Վարդաջուր
Վարդաջուր, գեղաբոյր ջուր, ստացուած վարդի թերթիկներէն։ Կը գործածուի անուշահոտերու պատրաստութեան, զանազան անուշեղէններու եւ ճաշերու մէջ։ Ունի նաեւ բժշկական եւ կրօնական գործածութիւն։
Պատմական Անդրադարձ
ԽմբագրելՀաւանական է, որ Պարսկաստանի Սասանեան Հարստութեան շրջանին, Վարդի տարբեր տեսակներ կը մշակուէին՝ ստանալու համար վարդի իւղ, անուշահոտ եւ վարդաջուր: Պարսկաստանի մէջ ծանօթ էր «կոլապ» golāb անունով, իսկ Բիւզանդական կայսրութեան մէջ՝ «զուլափին» (zoulápin)։
Հին ժամանակներէն վարդը ունեցած է բժշկական եւ սննդական գործածութիւն, ինչպէս նաեւ եղած է անուշահոտի պատրաստութեան գլխաւոր բաղկացուցիչներէն։ Հին յոյները, հռոմէացիներն ու փիւնիկեցիները մեծ կարեւորութիւն կու տային վարդի պարտէզներու մշակման։
Հակիրճ Տեղեկութիւններ
ԽմբագրելՎարդաջուրը կը ստացուի վարդի թերթիկներու թորումով․ այս գործառնութիւնը առաջին անգամ զարգացած է Պարսկաստանի մէջ։
Վարդաջուրի Գործածութիւնը
ԽմբագրելՈւտելիք
ԽմբագրելՎարդաջուրը նրբահոտ ըլլալով, կը գործածուի Պարսկաստանի, Միջին Արեւելքի եւ Միջերկրականի աւազանի արեւելեան շրջաններու խոհանոցներուն մէջ․ անուշեղէններու պատրաստութեան՝ մատոլաթօ, հրուշակի ծաղ, պտղամածնիտ, հանգստապատառ, մահլեպի (կիպրական, պահքի անուշեղէն), նուշի հայս, եւ այլն։ Պարսկաստանի, Հնդկաստանի, ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներուն մէջ պաղպաղակի, թէյի, լիմոնի օշարակի եւ կարգ մը կաթնեղէններու բաղկացուցիչ տարրերէն է, իսկ Մալեզիա եւ Սինկափուր վարդաջուրով կաթը կը լուծուի ալքոլով եւ կը վերածուի՝ պանտունկ bandung ըմպելիի։ Անգլիոյ Եորքշայր շրջանին մէջ, վարդաջուրը կը գործածուի ծանօթ եւ սիրուած քըրտ (curd) կաթնեղէնի պատրաստութեան համար։
Վարդի Օշարակ
ԽմբագրելՎարդի օշարակը կը պատրաստուի վարդաջուրով եւ շաքարով։
Գեղադեղ
Խմբագրել- Վարդաջուրը անուշահոտերու եւ ծեփուկներու գլխաւոր բաղադրիչն է։
- Միջնադարեան Եւրոպայի մէջ, վարդաջուրը կ'օգտագործուէր անուշահոտերու, ձեռքերը լուալու եւ ճաշասեղանը մաքրելու համար։
- Հնդկաստանի աւանդական բժշկութեան մէջ վարդաջուրի կաթիլները կ'օգտագործուին աչքերու մաքրութեան համար, իսկ իբրեւ հեղուկի ցայտուկ՝ կը սրսկեն դէմքին եւ մարմինին վրայ։ Անցեալին, հնդկական հարսանիքներուն հիւրերուն վարդաջուր կ'առաջարկէին։
- Վարդաջուրը օգտագործուած է նաեւ Հին Եգիպտոսի մէջ: Անիկա կղէոպատրա թագուհիին գեղեցկութեան գաղտնիքն էր՝ կանանց գեղեցկութեան մեծ կերպարը[1]:
- Վարդաջուրը ունի հակաօքսիտան, հակաբորբոքային յատկութիւններ։
- Վէրքեր եւ կտրուածքներ վիրակապելու պարագային, անիկա կը բուժէ վէրքերը եւ կը մաքրէ զանոնք մանրէներէն։
- Կը բուժէ սպիները։
- Կ'օգնէ մազերու արագ եւ առողջ աճին:
- Կ'օգտագործուի ծակոտիները մաքրելու համար։
- Ձմրան վարդաջուրը կարելի է օգտագործել ցուրտ եղանակին մաշած, չոր ու ճաքճքած մաշկը պաշտպանելու համար։ Անիկա կը փափուկցնէ մաշկը եւ զայն կը պահէ խոնաւ[2]:
- Վարդաջուրը կը նուազեցնէ մաշկային հիւանդութիւններու ախտանիշները, ինչպէս՝ էկզեման եւ սունկերը:
- Վարդի ջուրը կը նուազեցնէ աչքերու տակ գտնուող պարկերը:
- Վարդի ջուրը բնական միջոց է դիմայարդարումէն ետք դէմքը մաքրելու համար։
- Գլխացաւի լուծում է։
- Արդիւնաւէտ է շնչառական հարցերը մեղմելու համար՝ հանգստացնելով կոկորդի ցաւը:
- Վարդաջուրը կ'օգտագործուի ակռաներու եւ լինտերու վարակներու, ինչպէս նաեւ բերանի տհաճ հոտը լուծելու համար: Անիկա կը վերացնէ լինտերու ցաւը։
- Կը խոնաւցնէ եւ կը սնուցանէ շուրթերը:
- Կ'օգնէ պնդութեան:
Կրօնք
ԽմբագրելՎարդաջուրը իբրեւ անուշահոտ կը գործածուի մահմետական, հինտուիզմ, քրիստոնէական արեւելեան (եկեղեցիներու) եւ զրադաշտական ծէսերուն։
Վարդաջուրի Փառատօն
ԽմբագրելԱմէն տարի գարնան, կեդրոնական Կոլապկիր Պարսկաստան կը կատարուի վարդերու փառատօնը․ այցելուներ եւ զբօսաշրջիկներ ձեռքով վարդի ծաղիկներ կը քաղեն եւ վարդաջուրի՝ «կոլապ» golâb (պարսկ․՝ گلاب) պատրաստութեան կը մասնակցին։ Պարսկաստան կ'արտադրէ աշխարհի վարդաջուրի 90%[3] [4] [5] [6] [7]:
Ամէն տարի Մայիսի սկիզբին, Իրանի Ֆարս եւ միւս նահանգներէն մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ կը մասնակցին Մեյմանտի ծաղիկներու եւ վարդերու փառատօնին, որուն ընթացքին կ'այցելեն դամասկեան վարդի այգիներ եւ կը հետեւին ծաղիկները քաղելու ընթացքին, ինչպէս նաեւ կը ծանօթանան այնպիսի աւանդական արարողութիւններու հետ, ինչպէս վարդաջուրի թորումը[8]:
Տե՛ս նաեւ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Վարդաջուրը՝ Հին Եգիպտոսի մէջ
- ↑ «Յատկանիշներ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-09-13-ին։ արտագրուած է՝ 2022-09-13
- ↑ Բարեկեցութիւն - տնական վարդաջուր, 2022[permanent dead link]
- ↑ kopiaste – Մահալեպի եւ վարդեջուր(յունարէն)
- ↑ Անուշահոտի պատրաստութիւնը Սասանեան կայսրութեան ժամանակին, 25-3-2013, Ֆիրուզեհ Միրազաուի(անգլերէն)
- ↑ Վարդը հին ժամանակներուն(անգլերէն)
- ↑ Աւագ շաբաթ․ 6-3-2012, Fr Tom’s Corner(անգլերէն)
- ↑ «Վարդի Փառատօնը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-09-13-ին։ արտագրուած է՝ 2022-09-13
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Կոլապկիրի(անգլերէն)
- Վարդերու հովիտը, Պուլկարիա(յունարէն)
- Վարդաջուրի Փառատօն Archived 2022-09-13 at the Wayback Machine.