Ինչպէս նախապէս նշած էինք, այս ամսուան խմբագրաթոնին ցանկը պիտի ամբողջանայ Ձեր նախընտրած կամ նախասիրած նիւթերը բովանդակող յօդուածներով։
Ձեզմէ իւրաքանչիւրը, պիտի ընտրէր իրեն համար հաճելի 1 կամ 2 նիւթ, եւ յօդուածը պատրաստելու պիտի սկսէր՝ ապահովելով աղբիւրներն ու նկարները։ Ուստի, ժամանակն է նախապէս պատրաստուած յօդուածները աւելցնելու խմբագրաթոնի ցանկին վրայ։
Անցնինք աշխատանքի ու յառաջիկայ երեք օրերուն ընթացքին բոլորս միասին խմբագրենք՝ քաջ գիտակցելով, որ իւրաքանչիւր ներդրում կարեւոր է։
Նշենք, որ այս խմբագրաթոնը Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի 2019-ի վերջին խմբագրաթոնն է։
Ուշադրութիւն՝
Չմոռնաք ձեր յօդուածներուն անունները՝ ձեր ստորագրութեամբ, աւլեցնելու «Խմբագրել» բաժինին տակ։