Խմբագրաթոնը կը նուիրենք իւրաքանչիւրիս նախընտրած կամ նախասիրած նիւթերը բովանդակող յօդուածներուն, ինչպէս նաեւ արդէն իսկ խմբագրուած յօդուածներուն բարելաւումին։
Ուիքիփետիա ազատ հանրագիտարանին մէջ մեզմէ իւրաքանչիւրին ազատութիւն տրուած է նիւթի ընտրութեան՝ օտար եւ հայ դէմքեր, դէպքեր, զանազան մասնագիտութիւններ, ասպարէզներ եւ երեւոյթներ, գրելու այս բոլորին մասին արեւմտահայերէնով․ սակայն միշտ յիշենք, որ տարբեր աղբիւրներու նշումով պէտք է հաստատենք գրութեան ստոյգ ըլլալը:
Եկէ՛ք գրենք 1 կամ 2 նիւթ, եւ մեր գրած յօդուածը հարստացնենք՝ ապահովելով աղբիւրներն ու նկարները։ Միասնական աշխատանքով բարելաւենք նաեւ՝ լեզուական ու բովանդակային, կարիք ունեցող յօդուածները։
Խմբագրաթոնը պիտի տեւէ երեք օր։ Անցնինք աշխատանքի ու նշուած 3 օրերուն ընթացքին բոլորս միասին խմբագրենք՝ քաջ գիտակցելով, որ իւրաքանչիւր ներդրում կարեւոր է։