Յակոբ Յակոբեան (գեղանկարիչ)
Յակոբ Տիգրան Յակոբեան (24 Մայիս 1923[1][2], Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս[1][2] - 9 Մարտ 2013[3], Երեւան, Հայաստան), գեղանկարիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական նկարիչ, պետական մրցանակի դափնեկիր, ՀԽՍՀ ԳԽ պատգամաւոր (1967-1971)։
Յակոբ Յակոբեան (գեղանկարիչ) | |
---|---|
| |
Ծնած է | 24 Մայիս 1923[1][2] |
Ծննդավայր | Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս[1][2] |
Մահացած է | 9 Մարտ 2013[3] (89 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Երեւան, Հայաստան |
Ազգութիւն | Հայ[1] |
Քաղաքացիութիւն |
Խորհրդային Միութիւն Հայաստան[4] |
Կրթութիւն |
Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն[1] Աքատեմի տը լա Կրանտ Շոմիէր[1] |
Մասնագիտութնիւն | գեղանկարիչ, քաղաքական գործիչ, քանդակագործ |
Պարգեւներ | Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի Հայկական ԽՍՀ ժողովրդական նկարիչ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան ԽՍՀՄ պետական մրցանակ? և «Աշխատանքային գերազանցության համար» մեդալ? |
Յակոբ Յակոբեան Ուիքիդարանում | |
Hakob Hakobyan Ուիքիպահեստում |
Յակոբեան իր ժամանակ հայ նկարչութեան հանրաճանաչ, լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մէկն է: Մաս կը կազմէ Գառզուի եւ Ժանսէմ-ի սերունդին: Սերունդ մը, որ կը յաջորդէ Մեծ եղեռնին եւ կը կրէ որբութեան կնիքը իր սրտին մէջ:
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՅակոբ Տիգրան Յակոբեան ծնած էր Եգիպտոս. աւարտելէ ետք Աղեքսանդրիոյ վարժարանը, յաճախած էր Մելգոնեան վարժարանը: Իր մասնագիտական ուսումը ստացած էր նախ Գահիրէի Գեղարուեստի ակադեմիոյ, ապա Փարիզի Աքատեմի տը լա կրանտ Շոմիէրի ակադեմիոյ մէջ:
Ան կ'ըսէ.-«Ես Աղեքսանդրիա ծնած եմ, 11 տարեկան էի երբ հայրս մահացաւ, ու մեր ընտանիքը ինկաւ նիւթական դժուարութեան մէջ… շա՜տ դժուար: Մայրս մեզ պէտք էր հոգար, քոյր մը եւ եղբայր մը ունէի ինձմէ մեծ: Այդ թուականներուն, երեսունականներուն, կիները չէին աշխատեր, բայց մայրս սկսաւ աշխատիլ: Համոզեցի զինք որ զիս Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն գիշերօթիկ դպրոց ղրկեն, այն մտայնութեամբ, որ թէ կրթութիւն կը ստանայի, եւ թէ ալ բեռ մը պակաս կ'ըլլար իրենց համար:[5]։
Այդ ձեւով Մելգոնեան հասայ, եօթը տարի Մելգոնեան մնացի, մէկ ընդմիջումով միայն: Մելգոնեանը չաւարտեցի, կիսատ մնաց, չկրցայ տակէն դուրս գալ, չէի դիմանար առանձնութեան, ընտանիքէս հեռու, յետոյ դպրոցը… աւելի մեղմ ասած, գեթօ մըն էր, թէ ինչ ուզէին այդ պէտք էր ըլլար: Այդ ժամանակ դպրոցը բաւական մեծ տարածութիւն ունէր, փշալարելով… ոչ թէ ուսանողներուն համար, այլ որպէսզի դուրսէն օտարներ չմտնեն ներս, թէեւ Կիպրոսը այնքա՜ն խաղաղ է եւ բարի ժողովուրդ ունի, իսկ դպրոցը քաղաքէն հեռու էր եւ երբ դուրս ելլէինք, երթալու տեղ չկար: Ամայի տարածութիւններ էին: Հիմա այդ Մելգոնեանը քաղաքի կեդրոնն է»:[5]
40 տարեկանին ներգաղթած էր Հայաստան ու մինչեւ իր մահը ստեղծագործած էր հայրենիքին մէջ` դառնալով անոր երախտաւոր զաւակներէն մին:
Յակոբեանին նկարչութեան սէրը
ԽմբագրելԱն կ'ըսէ.- «Հինգ տարեկան էի, օր մը հայրս զիս իր գիրկը առաւ եւ թուղթի մը վրայ նապաստակ մը նկարեց: Ես զարմացայ, որովհետեւ առաջին անգամ կը տեսնէի, թէ ինչպէս մարդ բան մը կրնայ նկարել: Առաջին նկարչութիւնն էր որ կը տեսնէի թուղթի վրայ։ Դառնալով ինծի ըսաւ. «Դուն ալ կրնա՞ս նկարել»: Ես ալ առի թուղթը, նկարեցի, զգացուեցաւ: Եւ ես ալ զարմացայ, թէ ինչպէս որ ինքը նկարած էր, ես ալ կրցայ նոյնը ընել: Փաստօրէն առաջին նկարս նկարեցի, եւ հայրս նշմարեց, որ ես որոշ հակում ունիմ նկարչութեան հանդէպ… եւ այդ առնչութեամբ սկսաւ գուրգուրանք ցուցաբերել: Հոնտեղէն սկսաւ նկարելու սէրս»[5]։
Նկարչական ոճ
ԽմբագրելՅակոբեանին նկարչութիւնը էապէս գծային է եւ ունի բարձր մակարդակ: Տեւապէս` կատարելութեան ձգտող: Լաւագոյնս կը գործածէ դասական նկարչութեան կանոնները, որոնք հիմնուած են բնութեան յաւիտենական օրէնքներուն վրայ. հեռաւորութիւն, ծաւալներու գործածութիւն, առանց ծանր զանգուածներու մէջ իյնալու` ամուր գծագրութիւն, նուրբ եւ զուսպ, մոխրաւուն գոյներ:
Բնութենէն առնուած տեսարանները կամ երեւոյթները Յակոբեան կը զտէ, կը վերակազմակերպէ, կը յղկէ եւ կու տայ անձնական իր կնիքը իւրաքանչիւր առարկայի` հասցնելով զանոնք բիւրեղացման: Յակոբեան կը սիրէ գոյնի հարթ քսուածքը, սակայն, ի պահանջել հարկին, կը գործածէ նաեւ ստուերը, միշտ պահելով մակերեսի մաքրութիւնն ու թեթեւութիւնը:
Կ՛ուզէ, որ ամէնէն յետին մանրամասնութիւնն անգամ հնազանդի իր օրէնքներուն, պահէ իր տեղն ու կշռոյթը պաստառին վրայ։ Ո՛չ մէկ պատահականութիւն, ո՛չ մէկ զիջում: Կ՛ուզէ, որ իր պաստառները ողողուած ըլլան մեղմ ու ծփացող երանգներով եւ ունենան ապակիի մը թափանցիկութիւնը: Որքան ալ իր էութիւնը կրէ տագնապներ ու յուսախաբութիւններ, ան կ՛ուզէ ըլլալ զուսպ, անխռով եւ ներդաշնակ:
Յակոբեանի արուեստը կ՛իյնայ, յետ Բ. Համաշխարհային պատերազմի Ֆրանսիս Կռիւպերով եւ Պեռնար Պիւֆէյով շարունակուած թշուառապաշտութեան եւ կը յատկանշուի պատերազմի արհաւիրքներէն հալածական, մահուան մղձաւանջով ապրող մարդոց ապրումներով[6]։
Կոչումներ եւ Պատուոյ նախագահ
ԽմբագրելՅակոբ Յակոբեան Հայաստանի Հանրապետութեան դափնեկիր եւ Այնթապ-ի հայրենակցական միութեան պատուոյ նախագահ էր:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 1,6 1,7 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. Խուդավերդյան — Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
- ↑ 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Հայկական համառոտ հանրագիտարան — Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1990. — հատոր 3.
- ↑ 3,0 3,1 3,2 Library of Congress Authorities — Library of Congress.
- ↑ Artsy — 2009.
- ↑ 5,0 5,1 5,2 “ԳՈՐԾԻՔՆԵՐԸ ԱՅՆՊԷՍ ԿԸ ՍՏԱՑՈՒԻՆ, ՈՐ ՄԱՐԴԵՐ ԵՆ… ԿԻՆԵՐ ԿԱՄ ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐ“, ԿԸ ՅԱՅՏՆԷՐ ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
- ↑ Յակոբ Յակոբեանի Արուեստը