Մկրտիչ Մուսինեանց

Հայ քաղաքական գործիչ

Մկրտիչ Մուսինեանց (14 Յունուար 1868(1868-01-14), Երեւան, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն - 1929), հայ քաղաքական, հասարակական գործիչ, բարերար, Երեւանի նահանգապետ[1], Հայաստանի հողագործութեան, գինեգործութեան զարգացման նուիրեալ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Մկրտիչ Մուսինեանց
Ծնած է 14 Յունուար 1868(1868-01-14)
Ծննդավայր Երեւան, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 1929
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Ուսումնավայր Ներսիսեան դպրոց
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, հանրային գործիչ
Վարած պաշտօններ Երեւանի քաղաքապետ
Երեխաներ Գուրգեն Մուսինյանց?

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Ծնած է Երեւան, հին Երեւանի յայտնի եւ յարգուած ընտանիքներէն մէկուն մէջ: 6 տարեկան հասակին կորսնցուցած է հայրը: Գերազանց աւարտած է թեմական դպրոցը, ընդունուած է Թիֆլիսի Ներսիսեան հոգեւոր դպրոցը, որմէ ետք մեկնած է Մոսկուա` հետեւելու ֆրանսերէնի դասընթացքներու: Ապա ընդունուած է Ֆրանսայի Մոնփըլիէ քաղաքի շերամապահութեան դպրոցը:

Այնուհետեւ վերադարձած է Երեւան, ուսումնասիրած է Երեւանի գինեգործութեան հեռանկարները, կազմած է Երեւանի գինեգործութեան դպրոց ստեղծելու նախագիծ, դիմած է պետական մարմիններուն աջակցութեան համար, սակայն մերժում ստացած է:

Գործունէութիւն

Խմբագրել

1892 թուականի Հոկտեմբերին աշխատանքի անցած է Երեւանի գինիի եւ քոնեակի գործարանին մէջ` իբրեւ գինեգործ եւ քոնեակի մասնագէտ, 1894-ին նշանակուած է գործարանի կառավարիչ: Գործարանը կառավարած է 21 տարի: Միաժամանակ զբաղած է ինքնակրթութեամբ, ուսումնասիրած է` ապրանքագիտութիւն, հողագործութիւն, հաշուապահութիւն, օրէնսդրութիւն, քաղաքագիտութիւն:

Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն քոնեակի արտադրութեան մէջ կրցած է պահպանել օգտագործուող սփիրթի պաշարները, որոնք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան մեծ քանակութեամբ արտարժոյթ բերած են:

Մուսինեան իր մասնագիտական գործունէութիւնը դրած է Հայաստանի վերելքի տրամադրութեան տակ: Այդ աշխատանքի զուգընթաց` աշխուժօրէն մասնակցած է հին Երեւանի Քաղաքական եւ հասարակական կեանքին:

Ան 15 տարի եղած է Քաղաքային խորհուրդի անդամ, Հայոց բարեգործական ընկերութեան Երեւանի մասնաճիւղի անդամ, Գաղթականական եղբայրական օգնութեան փոխնախագահ, հայկական լազարեթի նախագահ, Երեւանի թեմական դպրոցի հոգաբարձու, Երեւանի նահանգի  Պարենաւորման կոմիտէի նախագահ:

1918-ին, երբ Հայաստանի կառավարութիւնը, Թիֆլիսէն փոխադրուած է Երեւան, Մկրտիչ Մուսինեան 9 Յունուար 1919-ին նշանակուած է Հայաստանի մայրաքաղաքին առաջին նահանգապետը եւ այդ պաշտօնը զբաղեցուցած է մինչեւ 27 Նոյեմբեր 1920:

Պոլշեւիկեան իշխանութեան օրով Մ. Մուսինեան, այլ դէմքերու կողքին, ինք եւս բանտարկուած է, ապա ազատ արձակուած է Փետրուարեան ապստամբութեան շնորհիւ:

Մնալով Հայաստան, ժամանակ մը թաքնուած ապրելէ ետք, «լոյս աշխարհ» կեկած է[2]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել