Պետրոս Մինասեան

Պետրոս Մինասեան (1881-1935), բնիկ Պուրսացի, նախնական ուսումը ստացած Երուսաղէմի Սբ. Յակոբայ վանքը եւ միեւնոյն քաղաքի Ֆրանսական վարժարանը, 1900-ին կը հաստատուի Պէյրութ, ուր կ'ըլլայ բարձրաստիճան պաշտօնեայ նամակատան մէջ։ Այս առնչութեամբ, Մինասեան շատ կարեւոր ծառայութիւն մատուցած է Հայերու՝ Ա. Ընդ. Պատերազմին։ Թէեւ Հնչակեան, սակայն առանց խտրութեան օգնած է որ Պէյրութի նաւահանգիստէն մեր յեղափոխականները արտասահման ապաստանին, Յաճախ մեծ պատասխանատուութիւն ստանձնելով մեր կուսակցականները բեռնակիրի տարազով եւ նամակի ծրարներ տրուած՝ նաեւ կը հանէր արտասահման փախցնելու համար։ Նմանապէս բազմաթիւ կուսակցական գաղտնի նամակներիրենց տեղը կը հասցնէր լուրջ վտանգներ դիմագրաւելով։ Վերջապէս բոլոր նորեկ հայերուն, մանագանդ ուսանողներուն, յոյժ օգտակար հանդիսացած է։

Պետրոս Մինասեան
Ծնած է 9 Հոկտեմբեր 1799(1799-10-09)
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 19 Օգոստոս 1867(1867-08-19) (67 տարեկանին)
Մահուան վայր Փարիզ
Ազգութիւն Հայ[1]
Մասնագիտութիւն թատերագիր, գրական տեսաբան, ուսուցիչ
Աշխատավայր Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան[1]
Անդամութիւն Համազգյաց ընկերություն?[1]

Ինչպէս ըսինք, Մինասեան եղած է կուսակցական մը եւ մտաւորական մը, բարեբախտաբար վերջին պահուն ձենքս անցած են իր կարգ մը անտիպ գրութիւները, որոնցմէ քանի մը մէջբըրումնէր կ'ընեմ, գաղափար մը տալու համար իր գրութեանց մասին։ Բացի հայերէնէ, գրած է նաեւ Ֆրանսերէն լեզուով քերթուածներ, որոնցմէ ոմանք ցարդ կան ձեռագրով։

Ինք բացի գրչի՝ եղաւ նաեւ խօսքի մարդ, որովհետեւ որպէս բանախօս թէ՛ Ֆրանսերէն եւ թէ հայերէն լեզուներու միշտ փնտրուած էր։ Եղած է եռանդուն եւ գործունեայ անդամ Հ.Բ.Ը.Միութեան եւ իր գտնուած վայրերուն մէջ միշտ կը հաստատէր մասնաճիւղեր։ Առ ի հետաքրքութիւն, ունինք Միւթեան Գահիրէի վարչութեան 25 Փետրուար 1924 թուակիր մէկ նամակը որով զինք կ'արտոնեն մասնաճիւղ մը բանալու Գըրըգվանի մէջ, 1912-ին ամուսնացած Օր. Պերճուհի Շիրինեանին հետ եւ ունեցած աղջիկ զաւակ մը՝ Զապէլ եւ մանչ մը՝ Տիրան:

1914-ին կ'անցնի Հալէպ, ուր բազմաթիւ հայեր ազանած է, մանաւանդ գործաւորներու բանակէն, 1919-ին կ'երթայ Կիլիկիայ որպէս թարգման, ուր դարձեալ կը բոլորէ հանրային գործունէութեան օգտակար շրջան մը։ 1922-ին կ'անցնի Ալէքսանտրէթ, ուրկէ կուգայ Պէյրութ, եւ կը մեռնի 1935-ին որպէս արդիւնք Կիլիկիոյ մէջ ունեցած յոգնեցուցիչ հանրային գործունէութեան։

Ձեռքիս տակ ունիմ փոքրիկ տետրակ մը Մինասեանի ձեռագրով, որ կը պարունակէ անոր քերթուածներէն եւ արձակ գրութիգններէն ոմանք։ Մինասեան եղած է բեմի եւ գործի մարդ, քան թէ գրող։ Իր քերթուածները ընդհանրապէս անհատական եւ ընտանեկան բնոյթ ունին։ Այսուամենայնիւ կուտանք քանի մը նմոյշ ընդհանուր նիւթեր շոշափող իր քերթուածներէն։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։