Վարդի իւղ, վարդի տարբեր տեսակներու թերթիկներէ ստացուած վարդաբոյր դեղնորակ հիմնական իւղ՝ քաղուած ջրաթորումի գործողութեան ընթացքին։  Կ՛ օգտագործուի յատկապէս բարձրորակ օծանելիք պատրաստելու համար։

Վարդի իւղ, Տամասքենա վարդ Rosa damascena

Հակիրճ տեղեկութիւններ

Խմբագրել
 
Վարդի քաղում, Պարսկաստան․1887-ի նկարչութիւն, Հենրի Սիտոնս

Վարդի տարբեր տեսակներու մշակումը հաւանաբար ծագում ունի Պարսկաստանի Սասանեան Հարստութեան շրջանէն․ վարդը կը մշակուէր, որպէսզի վարդի իւղ, անուշահոտ եւ վարդաջուր ստացուի։ 

Մինչեւ այսօր, աշխարհի չորս ծագերուն, վարդի իւղը անուշահոտերու հիմնական բաղադրութիւնն է։

Վարդի իւղը վարդաջուրին կողմնակի արտադրութիւն մըն է։ 

Վարդաբոյրի գլխաւոր մոլեքիւլը «citronellol» (C10H20O) է։ Վարդի իւղը կը պարունակէ նաեւ ուրիշ մասնիկներ՝ մոլեքիւլներ, որոնցմէ գլխաւորներն են «β-Damascenona», «beta-Damascone», «ionone» եւ վարդի թթուիտ (ոքսիդ)։

Մօտաւորապէս 3.000 քիլօ ձեռքով քաղուած վարդի ծաղիկ անհրաժեշտ է, որպէսզի մէկ լիթր վարդի իւղ ստացուի։

Բաղկացուցիչներ

Խմբագրել

Վարդի իւղ արտադրելու համար, վարդի երկու գլխաւոր տեսակներ կը մշակուին․-

 
Ազգային Բազմարուեստարանի ցուցահանդէս․ վարդի իւղի մասին, Սոֆիա, Պուլկարիա

Պուլկարական վարդի իւղը իր յատկանիշներով կը տարբերի մնացեալ վարդի իւղերէն։  Ան ունի մօտաւորապէս 283 յատկանշական բաղկացուցիչներ, ինչպէս օրինակ՝  

  • Բաց դեղին գոյն ունի, կանանչագոյն երանգով,
  • Խտութիւնը կը նմանի նուշի իւղին,
  • Զօրաւոր բիւր ունի եւ սուր բալասանային համ,
  • Հեղուկ եւ հաստատուն բաղակցուցիչներուն բաղադրութիւնը հիանալի է։

Արտադրութիւն

Խմբագրել

Վարդի իւղի արտադրումին համար, անհրաժեշտ է բանուորներու մեծ թիւ մը․ բազմաթիւ ձեռքեր, որովհետեւ վարդի ծաղիկները ձեռքով կը հաւաքուին առաւօտ կանուխ՝արեւածագին, եւ նոյն օրը թորումը կը կատարուի։

[1] [2] [3] [4] [5]

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Վարդաջուր

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել