Պասքէթպոլի Ազգային Միութիւն
Պասքէթպոլի Ազգային Միութիւն (անգլերէն՝ National Basketball Association, կրճատում՝ NBA), տղամարդկանց պասկետբոլի արհեստավարժ առաջնութիւն, Յուսիսային Ամերիկայի գլխաւոր մարզական լիկաներէն մէկը։ Բաղկացած է երեսուն ակումբներէ (29-ը տեղակայուած են Միացեալ Նահանգներու մէջ, իսկ 1-ը՝ Գանատայի մէջ), Միացեալ Նահանգներու պասկետբոլի ֆեդերացիայի գործող անդամ է։[1] NBA-ի մէջ հանդես եկող պասկետբոլիստները կը համարումին ամենաբարձր միջին տարեկան աշխատավարձ ստացող մարզիկները[2]:
Հիմնադրուած է 1946 թվականի Յունիսի 6-ին, որպէս Ամերիկայի պասքէթպոլի միութիւն (BAA)[3]: 1949 թուականի Օգոստոսի 3-ին Ամերիկայի պասքէթպոլի միութեան եւ Պասկետբոլի ազգային լիկայի (NBL) միաւորումէն հետոյ կը ձեւաւորվուի Պասքէթպոլի ազգային միութիւնը։
Պատմութիւնը
ԽմբագրելՀիմնադրումը եւ հիմնաւորումը
ԽմբագրելԱմերիկայի պասքէթպոլի ասոցիացիան (անգլերէն՝ Basketball Association of America, հապավումը՝ BAA) հիմնադրուած է 1946 թուականին։ Նորաստեղծ լիկայի սեփականատէրերուն կը պատկանէին Միացեալ Նահանգներուն եւ Գանատայի մէջ գտնուող շարք մը հոկեէի արենաներ։ 1946 թուականի Նոյեմբերի 1-ին թորոնթօյի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում «թորոնթօ Հասկիս» եւ «Նիւ Յորք Նիքերբոքերս» ակումբներու միջեւ, որուն NBA-ը այսօր կը համարուի իր պատմութեան մեջ անցկացուած առաջին պասկետբոլային խաղը։[4] Չնայած այդ ժամանակաշրջանին Յիւսիսային Ամերիկայի մէջ արդեն կային գործող պրոֆեսիոնալ պասքէթպոլի լիկաներ, մասնաւորապէս՝ Ամերիկայի Պասքէթպոլի լիկան (ABL) եւ Պասքէթպոլի ազգային լիկան (NBL), սակայն BAA-ն իր առջեւ նպատակ դրած էր ակումբները տեղակայել խոշոր քաղաքներոն եւ խաղերը անցկացնել մեծ արենաներով։ Գոյութեան նախնական տարիներու ընթացքին BAA-ը որակային առումներով կը զիջէր ինչպէս հակառակորդ լիկաներին, այնպէս ալ «Հառլեմյան ճանապարհորդներին» եւ նմանատիպ ոչ մրցակցային ակումբներուն։
1949 թուականի Օգոստոսի 3-ին BAA-ը որոշում միաւորուած է NBL-ի հետ՝ ձեւաւորելով Պասքէթպոլի ազգային միութիւնը (National Basketball Association, NBA)[5] Նորաստեղծ լիկայի մէջ կը գործէին 17 խումբեր, տեղակայուած մեծ ու փոքր բնակավայրերու մէջ[5], իսկ հանդիպումները կ'անցկացնէին ինչպէս տարբեր մեծութեան արենաներու, այնպէս ալ սիրողական մարզադահլիճներու մէջ։ 1950 թուականին NBA-ը կը որոշէ նուազեցնել գործող խումբերու քանակը, ուստի խումբերը կը միացուին միմյանց՝ դառնալով 11-ը։ Կրճատումներու գործընթացը կը շարունակուի մինչեւ 1953–1954 մրցաշրջանը, երբ լիկային մէջ կը մնան ընդամենը ութ խումբեր, որոնցմէ բոլորն ալ կը գործեն եւ հանդէս կու գան NBA-ի մինչեւ օրս («Նիւ Յորք Նիքս», «Պոսթոն Սելտիքս», «Գոլտըն սթէյթ Ուօրիորս», «Լոս Անջելէս Լեէքըրզ», «Սակրամնետօ Ռոյալս», «Դետրոյթ Փիստոնս», «Ատլանտա Հոքս», եւ «Ֆիլադելֆիա Նեշընըլզ»)։ Կրճատումներու արդիւնքին այն խումբերը, որոնք հանդես կու գային փոքր քաղաքներու մէջ, կը տեղափոխուին աւելի մեծ քաղաքներ։
NBA-ի մէջ կը գործէր ռասայական սահմանափակում, որ տարիէ տարի կը թուլանար։ Սահմանափակումը առաջին անգամ կը կոտրուի 1947 թուականին, երբ Վատարու Միսական, որ ամերիկեան ճաբօնցի էր, կը սկսի հանդես գալ «Նիւ Յորք Նիքս»–ին մէջ։ 1950 թուականին Ապրիլի 26-ին մարզիչ Հարոլտ Հանթերը պայմանագիր կը կնքէ «Ուաշինկթոն Կապիտոլսի» հետ՝ դառնալով NBA-ի հետ պայմանագիր կնքած առաջին աֆրոամերիկացին[6]: Չնայած մօտակայ մրցաշրջանին ընդառաջ Հանթերը կը հեռացուի աշխատանքէն[6][7], այնուամենայնիւ շարք մը սեւամորթ մարզիկներ կը սկսի հանդէս գալ լիկային մէջ, ընդ որուն հենց սեւամորթ Ճորճ Միքանի օրով է որ «Մինեապոլիս Լէյքըրը»–ը կը յաղթէ առաջին 5 առաջնութիւնները։
1954 թուականին NBA-ը կը ներմուծէ 24 վարկեանի կանոնը, ըստ որու՝ գրոհը սկսող կողմը 24 վարկեանի ընթացքին նետում պիտի կատարէ դեպի հակառակորդի զամբիւղը, հակառակ դեպքին գնդակը կը տրվուի հակառակորդ խումբին։[8]
«Սելտիքսի» գերիշխումը եւ Լիկայի ընդլայնումը
Խմբագրել1957 թուականին նորէկ կեդրոնական Պիլ Ռասըլը կը միանայ «Պոսթոն Սելտիքսին»: Այդ ժամանակ «Սելտիքսի» կազմին մէջ հանդէս կու գար պաշտպան Բոբ Քուզին, իսկ խումբը կը մարզէր Ռեդ Աուերբաքը։ Խումբը կը սկսի աննախադեպ յաջողութիւն գրանցել՝ տասներեք մրցաշրջաններուն նուաճելով տասնմեկ NBA-ի առաջնութիւն։ 1959-ին կեդրոնական Ուիլթ Չեմբեռլենը կը սկսի հանդէս գալ «Ֆիլադելֆիա Ուորիորս»–ին մէջ, որուն կազմին մէջ գրանցած է մինչեւ օրս անգերազանցելի անհատական հանդիպումներ, մասնաւորապէս՝ 100 միաւոր մէկ խաղին մէջ եւ 55 անդրադարձ մէկ խաղին մէջ։ Չեմբեռլենի գլխաւոր մրցակիցը լիկայի մէջ կը համարուէր Ռասըլը։ 1960-ական թուականներուն ողջ լիկան «Պոսթոն Սելտիքս»-ի տիրապետութեան տակ էր։ Ռասըլի, Քուզիի եւ մարզիչ Աուերբաքի առաջնորդութեամբ խումբը 1959–1966 թուականներու ընթացքին ռեկորդային 8 անգամ անընդմեջ նուաճեց NBA-ի գաւաթը։ Խումբը չկարողացաւ նուաճել տիտղոսը 1966-1967 մրցաշրջանին, սակայն այդ արաւ 1967-1968 մրցաշրջանին[9]:
Այս ժամանակաշրջանին NBA-ի ակումբները շարունակեցին քաղաքէ քաղաք տեղափոխուիլ. «Մինեապոլիս Լեէքըրզը» կը տեղափոխուի Լոս Անջելէս, «Ֆիլադելֆիա Ուորիորսը» կը տեղափոխուի Սան Ֆրանցիսկօ, «Սիրաքյուզ Նեյշընըլզը» կը տեղափոխուի Ֆիլադելֆիա, մասնակցելով «Ֆիլադելֆիա Սեվնթի Սիքսերսի»–ի մէջ եւ վերջապէս «Սենթ Լուիզ Հոքսը» կը տեղափոխուի Ատլանտա, մասնակցելով «Ատլանտա Հոքսի»–ի մէջ։ Բացի տեղափոխումներէն, լիկայի մէջ կը սկսին նոր խումբեր հիմնադրուիլ։ 1961 թուականին «Չիկագո Փեքերսը» (այժմ՝ «Ուաշինկթոն Վիզարդս») կը դառնայ NBA-ի իններորդ ակումբը, իսկ 1966-1968 թուականներու ընթացքին լիկայ մէջ հանդես եկող խոպմբերու քանակը 9-էն կը դառնայ 14: Նորաստեղծ ակումբներն էին «Շիգակօ Բուլսը», «Սիէթլ Սուպերսոնիքսը» (այժմ՝ «Օկլահոմա Սիթի Թանդեր»), «Սան Տիէկօ Ռոքէթս» (չորս տարի անց կը տեղափոխուի Հիւստոն քաղաք), «Միլոուքի Բաքսը» եւ «Ֆինիքս Սանսը»:
1967 թուականին կը ստեղծուի Ամերիկեան պասկետբոլի միութիւնը (American Basketball Association, ABA)։ Երկու մարզական կազմակերպութիւններու միջեւ կը սկսի պայքար։ NBA-ին չնայած յաջողած էր «ձէռք ձգել» տուեալ ժամանակաշրջանի համալսարանային առաջնություններու գերաստղ Լյու Ալսինդորին (աւելի ուշ՝ Քարիմ Աբդուլ-Ջաֆար), սակայն միաժամանակ կը կորսնցնէ գործող աստղ Ռիք Բերիին, ինչպէս նաեւ 4 վետերան մրցավարներու, որոնք կ՛որոշեն միանալ ABA-ին։[10]
1969-ին դիզայներ Ալան Սիգելը Պէյսբոլի բարձրագոյն լիկայի պատկերանիշի օրինակով կը ստեղծէ NBA-ի ներկայիս պատկերանիշը, որուն պատկերացուած է «Լէյըըրզի» պասկետբոլիստ Ճէրի Վեսթի գծանկարը։ Պատկերանիշը պաշտօնապէս լոյս կը տեսնէ 1971 թուականին եւ մինչեւ օրս կը հանդիսանայ NBA-ի ապրանքանիշի անբաժանելի մասը։[11]
Յոթանասունականներու ընթացքին երկու լիկաներու մրցակցութեան մեջ առաւել իշխողական տեղ կը սկսի գրաւել ABA-ը, որ կը սկսի պայմանագրեր կնքել համալսարաններու ոչ-շրջանավարտ ուսանողներու հետ, որոնցմէ առաւել նշանաւորներէր էր «Բժիշկ Ջեյ» մականունը կրող սլէմ տանկի վարպետ Ջուլիուս Էրվինգը: Միեւնոյն ժամանակ NBA-ը բուռն կերպով կը սկսի ընդլայնման գործունեութիւն ծաւալել եւ հաստատուիլ երկրի առաւել խոշոր քաղաքներուն մէջ։ 1966-1974 թուականներու ընթացքին NBA-ի մէջ հանդես եկող ակումբներու խումբը 9-էն կ'աճէ եւ կը դառնայ 18: 1970-ին իրենց առաջին մրցաշրջանը կ'անցկացնեն «Բորդլէնտ Թրէյլ Բլեյզերսը», «Պաֆալօ Բրեյվզը» (այժմ՝ «Լոս Անջելէս Կլիպերս») եւ «Կլիվլենդ Կավալիերսը»՝ ակումբներու քանակ դարձնելով 17, իսկ 18-րդ ակումբը ասպարեզ կը մտնէ 1974-ին՝ կրելով «Նիւ Օռլեանս Ջազ» (այժմ՝ «Յութա Ջազ»)[12] 1976 թուականին ի վերջոյ տեղի կ՛ունենայ NBA-ի և ABA-ի երկար սպասուած միաւորումը, որու արդիւնքով ABA չորս ակումբներ՝ «Սան Անդոնիօ Սփըրսը», «Դենվեր Նագեթսը», «Ինտիանա Փեյսերսը» եւ «Նիւ Յորք Նէթսը» (այժմ՝ «Պրուքլին Նէթս») տեղ կը գտնեն NBA-ի մէջ՝ ակումբներու ընդհանուր քանակը հասցնելով 22-ի։ Տասնամեակի աւարտին մօտ, սակայն, լիկան աչքի չէր ինկած խօստումնալիութեամբ՝ նուազող հեռուստատեսային վարկանիշներու, ծանր հաճախելիութեան եւ որոշ պասկետբոլիստներու անուան հետ կապուած թմրանիւթային սկանդալներու պատճառով։ Այդ բոլոր խնդիրները իրենց լրջութեամբ կը սպառնային նոյնիսկ լիկայի բնականոն գործունէութեան։
Ժողովրդականութեան աճը
Խմբագրել1979 թուականէն NBA-ի մէջ կը սկսի գործել 3-միաւորանոց նետման օրէնքը, որ մրցակից առաջնութեան՝ ABA-ի նորարար մտահաղացումներէն էր։ Նոյն տարի լիկան կը պարունակեր երիտասարդ նորեկներ Լարի Բըրդը եւ Մեջիք Ջոնսոնը, որոնցմէ առաջինը տեղ կը գտնէ «Պոսթոն Սելտիքս»–ի մէջ, իսկ միւսը՝ «Լոս Անջելէս Լէյքըրզ ի մէջ։ Մարզիկներու շնորհիւ NBA-ի ժողովրդաանութիւնը կը սկսի նշանակալիօրէն աճիլ, ոչ միայն Միացեալ Նահանգներուն, այլեւ անոր սահմաններէն դուրս: Ջոնսոնի օգնութեամբ «Լէյքըրզը» 5 անգամ կը նուաճի NBA-ի գաւաթը, իսկ Լարի Բըրդի «Սելտիքսը» գաւաթը կը նուաճի 3 անգամ։ Վաղ 80-ականներուն լիկայի մէջ կը հիմնադրուի եւս մէկ ակումբ՝ «Դալաս Մավերիքսը»՝ ընդհանուր խումբերու քանակը հասցնելով 23-ի։ 1984 թուականի Փետրուարի 1-ին NBA-ի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնը կը զբաղեցնէ Դեյվիդ Սթեռնը: Նոյն թուականին լիկա մուտք կը գործէ Հիւսիսային Գարոլինայի համալսարանի շրջանաւարտ Մայքըլ ճորտընը, որ կը սկսի հանդես գալ «Շիգակօ Բուլսի» կազմին մէջ։ Ճորտընը նոր թափով կը նպաստէ NBA-ի մասայականացման ամբողջ աշխարհին մէջ։ Շուտով շարք մի ամերիկեան քաղաքներ ցանկութիւն կը հայտնեն իրենց ներկայացուցիչ խումբը ունենալու։ 1988-1989 թուականներուն խումբերու քանակը կ'աւելնայ եւս 4-ով՝ «Շառլոթ Հորնէթս» (Շառլոթ, Հիւսիսային Գարոլինա), «Մայամի Հիթ» (Մայամի, Ֆլորիտա), «Օռլանդօ Մեջիք» (Օռլանդօ, Ֆլորիտա) եւ «Մինեսոտա Թիմբերվուլվզ» (Մինեապոլիս, Մինեսոտա)։ 1990 եւ 1991 թուականներուն «Դետրոյթ Փիստոնսը» մարզիչ Չակ Դեյլիի եւ պաշտպան Այզիա Թոմասի առաջնորդութեամբ կը յաղթեն NBA-ի առաջնութիւնը։ 1991–1998 թուականներու ընթացքին Մայքըլ Ճորտընի եւ Սկոտի Պիպենի «Շիգակօ Բուլսը» 6 անգամ կը յաղթեն NBA-ի առաջնութիւնը (բացի 1994 եւ 1995 թուականներէն, որոնց ժամանակ առաջնութիւնը կը յաղթէ «Հիւստոն Ռոքէթսը»՝ Հակիմ Օլաջուվոնի առաջնորդութեամբ)։
1992 թուականի Բարսելոնայի ամառնային օլիմպիական խաղերուն Միացեալ Նահանգները ներկայացնելու համար կը ձեւաւորուի ազգային հաւաքական, որ կը ստանայ «Տրիմ թիմ» անուանումը։ Խումբի մէջմաս կը կազմեն այն ժամանակուայ լաւագոյն մարզիկներ Լարի Բըրդը, Մեջիք Ջոնսոնը, Դեյվիդ Ռոբինսոնը, Պատրիկ Յուինգը, Սկոտի Պիպենը, Քլայդ Դրեքսլերը, Կարլ Մելոունը, Ջոն Սթոքթոնը, Քրիս Մալինը, Չարլզ Բարքլին, Քրիստիան Լեթները եւ Մայքըլ Ճորտընը, որ կը նշանակուի որպէս խումբի աւագ։ Խոմբի բոլոր անդամները հետագային կ'առաջադրուին Պասկետբոլի փառքի սրահ։
1995 թուականին լիկայի ակումբներու քանակնը կը պարուակէ երկու կանադական խումբեր՝ «Վանկուվեր Գրիզլիս» եւ «Թորոնթօ Ռեպտորս»: «Գրիզլիսի»՝ 2001 թուականին Վանկուվերէն Մեմֆիս տեղափոխուելէն հետոյ «Ռեպտորսը» մինչեւ օրս կը հանդիսանայ NBA-ի միակ կանադական ակումբը։ 1996 թուականին կը ստեղծուի Կանանց պասկետբոլի ազգային միութիւնը (WNBA): 1998-ին NBA-ի ակումբներու սեփականատէրերը լոկաուտ կը հայտարարեն, որ կը շարունակուի 191 օր եւ աւարտին յաջորդ տարուայ Յունուարի 18-ին։ Որպէս արդիւնք՝ 1998–1999 մրցաշրջանի խաղացանկը 82-էն կը կրճատուի 50 հանդիպման[13] (սովորական մրցաշրջանի 61%-ը), իսկ Բոլոր աստղերու հանդիպումը չի կայանար։ «Սան Անեոնիօ Սփըրսը» Դեյվիդ Ռոբինսոնի եւ Թիմ Դանքանի գլխաւորութեամբ կը նվաճուի առաջին գաւաթը։
Նոր դարաշրջանը
Խմբագրել1998 թուականի ամառը վերջնականապէս կը լծուի «Շիգակօ Բուլսի» աստղային կազմը, որմէ հետոյ գերեզրափակիչներուն մէջ առաւել յաջող կը սկսի հանդէս գալ Արեւմտեան կոնֆերենցիան ներկայացնող ակումբները, մասնաւորապէս 14 տարուայ մեջ «Սան Անդոնիօ Սփըրսը» եւ «Լոս Անջելէս Լէյքըրզը» միասին վերցուած կը նվաճուին 9 չեմպիոնական գաւաթ։ 1999-ի «Սան Անդոնիօյի» յաղթանակէն հետոյ, երեք տարի անընդմեջ՝ 2000, 2001 եւ 2002 թուականներուն Շաքիլ Օ'Նիլի եւ Կոբի Բրայանտի գլխաւորութեամբ NBA-ի գաւաթը կը նուաճի «Լոս Անջելէսը»: 2003-ին գավաթը երկրորդ անգամ կը նուաճի «Սան Անդոնիօն»: 2004 Լէյքըրզը կրկին կը հասնին մինչեւ գերեզրափակիչ, սակայն կը պարտուին «Դետրոյթ Փիստոնսին»:
2006 թուականին NBA-ի գերեզրափակչի շրջանակներուն մէջ կը հանդիպին «Դալաս Մավերիքսը» եւ «Մայամի Հիթը», որոնք երկուքն ալ առաջին անգամ հանդէս կու գային գերեզրափակչին մէջ։ Գաւաթը այս անգամ կը նուաճի «Մայամին»՝ երիտասարդ խաղարկող Տուէյն Ուեյտի եւ 2 տարի առաջ խումբի կազմը համալրած Շաքիլ Օ'Նիլի գլխաւորութեամբ։ 2007-ին «Սան Անդոնիօ Սփըրսը» կը նուաճի իր չորրորդ գաւաթը։ 2008 թուականի գերեզրափակչին կը հանդիպին լիկայի պատմութեան դարաւոր «հակառակորդներ» «Լոս Անջելէս Լէյքըրզը» եւ «Պոսթոն Սելտիքսը»: Մրցապայքարին յաղթանակող դուրս կու գայ «Սելտիքսը», շնորհիւ նոր աստղային «մեծ եռյակի»՝ Քեւըն Գառնեթի, Ռէյ Ալենի եւ Փոլ Փիրսի եւ նվաճելով 17-րդ չեմպիոնական տիտղոսը։
2009 եւ 2010 թուականներուն NBA-ի առաջնութիւնը կրկին կը յաղթէ «Լոս Անջելէս Լէյքըրզը»: Երկու անգման ալ գերեզրափակչի ամենաարժէքաւոր պասկետբոլիստի մրցանակը կը շնորհուի Կոբի Բրայանտին։
2010 թուականի բոլոր աստղերու հանդիպումը կ'անցկացուի «Cowboys Stadium» ամերիկեան ֆուտբոլի մարզադաշտին եւ կ՛ունենայ ռեկորդային 108 713 հանդիսատես։ 2010-2011 մրցաշրջանի ամառը «Մայամի Հիթի» կազմը է համալրում Լեպրոն Ճէյմսը: Նոյն տարուայ գերեզրափակչին Ճէյմսի խումբը 6-խաղերու մրցապայքարին կը պարտուի Դիրք Նովիցկու «Դալաս Մավերիքսին, սակայն 2012 եւ 2013 թուականներուն առաջնութիւնը կը նուաճի «Մայամին»:
2011 թուականին լիկային մէջ կրին լոկաուտ կը հայտարարուի։ Մի քանի շաբթոայ ընթացքին պասկետբոլիստները եւ սեփականատէրը կը վավերացնեն հաւաքական բանակցութիւններու նոր փաթեթ, որու արդիւնքով 2011-2012 մրցաշրջանը 82 հանդիպումներէն կը կրճատուի 66-ի։[14] Կանոնաւոր առաջնութեան ավարտէն հետոյ գերեզրափակչին գաւաթի համար պայքար կը մղեն «Մայամի Հիթը»՝ Լեպրոն Ճյմսի, Տուէյն Ուեյտի եւ Քրիս Բոշի գլխաւորութեամբ եւ «Օկլահոմա սիթի Թանդերը»՝ Քեւըն Դյուրանտի, Ռասել Վեստբրուքի եւ Ջէյմս Հարտենի գլխաւորութեամբ։ 5-խաղերու մրցապայքարին յաղթողական կը դառնայ «Մայամին»՝ 6 տարուայ մեջ նուաճելով երկրորդ չեմպիոնական տիտղոսը։
Յաջորդ երկու տարիներու գերեզրափակիչներուն կը հանդիպինն «Մայամին» եւ «Սան Անդոնիօն»: 2013 թուականին 5-խաղերու մրցապայքարին կը յաղթէ «Մայամին»՝ գրաւելով իր երրորդ տիտղոսը, իսկ 2014-ին, կրկին 5-խաղերու մրցապայքարին կը յաղթէ «Սան Անդոնիօն»՝ նուաճելով 5-րդ տիտղոսը։
2014 թուականին կոմիսարի պաշտօնով կը զբաղի Ադամ Սիլվերը։
Խումբերը
ԽմբագրելԱսոցիացիայի մէջ սկզբնապէս հանդէս եկած են 11 խումբեր։ Ավելացումներու, կրճատումներու եւ տեղափոխումներէն հետոյ լիկայի մէջ ներկայիսս կը գործէ թիւով 30 պասկետբոլային ակումբ, որոնցմէ 29-ը տեղակայուած են Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ մէկը՝ Գանատայի մէջ։ Լիկան ստորաբաժանուած է երկու կոնֆերենցիաներու միջեւ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր հերթին բաղկացած է երեք դիվիզիայէ, իսկ իւրաքանչիւր դիվիզիայի մէջ հաշուառուած է հինգ ակումբ։
Մրցաշրջանի կառուցուածքը
ԽմբագրելԽաղային մրցաշրջանը NBA-ի մէջ բաղկացած է կանոնաւոր առաջնութիւնէ եւ փլէյ-օֆֆէ։ Կանոնաւորի Ժամանակ բոլոր 30 խումբեր կ'անցկացնեն 82 խաղ։ Իւրաքանչիւր կոնֆերենցիաներէն 8 լաւագոյն խումբերը կ'անցնին եզրափակիչ՝ փլէյ-օֆֆ, ուրտեղ եւ կը յաղթէ միայն մէկ խումբ՝ դառնալով NBA չեմպիոն։
Կանոնաւոր առաջնութիւն
ԽմբագրելԱմառային ընդմիջումէն հետոյ խումբերը պաշտօնական նախապատրաստական մարզումները կը սկսին ուշ Սեպտեմբերին: Նախապատրաստական մարզումները անհրաժեշտ են մարզչական անձնակազմերուն գնահատելու պասկետբոլիստներու (հատկապէս նորեկներու) խաղաոճը, հետազոտելու ամբողջական խումբի առավելութիւններն ու թերութիւնները, պասկետբոլիստներուն նախապատրաստելու կանոնաւոր առաջնութեանը եւ վերջապէս՝ որոշելու 12 հոգիէ բաղկացած խումբի այն տաղանդաւոր ցանկը (ինչպես նաեւ 3 հոգիէ բաղկացած ոչ տաղանդ ցանկը), որ հանդէս է գալու կանոնաւոր առաջնութիւնով։ Իւրաքանչիւր ակումբի մարզչական եւ նախագահական կազմ իրավունք ունի երկու տարուայ ընթացքին պակաս փորձ ունեցող մարզիկներուն նշանակելու կրտսեր առաջնութեան՝ NBA զարգացման լիկայի համապատասխան կրտսեր ակումբին մէջ։ Նախապատրաստական ընդմիջումներէն հետոյ մեկնարկում են նախամրցաշարային ընկերական հանդիպումները, որոնք շատ հաճախ կ'անցկացնեն Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկրներու այն քաղաքներուն մէջ, ուրտեղ չկան NBA-ի ակումբներ։ Կանոնաւոր առաջնութիւնը մեկնարկում է Յոկտեմբերի վերջին շաբթուայ ընթացքին։
Կանոնաւոր առաջնութեան ժամանակ խումբերը կ'անցկացնեն 82 հանդիպում՝ 41-ը տան հարկի տակ, իսկ միւս 41-ը՝ մրցակցի։ Նոյն դիվիզիայի մեջ մտնող խումբերէն իւրաքանչիւրը միմյանց հետ կը մրցակցինն 4 անգամ (ընդհանուր՝ 16 հանդիպում)։ Նոյն կոնֆերենցիային պատկանող միւս երկու դիվիզիաների 6 ակումբներու հետ տւեալ խումբը կրկին կը հանդիպի տարին 4 անգամ (ընդհանուր՝ 24 հանդիպում), իսկ մնացած 4 խումբերու հետ՝ 3 անգամ (ընդհանուր 12 հանդիպում)։ Տարբեր կոնֆերենցիաներ ներկայացնող խումբերը տարուայ մեջ կը հանդիպին 2-ական անգամ (ընդհանուր՝ 30 հանդիպում)։
2008 թուականի դրութեամբ Պասկետբոլի ազգային ասոցիացիան եւ Հոկէյի ազգային լիկան (NHL) կը հանդիսանան միակ խոշոր պրոֆեսիոնալ մարզային լիկաները Միացեալ Նահանգներուն դւ Գանատայի մէջ, որոնց բոլոր ակումբները կանոնաւոր մրցաշրջանին հնարաւորութիւն կ՛ունենան հանդիպումներ անցկացնել ողջ լիկայի հետ։ Իւրաքանչիւր ակումբ հնարաւորութիւն ունի տարին առնուազն 2 անգամ խաղալ այլ ակումբի հետ։
Բացի այդ՝ NBA-ը միակ լիկան է, որ 1947 թուականէն առ այսօր հանդիպումներ կ'անցկացնէ Սուրբ ծնունդի ժամանակ։[15] Սուրբ ծննդեան խաղերը հեռուստատեսութեամբ չէին ցուցադրուէր մինչեւ 1983-1984 մրցաշրջանը։ Դիտարժանութեան համար Սուրբ ծնունդի ժամանակ անցկացուող հանդիպումներուն մէջ կը խաղան լաւագոյն խումբերը եւ/կամ պասկետբոլիստները։
Փետրուար ամսուն առաջնութիւնը կարճ ժամանակով դադար կ'առնէ, երբ հանգստեան օրերուն կը մեկնարկէ NBA-ի բոլոր աստղերու արձակուրդը, որուն շրջանակներուն մէջ կ'անցկացուին շարք մը միջոցառումներ, որոնցմէ առաւել ուշագրաւ եւ դիտարժան կը համարուի Բոլոր աստղերու հանդիպումը։ Երկրպագուները առցանց քվէարկութեան ճանապարհով կ՛որոշեն Արևմտեան եւ Արեւելեան կոնֆերենցիաներու աստղային մեկնարկային հնգեակները, իսկ մարզիչները, կրկին քվեարկման ճանապարհով, կ՛որոշում են իւրաքանչիւր խումբի 7 հոգիէ բաղկացած պահեստային աստղային կազմը։ Հանդիպումէն հետոյ լաւագոյն արդիւնքը գրանցած պասկետբոլիստը կ'արժանանայ հանդիպման ամենաարժէքաւոր պասկետբոլիստի (MVP) մրցանակին։ Բոլոր աստղերու արձակուրդը շրջանակներուն մէջ անցկացուող միջոցառումներէն են Ծագող աստղերու մարտահրավերը, որ կ'անցկացուի լիկայի 1 եւ 2 տարուայ փորձ ունեցող լաւագոյն պասկետբոլիստներու միջեւ, հմտութիւններու մարտահրավերը, ուրտեղ հատկացուած ժամանակահատվածին մէջ մասնակիցները պէտք է յաղթահարեն որոշակի պասկետբոլային փորձութիւններ, 3-միաւորանոց նետումներու մրցոյթը, որու ժամանակ մասնակիցները պէտք է կարողանան սահմանափակ ժամանակահատվածին իրացնեն 3-միաւորանոց նետումներ եւ վերջապէս՝ Սլէմ տանք մրցոյթը, որու ժամանակ մարզիկները պէտք է իրենց երեւակայութեան հաշուին կատարեն զանազան սլեմ տանք հնարքներ։ Բացի Բոլոր աստղերու հանդիպումէն, մնացած իրադարձութիւնները իրենց անուանումներուն մէջ կարող են կրել նաեւ հովանաւորներու ապրանքանիշի անուանումները (օրինակ՝ «Սպրայտ Սլէմ տանք մրցոյթ»)։
Բոլոր աստղերու արձակուրդէն շատ չանցած կը նշանակուի փոխանակումներու վերջնաժամկէտը (կանոնաւոր առաջնութեան 16-րդ Հինգշաբթին)[16], որմէ հետոյ ակումբները այլեւս իրաւունք չունին պասկետբոլիստներ փոխանակել, չնայած դեռ կարող են նոր պայմանագրեր կնքել ազատ գործակալներու հետ, կամ խումբի կազմէն հեռացնել պասկետբոլիստներու։ Սովորաբար վերջնաժամկէտի օրը հագեցուած է ակումբներու մենեջերներու համար, ովքեր կը փորձեն իրենց խումբերի կազմը համալրել առանցքային մարզիկներով։
Կանոնաւոր առաջնութիւնը կ'աւարտի Ապրիլի կեէսերուն։ Այս ժամանակահատուածին մէջ կը սկսվին անհատական մրցանակներու, ինչպէս նաեւ խորհրդանշական հաւաքականներու համար կատարուող քվէարկութիւնները. «Տարուայ պահեստային» տիտղոսը կը շնորհուի այն պասկետբոլիստին, որ իրեն լաւ է դրսեւորել պահեստայինի նստարանիէն, մրցանակին արժանանալու համար տուեալ մարզիկը պէտք է փաստացիօրեն ունենայ աւելի շատ խաղեր որպէս պահեստային, քան որպէս մեկնարկային։ «Տարուայ նորէկ» մրցանակը կը շնորհուի տուեալ մրցաշրջանի լաւագոյն ցուցանիշները ունեցող նորեկ պասկետբոլիստին։ «Ամենակատարելագործուած պասկետբոլիստ» մրցանակին կ'արժանանայ այն մարզիկը, նախորդ մրցաշրջանի համեմատ ունեցած է մեծ առաջընթաց եւ բարելաւած է անհատական ցուցանիշները։ «Տարուայ պաշտպան» (չշփոթել «պաշտպան» դիրքի հետ) մրցանակը կը տրուի լիկայի լաւագոյն պաշտպանական ունակութիւններով օժտուած պասկետբոլիստներոպն։ Յաղթանակներու եւ պարտութիւններու ամենամեծ դրական տարբերութիւնը ապահոված ակումբի գլխաւոր մարզիչին կը շնորհուի «Տարուայ մարզիչ» մրցանակը։ Վերջապէս՝ «Ամենաարժէքաւոր խաղացողի» (MVP) մրցանակը կը շնորհուի տուեալ մրցաշրջանի ամենատպաւորիչ ցուցանիշները ունեցած պասկետբոլիստին։
Գոյութիւն ունի նաեւ «Տարուայ տնօրէն» ոչ պաշտօնական, սակայն հեղինակաւոր մրցանակը, որու հեղինակն է «Սպորդինկ նիւզ» մարզայինային հանդէսը։
Մրցաշրջանէն հետոյ կը ձեւավորուին նաեւ «All-NBA», «All-Defensive» եւ «All-Rookie» խորհրդանշական հաւաքականները, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ կը ներգրավեն 5 հոգիէ բաղկացած պասկետբոլիստներ։
Փլէյ օֆֆ
ԽմբագրելՓլէյ-օֆֆը կը մեկնարկուի ուշ Ապրիլին: Իւրաքանչիւր կոնֆերենցիայէն փլէյ-օֆֆ դուրս գալու հնարաւորութիւն կ՛ունենան 8-ական խումբեր։ Առաջինէն չորրորդ տեղերը գրաւուած խումբերուն կը տրվուի առաւելութիւն՝ հինգերորդէն ութներորդ տեղերը գրաւուած խումբերու նկատմամբ. փլէյ-օֆֆի առաջին ռաունտին (1/8 եզրափակիչ) կոնֆերենցիայի առաջատարը կը հանդիպի 8-րդ տեղը գրաւած խումբի հետ, 2-րդը տեղը գրաւածը՝ 7-րդի, 3-րդը՝ 6-րդի եւ վերջապէս 4-րդը՝ 5-րդի։ Կանոնաւոր մրցաշրջանին մէջ առաւել լաւ ցուցանիշ ունեցող խումբին փլէյ-օֆֆի իւրաքանչիւր ռաունտին կը տրուի տան դաշտի առաւելութիւն, այսինքն՝ խաղաշարերու (սերիա) առաջին երկու հանդիպումները կ'անցկացուին հենց այն խումբի տնային հարկին, որ կանոնաւոր առաջնութեան ունեցած է առաւել բարձր ցուցանիշ։
Իւրաքանչիւր խաղաշար բաղկացած է քանի մը հանդիպումներէն, որոնց առաւելագոյն քանակը կարող է հասնիլ 7-ի։ Սերիան Յաղթելու եւ յաջորդ ռաունտ դուրս գալու համար խումբը պէտք է ունենայ 4 յաղթանակ՝ հետագայ մրցապայքարէն դուրս մղելով հակառակորդին։ յաջորդ ռաունտ (կոնֆերենցիայի կիսաեզրափակիչ) դուրս են գալու 4-ական խումբեր, որ աւարտելէն հետոյ կոնֆերենցիայի եզրափակչին կը հանդիպին տուեալ կոնֆերենցիայի 2 խումբրը։ Կոնֆերենցիայի եզրափակիչն յաղթած խումբը կը համարուի կոնֆերենցիայի չեմպիոն եւ դուրս է գալու գերեզրափակիչ։ Եթէ սերիայի մէջ կ'անցկացուին առաւելագոյն 7 հանդիպումներ, ապա անցկացուող հանդիպումները ունին 2–2–1–1–1 ձեւաչափը, որ կը նշանակէ առաջին խումբը (աւելի լաւ ցուցանիշով) կունենայ տան դաշտի առաւելութիւն սերիայի 1-ին, 2-րդ, 5-րդ եւ 7-րդ խաղերուն, իսկ երկրորդ խումբը (աւելի վատ ցուցանիշով)՝ 3-րդ, 4-րդ եւ 6-րդ խաղերուն։ Գերեզրափկչին 1985 թուականէն կը գործէ 2–3–2 ձեւաչափը, այսինքն՝ առաջին խումբը ունի տան դաշտի առաւելութիւն 1-ին, 2-րդ, 6-րդ եւ 7-րդ խաղերուն, իսկ երկրորդը՝ 3-րդ, 4-րդ եւ 5-րդ խաղերում։
Գերեզրափակիչ ռաունտը կ'անցկացուի երկու կոնֆերենցիաներու յաղթողներու միջեւ՝ ամեն տարուայ Յունիս ամսուն։ Գերեզրափակիչը յաղթող խումբին կը շնորհուի Լարի Օ'Բրայենի գաւաթը։ Յաղթանակող խումբի պասկետբոլիստներուն, մարզիչներուն եւ մենեջերուն կը շնորհուի չեմպիոնական մատանի։ Բացի այդ՝ սերիային իրեն լաւագոյնը դրսեւորած պասկետբոլիստին կը շնորհուի Պիլ Ռասըլի անուան գերեզրափակչի ամենաարժէքաւոր խաղացողի մրցանակը։
Առաջնութիւններ
ԽմբագրելԱկումբներ | Հաղթել են | Պարտուած են | Ընդհանուր | Յաղթած տարի(ներ) | Պարտուած տարի(ներ) |
---|---|---|---|---|---|
Պոսթոն Սելտիքս | 17 | 4 | 21 | 1957, 1959, 1960, 1961, 1962, 1963, 1964, 1965, 1966, 1968, 1969, 1974, 1976, 1981, 1984, 1986, 2008 | 1958, 1985, 1987, 2010 |
Մինեապոլիս/ Լոս Անջելէս Լէյքըրզ | 16 | 15 | 31 | 1949, 1950, 1952, 1953, 1954, 1972, 1980, 1982, 1985, 1987, 1988, 2000, 2001, 2002, 2009, 2010 | 1959, 1962, 1963, 1965, 1966, 1968, 1969, 1970, 1973, 1983, 1984, 1989, 1991, 2004, 2008 |
Շիգակօ Բուլս | 6 | 0 | 6 | 1991, 1992, 1993, 1996, 1997, 1998 | - |
Սան Անդոնիօ Սփըրս | 5 | 1 | 6 | 1999, 2003, 2005, 2007 | 2013 |
Սիրաքյուզ Նեյշընըլզ/Ֆիլադելֆիա Սեվնթի Սիքսերս | 3 | 6 | 9 | 1955, 1967, 1983 | 1950, 1954, 1977, 1980, 1982, 2001 |
Ֆորտ Ուէյն/Դետրոյթ Փիստոնս | 3 | 4 | 7 | 1989, 1990, 2004 | 1955, 1956, 1988, 2005 |
Ֆիլադելֆիա/Սան Ֆրանցիսկօ/Գոլտըն սթէյթ Ուորիորս | 3 | 3 | 6 | 1947, 1956, 1975 | 1948, 1964, 1967 |
Մայամի Հիթ | 3 | 1 | 4 | 2006, 2012, 2013 | 2011 |
Նիւ Յորք Նիքս | 2 | 6 | 8 | 1970, 1973 | 1951, 1952, 1953, 1972, 1994, 1999 |
Հիւստոն Ռոքէթս | 2 | 2 | 4 | 1994, 1995 | 1981, 1986 |
Բալթիմոր/Ուաշինկթոն Բալեթս (այժմ՝ Ուաշինկթտոն Վիզարդս) | 1 | 3 | 4 | 1978 | 1971, 1975, 1979 |
Սենթ Լուիս/Ատլանտա Հոքս | 1 | 3 | 4 | 1958 | 1957, 1960, 1961 |
Սիէթլ Սուպերսոնիքս/Օկլահոմա Սիթի Թանդեր | 1 | 3 | 4 | 1979 | 1978, 1996, 2012 |
Պորտլենդ Թրեյլբլեյզերս | 1 | 2 | 3 | 1977 | 1990, 1992 |
Դալաս Մավերիքս | 1 | 1 | 2 | 2011 | 2006 |
Միլոուքի Բաքս | 1 | 1 | 2 | 1971 | 1974 |
Ռոչեստեր Ռոյալս (այժմ՝ Սակրամենտօ Քինկս) | 1 | 0 | 1 | 1951 | - |
Բալթիմոր Բալէթս (լուծարուած է 1954-ին) | 1 | 0 | 1 | 1948 | - |
Նիւ Ջերսի Նէթս (այժմ՝ Պրուքլին Նէթս) | 0 | 2 | 2 | - | 2002, 2003 |
Օռլանդօ Մեջիք | 0 | 2 | 2 | - | 1995, 2009 |
Ֆինիքս Սանս | 0 | 2 | 2 | - | 1976, 1993 |
Յութա Ջազ (նախկինում՝ Նիւ Օռլեանս Ջազ) | 0 | 2 | 2 | - | 1997, 1998 |
Կլիվլենդ Կավալիերս | 0 | 1 | 1 | - | 2007 |
Ինտիանա Փեյսերս | 0 | 1 | 1 | - | 2000 |
Շիգակօ Ստագս (Լուծարուած է 1950-ին) | 0 | 1 | 1 | - | 1947 |
Ուաշինկթոն Կապիտոլս (Լուծարուած է 1951-ին) | 0 | 1 | 1 | - | 1949 |
Համարը վիճակախաղին | Յաղթական կոմբինացիաներու ծաւալը | Տրաֆթին մէջ № 1 ընտրութիւն իրականացնելու հաւանականութիւնը |
---|---|---|
1 | 250 | 25 % |
2 | 199 | 19.9 % |
3 | 156 | 15.6 % |
4 | 119 | 11.9 % |
5 | 88 | 8.8 % |
6 | 63 | 6.3 % |
7 | 43 | 4.3 % |
8 | 28 | 2.8 % |
9 | 17 | 1.7 % |
10 | 11 | 1.1 % |
11 | 8 | 0.8 % |
12 | 7 | 0.7 % |
13 | 6 | 0.6 % |
14 | 5 | 0.5 % |
Ներկայ պահուն գործող խումբեր, որոնք երբեւէ հանդէս չեն եկած NBA-ի գերեզրափակչին
- Շառլոթ Հորնէթս (նախկին՝ «Բոբքեթս»)
- Դենվեր Նագէթս
- Լոս Անջելէս Կլիպերս (նախկին՝ Պաֆալօ Բրեյվզ, Սան Տիէկօ Կլիպերս)
- Մեմֆիս Գրիզլիս (նախկին՝ Վանկուվեր Գրիզլիս)
- Մինեսոտա Թիմբերվուլվզ
- Նիւ Օռլեանս Պելիկանս (նախկին՝ Նիւ Օռլեանս Հորնէթս, Նիւ Օռլեանս/Օկլահոմա սիթի Հորնէթս, Շառլոթ Հորնէթս)
- Թորոնթօ Ռեպտորս
Հեռարձակումը
ԽմբագրելՄիացեալ Նահանգներուն մէջ NBA-ի խաղերը կը հեռարձակուին «ABC», «ESPN», «TNT» եւ «NBA TV» հեռուստաալիքներով։ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ NBA-ն սկսաւ իր հեռուստատեսային դեբիւտը 2004-05 խաղաշրջանին։ Խաղերը հեռարձակուեցան «Արմենիա» հեռուստաընկերութեամբ մինչեւ 2006-07 խաղաշրջանը, իսկ այնուհետեւ՝ 2007-08-ից մինչեւ 2008-09 խաղաշրջանը՝ «Ար» հեռուստաընկերութեւամբ։ Մեկնաբութիւնները կը կատարէր Կարէն Մովսէսեանը։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Յու Էս Էյ բասկետբոլ»։ Usabasketball.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-06-11-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ հունվարի 5
- ↑ «ԲԱՑԱՀԱՅՏՎԱԾ. Աշխարհի ամենաբարձր վարձատրվող թիմերը, Մանչեստեր սիթին մոտենում է Բարսային և Ռեալ Մադրիդին»։ «Սպորտինգ ինթելիջենս»։ Մայիսի 1, 2012։ արտագրուած է՝ Հունիսի 11, 2012
- ↑ Գոլդեփեր Սեմ։ «Առաջին խաղը»։ ԲԱԱ։ արտագրուած է՝ Օգոստոսի 5, 2010
- ↑ «Կանադական բասկետբոլի պատմությունը»։ «Էն Բի Էյ Մեդիա»։ արտագրուած է՝ 2007 թ․ ապրիլի 13
- ↑ 5,0 5,1 «NBA-ը ստեղծվեց»։ «Հիսթորի»։ արտագրուած է՝ Հուլիսի 29, 2010
- ↑ 6,0 6,1 ՄակԴաուել Սեմ (2013-03-09)։ «Սամների շրջանավարտ Հարոլդ Հանթերը, ով NBA-ի հետ պայմանագիր կնքած առաջին աֆրոամերիկացին էր, մահանում է 86 տարեկան հասակում»։ «Կանզաս սիթի սթար»։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ մարտի 30
- ↑ «Մահացել է Թենեսիի նահանգային համալսարանի նախկին մարզիչ Հարոլդ Հանթերը»։ «Սեթի փեյփր»։ 2013-03-07։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ մարտի 30
- ↑ «NBA-ի օրենքների պատմություն»։ NBA։ Մայիսի 8, 2008։ արտագրուած է՝ Հոկտեմբերի 15, 2013
- ↑ «Հաղթած առաջնություններ | Celtics.com - Բոստոն Սելտիքսի պաշտոնական կայք»։ «Nba.com»։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ հունվարի 5
- ↑ Զալցբերգ Չարլզ (1998)։ Սետ շոտից սլեմ դանկ։ Նյու Յորք: «Մակգրոու-Հիլ»։ էջ 203։ ISBN 978-0-8032-9250-5
- ↑ Քրոու Ջերի (Ապրիլ 27, 2011)։ «Այդ աշխարհահռչակ սիլուետը կարելի է վերագրել նրան»։ «Լոս Անջելես Թայմս»։ արտագրուած է՝ Մայիսի 23, 2011
- ↑ «1970–71 խաղաշրջանի նկարագրություն»։ NBA։ արտագրուած է՝ Հուլիսի 30, 2010
- ↑ «NBA-ՈՒՄ ԼՈԿԱՈՒՏ ԿՀԱՅՏԱՐԱՐՎԻ»։ «Արմսպորտ»։ Հունվարի 1, 2011[permanent dead link]
- ↑ «NBA-ի սեփականատերերը և բասկետբոլիստները նոր աշխատանաքային գործարք են կնքում»
- ↑ Շուման Ջոնn (December 17, 2009)։ «Նիքսը, Կոբին և Սուրբ ծնունդի խաղերի մասը կազմող այլ թիմեր և մարզիկներ»։ NBA.com։ արտագրուած է՝ Դեկտեմբերի 27, 2010
- ↑ «NBA-ի փոխանակման վերջնաժամկետի օրվա փոխանակումները սկսած 1987 թվականից»։ «NBA.com»։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ հունվարի 5
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Պաշտոնական կայք(անգլերէն)
- Բասկետբոլիստների ազգային ասոցացիա(անգլերէն)
- բասկետբոլային մրցավարների ազգային ասոցացիա(անգլերէն)
- NBA-ի ABA-ի բասկետբոլային արխիվներ և վիճակագրական տվյալներ(անգլերէն)
- NBA-ի և ABA-ի գործարքների արխիվ(անգլերէն)