Նորք (քաղաքական հանդէս)

«Նորք», գրական, գիտական եւ քաղաքական հանդէս։ Լոյս տեսած է 1922-1926 թուականներուն, 1928 թուականին, Երեւանի մէջ (8 գիրք)։ Խմբագիրներ՝ Ա․ Յովհաննիսեան, Ա․ Մռաւեան, այնուհետեւ՝ խմբագրական աշխատակից (1928 թուականին)։ Նպատակն էր արձանագրել նոր կեանքի ճանապարհին հայ աշխատաւորի ձեռք բերած յաջողութիւնները, պարզաբանել տնտեսութեան ու մշակոյթի բնագաւառներու ընելիքները, լուսաբանել անցեալի իրադարձութիւնները մարքսիստական պատմագիտութեան տեսանկիւնով։ Հանդէսը ճիշտ դիրքորոշում ունէր գրական եւ մշակութային ժառանգութեան գնահատման հարցերուն մէջ, կը մերժէր պրոլետկուլտականութիւնը։ Յ․ Թումանեանի, Վ․ Տէրեանի, Ա․ Շիրուանզադէի, Լէոյի գործերու կողքին տպագրած է Ե․ Չարենցի, Դ․ Դեմիրճեանի, Մ․ Արազիի, Մ․ Մանուէլեանի, Ս․ Զօրեանի, Ն․ Զարեանի, Ա․ Բակունցի, Մ․ Արմէնի եւ այլոց ստեղծագործութիւններ։

«Նորք» հանդէսի գործունէութեան էական մասը կազմած են գրական-քննադատական յօդուածները (Ա․ Յովհաննիսեան, Ա․ Կարինեան եւ ուրիշներ), որոնց մէջ կը մերժուէին ժամանակի անընդունելի տեսակէտները։ Թարգմանական բաժինը ներկայաած է ռուս եւ եւրոպական գրականութեան լաւագոյն նմուշներ։ Գիտական եւ քաղաքական բաժիններուն մէջ հրատարակուած Ս․ Կասեանի, Թ․ Աւդալբեգեանի, Ե. Շահազիզի, Աշխարհբեգի եւ ուրիշներու յօդուածները հիմնականին կ՜առնչուին հայ ժողովուրդի պատմութեան տարբեր շրջաններու խնդիրներուն։

«Մոտիկ անցեալից» խորագիրը ներկայաած է յուշագրութիւններ, վաւերագրեր, մեկնաբանութիւններ եւն, որոնք կը վերաբերին 20-րդ դարու հասարակական-քաղաքական կացութեան Անդրկովկասի մէջ (մասնաւորապէս Հայաստանի մէջ)։ Անդրադարձած է նաեւ հայ սովետական պարբերականներու գործունէութեան, տպագրած է մամուլի տեսութիւններ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։