Շոշ
Շոշ (նաեւ Շուշիքենդ), Արցախի Ասկերանի շրջանի գիւղերէն մէկը։ Կը գտնուի Շուշի քաղաքէն 4 քմ հարաւ-արեւելք` Կարկառ գետի աջափնեակին մօտ, Ասկերանի շրջանային կեդրնոնէն 26 քմ., իսկ Ստեփանակերտէն` 8 քմ. հեռաւորութեան վրայ։ Տեղաբաշխուած է հանրապետութեան կեդրոնական հատուածին մէջ։ Համայնքին մէջ կը գործեն գիւղապետարան, մշակոյթի տուն, առողջապահական կեդրոն, միջնակարգ դպրոց, ուր կ՛ուսանին 68 աշակերտներ (2015-ի տուեալներով): Հեռուստատեսութիւնը եւ ռատիօն այս համայնքին հասանելի են: 2.5 G բջիջային կապի համակարգ կը գործէ, անլար հեռախօսակապ առկայ է: Համացանցի ծառայութիւնը հասանելի է` ապահովուած է WI-FI համացանց կապով:
Գիւղ | |
---|---|
Շոշ | |
ազրպ.՝ Şuşakənd | |
Երկիր | Արցախ |
Շրջան | Ասկերանի |
ԲԾՄ | 1024 մեթր |
Բնակչութիւն | 641[1] մարդ (2015) |
Ազգային կազմ | Հայեր |
Կրօնական կազմ | Հայ Առաքելական եկեղեցի |
Տեղաբնականուն | շոշեցի |
Ժամային գօտի | UTC+4։00 |
Անուան Ծագում
ԽմբագրելՇոշը Արցախի բարբառով մատաղ ճիւղ, նաեւ ուռուցք, ցցուածք կը նշանակէ: Աւելի քան 4.5 հազար տարի առաջ Շոշ կոչուած է շրջապատէն ներանձնացած սեղանանման այն բարձրաւանդակը, որուն վրայ 1752-ին կառուցուած է Շուշի բնակավայրը, եւ 1840-ին քաղաք դարձած է[2]: Շուշի տեղանունը նոյն Շոշ անուան ձեւափոխութիւնն է: Քաղաքը իր անուանումը ստացած է այս բարձրաւանդակի անունէն: Գիւղի միւս անուններէն է օրինակ «Թափանգրադը»։ Շոշեցիները շատ մաքուր կը մաքրեն թափանը, անոր ալ պատճառով գիւղը ստացած է նաեւ այս անուանումը։
Պատմութիւն
ԽմբագրելԳիւղի պատմութիւնը կը սկսի 13-14-րդ դարերուն։
13-րդ դար
ԽմբագրելԳիւղի առաջին բնակիչները Արեւմտեան Հայաստանէն եւ Պարսկաստանէն եկած են: Անոնք սկիզբը վրաններու եւ գետնափոր տնակներու մէջ ապրած են: Գաղթականներէն ոմանք արհեստաւորներ եղած են` կօշկակար, թիթեղագործ, ոսկերիչ, պայտառ, երկաթագործ, փայտագործ, իսկ ոմանք ալ զբաղած են այգեգործութեամբ, հողագործութեամբ եւ անասնապահութեամբ: Մինչեւ առաջին եկեղեցւոյ կառուցումը, գիւղին մէջ կար 700 ծուխ, բայց որքան եղած է բնակչութեան թիւը մինչեւ 19-րդ դարու սկիզբը, յայտնի չէ: Յաջորդ տեղեկութիւնը, որ յայտնի է բնակչութեանը թիւի մասին, կը վերաբերի 19-րդ դարու 20-ական թուականներուն, որ կը փաստէ 150 ծուխերու գոյութիւնը[3]:
Գիւղի հին գերեզմանատան տապանագրերուն վրան (13-17 դարեր) միշտ «Շօշոյ» տեղանունը կը կրկնուի[4]: Փաստօրէն այս իրողութենէն կրնանք հետեւցնել, թէ գիւղը արդէն 13-րդ դարուն անուն ունէր եւ բնակչութիւն եղած է աւելի վաղ ժամանակներէ: Շոշ գիւղին մէջ երկու եկեղեցիներու առկայութիւնը անոր բազմամարդութիւնը կը վկայէ: Գիւղին մէջ պահպանուած են 1458, 1651, 1655 եւ 1712 թուականներու հայերէն վիմագիր արձանագրութիւնները, որոնք վկայած են գիւղին մէջի կեանքի անընդհատականութեան մասին: Երկու եկեղեցիներէն մէկը հիւսիսային եզրի գերեզմանատան մէջ կը գտնուի, ու հին ժամանակներուն հին խաչքարեր եւ կենցաղային քանդակներով տապանաքարեր եղած են: Երկրորդ եկեղեցին գիւղին կեդրոնն է (այժմ վերի թաղ): Անտաշ քարերով կառուցուած այս եկեղեցին յայտնի է Սուրբ Ստեփանոս անունով, մուտքը` հիւսիսէն, որուն ճակատաքարին վրայ կայ վնասուած արձանագրութիւն մը, որ Մ. Բարխուդարեանցի ժամանակ դժուար ընթեռնելի եղած է[5]: Եկեղեցւոյ հիւսիսային մուտքին վրայ գրուած է.
Առաջին եկեղեցւոյ լուսամուտի մը մէջ, որ կիսատ վնասուած է.
Թվ. ՋԷ. (1458) ես Ղոչ սարկաւագ գոյարեցի (կանգնեցի՞) խաչս ազիզա մաւր իմ[6]: |
18-րդ դար
ԽմբագրելՍղնախներու Ձեւաւորում
Խմբագրել18-րդ դարու առաջին տասնամեակին, երբ սղնախներ կը ձեւաւորուին, կը ձեւաւորուի նաեւ Շոշի սղնախը: Այստեղ կը հաստատուին Ավան եւ Թարխան հարիւրապետները: Եգան (Ավան) իւզպաշին հայ ազգային ազատագրական պայքարի կարկառուն դէմքերէն է: Ան ծնած է 1670-ին Ղարաբաղի Շոշ գիւղին մէջ։ 18-րդ դարու սկզբը ան կը նշանակուի Շիրվանի մէջ գտնուող միաւորուած խումբերու հրամանատար: 1712-ին ընտանիքով հայրենի գիւղը կը տեղափոխուի` իր հետ խումբ մը շիրուանցիներ բերելով[7]: Ավանը եւ Թարխանը ընտրած են Շոշէն քանի մը քիլոմեթր հարաւ գտնուող անառիկ տեղանք եւ ամրացուցած են, որ կոչուած է Շոշի սղնախ եւ այժմ կը գոյատեւէ որպէս Սղնախ անունով գիւղ: Շոշ գիւղը սղնախ ըլլալու ոչ մէկ յարմարութիւն ունէր եւ ռազմագիտական անբարենպաստ դիրքի վրայ կը գտնուէր, մինչդեռ այդ սղնախը շրջապատի վրայ իշխող, բնականէն դժուարամատչելի վայր մըն էր, ուր վտանգի պահուն շոշեցիները կը հաւաքուէին` անասուններով, ունեցուածքով եւ խիզաններով[8]: Հայ մելիքները Շոշի մէջ հաւաքուած են եւ ռուսական ցարին օգնութեան նպատակով նամակ ուղարկած են, որուն մասին վկայութիւն տուած է 19 Դեկտեմբեր 1725-ի զեկուցագիրի մը մէջ Ժեներալ Մատրիւշկինը յայտնի է, որ Ավան իւզպաշին, 10.000 հոգի լաւ զինուած մարդիկ հաւաքելով, մնացած է Շոշ սղնախի մէջ եւ բերդ կառուցած է: Այս փաստերը կը վկայեն, որ Ավան հարիւրապետը լիովին գիւղին վրայ կը տիրէր մօտ 4-6 վերստ հեռաւոութեան վրայ գտնուող Շուշի բերդին եւ պաշտպանունակութիւնը ամրապնդած է թուրքերէն[9]: Ավան իւզպաշին 8 օր յամառօրէն պայքար մղած է օսմանեան բանակին դէմ, որ Սարը Մուսթաֆա փաշան կը ղեկավարէր[10]: 15 Նոյեմբեր 1726-ին ան ռուս հրամանատարին կը հաղորդէ, որ թուրքերը ամբողջ բանակով Շոշ գիւղի վրայ յարձակած են, օգտագործած են հրանօթներ, 8 օր կռուելէ ետք ետ քաշուած են: Այնուհետեւ ան 1729-ին ռազմական օգնութեան նպատակով Թարխան Իւզպաշիի հետ տեղափոխուած է Պաքու` սղնախներուն Յովան եւ Աբրամ իւզբաշիներուն ձգելով, որպէսզի պայքարը շարունակեն: Ավան իւզպաշին մահացած է 1734-ին Աստրախանի մէջ` 64 տարեկանին:
Վերաբնակեցում
Խմբագրել18-րդ դարուն Պարսկաստանէն եկած հայերը սկիզբը բնակած են Դիզակի մէջ, սակայն մեծ թիւ կազմելու պատճառով ստիպուած եղած են Շոշ գիւղի վերի հատուածը տեղափոխուիլ, որ սկիզբէն Տուն-Տնատեղ կոչուած է: Տեղանքը սակաւաջուր էր, այդ պատճառով բնակիչները ներկայ գիւղի տարածքը իջած են, որ արդէն բնակեցուած էր։ Այնտեղ կար յորդառատ աղբիւր, որ բաւարար էր ամբողջ գիւղի բնակչութեան համար: Պարսկաստանէն եկած հայերը գիւղը իրենց հայրենի քաղաքի անունով կոչած են Շոշ:
Էս շինացեք Հուդրութա թիրափան ըն յէկալ` Մյուլքի բաղ ծյօրական: Ըռըչան մի էրկու հօքիյըն իլյալ, շօռ կյալավ յէկալըն, վէր շինատըղ քըթէնան: Հըսալըն ըստըղ, դինջացալ,տըղէն հավան կացալ: Վէր հըղէյըն իլալ, թա քինին, մըսլըհաթն ըրալ, մի ծառու շօշ տընգալ, հանցու վէր քօչին կյան, տըղը քթէնան: Էս շօշտ էլ շըմալա տուվալ, ծառ տըռալ: Յէտնան ըտահանք յէկալըն ըստըղ տընըվերվալ, շէն շինալ, անումըն էլ էլ շօշ ընուման տիրալ Շոշ/Շուշքենդ[11]: |
Շոշը սկզբնական շրջանին Վարանդա գաւառի գիւղերէն մէկը եղած է:
Գաւառս Վարընթոյ (Վարանդա), ի գաւղս որ կոչի Շուշոյ[12]: |
Փաստօրէն գիւղը պատկանած է մելիք Շահնազարեաններուն, եւ անոնց կալուածներէն մէկը եղած է: 9 Դեկտեմբեր 1827-ի` ցարական կառավարութեան ընդունած նոր օրէնքով Անդրկովկասը բաժնուեցաւ 5 նահանգներու: Լեռնային Ղարաբաղը մտաւ Ելիզավետպոլի նահանգի կազմին մէջ։ Ղարաբաղի կեդրոններէն մէկը Շուշօն դարձաւ, որուն մէջ ներառուեցաւ ամբողջ Վարանդան[13]:
Լէոյի վկայութիւններով` Շուշին Աւան իւզպաշիի ժամանակ այն ժայռապատ բարձրութեան վրայ կը գտնուէր, որ անկէ ետք «Շոշվա ղալա» (բերդ) դարձաւ, հետեւաբար այժմ ալ Շոշի գիւղը իր անունը այս բերդէն ստացած է եւ ոչ թէ ինք տուած է բերդին անունը[14]: Սակայն մենք համաձայն չենք Լէոյի տուած տեղեկութեան, քանի որ Շոշ գիւղը ունի աւելի հին պատմութիւն, քան Շուշի քաղաքի բերդը: Շոշ գիւղի պատմութիւնը կը սկսի 14-15-րդ դարերէն, իսկ Շուշի քաղաքի բերդը հիմնադրուած է 18-րդ դարուն, երբ սարիջալլիի ցեղի առաջնորդ Փանահը՝ Ղարաբաղ մտաւ եւ հոն հաստատուեցաւ[15]: Մինչ այդ Շուշիի մէջ ոչ մէկ բնակատեղի չէ եղած: Այստեղի արօտավայրերն ու վարելահողերը պատկանած են Շոշ գիւղի բնակիչներուն, որ արեւելեան ամրոցէն 6 վերստ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին[16]: Պատմաբաններու մէկ մասը` Րաֆֆի, Ղ. Ալիշան, Մ. Բարխուդարեանց, իրենք եւս հասած են այն կարծիքին, որ Շուշին իր անունը ստացած է Շոշ գիւղէն[17][18]:
Այս մտքէն կրնանք եզրակացնել, որ գիւղը իր մեծութեան պատճառով աւան կոչուած է:
Պատմական սկզբնաղբիւրներուն մէջ Շոշ գիւղի ամենավաղ յիշատակութիւնը կը վերաբերի 1422ին: Այստեղ արտագրուած Աւետարանի յիշատակարանին մէջ վկայուած է.
Սակայն նշենք, որ այս փաստը կը կեղծուի Բակուր Կարապետեանի կողմէն.
Կատարեցի... զմաքրափայլ Աւետարանս ի փառս նմանե գաւարս Վարընթոց, ի գաւարս, որ կոչի Շուշոյ,... Անդ հովանեաւ սուրբ Աստուծածնին: Գրեցաւ ի թվականութեանս ՌԻԴ (1575[19]): |
Իրականը պէտք է այսպէս ըլլայ.
Ի Փոսա նահանգ (Չուխուր Սաադի կամ Երևանի նահանգ) գաւարս Վարընթոյ (Վարանդա), ի գաւղս որ կոչի Շուշոյ և ընդ հովանեաւ սուրբ Ստեփանոսիս... և ընդ հովանեաւ սուրբ Աստվածածնին[20]: |
Ապաս Միրզայի Արշաւանք
Խմբագրել1826-ին պարսկական բանակը այս անգամ 60 հազարանոց զօրքով Ղարաբաղ կը մտնէ եւ Շուշի բերդը կը պաշարէ, ուր գնդապետ Ռէուտի փոքրաթիւ զօրքերը կը գտնուէին: Երբ Ապաս Միրզան Շուշիի բերդը կը պաշարէ այդ օրը աղքատ կին մը իր ամուսինին հետ ցորեն տարած էր ջրաղացները աղալու: Այդ ջրաղացները Շոշ գիւղի բնակիչներուն կը պատկանէին: Անոնք Իւնոտ գիւղէն մինչեւ Ջաղացի ձորը կ՛երկարէին, որ իր անունը ստացած է քառասուն ջրաղաց ունենալու պատճառով: Սակայն նոյնիսկ այդ ջրաղացները բաւարար չէին գիւղի բնակչութեանը: Այդ ջրաղացներէն միայն Յարամիշեաններու ջրաղացը կանգուն մնացած էր։ Պարսիկ սարուազները անոնց վրայ կը յարձակէին, սակայն կինը մէկ կողմէն քարշ տալով պարկը միւս կողմէն պատերազմելով պարսիկներու հետ սկսած էր Շուշիի բերդը մտնել եւ փրկել իր երեխաներու միակ ապրուստի միջոցը: Այդ կինը պատմութեան մէջ մտած է իր քաջութեան համար: Գիշերը բերդին մէջ գտնուողները գիւղի ջրաղացները կ՛իջնէին ցորենը կ՛աղէին եւ բերդ կը բարձրանային: Այդ է պատճառը, որ Ապաս Միրզան քանի մը անգամ փորձած է վերցնել իր համար ատելի ջրաղացները սակայն գիւղացիներէն Սաֆար եւ Ռոստոմ Թարխանեանները հերոսութեամբ պաշտպանած են: 1826-ին շոշեցիները զօրաւոր կերպով պարսիկներուն ընդդիմացան, դուրս ելան անոնց բանակներուն դէմ, պարսիկներու արեամբ ներկեցին Կարկառ գետը: Անոնք հաւատարմութիւն ցուցաբերեցին Ռուսաց կայսրութեան եւ մեծ պարգեւներու ու գոհունակութեան արժանացան կայսեր կողմէն: Ղարաբաղի մէջ այնպիսի կռուողներ չկային, ինչպէս այս գիւղացնիները[21]: Այս տեղեկութիւններէն ետք յաջորդ տուեալները 19-րդ դարու երկրորդ կիսուն կը պատկանին` գիւղի բնակչութեանը: Առաջին տեղեկութիւններ յայտնողը Մակար Բարխուդարեանը եղած է Եղիշէ աւագ քահանայ Գեղամեանցը, որուն տուեալներուն համաձայն Շուշիի կեդրոնը 350 ծուխ կար[22]: 1892-ին Խաչիկ Վարդապետ Դադեան շրջած է Ղարաբաղի գիւղերուն մէջ։ Շոշի մէջ ըլլալով, ազգաբնակչութեան մասին տեղեկութիւն տուած է:
19-20-րդ դարեր
Խմբագրել19-րդ դար
Խմբագրել19-րդ դարու 80-90-ական թուականններուն Շոշը իր մեծամասնութեամբ Ղարաբաղի երկրորդ գիւղը կը համարուէր` Գետաշէնէն ետք:
Գիւղացիները այգեգործութեամբ կը զբաղէին, բանջարաբուծութեամբ եւ գինեգործութեամբ: Գիւղին մէջ զարգացած էր մետաքսագործութիւնը: Ըստ բնակիչ Գառլէն Աւագեանի մեքենագիտական գործարանը գործարկուած է գիւղին մէջ 1873-ին մեծահարուստ Ներսեսովի կողմէ, ուր երեսունէ աւելի մարդ կ՛աշխատէր, որուն մասին կը գրէ նաեւ Աբրամ Կիսիբեկեանը: Աւագեան նաեւ կը տեղեկացնէ այն մասին, որ շոշեցիներ Նիքոլայ, Աւետիս եւ Մկրտիչ Պետրոսեանները Շուշի քաղաքին մէջ ոսկերչական արհեստանոցներ ունէին, որոնց արտադրանքը Մոսկուայի, Վարշաւաձի եւ Վլադիկավկազի մէջ կը սպառուէր: Շուշիի մէջ գինիի գործարան ունէր Սանթուր Սուլէյմանեանը (Սրչանց): Տարածաշրջանին մէջ մեծ համբաւ ունեցած են շոշեցի թիթեղագործները: Այսօր ալ թիթեղագործ վարպետները յայտնի են Ղարաբաղի մէջ:
Կրթութիւնը 19-20-րդ Դարերուն
ԽմբագրելԱրխիւային փաստաթուղթի մը մէջ կը նշուի, որ մինչեւ 19-րդ դարու 70-ական թուականները Արցախի դէմի որոշ գիւղերուն մէջ, նաեւ Շոշ գիւղին մէջ, եկեղեցական ծխական դպրոց կը գործէր` 15 աշակերտներով: Կան տուեալներ, որ գիւղի Աստուածածին եկեղեցիին կից գործած է դպրոց, ուր կը դասաւանդէր տէր Առաքել քահանան: Հայ եկեղեցական ծխական ու վանական դպրոցներու 1873-ի մէկ ցուցակին մէջ դպրոց ցոյց տրուած է նաեւ Շոշ գիւղի մէջ 41 աշակերտով եւ 1 ուսուցիչով: 19-րդ դարու 70-ական թուականներու վերջերուն, երբ Արցախի ժողովուրդի հասարակական նախաձեռնութիւնը կ՛աշխուժանայ նոր դպրոցներու ստեղծման գործին մէջ, Շոշի հասարակութիւնը եւս խնդրանքով կաթողիկոսին կը դիմէ` ծխական դպրոց բանալու համար: 1884-1885-ներու ուսումնական տարին Գրիգորեան եկեղեցական ծխական դպրոցը կը բացուի` 20 աշակերտով, ուր 1 ուսուցիչ կը դասաւանդէր: 90-ականներու կէսերուն դպրոցը 25 աշակերտ ունէր, 2 բաժանմունք, 1 ուսուցիչ: 1896-ին դպրոցը կը փակուի եւ 1907-1908 ուսումնական տարին կը վերաբացուի: Այս նորաբաց միադասեան երկսեռ դպրոցին մէջ 45 աշակերտ կ՛ուսանէր, որոնցմէ` 15 աղջիկ, ունէր 2 բաժանմունք, 1 ուսուցիչ:
1908-1909-ականներուն դպրոցը 42 աշակերտ ունէր` 25 տղայ, 17 աղջիկ, 1 ուսուցիչ եւ 3 վարժուհի: Դպրոցը կը գոյատեւէր աշակերտներու ուսման վարձով եւ հարուստ շոշեցիներու կողմէ տրուած միջոցներով[23]:
Խորհրդային Տարիներ
ԽմբագրելԻնչպէս յայտնի է Լեռնային Ղարաբաղը խորհրդային տիրապետութեան տակ անցած է 1920-ին եւ Շոշ գիւղը մտած է Ստեփանակերտի կազմին մէջ, իսկ 1978-ին Ասկերանի շրջանի ձեւաւորումէն ետք անոր կազմին մէջ:
Հաւաքատնտեսութիւնը կազմակերպուած է 1930-ին: Մասնագիտացուած է անասնապահութեան, բանջարաբուծութեան եւ հացահատիկի մշակութեան ուղղութիւններուն մէջ։ Մեծ եղջերաւոր անասուններու բուծման կէտ ունէր[24]: 22 Յունիս 1941-ին Գերմանիոյ Խորհրդային միութեան վրայ յարձակումով մը սկսաւ Հայրենական Մեծ պատերազմը: «Զինապարտներու զօրաշարժի մասին» հրամանագիրի համաձայն` բանակ կը զօրակոչուէին 1905-1918-ականներուն ծնած զինապարտները, 23 Յունիսէն Լեռնային Ղարաբաղի, Հիւսիսային Արցախի եւ այլ շրջաններւ մէջ համընդհանուր զօրահաւաքի աշխատանքներ սկսան: Շոշ գիւղէն բանակ զօրակոչուած է 700 մարդ որմէ ինը՝ մէկ ընտանիքէն: Շոշ Ճարտարէն ու Տողէն ետք Ղարաբաղի երրորդ գիւղն էր պատերազմի մասնակիցներու թիւով, ինչ որ անգամ մը եւս կը վկայէ գիւղի մեծութեան մասին:
Մեծ հայրենականին Շոշը 216 զոհ տուաւ[25], որուն վկան գիւղի մուտքի փոքրիկ պուրակին մէջ 1966-ին կանգուն քարակողմ, սրբատաշ յուշարձան կոթողն է, որուն հեղինակը Սայի Իշխանեանն է:
Բազմաթիւ վկայութիւնները ու գիւղի տարածքի հնագոյն գերեզմանաքարերուն վրայ (13-17 դարեր) նշուած «Շոշ» տեղանունը արդէն իսկ կը փաստէ այն իրողութիւնը, որ գիւղը 13-րդ դարուն արդէն անուն ունէր, որմէ պէտք է եզրակացնել, որ գիւղը բնակչութիւն ունեցած է անկէ շատ աւելի վաղ: Կազմաւորման սկիզբն գիւղը մտած է Վարանդա գաւառի մէջ եւ կարեւոր դեր կատարած է ազգային ազատագրական պայքարի կազմակերպման գործին մէջ։ Խորհրդային շրջանին գիւղի հաւաքատնտեսութիւնը եղած է ամենազարգացած տնտեսութիւններէն մէկը ԼՂԻՄ-ի մէջ:
Կրթութիւն
ԽմբագրելԴպրոցը բացուած է 1894-ին, այժմ գիւղին մէջ կը գործէ Սարգիս Աբրահամեանի անուան միջնակարգ դպրոցը։
Գիւղի նորակառոյց միջնակարգ դպրոցը կառուցուած է 2004-ին Կայան Հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական մարմինի հովանաւորութեամբ եւ Թորոնթոյի հայ համայնքի միջոցներով[26]։ Հիմնադրամի Ֆրանսաի տեղական մարմինի ֆինանսաւորմամբ ալ գիւղին մէջ համայնքային կեդրոն կը կառուցուի[27]։
Տնտեսութիւն
ԽմբագրելՇոշ` Շուշիքենդ համայանքը լեռնային է ունի 6917.1 հազար տարածք, որմէ 2876.08 հազարը գիւղատնտեսական նշանակութիւն ունի եւ 3686.72 հազարը անտառային հողեր են: Շոշ համայնքի սահմանային գօտիէն Կարկառ գետի վտակը կը հոսի:
Շոշի, ինչպէս նաեւ Արցախի նախալեռնային բազմաթիւ գիւղերու այգեգործութեան համակարգին մէջ իւրայատուկ կարեւոր տեղ կը գրաւեն թութի այգիները, որ եկամտաբեր ճիւղ դարձած են: 2004-ին 80 թոն ջրամբար կառուցուած է Շոշի մէջ, բնակիչներուն ջուր ապահովելու համար: Գիւղին մէջ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմէն 9 Յունիս 2015-ին շահագործման յանձնուեցաւ համայնքային կեդրոնը: Կառուցուած եւ կահաւորուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական յանձնախումբի` որուն մէջ մեծ ներդրում ունեցած է ֆրանսաբնակ Մատլէն Վարդանեանը, եւ ԼՂՀ կառավարութեան համաֆինանսաւորմամբ: Համայնքային կեդրոնի կառուցմամբ լուծուեցաւ գիւղապետարանի, մշակոյթի տան եւ առողջապահական կեդրոնի հարցը, ինչպէս նաեւ համայնքը 250 տեղանոց հանդիսութիւններու դահլիճ ունեցաւ: Այս մէկը մեծ նուէր է 667 բնակիչ (ըստ 2016-ի մարդահամարի տուեալներու) ունեցող գիւղին:
Ջրամատակարարումը համայնքի կողմէն կ՛իրականացուի` ինքնահոս եղանակով, համակարգը 2 ակունքներէ կը սկսի: Համայնքի տարածքին մէջ առկայ է 16 աղբիւրներ` Լալիկ, Սալ, Օրից, Սոֆյայի, Քռծեն տակէն Ճղացեն, Ծորին, Խըծրկեւին, Ծախլեգ, Տինգո, Ըլալեն, Շղասարեն, Պռպտանեն, Սըվծորին, Լոլակ, Թազա եւ Կըրվերեն: Համայնքը ապահովուած է ելեկտրական ուժով, առկայ է նաեւ կազամատակարարման համակարգ: Համայնքին մէջ կը գործէ առեւտուրի 4 կեդրոն: Համայնքային ենթակայութեան ճանապարհները ասֆալտապատ են, խճէն եւ կոպիճէն, չմշակուած կապակցուող նիւթերէն:
Պատմամշակութային Վայրեր
ԽմբագրելԳիւղին մէջ կայ երկու եկեղեցի, որոնցմէ մէկը կառուցուած է 1655-ին, իսկ միւսը, որ կառուցուած է 1454-ին՝ կիսաւեր վիճակի մէջ է։
Շոշը յայտնի է իր աղբիւրներով: Ամենահին եւ ամենայայտնի աղբիւրը Լալիկն է, որ կառուցուած է 1866-ին` Բուխան եւ Աւետիս եղբայրներու կողմէն: Աղբիւրի անուան շուրջ կան շարք մը աւանդազրոյցներ, որոնցմէ ամէնէն տարածուածը ներկայացուցած է գիւղի բնակիչ Յաշա Թադեւոսեանը.
Յայտնի աղբիւրներէն է նաեւ Շաղասարը, Ուքին, Երեց կամ Օրից (1913), Սոփին (1897), Սալը, Քարը, Պրպտանը, շրջապատուած թթի այգիներով` Բադունց, Շիլաքար, Քաչալ Բաբունց, Դեր Միքելանց, Յարամիշանց եւ այլն: Յայտնի վայրերէն են Բդուռուն, Սվածորը, Ծվատեղը, Ճաք քարը, Կարմիր քարը:
Շոշը նշանաւոր է կամուրջներով, ամէնէն յայտնին է Ձախլիկ կամ Ճղացաձորի կամուրջը, որ գիւղէն 1 քմ արեւմուտք կը գտնուի` Կարկառ գետի վրայ (17-18 դարեր[28]):
Շոշ գիւղէն 0.5 քմ արեւմուտք` Զառ գետի վրայ տեղակայուած է Ձախլիկ կամուրջը: Ծովու մակերեւոյթէն բարձր է 855 մեթր: Կամրջի թաղի անկիւնաքարերը սրբատաշ քարեր են, իսկ միւս հատուածները շարուած են տեղական անմշակ, կոպտատաշ կրաքարերով եւ կրաշաղախով: Թռիչքը 8.07 մեթր է, անցուղիի լայնութիւնը 306 մեթր, բարձրութիւնը ջուրի մակերեսէն` 5.75 մեթր: Ըստ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն այս մէկը 18-րդ դարուն կը պատկանի: 2007-ին կամուրջը վերանորոգուած է:
Պատմամշակութային յուշարձաններէն են` Սբ. Աստուածածին եկեղեցին (19-րդ դար), Սբ. Ստեփանոս եկեղեցին (1655), խաչքարը (17-րդ դար), սրբատեղի Շողասարը (միջնադար), ջրաղացը (19-րդ դար), Ձախլիկ կամուրջը (18-րդ դար), հաշուառուած է 41 յուշարձան:
Բնակչութիւն
ԽմբագրելՇոշ համայնքի բնակչութեան թուաքանակը 641 մարդ կը կազմէ, կայ 184 տնտեսութիւն [29]: Բնակչութիւնը հիմնականին գիւղատնտեսութեամբ կը զբաղի` անասնապահութեամբ եւ հողագործութեամբ:
Փոխադրութիւն
ԽմբագրելՓոխադրամիջոցային կապը կարգաւորուած է. ուղեւորափոխադրումները կը կատարուին տարանցիկ ԱՀ Ասկերան, Մարտունիի եւ Հադրութի շրջանի համայնքներ սպասարկող թիւով 13 միջշրջանային հանրակառք կանոնաւոր երթուղիներով:
Շոշեցիներու Մասնակցութիւնը Արցախեան Պատերազմին
ԽմբագրելՇոշ գիւղի տղաները իրենց աշխոյժ մասնակցութիւնը ունեցած են Արցախեան պատերազմին: 1990-ին Շոշի խումբը կը կազմաւորուի: Խումբի հրամանատար կը նշանակուի Արգամ Յարութիւնեանը: Արդէն Սեպտեմբեր 1991-ին խումբի անդամներու թիւը 3 տասնեակէն կ'անցնէր եւ կը սկսէր ձեւաւորուիլ Շոշի վաշտը: Խումբի կազմաւորման առաջին իսկ օրերէն շոշեցի կամաւորականները Փարամաքիի տեղամասը կը հսկէին, որ անընդհատ կը ռմբակոծուէր Ղուշչիլար թրքաբնակ գիւղի կողմէն: Այս նբատակակէտը Ատրպէյճանական Ղուշչիլար գիւղի ելուզակներէն պաշտպանելու նպատակով Շոշի պաշտպանութեան խորհուրդը շուրջօրեայ հերթապահութիւն կը կազմակերպէ: Ռոլետ Յարութիւնեան որ պատերազի ընթացքին զոհուած է, ամէն օր, իր կեանքը վտանգելով, իր ինքնաշարժով հերթապահներուն Շոշէն Փարմաքի կը հասցնէր[30]:
Արցախեան ազատամարտին յաղթանակին իրենց կեանքը նուիրաբերած են 30 շոշեցիներ:
Պատկերասրահ
Խմբագրել-
Մուտք դէպի Շոշ
-
Գիւղապետարանը
-
Շոշի ճամբան
-
Շոշի դպրոցը
-
Գիւղի առողջապահական կեդրոնը
-
Շոշի եկեղեցին
-
Շոշ գիւղի եկեղեցւոյ դուռը
-
Շոշի մէջ պատմատախտակ՝ Հայրենական մեծ պատերազմի զոհերու յիշատակին նուիրուած
-
Հայրենական մեծ պատերազմին զոհուած մարտիկներու յիշատակին կոթող
-
Շոշ գիւղի համայնապատկերը
Յայտնի Շոշեցիներ
Խմբագրել- Արսէն Տէրտերեան - գրականագէտ, տոքթոր - դասախօս, գիտութեան վաստակաւոր գործիչ[31]
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ pop-stat.mashke.org - Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետություն, 2005 թ. (անգլերէն)
- ↑ Խաչատրեան Հ. Վաչագան (1998)։ ։ Երեւան: Զանգակ։ էջ 30
- ↑ Ջալալեանց Ս.։ Նշվ.աշխ Մաս Բ։ էջ 244
- ↑ Մկրտչեան Շ. (1980)։ Լեռնային Ղարաբաղի պատմաճարտարապետական յուշարձաններ։ Երեւան։ էջ 147
- ↑ Բարխուդարեյան Ս. (1982)։ Դիւան հայ վիմագրութիւն,պրակ 5։ Երեւան: Արցախ։ էջ 145
- ↑ Բարխուդարյան Ս.։ ։ Արցախ։ էջ 228
- ↑ Իրատես դե ֆակտո։ 19 հունիսի,2012
- ↑ Արզումանեան Զ. (1985)։ Մեծ եւ փոքր սղնախների հարցի շուրջ, Լրաբեր հասարակական գիտութիւնների, թ. 4։ էջ 90
- ↑ Չոբանեան Պ. (1964)։ Շոշ եւ Քարագլուխ սղնախների նոյնացման շուրջ. Պատմա-բանասիրական հանդէս, թ. 1-2։ էջ 184
- ↑ Մաղալեան Ա.։ Արցախի մելիքութիւնները եւ մելիքական տները 17-19 դդ։ Երեւան։ էջ 146
- ↑ Սարգսյան Ա. (2005)։ Արցախի բանահյուսություն։ Երևան։ էջ 199
- ↑ Ա. Հովհաննիսյան (1959)։ Դրվագներ հայ ազտագրական մտքի պատմության։ Երևան: գիրք 2։ էջ 24
- ↑ Բաղդասարեան Ն.։ Նշվ. աշխ։ էջ 105
- ↑ Լեո։ Նշվ. աշխ.։ էջ 267
- ↑ Բալաեան Վ.։ Նշվ. աշխ։ էջ 131
- ↑ Ջալալեանց Ս. (1842)։ Ճանապարհորդութիւն ի մեծն Հայաստան, մաս Ա։ Տփղիս։ էջ 181
- ↑ Ալիշան Ղ.։ Երկեր։ էջ 109
- ↑ Րաֆֆի (1987)։ Երկերի ժողովածու։ Երեւան: հատոր 9։ էջ 454
- ↑ Կարապետյան Բ. (2000)։ Շուշի բերդաքաղաքը։ Երևան։ էջ 12
- ↑ Հարությունյան Հ. (2013)։ Շուշի քարեղեն անխոս վկաներ։ Ստեփանակերտ։ էջ 57
- ↑ Ջալալեանց Ս.։ Նշվ. աշխ Մասն Բ։ էջ 244
- ↑ Գեղամյանց Ե. (Հայկուհի) (2010)։ Ուղեգնացական ակնարկներ, գիրք 13։ Երևան։ էջ 90
- ↑ Գրիգորեան Հ. Հարությունեան Գ. (2005)։ Արցախի դպրոցը հին ժամանակներից մինչեւ մեր օրերը։ Երեւան։ էջեր 273–274
- ↑ Մելումյան Ս. (2010)։ Արցախ-Ղարաբաղ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետություն։ Երևան։ էջ 159
- ↑ Մելքումեան Ս. (1990)։ Լեռնային Ղարաբաղ։ Երեւան։ էջ 127
- ↑ Գիւղի նորակառոյց դպրոցը/
- ↑ «Համայնքային կենտրոն Շոշում»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2018-01-30
- ↑ Կարապետեան Ս. (2009)։ Արցախի կամուրջներ։ Երեւան: գիրք 12։ էջ 86
- ↑ «ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹՅԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԻՃԱԿԱԳՐԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ»։ http://stat-nkr.am/։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-11-29-ին
- ↑ ԼՂ հանրապետութիւն (17 Յունիս 1995)։
- ↑ Յարությունեան Գ. (2001)։ Շուշիի ռեալականը։ Երեւան։ էջեր 114–115