ մշակութային կամ գրական ձեռնարկներով։

Գեղեցիկ ձայնին պատճառով կը մասնակցի բացի նախակրթարանի երգչախումբին նաեւ՝ շրջանի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ դպրաց դասին։  Իր շնորհալի ձայնը յատկապէս կը հնչէ Աւագ Շաբթուան օրերու արարողութիւններուն ընթացքին․ ան է որ կ՛երգէ Աւագ Հինգշաբթի իրիկուան շարականը՝ «Ո՞ւր ես Մայր իմ»։

Ընտանիքի կազմումԽմբագրել

1940 թուականին, կ՛ամուսնանայ Հայկ կամ՝ Հայկօ Մեսրոպեանին հետ եւ 1943 թ․ կը բախտաւորուի մանչ զաւակով մը՝ Յովհաննէս։ 

Բ․ Համաշխարհային պատերազմի տարիներու գերմանացիներու գրաւման շրջանին Մարիքա Նինուն եղբօր Պարգեւին հետ կ՛երգեն Քոքինիոյ եկեղեցւոյ դպրաց դասին մէջ։  Միաժամանակ Ցիցանիին հետ կ՛երգէ ժողովրդային համբաւաւոր Աթիք երգիչին պարտէզին մէջ, ծանօթ իբրեւ «Մանտրա դու Աթիք»։  Հոն կը համախմբուին այդ օրերուն մեծագոյն յօրինողներ, բանաստեղծներ եւ լրագրողներ, ինչպէս Թիմոս Մորայիթիս Θύμος Μωραϊτης , Ալեքոս Լիտորիքիս Αλέκος Λιδορίκης, Խրիսթոս Եանաքոփուլոս Χρήστος Γιανακόπουλος, Տիմիթրիս Եանուքաքիս Δημήτρης Γιανουκάκης, Տիմիթրիս Խրոնոփուլոս Δημήτρης Χρονόπουλος, Փանոս Փափատուքաս Πάνος Παπαδούκας, Ալեքոս Սաքելարիոս Αλέκος Σακελάριος եւ ուրիշներ։

 
Քոքինիոյ Սուրբ Յակոբ եկեղեցին

Սակայն, Բ․ Համաշխարհային պատերազմի անմիջական հետեւանքները կ'ըլլան ներգաղթն ու արտագաղթը։  1947 թուականին միայն Փիրէայի նաւահանգիստէն «Չուկոտկա» սովետական նաւով կը ներգաղթեն 2000-է աւելի յունահայեր, կէսէն աւելին՝ Քոքինիոյ շրջանէն․ անոնց մէջն է նաեւ Հայկ Մեսրոպեանը։  1944 թուականէն արդէն զոյգին մէջ հարցեր կային։  Հայկ Մեսրոպեան սակայն, առանց ամուսնալուծուելու, Խորհրդային Հայաստանի մէջ կրկին կ՛ամուսնանայ եւ հինգ զաւակ կ՛ունենայ։

ԱսպարէզԽմբագրել

Առաջին քայլերը եւ անունի փոփոխութիւնԽմբագրել

Էվանկելիան 1944 թուականին կը ծանօթանայ Նիքոս Նիքոլայիտիս՝ Նինոս կեղծանունով լարախաղացին հետ։  Երկուքով «Տուօ Նինօ» մականունով կը սկսին շրջապտոյտները գլխաւորաբար Պեղոպոնեզի շրջանը։  Կ՛ամուսնանան եւ կը դառնայ տիկին Էվանկելիա Նիքոլայիտու։ Հետեւելով կեսուր մօրը խրատին, Էվանկելիա անունը կը փոխէ Մարիքա անունով․ կեսուր մայրը դերասանուհի ըլլալով, անոր կ՛առաջարկէ Մարիքա անունը, որովհետեւ հանրածանօթ Մարիքա Քոթոփուլի Μαρίκα Κοτοπούλη - Marika Kotopouli դերասանուհիին կը վերաբերէ։  1948 անոնց կը միանայ հինգամեայ Յովհաննէսը եւ խումբին պիտակը կը վերածուի՝ «Երկուքուկէս Նինօ»ի։  Այդ ներկայացումներուն ընթացքին երկչոտ քայլերով Մարիքան ատենը անգամ մը յունական ժողովրդային երգեր կ՛երգէ։

Քանի մը անգամներ կը հրաւիրուին Սալամինայի Նաւային Խարիսխը, լարախաղերու համար։  Այդ ներկայացումներէն մէկուն ընթացքին, նաւապետը որ արեւելեան եւ ի մասնաւորի թրքական մեղեդիներու ջերմեռանդ խանդավառեալ մըն էր, Մարիքայէն երգ մը կը խնդրէ։  Մարիքան տատամսոտ կ՛ընդառաջէ նաւապետի խնդրանքին եւ թրքական երգ մը որ մօրմէն սորված էր կ՛երգէ։  Նաւապետը գոհ կը մնայ, սակայն ա՛լ աւելի՝ ներկաներէն Փեդրոս (հայ․՝ Պետրոս) Քիրիաքոս Πέτρος Κυριακός։  Ան Մարիքան կը ներկայացնէ ժողովրդային երգի հանրածանօթ Մանոլիս Խիոթիս Μανώλης Χιώτης - Manolis Chiotis երգիչին, որ նաեւ յօրինող եւ քնարերգակ է։

Երգչուհիի ասպարէզի ամրապնդումԽմբագրել

Մարիքա Նինուին ասպարէզին ամրապնդման սկզբնական քայլերը կը զուգադիպին Բ․ Համաշխարհային պատերազմին վերջաւորութեան Յունաստանի տարածքին մէջ ծագած միջքաղաքացիական պատերազմին՝ համայնավարական եւ հակահամայնավարական ուժերուն միջեւ․ կը վերջանայ 1949-1950 թուականներուն։ Տե՛ս Յունաստան՝  Բ․ Համաշխարհային Պատերազմ գլուխը

1948 Յունիսին, Մանոլիս Խիոթիս հմայուած Մարիքա Նինուէն զայն կը հրաւիրէ եւ հետը երկու երգ ձայնապնակի կ՛արձանագրէ՝ Ώρες Σε Κρυφοκοιτάζω (թարգմ․՝ «Ժամեր թաքուն կը դիտեմ քեզ») եւ Θα Στο Πω Το Μυστικό Μου (թարգմ․՝ «Գաղտնիքս քեզի պիտի ըսեմ»)։

 
Պուզուքի․ Ռեպեթիքօ երաժծտութեան գլխաւոր մենակատարը․․

Այդ տարիներուն զուարճանալու տարածուած  միջոց մըն է «կապելա» ταβέρνα, ուր ժողովրդական բեմէն՝ Փալքօ, երգիչները կ՛երգեն մանաւանդ յոյն հասարակութեան մէջ, յատկապէս աշխատաւոր, բանուոր դասակարգերուն համբաւ ունեցող ռեպեթիքօ Ρεμπέτικο - rembetiko քաղաքային յունական երաժշտութիւն։ 

Ռեպեթիքօ՝ քաղաքային-ժողովրդային երգը, «կը ծնի» 19-րդ դարու վերջաւորութեան․ նախ կը զարգանայ Յունաստանի քաղաք-նաւահանգիստներուն մէջ Փիրէա, Սելանիկ, Վոլօ , ուր կ՛ապրի ռամիկ բնակչութիւն՝ բանուոր, արհեստաւոր․․ եւ ապա՝ քաղաքային «կապելա» կոչուած կեդրոնները։

Երգի բնագաւառի դռները լայնօրէն կը բացուին Մարիքա Նինուին առջեւԽմբագրել

1948 Հոկտեմբերին, Մարիքան կ՛ընդառաջէ առաջարկին եւ կ՛ընկերակցի երգիոնահար եւ ժողովրդային երգիչ Սդելաքիս Փերփինիատիսին Στέλιος Περπινιάδης  - Stelios Perpiniadis, «Ֆլորիտա» կոչուած կապելա-կեդրոնին մէջ՝ Ալեքսանտրաս պողոտայ, Աթէնք։ 

1948 Նոյեմբերին Մարիքան կը գործակցի Իաննի Փափայոանուին Γιάννης Παπαϊωάννου - Giannis Papaioannou հետ եւ Το 'φαγες Το Παιδί  («թարգմ․՝ Տղուն գլուխը կերար») երգը սկաւառակի կը ձայնագրէ։

1949 Մարիքա Նինուն յօրինող եւ քնարերգակ Ղիորղօ Միցաքիսին Γιώργος Μητσάκης - Giorgos Mitsakis երգերէն մի քանին սկաւառակի կը ձայնագրէ։  Նոյն տարուան Հոկտեմբերին, կը ձայնագրէ Վասիլի Ցիցանիին Βασίλης Τσιτσάνης - Vassilis Tsitsanis երգը՝  Για Τα Μάτια Π' Αγαπώ (թարգմ․՝ «Սիրած աչքերուս համար»)։

  • Վասիլի Ցիցանիս․ 20-րդ դարու Յունաստանի համբաւաւոր երգիչ, յօրինող եւ քնարերգակ։

Մարիքա Նինուի ասպարէզին կարեւոր շրջադարձըԽմբագրել

Երգչուհիի իր ասպարէզին կարեւոր շրջադարձը կը պատահի քանի մը ամիս ետք, երբ կը սկսի երգել Աթէնքի հանրածանօթ «Ծիմի թու խոնտրու» Τζίμη του Χοντρού կապելա-կեդրոնին մէջ Ախարնոն փողոց թիւ 77, Վասիլի Ցիցանիսին հետ։ Վերջինս, Մարիքային հետագայ յաջողութիւններուն գլխաւոր ուղեկիցը պիտի դառնայ, հակառակ անոր թէ՝ մշտապէս կը վիճին․  երկուքն ալ զօրաւոր նկարագրի տէր են։

Նինուն շուտով Ցիցանիսին մուսան կը դառնայ։ Սակայն ռեպեթիքօ երաժշտութեան բնագաւառին մէջ Մարիքան իր ներկայաութիւնը կ՛ամրապնդէ շնորհիւ Փացիֆաս անունով ձեռներէց նորարարի ներդրումին․ ան Մարիքա Նինուին անունը հանրածանօթ կը դարձնէ։

1951 թուականին, Փացիֆասը զուգահեռ կերպով Նինուին 33-նոց երկու սկաւառակներ ձայնագրել կու տայ։  Առաջինը յենուած Մանոս Խածիտաքիսին Μάνος Χατζιδάκης - Manos Hatzidakis երաժշտութեան վրայ, իսկ երկրորդը՝ Ցիցանիսի յօրինած ռեպեթիքոներով։

  • Մանոս Խածիտաքիս. 20-րդ դարու Յունաստանի համբաւաւոր խմբավար, բանաստեղծ, դաշնակահար եւ յօրինող։ 1961 Պարգեւատրուած է Օսքար մրցանակով «Oscar - Academy Awards» «Փիրէայի տղաքը» (Τα παιδιά του Πειραιά) երգին համար, յօրինուած՝ Ժիւլ Տասենի - Jules Dassin «Երբեք Կիրակի օր» (Ποτέ την Κυριακή - Never on Sunday) ժապաւէնին համար։
 
Պաղլամաս - Ռեպեթիքօ երաժշտութիւնը լրացնող անհրաժեշտ նուագի գործիք

Նոյն տարին, Ցիցանիսին եւ Էվանկելիա Մարղարոնիին հետ ելոյթ կ՛ունենան Պոլսոյ «Քազապլանքա» կեդրոնին մէջ բացառիկ յաջողութեամբ։ Ելոյթներուն հասոյթը հետեւեալ կերպով կը բաժնուի․ 3 ոսկեդրամ Ցիցանիս, 2 ոսկեդրամ Նինուն եւ 1 ոսկեդրամ Մարղարոնին։  Իր վարձատրութեան ոսկեդրամով, Մարիքան Էղալէօ Αιγάλεω քաղաքին մէջ (Քոքինիոյ հիւսիս-արեւմուտքը), կը ձեռնարկէ իր բնակարանի շինութեան։

Յունաստանի միջ-քաղաքացիական կռիւները կ՛աւարտին ձախակողմեան ուժերու պարտութեամբ։  Կը յաջորդէ ռեպեթիքօ երգի խոր տագնապը։  1952 - 1955, համբաւի արժանացած մեծագոյն աստղերը՝ ժողովրդական երգահաններ կամ պուզուքիի μπουζούκι - bouzouki  ճարտար նուագածուներ, շատ մեծ դժուարութեամբ գործ կը գտնեն։ 

Ամերիկա տեղափոխումըԽմբագրել

Այդ տարիներուն Ա․Մ․Ն․ մէջ յունական երգերու մեկնաբանութիւններէն հասոյթը շատ մեծ է․ հոն կայ յունական հսկայ գաղութ մը, որ կարօտը ունի լսելու յունական երգեր, մանաւանդ ռեպեթիքօ։ 

1955 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կը տեղափոխուի հիմնական երկու պատճառներով։ 

  • Եղբօրը քառանդամ ընտանիքը եւ զաւակը՝ Յովհաննէսը իր տնտեսական հոգատարութեան կարիքը ունին․ եղբայրը՝ Պարգեւը խլիրդէ կը տառապի։ 
  • 1954 կ՛իմանայ թէ ինքն ալ՝ արգանդի խլիրդէ կը տառապի։ Աթէնքի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ գործողութեան կ՛ենթարկուի։  Լսած է թէ Ամերիկա այս հիւանդութեան համար բուժման միջոցները աւելի յառաջացած են եւ կ՛որոշէ Ա․Մ․Ն․ մեկնիլ։

Ամերիկա մեկնումին եւ հոն կեցութեան ու բուժման ծախսերուն համար՝ հիւանդանոց, ճանապարհածախսի տոմսեր․․․, անոր կ՛օգնեն Ռենա Տալիա Ρένα Ντάλια եւ Գոսդաս Գափլանիս Κώστας Καπλάνης։

ՄահըԽմբագրել

1956 , Յունաստան կը վերադառնայ եւ հակառակ անտանելի ցաւերուն, գործի կը լծուի մինչեւ 1957 Փետրուարի սկիզբները։ 

1957, Փետրուար 22-ին, Շաբաթ լուսցող Ուրբաթ գիշեր մը, Էղալէոյի իր բնակարանին մէջ Մարիքա Նինուն կը մահանայ․ ան հազիւ 35 տարեկան է։  Կը թաղուի Նէափոլիին գերեզմանատան մէջ, եղբօրը Պարգեւին կողքին․ Պարգեւ մահացած է 1955, 42 տարեկան հասակին մէջ։

Մարիքա Նինուին յուղարկաւորութիւնըԽմբագրել

Մարիքա Նինուին (Էվանկելիա Ադամեան ) յուղարկաւորութիւնը տեղի կ՛ունենայ խուռներամ պարզ ժողովուրդի ներկայութեամբ։   Ներկայ կը գտնուին նաեւ Ցիցանիս, Խիոթիս, Մերի Լինտա, Աննա Խրիսաֆի, Փոլի Փանու, Սոթիրիա Պելլու, Ծիմի Խոնտրոս, Փափայիոաննու, Մարքոս Վամվաքարիս, Գ․ Գափլանիս, Քերոմիթիս եւ ուրիշ հանրածանօթ երաժիշտներ։

[3] [4] [5] [6] [7] [8] [9]

Յետ մահուԽմբագրել

Մարիքա Նինուն գրեթէ ոչինչ կը ձգէ հարազատներուն․ եղբօր աղջկան մօտ՝ Կիւլա Ադամեան – Անսերեան, կան նկարներ եւ քանի մը հագուստներ։  Էղալէոյի բնակարանը կը բռնագրաւուի կարգ մը շահագործներէ։ 

Ընտանիքը ազգագրագէտ Իլիաս Փեթրոփուլոսի օգնութեամբ կը փորձէ Նիքոս Փարասքեւոփուլոս անունով անձին սեփականութեան անցած Նինուին փաստաթուղթերն եւ վաւերագրական առարկաները յայտնաբերել եւ ձեռք ձգել․  քանի մը ձայնապնակ, այդ օրերու թերթերու յօդուածներ, երկու սկաւառակ՝ ուր իր զաւկին կը խօսի, չնչին թիւով լուսանկարներ, անցագիրն ու անձնաթուղթը, արհեստաւորի տետր եւ երկու ձայնաժապաւէններ։  Սակայն անկարելի կ՛ըլլայ։

[6][9]

Մարիքա Նինու, ասուպըԽմբագրել

Եզակի է Մարիքա Նինուին ներդրումը ռեպեթիքօ երգին տարածման։  Մեծ յաջողութեամբ երգեց նաեւ ազնուառեպեթիքօ αρχοντορεμπέτικα կոչուած երգեր։  Անկրկնելի ձայնը, ռեպեթիքօ երգը ժողովուրդի պարզ խաւերէն անցուց աւելի բարձր ընկերային դասակարգերուն։

Ան նոր հուն բացաւ յունական ժողովրդական երգին մէջ։  Յաջողեցաւ մի'այն ութը տարուան արհեստավարժ գործունէութեամբ։

Գոսդաս Ֆերիսի 1983 «Ռեպեթիքօ» ֆիլմը ներշնչուած է Մարիքա Նինուին կեանքէն։

1974 , միջազգային համբաւի արժանացած յօրինող Մանոս Խածիտաքիս Manos Hatzidakis - Μάνος Χατζιδάκις անոր յիշատակին կը նուիրէ իր «Փերիքս» Πέριξ ձայնապնակը։

Ստորեւ, երգարուեստի բնագաւառէն քանի մը ծանօթ դէմքերու նկարագրութիւնները Նինուին անձին մասին․-

«Բեմին վրայ անմրցելի էր, իր շարժումները ցնցող ուժ մը կը պարունակէին, իսկ երբ կ՛երգէր այդպիսի արտայայտչականութիւն եւ հաղորդակցութիւն կը փոխանցէր ունկընդիրներուն, որ այդ համոզումը կու տային թէ իր նմանը պիտի չծնի երբեք։»  Վասիլիս Ցիցանիս

«Մարիքա Նինու ճանաչում ստացաւ իբրեւ հնչիւնային մարմնաւորում գոյութիւն ունեցող մարմնոյ ու ոգիին, ու կը բնակէր այն ժամանակ քաղաքներու ժողովրդային թաղամասերուն մէջ։  Ու պատահական չէ որ նման համեմատութիւն մը ունեցող Մ․Պիթիքոցիս եւ Նինու, յունական երգի բուրգի գագաթը կը գտնուին իբրեւ երկու պատմական դէմքեր։» Եորղոս Փափատաքիս, երաժշտագէտ

«Մարիքա Նինու գեղեցիկ ու կրքոտ ձայն մըն է որ ենթարկուած է միշտ ազնուական արուեստի մը հրաւէրներուն, առանց երբեք սահմանները ինքնակամօրէն խախտելու։  Այս արուեստը բնածին քաղաքավարութիւն մը կը պարունակէ, նաեւ՝ ժողովրդային ազնուականութիւն մը։» Սօֆիա Սփանուտի, երաժշտագէտ՝ 1951

«Իր ձայնը կը տիրապետէր մնացեալ ձայներուն վրայ։  Մինչեւ այդ օրը կնոջական ձայները (զուգերգի պարագային, խմբ․) միայն ընկերակցելու կը ծառայէին։  Մարիքա Նինուին շնորհիւ, երգչուհին դարձաւ տիրող՝ առաջին ձայն․․․։  Մէկ տեղ պալքանեան գէֆով կ՛երգէ։  Ուրիշ տեղ՝ ներքին արտասուքով մը։  Թէ՛ Արեւմուտք է, թէ՛ Արեւելք։  Տարբեր ձեւով ըսուած՝ Յունաստա՛նն է ան։»  Ալքիսթիս Փրոթոփսալթի

«Երգի -ֆամ ֆաթալ-ն  (ժակատագրական կին) էր՝ յոյզերով լեցուն ու ապրումներով։  Ժողովուրդին ծոցէն ելած՝ իսկապէս մեծահոգի էր․․․։  Իր կախարդանքը ձայնին մէջ չի կայանար, այլ իր դրսեւորած հոգիին մէջ։»  Վիքի Մոսխոլիու

«Հաստատեցի թէ երգիչ մը կարող է իր ոճը կամ իր խօսելաձեւին մէկ մասը կրկնել, բայց չի կրնար ընդօրինակել իր հոգեկանութիւնը։   Եւ ա՛յս իսկ պատճառով Նինուն անկրկնելի է»։  Ղլիքերիա

«Փարիզի ձիւնոտ գիշեր մըն էր 1985ի Յունուարին։  Ականջներուս  տակաւին կ՛արձագանգէ Իլիաս Փեթրոփուլոսին հաստատ ձայնը մեր ողջերթի պահուն՝ «Յոյները կ՛անգիտանան թէ ռեպեթիքոյի մեծագոյն երգչուհին յոյն չէր։  Մարիքա Նինուն հայուհի էր, թէ՛ մօր, թէ՛ հօր կողմէ»։  Եորղոս Ի․ Ալլամանիս

[4][7]

ԳործունէութիւնըԽմբագրել

Մարիքա Նինու մասնակցած է կամ առանձին երգած է ձայնապնակի վրայ 174 երգեր։

Այս երգերէն 1/3 Ցիցանիին կը պատկանին եւ մնացեալ 20 ուրիշ յոյն յօրինող կամ քնարերգակներու։ 

174 երգերէն, 119-ն իբրեւ առաջին ձայն կ՛երգէ, իսկ մնացեալ 55՝  երկրորդ ձայն։

1954 ամառը Աթէնքի «Փարնասոս» սրահին մէջ կը ձայնագրէ Ցիցանիին 9 երգեր, իսկ  1955 թ․ «Ծիմի թու խոնտրու» կեդրոնին մէջ՝ 11 երգեր։ 

Առանձին երգած 119 երգերը 78-նոց սկաւառակի ձայնագրուած են։  Ասոնք ձայնագրուած են յաջորդաբար հետեւեալ ընկերութիւններէն՝ 34-ը His Masters Voice, 37՝  Columbia,  8՝ Odeon, 6՝ Parlophone, 12՝  Melody, 20՝ Ամերիկայի Liberty  եւ 2՝ Աւստրալիոյ Apollo։

Նշենք թէ Մարիքա Նինու չորս երգերու խօսքերը գրած է․ երկուքը Յունաստան եղած ատեն, մնացեալ երկուքը՝ Ա․Մ․Ն․ (վերջիններուն նաեւ երաժշտութիւնը)։

Ստորեւ՝ կարգով արձանագրուած Նինուին ձայնապնակի վրայ երգած երգերը․-

Տարի Տիտղոս Հայերէնի թարգմ․ Մեկնաբանութիւն Երգահան-խօսքի հեղինակ
1948 Ώρες Σε Κρυφοκοιτάζω Ժամերով թաքուն քեզ կը դիտեմ Մ․Նինու, Մ․ Խիոթիս Մ․ Խիոթիս
1948 Θα Στο Πω Το Μυστικό Μου Գաղտնիքս քեզի պիտի ըսեմ Մ․Նինու, Մ․ Խիոթիս Մ․ Խիոթի
1948 Το 'φαγες Το Παιδί Տղուն գլո՛ւխը կերար Մ․ Նինու, Ս․Փերփինիատիս Ղ․ Փափայոանու
1948 Άνθρωποι-Άνθρωποι Մարդիկ-մարդիկ Մ․ Նինու, Ս․Փերփինիատիս Ղ․ Փափայոանու
1948 Με Κάρφωσαν Τα Μάτια Σου Աչքերդ վրաս մնացին Մ․Նինու, Մ․ Խիոթիս Մ․ Խիոթիս
1948 Είσαι Φίνος Χαρακτήρας Եզակի նկարագիր ունիս Մ․ Նինու, Ս․Փերփինիատիս Մ․ Խիոթիս
1948 Ο Κυνηγός Որսորդը Մ․ Նինու, Գ․ Սոթիրիատիս, Տ․ Խածիթէոլողու
1948 Η Βλάχα Գեղջուհին Մ․ Նինու, Գ․ Սոթիրիատիս, Տ․ Խածիթէոլողու
1948 Νύχτες Ξενυχτώ Χωρίς Ελπίδα Գիշերները անյոյս՝ արթուն կը մնամ Մ․ Նինու, Ս․Փերփինիատիս Ղ․ Փափայոանու
1948 Τον Άνδρα Της Γυρεύει Ամուսնոյն կը բնտռէ Մ․ Նինու, Ս․Փերփինիատիս Ղ․ Փափայոանու, Լ․ Պաքալիս
1949 Σούλα Սուլա Մ․ Նինու, Գ․ Սոթիրիատիս, Տ․ Խածիթէոլողու
1949 Κούκλα Μου Εσύ Պուպրիկս ես դուն Մ․ Նինու, Գ․ Սոթիրիատիս, Տ․ Խածիթէոլողու
1949 Ο Τραυματίας Վիրաւորը Մ․ Նինու Վ․ Ցիցանիս
1949 Πού Θα Πας Πού Θα Τα Βρεις Στρωμένα Ո՞ւր պիտի երթաս, ո՞ւր ամէն ինչ պատրաստ պիտի գտնես Մ․ Նինու, Փրոտրոմոս Ցաուսաքիս, Վ․ Ցիցանիս Վ․ Ցիցանիս
1949 Πάλι Θα Σμίξουμε Կրկին պիտի միանանք Մ․ Նինու, Վ․ Ցիցանիս, Ղ․ Միցաքիս Վ․ Ցիցանիս, Ղ․ Միցաքիս
1949 Κατεργάρα Խարդախիկ Մ․ Նինու, Ս․Փերփինիատիս Մ․ Նինու
1949 Ας Την Κρίνει Ο Θεός Աստուած զայն դատէ Մ․ Նինու, Ս․Փերփինիատիս Մ․ Նինու
1949 Η Μικρή Του Καμηλιέρη Ուղտապանին օրիորդիկը Մ․ Նինու, Աթանասիոս Էվղենիքոս Ափոսթոլոս Խածիխրիստոս
1949 Ο Παντρεμένος Ամուսնացածը Մ․ Նինու, Փ․ Ցաուսաքիս, Վ․ Ցիցանիս Վ․ Ցիցանիս
1949 Για Τα Μάτια Π' Αγαπώ Սիրած աչքերուս համար Մ․ Նինու, Փ․ Ցաուսաքիս, Վ․ Ցիցանիս Վ․ Ցիցանիս
1950 Στα Μπουζούκια Να Με Πας Զիս պուզուքիա տար Մ․ Նինու, Իոաննիս Թաթասոփուլոս, Ղ․ Միցաքիս Ղ․ Միցաքիս
1950 Τα Τρία Αδέλφια Երեք եղբայրները Մ․ Նինու, Իոաննիս Թաթասոփուլոս, Ղ․ Միցաքիս Ղ․ Միցաքիս
1950 Η Χήρα Του Φαντάρου Զինուորին այրին Մ․ Նինու, Փանոս Փեցաս Փ․ Փեցաս
1950 Το Βιτριόλι Ծծմբատը Մ․ Նինու, Վ․ Ցիցանիս, Ն․ Վուլղարիս Վ․ Ցիցանիս
1950 Ο Πρώτος Άντρας Που Αγάπησα Առաջին սիրած տղամարդս Մ․ Նինու, Իոաննիս Թաթասոփուլոս, Ղ․ Միցաքիս Ղ․ Միցաքիս
1950 Η Γυναίκα Που Ψηφίζει Կինը որ կը քուէարկէ Մ․ Նինու, Աթանասիոս Էվղենիքոս Ափոսթոլոս Քալտարաս
1950 Έχασα Τα Μάτια Τα Ωραία Գեղեցիկ աչքերը կորսնցուցի Մ․Նինու, Մ․ Խիոթիս Մ․ Խիոթիս
1950 Παράξενη Κοπέλα Տարօրինակ աղջիկ Մ․Նինու, Ն․ Վուլղարիս, Մ․ Խիոթիս Մ․ Խիոթիս
1950 Σούρουπο Με Συννεφιά Ամպոտ իրիկնամուտ Մ․ Նինու, Իոաննիս Թաթասոփուլոս, Ղ․ Միցաքիս Ղ․ Միցաքիս
1950 Έχεις Δίκιο Իրաւունք ունիս Մ․ Նինու, Իոաննիս Թաթասոփուլոս, Ղ․ Միցաքիս Ղ․ Միցաքիս
1950 Η Ταμπακέρα Մոխրամանը Մ․ Նինու, Վ․ Ցիցանիս Իոսիֆ Ռիցիարիս, Միմիս Թրայֆորոս
1950 Θα Σε Τιμωρήσω Պիտի պատժեմ քեզ Մ․ Նինու, Իոաննիս Թաթասոփուլոս, Ղ․ Միցաքիս Ղ․ Միցաքիս
1950 Το Όνειρο Της Αδελφής Քրոջը երազը Մ․ Նինու, Փ․ Ցաուսաքիս, Վ․ Ցիցանիս Վ․ Ցիցանիս
1950 Χάθηκε Η Προξενιά Խնամախօսութիւնը կորսուեցաւ Մ․ Նինու, Փ․ Ցաուսաքիս Խրիստոս Միկոս
1950 Γιατί Άλλαξες Γιατί Ինչո՞ւ փոխուեցար, ինչո՞ւ Մ․ Նինու, Ս․ Քերոմիթիս Ս․ Քերոմիթիս, Գ․ Մանեսիս
1950 Απόψε Μες Στο Καπηλειό Այսօր, կապելային մէջ Մ․ Նինու, Ս․ Քերոմիթիս, Վ․ Ցիցանիս Վ․ Ցիցանիս
1950 Η Καρδιά Σου Θα Γίνει Χρυσή Սիրտդ ոսկի պիտի դառնայ Մ․ Նինու, Փ․ Ցաուսաքիս, Վ․ Ցիցանիս Վ․ Ցիցանիս
1950 Τι Σου Φταίω Ես ինչո՞վ մեղաւոր եմ Մ․ Նինու Ղ․ Միցաքիս
1950 Βαλεντίνα Վալենթինա Մ․ Նինու, Իոաննիս Թաթասոփուլոս, Ղ․ Միցաքիս Ղ․ Միցաքիս
1950 Η Μικρούλα Փոքրիկը (օրիորդիկը իմաստով) Մ․ Նինու, Իոաննիս Թաթասոփուլոս, Ղ․ Միցաքիս Ղ․ Միցաքիս
1950 Εγώ Είμαι Για Σένα Ես եմ քեզ համար Մ․ Նինու, Աթանասիոս Էվղենիքոս Ա․ Քալտարաս
1950 Κουτσομπόλα Χτύπα Ξύλο Քարը զարկ բամբասող Մ․ Նինու, Վուլղարիս, Մ․ Խիոթիս Մ․ Խիոթիս
1950 Δεν Θα Ξαναϊδωθούμε Կրկին պիտի չհանդիպին Մ․ Նինու, Իոաննիս Թաթասոփուլոս, Ն․ Վուլղարիս Մ․ Խիոթիս
1950 Το Κουρέλι Քուրջը Մ․ Նինու, Իոաննիս Թաթասոփուլոս, Ղ․ Միցաքիս Ղ․ Միցաքիս
1950 Με Την Καρδιά Μου Παίζεις Սրտովս կը խաղաս Մ․ Նինու, Իոաննիս Թաթասոփուլոս, Ղ․ Միցաքիս Ղ․ Միցաքիս
1950 Σ' Αυτό Το Ρεματάκι Այս ակին Մ․ Նինու, Աթ․ Ղիանոփուլոս, Ա․ Էվղենիքոս Գոստաս Քոնտողիորղոս
1950 Γιαλό-Γιαλό Ծովափ-ծովափ Մ․ Նինու, Աթ․ Ղիանոփուլոս, Ա․ Էվղենիքոս Գոստաս Քոնտողիորղոս
1950 Κι Αν Αμάρτησα Δεν Φταίω Եթէ մեղանչեցի, յանցաւոր չեմ Մ․ Նինու, Աթ․ Ղիանոփուլոս, Ն․ Վուլղարիս Խ․ Թամվաքիս
1950 Εφώτισε Η Χαραυγή Լուսցաւ արեւածագը Մ․ Նինու, Աթ․ Ղիանոփուլոս, Ն․ Վուլղարիս Խ․ Թամվաքիս
1950 Μην Περιμένεις Մի սպասեր Մ․ Նինու Միխալիս Ենիցարիս
1950 Τσίφτισσα «Ցիֆդիսա» Մ․ Նինու, Ա․ Էվղենիքոս, Միխալիս Ենիցարիս Միխալիս Ենիցարիս
1950 Το Πεζοδρόμιο Մայթը Մ․ Նինու, Իոաննիս Թաթասոփուլոս, Ղ․ Միցաքիս Իոաննիս Թաթասոփուլոս, Նիքոս Ռուցոս
1950 Το Δέκα Το Καλό Տասն լաւը Մ․ Նինու, Իոաննիս Թաթասոփուլոս, Ղ․ Միցաքիս Իոաննիս Թաթասոփուլոս, Նիքոս Ռուցոս
1950 Φτάνει Που Θα Μ' Αγαπάει Բաւ է որ զիս պիտի սիրէ Մ․ Նինու, Բաւ է որ զիս պիտի սիրէ Բաւ է որ զիս պիտի սիրէ
1950 Κι Αν Πάθεις Και Καμιά Ζημιά Վնաս ալ նոյնսիսկ գայ գլխուդ Մ․ Նինու, Վ․ Ցիցանիս Վ․ Ցիցանիս
1951 Το Ελληνόπουλο Յոյն պատանին Մ․ Նինու Ն․ Ֆիլիփու-Թուրքաքիս
1951 Έρχεται Τ' Αγόρι Μου Ընկերս կու գայ Մ․ Նինու, Իոաննիս Թաթասոփուլոս Ա․ Պուրլիասքոս
1951 Αραμπάς Με Τα Στολίδια Զարդերով կառքը Մ․ Նինու, Իոաննիս Թաթասոփուլոս, Ն․ Վուլղարիս Ա․ Պուրլիասքոս
1951 Είσαι Γυναίκα Αμαρτωλή Մեղաւոր կին ես Մ․ Նինու, Ն․ Վուլղարիս Ա․ Պուրլիասքոս
1951 Η Σεράχ Սերահը Մ․ Նինու Վ․ Ցիցանիս
1951 Αντιλαλούνε Τα Βουνά Լեռները կ՛արձագանգեն Մ․ Նինու, Ս․ Ծաունաքոս, Ս․ Էվսթաթիու Վ․ Ցիցանիս
1951 Πόνεσα Μες Στην Καρδιά Սիրտս ցաւեցաւ Մ․ Նինու Ղ․ Քլուվաթոս
1951 Χάθηκα-Χάθηκα Կորսուեցայ-կորսուեցայ Մ․ Նինու Ս․ Խրիսինիս, Ի․ Փափատոփուլոս
1951 Τα Διαλεχτά Παιδιά Ընտիր տղաքը Մ․ Նինու, Փ․ Ցաուսաքիս, Ս․ Էվսթաթիու Վ․ Ցիցանիս
1951 Την Πιο Ωραία Μου Ζωή Ամենալաւ կեանքս Մ․ Նինու, Ս․ Էվսթաթիու Վ․ Ցիցանիս
1951 Χρόνια Πολλά Σε Λάτρευα Տարիներ քեզ մը պաշտէի Մ․ Նինու, Ս․ Էվսթաթիու Վ․ Ցիցանիս
1951 Είμαι Μια Δυστυχισμένη Դժբախտ մըն եմ Մ․ Նինու, Ս․ Էվսթաթիու, Վ․ Ցիցանիս Վ․ Ցիցանիս
1951 Παλαμάκια Ծափիկներ Մ․ Նինու, Իոաննիս Թաթասոփուլոս, Ն․ Վուլղարիս, Ղ․ Միցաքիս Ղ․ Միցաքիս
1952 Άιντε Παράτα Με Հանգի՛ստ ձգէ զիս Մ․ Նինու, Նիքոս Քալերղիս, Ի․ Ծիվանիս Ա․ Քալտարաս
1953 Δεν Μου Κοβότανε Το Χέρι Երանի ձեռքս կտրուէր Մ․ Նինու, Ս․ Ծաունաքոս, Իոաննիս Թաթասոփուլոս Ն․ Նիքոլայիտիս
1953 Ο Κόκορας Աքլորը Մ․ Նինու Վ․ Ցիցանիս
1953 Μπάλοι Պալի Մ․ Նինու, Վ․ Ցիցանիս Վ․ Ցիցանիս
1953 Καβουράκια Խեչափառիկները Մ․ Նինու, Վ․ Ցիցանիս, Խարալամպոս Մավրիտիս Վ․ Ցիցանիս
1953 Ο Μήνας Έχει Εννιά Եւ ամսուն ինն է Մ․ Նինու, Վ․ Ցիցանիս, Խ․ Մավրիտիս Միխալիս Սողիուլ, Ղ․ Ծավելաս
1953 Απόψε Κάνεις Μπαμ Այսօր «պամ» կ՛ընես Մ․ Նինու, Վ․ Ցիցանիս Վ․ Ցիցանիս
1953 Παίξτε Μπουζούκια Պուզուքեաներ, խաղցէ՛ք Մ․ Նինու, Վ․ Ցիցանիս Վ․ Ցիցանիս
1953 Φτωχόπαιδο Աղքատիկը Մ․ Նինու, Վ․ Ցիցանիս Վ․ Ցիցանիս
1953 Θάλασσα, Μπαρμπαριά κ.α. Ծով, «պարպարիա» եւ ուրիշ Մ․ Նինու, Վ․ Ցիցանիս Վ․ Ցիցանիս
1953 Αλέγκρο (ποτ πουρί) Ալեկրօ Մ․ Նինու, Վ․ Ցիցանիս Վ․ Ցիցանիս
1953 Ό,τι Μου Κάνεις Θα Σου Κάνω Ինչ որ զիս կ՛ընես, պիտի հակադարձեմ Մ․ Նինու Վ․ Ցիցանիս
1954 Βουνό Լեռը Մ․ Նինու Լ․ Տարալաս, Վ․ Փրեքաս
1954 Έλα Όπως Είσαι Եկուր ինչպէս որ ես Մ․ Նինու, Վ․ Ցիցանիս Վ․ Ցիցանիս
1954 Τι Σήμερα Τι Αύριο Τι Τώρα Ի՞նչ այսօր, ի՞նչ վաղը, ի՞նչ հիմա Մ․ Նինու, Վ․ Ցիցանիս Վ․ Ցիցանիս
1954 Αυτή Η Θλιβερή Βραδιά Այս տխուր իրիկունը Մ․ ՆԻնու Պ․Պաքալիս
1954 Ζαΐρα Զայիրա Մ․ Նինու, Ի․ Սալասիտիս, Ա․ Ղիանոփուլոս Վ․ Ցիցանիս
1954 Γεννήθηκα Για Να Πονώ Ծնայ ցաւելու համար Մ․ ՆԻնու, Թ․ Պինիս Վ․ Ցիցանիս
1954 Καρδιές Βασανισμένες Տանջուած սրտեր Մ․ ՆԻնու, Ս․ Փլեսաս Ն․ Կումաս
1955 Είσαι Μια Κότα Παρδαλή Պիսակաւոր հաւ մըն ես Մ․ ՆԻնու, Ս․ Սուղիուլծիս, Փափազողլու Մ․ Նինու
1955 Λόγια Ανταλλάξαμε Βαριά Իրարու ծանր խօսքեր ըսինք Մ․ Նինու Թոնիս Մարուտաս
1955 Αγάπη Που 'γινες Δίκοπο Μαχαίρι Սէր որ երկտրուկ դանակի վերածուեցար Մ․ Նինու Վ․ Ցիցանիս, Մանոս Խածիտաքիս
1955 Θάλασσα Πικροθάλασσα Ծով․ թթու ծով Մ․ ՆԻնու, Ս․ Սուղիուլծիս Տ․ Էվսթաթիու, Ղ․ Ցաքալոս
1955 Νύφη Εγώ Στην Εκκλησιά Ես Հարս, եկեղեցիին Մ․ Նինու, Տ․ Էվսթաթիու Մ․ Նինու
1956 Δώσ' Του Δώσ' Του Νάνι-Νάνι Տուն անոր, տուր, Նանի նանի Մ․ Նինու Ղ․ Քլուվաթոս
1956 Παράπονα Παράπονα Գանգատներ, գանգատներ Մ․ Նինու, Փանոս Ղավալաս, Ռենա Ղիանուլաթու Ղ․ Քլուվաթոս
1956 Κάθε Βράδυ Πάντα Λυπημένη Ամէն գիշեր, միշտ տրտում Մ․ Նինու, Վ․ Ցիցանիս Վ․ Ցիցանիս
1958 Ζαΐρα Զայիրա Մ․ Նինու, Վ․ Ցիցանիս Վ․ Ցիցանիս
1958 Ατσιγγάνες Գնչուհիներ Մ․ Նինու Ս․ Խչիսինիս

Կը հետեւին Նինուին ձայնագրութիւնները զոր Liberty ամերիկեան ընկերութիւնը հրապարակած է։ Այս ձայնագրութիւններուն մեծամասնութիւնը Ամերիկա Ա․Մ․Ն․կատարուեցան 1954 - 1956 , երբ Նինուն հոն գտնուեցաւ։ Սակայն հաւանական է նաեւ թէ Liberty-ն վերահրապարակած ըլլայ նաեւ Նինուին քանի մը հին երգեր ալ, որոնք Յունաստան ձայնագրուած էին։

Տիտղոս Հայերէնի թարգմ․ Մեկնաբանութիւն Երգահան-խօսքի հեղինակ
Σε Παλάτια Σε Τσαντίρια Պալատներու, վրաններու տակ Մ․ Նինու, Վ․ Ցիցանիս Վ․ Ցիցանիս
Της Φτώχειας Τα Κουρέλια Աղքատութեան քուրջերը Մ․ Նինու Վ․ Ցիցանիս
Τα Καράβια Στο Γιαλό Ծովափին նաւերը Մ․ Նինու, Խ․ Մաքրիս Գ․ Գափլանիս
Χτύπα Καμπάνα Զանգակ, հնչէ՛ Մ․ Նինու Մ․ Պաքալիս
Φεύγω Για Ταξίδι Ճամբորդութեան կը մեկնինմ Մ․ Նինու Անծանօթ է -
Πες Μου Αν Με Βαρέθηκες Ըսէ եթէ զզուեցար Մ․ Նինու Մ․ Խիոթիս
Δεν Σε Νοιάζει, Δεν Σε Νοιάζει Հոգդ է, հոգդ Մ․ Նինու Գ․ Գափլանիս
Σ' Αγαπώ Σ' Αγαπώ Քեզ կը սիրեմ, կը սիրեմ Մ․ Նինու, Ն․ Գափլանիս, Խ․Մաքրիս Նիքոս Ղունարիս
Τα Καβουράκια Խեչափառիկները Մ․ Նինու, Ն․ Գափլանիս, Խ․Մաքրիս Վ․ Ցիցանիս
Είσαι Η Γυναίκα Που Μ' Αρέσει Կինն ես որ կը հաւնիմ Մ․ Նինու, Ն․ Գափլանիս Ս․ Քորոնիս, Նիքոս Ֆացէաս
Πάρε Πια Το Δρόμο Σου Գտիր այլեւս քու ճամբադ Մ․ Նինու Աքիս Զմիռնէոս, Մ․ Թրայֆորոս
Τι Όμορφη Που Είσαι Όταν Κλαις Որքան գեղեցիկ ես երբ կու լաս Մ․ Նինու, Խ․ Մաքրիս Ս․ Խրիսինիս, Խ․ Քոլոքոթրոնիս
Γλυκοχαράζει Ο Αυγερινός Արեւը անուշ կը ծագի Մ․ Նինու Ի․ Թաթասոփուլո, Ն․ Ռուցոս
Ζαΐρα Զայիրա Մ․ Նինու Վ․ Ցիցանիս
Με Γέρασε Η Ξενιτιά Պանդուխտութիւնը ծերացուց զիս Մ․ ՆԻնու Ա․ Քալտարաս
Μας Ζηλεύουνε Կը նախանձին մեզ Մ․ Նինու Գ․ Գափլանիս
Η Κότα Հաւը Մ․ Նինու Մ․ Նինու
Αφού Το Ήξερες Քանի՝ գիտէիր Մ․ Նինու Անծանօթ է-
Παραπονιάρικο Գանգատողիկս Մ․ Նինու Ղ․ Քլուվաթոս

Ան նաեւ մասնակցած է երեք շարժապատկերի ժապաւէններու մէջ, ուր Ցիցանիսին հետ կ՛երգէ․-

  • «Տղուս համար մեղանչեցի»,
  • «Մեծ Ճամբաներ»,
  • «Ի վերջոյ յաջողեցանք»։

ԱղբիւրներԽմբագրել

  • Տիոնիսիս Մանիադիս, «Յետ՝ Գրամաձայնի (Կրամոֆօն)  ձայնապնակագրութեան Η Εκ Περάτων Δισκογραφία Γραμμοφώνου»  (Աթէնք, 2006)
  • Ազատ Օր օրաթերթ, 2002 բացառիկ - էջ՝ 78 - 80, արտատպում 2002 Յուլիս 17-ի հայութեան անունով պր․ Յակոբ Ճելալեանի ունեցած ելոյթը «Նիքէայի թատերապարտէզ»ին մէջ Նիքէայի քաղաքապետարանին կողմէն կազմակերպուած Մարիքա Նինուին ձօնուած ձեռնարկին ընթացքին

Տե՛ս նաեւԽմբագրել

Քոքինիոյ հայկական գաղութը

Փիրէա

Հայ Կապոյտ Խաչի Զաւարեան վարժարան

Յունաստան

ԾանօթագրութիւններԽմբագրել

Արտաքին յղումներԽմբագրել

  1. Ռեպեթիքօ (անգլերէն)
  2. Վասիլիս Ցիցանիս(անգլերէն)
  3. Վասիլիս Ցիցանիս(յուն.)
  4. ΕΡΤ - Կիները ռեպեթիքոյին մէջ(յուն.)
  5. Մարիքա Քոթոփուլի(յուն.)
  6. Սալամինայի նաւային խարիսխը(ֆր.)
  7. Մանոլիս Խիոթիս(անգլերէն)
  8. Եաննիս Փափաիոանու
  9. Ղիորղոս Միցաքիս(յուն.)
  10. Վասիլիս Ցիցանիս(անգլերէն)
  11. Սոթիրիա Պելու(ֆր.)
  12. էղալէօ(յուն.)
  13. Գոստաս Ֆերիս(ֆր.)
  14. Մանոս Խածիտաքիս(յուն.)
  15. Փիրէային տղաքը(յուն.)
  16. Փիրէային տղաքը՝ երգը, կ՛երգէ Մելինա Մերքուրի(յուն.)
  17. Երբեք Կիրակի օր(յուն.)
  18. Աթիք(յուն.)