Մովսէս Արղութեան

Մովսէս Արղութեան (1798[1][2], Թիֆլիս, Քարթլի-Կախեթի թագավորություն[1][2] - 4 Մարտ 1855(1855-03-04)[2], Թիֆլիս, Ռուսական Կայսրութիւն, թաղուած է Սանահինի մէջ), իշխան Երկայնաբազուկ:

Մովսէս Արղութեան
Ծնած է 1798[1][2]
Ծննդավայր Թիֆլիս, Քարթլի-Կախեթի թագավորություն[1][2]
Մահացած է 4 Մարտ 1855(1855-03-04)[2]
Մահուան վայր Թիֆլիս, Ռուսական Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[1][2]
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Մասնագիտութիւն զինուորական
Վարած պաշտօններ commander?[1], զինվորական նահանգապետ?[1] եւ Նահանգապետ[1]

Զօրավար իշխան Մովսէս Զաքարեան Երկայնաբազուկ Արղութեան՝ Նիքոլայ Ա. ցարին ընդհանուր թիկնապահն էր եւ հռչակաւոր դարձաւ կովկասեան լեռնականներուն դէմ Ռուսիոյ մղած պատերազմներուն ժամանակ[3]։ Իշխան Մովսէս՝ ի սկզբան անփառունակ սպայ էր Կովկասի մէջ, բայց երբ լեռնականներու դէմ պատերազմներ մղեց, իր ռազմագիտութիւնը փայլեցաւ եւ տասը տարուան մէջ սարսափ ազդեց՝ Տաղիստանի Թէյմուր Խան Շուրայ քաղաքին մէջ կանգնած արձանով: Ռուս կառավարութիւնը կանգնել տուած է այդ արձանը ժայռի վրայ, յատկապէս բերուած քաղաքին կեդրոնը շատ ծախսով:

Մովսէս իշխան Արղութեանի յաղթանակներէն մին էր Դանիէլ խանի պարտութիւնը: Խանը 5000 զօրքով Շամիլի դրօշը պարզած էր Ախցի կոչուած անառիկ բերդին վրայ: Յանկարծ հեռուէն կը լսէ զինուորական երաժշտութիւն: Դանիէլ խան կը սրէ ականջները: Երբ կ’իմանայ թէ իր վրայ եկող Արղութ իշխանն է՝ առանց դիմադրելու բերդը կը թողու եւ կը հեռանայ: Այսչափ սարսափ ազդած էր Արղութեան:

Իշխան Արղութեան մօտ 15 տարի Տաղստանի զօրաց ընդհանուր հրամանատար եղած է. ան երբեք առանց յաղթանակի չէ դարձած կռիւներէ:

Արղութեան Ռուսիոյ կայսրի ամէնէն վստահելի անձը եղած է: Իրեն ի պատիւ 1878-ին կանգնած արձանին պատուանդանին վրայ գրուած է «Երկայնաբազուկ Մովսէս Արղութեանց, կառավարիչ Տաղստանի նահանգին 1847-1853»:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Բ., էջ 286:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել