Պերլիներ Համոյթ

Պերլիներ Համոյթ (գերմաներէն՝ Berliner Ensemble), կատակերգական թատրոն Պերլինի, Գերմանիոյ ամէնայայտնի թատրոններէն մէկը, որ համաշխարհային ճանաչում ձեռք բերած է, բեմադրելով իր հիմնադիրի՝ Պերթոլտ Պրեխթի կտորները: 1954 թուականին Պերլիներ Համոյթ թատրոնը կը տեղափոխուի մայրաքաղաքի կեդրոն՝ Շիֆպաուերտամի վրայ գտնուող թատրոնի շէնք:

Թատրոնի Պատմութիւնը

Խմբագրել

Պերլիներ Համոյթ թատրոնը ստեղծուած է Պերթոլտ Պրեխթի կողմէ, 1948 թուականի աշնան:[1] ԱՄՆու հակաամերիկեան գործունէութիւնը ուսումնասիրող կոմիտէն 1948 թուականի Հոկտեմբերին Պերթոլտ Պրեխթն ու իր կինը՝ դերասանուհի Հելենա Վայկելին հարցաքննելէ ետք, ջերմօրէն ընդունեց Արեւելեան Պերլինի մէջ։ Թատերախումբի կազմին մէջ մտան դերասաններ Պերլինի գերմանական թատրոնէն եւ Ցիւրիխի կատակերգական թատրոնէն:[1] Թատրոնի խորհրդանիշը դարձաւ վարագոյրի վրայ պատկերուած Փիքասօյի խաղաղութեան աղաւնին:[1]

 
Պերթոլտ Պրեխթի արձանը Պերլիներ Համոյթ թատրոնի մօտ

1949 թուականի Յունուարին կայացաւ Պրեխթի «Քուրաժ մայրիկը եւ իր երեխաները» կտորի արտածումը՝ Էրիխ Էնկելի եւ հեղինակի համատեղ բեմադրութեամբ: Քուրաժի դերին մէջ հանդէս եկաւ Հելենա Վայկելը, Քաթրինի դերը խաղաց Անկելիքա Խուրվիցը:[1] Ներկայացումը մեծ յաջողութիւն գտաւ, զայն ստեղծողները եւ գլխաւոր դերակատարները արժանացան ազգային մրցանակի: 1954 թուականին «Քուրաժ մայրիկը» ներկայացուեցաւ Փարիզի մէջ տեղի ունեցող համաշխարհային թատերական փառատօնին եւ ստացաւ առաջին մրցանակ:[1]

Մինչեւ 1954 թուականը Պերլիներ Համոյթը չունէր սեփական շէնք եւ ներկայացումները կը բեմադրուէին գլխաւորաբար Գերմանական Թատրոնի շէնքին՝ 2 բեմերէն մէկուն վրայ:[2] Բազմիցս հիւրախաղերով հանդէս եկած է ԿՏՀ-ի եւ այլ երկիրներու մէջ։ 1954 թուականին թատերախումբը տեղափոխուեցաւ նոր շէնք, ուր 1928 թուականի Օգոստոսին Էնկելը բեմադրեց առաջին ներկայացումը՝ Պրեխթ-Քուրթ Վայլի «Երեք գրոշանոց օփերան»:[3]

1957 թուականի Մայիսին Պերլիներ Համոյթը արդէն որպէս հանրայայտ թատրոն հիւրախաղերով հանդէս եկաւ ԽՍՀՄի մէջ եւ մեծ տպաւորութիւն ձգեց:[4] Հիւրախաղերը բացուեցան Էնկելի եւ Պրեխթի համատեղ բեմադրած «Կալիլէի կեանքը» կտորով (գլխաւոր դերին Էռնստ Պուշ), որուն առնչութեամբ Փաւել Մարկովը գրած է․ «Մենք տեսանք ներկայացում մը, որ մանրամասնօրէն յղկուած էր․․․Պատրաստողները գիտեն, թէ գործողութեան ո՛ր պահուն վրայ պէտք է հրաւիրուած ըլլայ հանդիսատեսի ուշադրութիւնը: Բեմին վրայ չկայ ո՛չ մէկ աւելորդ զարդեղէն: Ճշգրիտ եւ շատ պարզ զարդարուն ձեւաւորում․ շագանակագոյն, ողորկ, բարձր պատերը ազատ կը ձգեն լայնարձակ բեմական հարթակը եւ միայն առանձին փոքր մանրամասները կը փոխանցեն դարաշրջանի մթնոլորտը: Նմանապէս կառուցուած են նաեւ միզանսցենները: Դերասաններուն յարմար է խաղալ այնտեղ: Բեմական կերպարները, նոյնիսկ դրուագային կերպարները, մշակուած են ճշգրիտ եւ բծախնդիր պահանջկոտութեամբ, որ բնորոշ է ներկայացման»:[5]

Պերլիներ Համոյթը դարձաւ ինչպէս Պրեխթի, այնպէս ալ իր թատերական տեսութեան լաւագոյն քարոզիչը, զգալի ազդեցութիւն ունենալով այլ երկիրներու թատերական արուեստին վրայ:[6] 1968 թուականին ԽՍՀՄ երկրորդ հիւրախաղերուն ժամանակ Մարկովը նշեց, որ իր գոյութեան 20 տարիներու ընթացքին, վերածուելով «պրեխթեան համոյթի», Պերլիներ Համոյթը չմեկուսացաւ, մնաց կենդանի եւ միշտ նորացուող՝ պահպանելով ոչ միայն գեղարուեստական սկզբունքներու միասնութիւնը, այլեւ իր աշխարհայեացքը, աշխարհընկալումը:[6]

Թատրոնի առաջատար դերասաններն էին Հելենա Վայկելը, Էռնստ Պուշը եւ Էրուին Կեշոնեքը:[1] Թէեւ թատրոնի գաղափարական ոգեշնչողը Պրեխթն էր, սակայն թատրոնը հիմնադրման օրէն մինչեւ իր վերջը՝ 1971 թուականի Մայիս, կը գլխաւորէր Հելենա Վայկելը:[1] 1956-1966 թուականներուն թատրոնի գլխաւոր պատրաստողն էր Էրիխ Էնկելը:[7]

Խաղացանկը

Խմբագրել
 
«Քուրաժ Մայրիկը Եւ Իր Երեխաները» ներկայացման փորձը Պերլիներ Համոյթի բեմին վրայ, 1978 թուական

Պերլիներ Համոյթը իր գեղարուեստական փորձի ընթացքին հետեւած է Պրեխթի «Դիւցազներգական թատրոն» տեսութեան, ինչպէս դրամատուրգի օրերուն, այնպէս ալ անոր մահէն ետք: Թատրոնին մէջ բեմադրուած են իր գրեթէ բոլոր կտորները, որոնցմէ՝ Պրեխթի եւ Էնկելի համատեղ բեմադրած «Պարոն Պունտիլան Եւ Իր Ծառայ Մաթին» (1949), «Կալիլէի Կեանքը» (1956), Ա․ Կորքիի վէպի հիման վրայ բեմադրուած «Մայրը» (1951), Պրեխթի եւ Գասպար Նիերի համատեղ բեմադրած «Կովկասեան Կաւիճէ Շրջան» (1954), «Բարի Մարդը Սեզուանէն» (1957), «Վախ Եւ Յուսահատութիւն Երրորդ Կայսրութեան Մէջ» (1957), «Արտուրօ Ուիի Ասպարեզը» (1959), «Երեքգրոշանոց Օփերա» (1960): Թատրոնի առաջին ներկայացումներէն էր Մաքսիմ Կորքիի «Վասսա Ժելեզնովա»-ն (1949), յետագային բեմադրուեցան նաեւ Նիքոլայ Պոկոտինի «Քրեմլի Կուրանտները» (1952) եւ Վսեւոլոտ Վիշնեւսկիի «Լաւատեսական Ողբերգութիւն»ը (1958):[1] Թատրոնի խաղացանկին մէջ կը գերակշռէր ժամանակակից դրամատուրգիան, սակայն կը բեմադրուէին նաեւ դասական ստեղծագործութիւններ՝ Եոհան Կէօթէի «Փրա-Ֆաուստ» (1952), Մոլիերի «Տոն Ժուան» (1953), Ալեքսանդր Օսթրովսքիի «Սանուհին» (1955):[1][8] 1960-ական թուականներուն թատրոնի լաւագոյն ներկայացումներէն էր Ուիլիըմ Շեյքսփիրի «Կորիոլան»:[9]

Ժամանակակից Թատրոնը

Խմբագրել

1971 թուականին Հելենա Վայկելէն ետք, թատրոնը գլխաւորեց Ռութ Պերկհաուսը: 1977 թուականին զինք փոխարինեց Մանֆրետ Վեկուերտը, որ դեռեւս Պրեխթի ժամանակ կ'աշխատէր թատրոնին մէջ:[10] 1991 թուականին Վեկուերտը հեռացաւ թատրոնէն եւ երկար ժամանակ թատրոնը ճգնաժամի մէջ էր: 1992-1994 թուականներուն փոխուեցաւ 2 ղեկավարութիւն, իսկ յաջորդ քանի մը տարիներու ընթացքին՝ 3 գեղարուեստական ղեկավար: Վերջապէս, 1999 թուականին թատրոնը գլխաւորեց Քլաուս Փայմանը:[3]

Ներկայիս Պերլիներ Համոյթը կը հանդիսանայ սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութիւն՝ Քլաուս Փայմանի ղեկավարութեամբ:

Խաղացանկը նախկինին պէս կը կազմեն Պրեխթի կտորները, նոր բեմադրութեամբ կ'ընթանան «Քուրաժ Մայրիկը Եւ Իր Երեխաները», «Երեքգրոշանոց Օփերա», «Կովկասեան Կաւիճէ Շրջան», «Վախ Եւ Յուսահատութիւն Երրորդ Կայսրութեան Մէջ», «Շուեյկը Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի Ժամանակ» եւ այլ ներկայացումներ:[11]

Խաղացանկին մէջ կը գերակշռէ 20րդ դարուն դրամատուրգիան՝ Պրեխթէն բացի Պերլիներ Համոյթը կը բեմադրէ նաեւ Թոմաս Պեռնհարտ, Մաքս Ֆրիշ, Սեմիուէլ Պեքեթ, Անթոն Չեխով («Բալենիի այգին»), Մաքսիմ Կորքի («Վասսա Ժելեզնովա»):[11]

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Յղումներ

Խմբագրել