Սարգիս Խարտալեան

Սարգիս Խարտալեան (1939, Պէյրութ, Լիբանան - 2 Մայիս 1982(1982-05-02), Սիէթըլ, Ուաշինկթըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), լիբանանահայ ջութակահար։

Սարգիս Խարտալեան
Ծնած է 1939
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Մահացած է 2 Մայիս 1982(1982-05-02)
Մահուան վայր Սիէթըլ, Ուաշինկթըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Ծնած է Պէյրութ, Մարաշցի ծնողքէ: Նախակրթութիւնը ստացած է Պուրճ Համուտի Մեսրոպեան վարժարանին մէջ, 9 տարեկանին սկսած է ջութակի դասերու, ուսուցիչ ունենալով Օննիկ Սիւրմէլեանը, 12 տարեկանին տուած է առաջին ռեսիթալը:

Պէյրութի Գեղարուեստից Ակադեմիան յաջողապէս աւարտելէ ետք, 1957-ին մեկնած է Փարիզ, ուր վեց ամիս տեղւոյն երաժչտանոցին դասընթացքներուն հետեւելէ ետք, անցած է Քոփենհակըն (Դանիա), եւ աշակերտելով հունգարացի հռչակաւոր փրոֆ. Թելմանիի, արժանացած է բարձր գնահատանքներու: Թելմանիէն սորված է նաեւ կոր աղեղով նուագելը, որուն գաղտնիքին տիրացողները շատ քիչ են:

1960-ին Դանիոյ Արքայական Պալատին մէջ փայլուն նուագահանդէս մը տալով արժանացած է մասնաւոր պատիւներու եւ թագաւորը շքանշան մը տուած է եւ տեղւոյն թերթերը գրած են այդ առիթով.

  Կրակներ կ'ելլէին տաղանդաւոր ջութակահարին մատներէն: Խարտալեան եթէ իր տաղանդին միացնէ իր մեծ եռանդն ու շարունակական կորովը, կրնայ օր մը հռչակաւոր ջութակահար մը ըլլալ:  


Նուագահանդէսներ

Խմբագրել

1960-ի Մայիսին, Խարտալեան Պէյրութի մէջ յաջող նուագահանդէս մը տուաւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Արփինէ Փեհլիվանեանի, Ճիպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ի նպաստ, Ամերիկեան Համալսարանի Չէփըլին մէջ։

1981-ին Քոփենհակընի Թիվոլի Սիմֆոնի նուագախումբին հետ Խարտալեան կը նուագէ Չայքովսքիի ջութակի քոնչերթոն եւ հայացգի նշաՆաւոր դասատու Իւան Կալամեան ունկնդրելով Սարգիսին Նուագը, արուեստագէտին կ՝ապահովէ Նիւ Եորքի Ճիւլիըրտ Երաժշտանոցի կրթաթոշակը:

1961-1966 Խարտալեան կը դառնայ Կալամեանի սիրելի աշակերտներէն մին, անկէ ստանալով նուագելու ոճ եւ թեքնիք եւ ուսուցչին յանձնարարութեամբ 1966-ին կ՝ընդունուի որպէս առաջին ջութակահար Սիաթըլի Սիմֆոնիք Նուագախումբին[1]:

1966-1980 նուագախումբին մաս կազմելով հանդերձ, Ռեսիթալներ կու տայ Պէյրութի, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի զանազան քաղաքներու մէջ։

1980-ին, 12 թեկնածուներուն մէջէն կ'ընտրուի Սիաթըլի նուագախումբի «concertmaster»։ Նաեւ կը դասաւանդէ որպէս օգնական փրոֆ. երաժշտութեան Ուոշինկթընի Համալսարանին մէջ, 1974-ի Փետրուար 3-ին, Լոս Անճելոսի Միուէլիք Սենթըրի մէջ, նուագած է Արամ Խաչատուրեանի ջութակի քոնչերթոն, Արշակ Տիգրանեանի գլխաւորած Հայ Համանուագային Երաժշտական Միութեան կազմակերպած նուագահանդէսին:

Խարտալեան մահացած է սրտի կաթուածի հետեւանքով, 2 Մայիս 1982ին, Սիաթըլի մէջ անձնական ռեսիթալի մը ընթացքին նուագած պահուն։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել