Սիմոն Սամսոնեան

Սիմոն Սամսոնեան (1916, Սամսուն - 2003, Նիւ Եորք), հայ նկարիչ։

Սիմոն Սամսոնեան
Ծնած է 1916
Ծննդավայր Սամսուն
Մահացած է 2003
Մահուան վայր Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Եգիպտոս
Ազգութիւն Հայ
Ուսումնավայր Գալուստեան Ազգային Վարճարան[1]
Մասնագիտութիւն Նկարիչ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Մեծ եղեռնի օրերուն կորսուած է հարազատներէն: 1922 թուականին Իզմիրի որբանոցի աշակերտներուն հետ փոխադրուած են Յունաստան, 1929 թուականին՝ Եգիպտոս: Սորված է Գահիրէի Գալուստեան ազգային վարժարանը, 1935 թուականին լաւագոյն մրցանակով աւարտած է տեղի «Լիոնարտոյ Տա Վինչի» գեղանկարչութեան իտալական վարժարանը: 1960 թուականին իմացած է եղեռնէն մազապուրծ քրոջ գոյութեան մասին եւ տեղեկացած է որ իրենց ընտանեկան ազգանունը Կլուճեան եղած է: 1968 թուականին գաղթած է Նիւ Եորք, ԱՄՆ, միացած է քրոջը եւ շարունակած է ստեղծագործական աշխատանքը: 1977 թուականին տպագրուած է անոր ստեղծագործութիւնները մեծածաւալ քաթալոկը:

1935-1967 թուականներուն մշտապէս մասնակցած է «Գահիրէի Սալոն» արուեստի միութեան ամենամեայ ցուցահանդէսներուն (արժանացած է երեք ոսկէ մետալի (1964, 1965, 1967) եւ միջազգային ցուցահանդէսներու:

Ունեցած է բազմաթիւ անհատական ցուցահանդէսներ (Գահիրէ՝ 1936 թուականին եւ 1949 թուականին, Պէյրութ՝ 1965 թուականին եւ 1966 թուականին, Աթէնք 1968 թուականին, Նիւ Եորք՝ 1968 թուականին եւ 1972 թուականին եւ այլն) 1973 թուականին՝ Երեւան:

2015 թուականին Ամերիկայի հայկական թանգարանի Ատել եւ Հայկ Տէր Մանուէլեան պատկերասրահը տեղի ունեցած է Սիմոն Սամսոնեան աշխատանքներուն յետմահու նոր ցուցահանդէսը՝ «Բացայայտուած վարպետը Սիմոն Սամսոնեան Արուեստը» խորագրով[2]:

Գործերէն են՝ «Մանուկը Գրելու Ընթացքին», «Մայրական Գուրգուրանք», «Կար Ընող Կինը», «Երեխաներ», «Եգիպտոս», «Թախիծ», «Ծովափին»:

Գրականութիւն

Խմբագրել

M. Haigentz, Simon Samsonian: his world through paintings, Armenian General Benevolent Union, 1978[3]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Հայկական սովետական հանրագիտարան, հատոր 10 — հատոր 10. — է. 160.
  2. AMA to Feature Exhibition on Simon Samsonian
  3. M. Haigentz, Simon Samsonian: his world through paintings

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։