«Սամուէլ», հայ գրող Րաֆիի պատմական վէպերէն։ Րաֆֆին «Սամուէլը» գրած է 1880-ական թուականներուն, աւարտած է 1886-ին։ Առաջին անգամ հրատարակուած է Թիֆլիսի «Մշակ» ամսագիրին մէջ։ «Սամուէլը» կը համարուի հայկական գրականութեան լաւագոյն կոթողներէն մէկը։

Սամուէլ
Հեղինակ Րաֆֆի
Լեզու Հայերէն
Ոճ Պատմավէպ
Հրատարակչական թուական
1886

Նկարագրելով Հայաստանի ծանր վիճակը 4-րդ դարուն, Րաֆֆին կը ձգտէր նկարագրել Հայաստանը 19-րդ դարուն, երբ անիկա կը գտնուէր Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի տիրապետութեան տակ։ Ցարական իշխանութիւնը կ'այրէր հայկական գիրքերը, կը փակէր եկեղեցիները եւ կ'ոչնչացնէր լեզուն։ Րաֆֆին չէր կրնար լուռ նայիլ այդ բոլորին։

Գրելով այս վէպը ես նպատակ ունեցած եմ այդպիսի նկարագիր մեր պատմական անցեալէն:
- Րաֆֆի


Վէպը ներառուած է հայկական ուսումնական ծրագիրին մէջ։ Ատոր հիմնական գաղափարներէն են հայրենասիրութիւնը եւ ազատագրական պայքարի կոչը։ Բոլոր հերոսները հայրենասիրութիւն կը խորհրդանշեն, նոյնիսկ կանայք, որոնք (Աշխէնը, Համազասպուհին, թագուհի Փառանձեմը) պատրաստ են իրենց արիւնը թափել յանուն հայրենիքի։

Գործողութիւնը տեղի կ'ունենայ 4-րդ դարու Հայաստանի մէջ, երբ պարսից արքայ Շապուհը գերի կը բռնէ Արշակ Բ.-ը եւ Հայաստանը կը մնայ անպաշտպան։ Մերուժան Արծրունին եւ Վահան Մամիկոնեանը կը դաւաճանեն հայրենիքը եւ կը սկսին ծառայել Շապուհին։ Վահան Մամիկոնեանի որդի Սամուէլը, իմանալով հօր դաւաճանութեան մասին, կ'որոշէ եղբօր՝ Մուշեղ Մամիկոնեանի հետ պաշտպանել Հայաստանը։ Սամուէլը կը սպաննէ իր հայրը հայրենիքը եւ կրօնքը դաւաճանելու համար։ Իսկ հայկական եկեղեցւոյ մէջ պարսկացած մօր արիւնով կը հանգցնէ վերջին պարսկական կրակը իր հայրենիքին մէջ։

Վէպին համար նիւթի ծառայած է Փաւստոս Բուզանդի եւ Մովսէս Խորենացիի «Հայոց պատմութիւնները»։ Վէպը բաղկացած է յառաջաբանէ, երեք գլուխներէ եւ փակագիծերու մէջ յաւելուածէ։

Վէպին Գլուխները

Խմբագրել

Առաջին Գիրք

  1. Երկու Սուրհանդակներ
  2. Տարօնի առաւօտը
  3. Աղօտ միտք մը կը ծագի անոր մէջ
  4. Մայր եւ որդի
  5. Երկու եղբօր որդիներ
  6. Պատրուակ
  7. Որսորդութիւն
  8. Աշտիշատի վանքը
  9. Երեք երիտասարդ ուժեր
  10. Խորթ մայր
  11. Անյաջող դաւադրութիւն
  12. Հանգամանքները կը բարդանան
  13. Նոր տեղեկութիւններ
  14. Լեռնային իշխանուհին
  15. Ինքնակոչները
  16. Կնոջ խորհուրդը
  17. Պատանի Արտաւազդը

Փակագիծերու մէջ յաւելուած

  1. Բնութիւն, Նախարարութիւն, Թագաւոր
  2. Պետութիւն, Եկեղեցի, Հոգեւոր եւ մարմնական իշխանութիւն
  3. Եկեղեցականներու զանազան տարերքը

Երկրորդ գիրք

Մէկը արեւմուտքը, միւսը- արեւելքը

  1. Պատմոս
  2. Անյուշբերդ

Ճանապարհները կը բաժնուին

  1. Ռշտունի
  2. Արտոն
  3. Արտասուքի աղբիւր
  4. Համազասպուհի
  5. Սարսափելի գիշերուան առաւօտը
  6. Ուրացողը իւր տան շենքի վրայ
  7. Խայտ
  8. Շապուհը Զարեհաւանի աւերակներու մօտ
  9. Արտագերս
  10. Մուշեղ՝ «Խոտորնակին՝ խոտորնակ»
  11. Երկու չայրաց փոքրագոյնը
  12. Հայր մարդպետ

Երրորդ գիրք

  1. Արարատեան դաշտի առաւօտը
  2. Տարօրինակ ողջակեզ մը
  3. Զուիթա
  4. Արաքսի որոգայթները
  5. Մայրը
  6. Ողական ամրոցը

Արտաքին Յղումներ

Խմբագրել