Հանգստապատառ (լոխում)

Հանգստապատառ (լոխում)․ (արաբերէն՝ هولهوم ḥlqwm/ hulhum) արաբական ծագումով քաղցրեղէն, տարածուած յատկապէս արաբական, Միջերկրականի աւազանին արեւելեան եւ հարաւային (հիւսիսային Ափրիկէ) ափերու երկիրներուն մէջ: Անկէ յառաջացած է թրքերէն «lokum» անունը․ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին լոխումը յայտնաբերուած է ԺԵ․ դարուն։

Հանգստապատառ
Ենթատեսակ քաղցրաւենիք
Առաջացման երկիր  Օսմանեան Կայսրութիւն

Հակիրճ Տեղեկութիւններ Խմբագրել

  • Թրքերէն բացատրութիւնն է ռահա(թ)՝ հաճոյք, յարմարաւէտութիւն, երջանկութիւն, իսկ լոխում՝ կտորներ։ Բառը յառաջացած է արաբերէն rahat al-hulqum արտայայտութենէն, զոր կարելի է թարգմանել իբրեւ «քիմքի համար հաճելի»[1]։
  • ԺԸ. դարու վերջը, հրուշակագործ Ալի Մուխխիտին հաճի Պեքիրը իր պատրաստած նոր քաղցրաւենիքը մատուցած է թուրք սուլթանին, զոր շատ սիրած է: Հետագային ան ստեղծած է քանի մը նոր տեսակներու լոխումներ՝ ընկոյզներու օգտագործմամբ:
  • ԺԹ. դարու վերջը, անոր թոռը՝ Մեհմետ Մուխխիտինը, Պրիւքսէլի մէջ կայացած ցուցահանդէսին ներկայացուցած է լոխումը եւ պարգեւատրուած՝ ոսկեայ շքանշանով: Հետագային ան սկսած է «արեւելեան քաղցրաւենիք»ը Եւրոպային մատակարարել եւ զայն հասանելի դարձնել ամբողջ աշխարհին:
  • Հանգստապատառը ընդհանրապէս կը պատրաստեն անուշավաճառներ եւ քաղցրեղէն արտադրող փոքր արհեստանոցներ։ 
 
  • Ժամանակին անուշավաճառները հանգստապատառ պատրաստելու համար կը գործածէին պղինձէ հսկայ կաթսաներ կամարագոգ յատակով եւ կ'աշխատէին կրակին վրայ։ Շաքարը կը հալեցնէին, կ'աւելցնէին նուշի փոշի, եգիպտացորենի ալիւր եւ տարբեր հոտեր՝ վարդաջուր, եւ այլն։ Խառնուրդը մեծ շերեփով մը շարունակ կը խառնէին, որպէսզի կաթսային յատակին չկառչէր։ Այժմ կը գործածուին արտադրութեան արդի ձեւեր։
  • Քաղցրեղէն մըն է, որ սառնարան չ'ուզեր եւ բաւական ժամանակ կը դիմանայ։ Սակայն նախընտրելի է թարմ ուտել՝ օրը օրին։
  • Հանգստապատառը կը մատուցուի խորանարդաձեւ փոքր կտորներու կտրուած, ինչպէս նաեւ երկու երկնեփներու (biscuit) միջեւ եւ նոյնիսկ՝ տուրմով ծածկուած [2]։ Գոյութիւն ունին զանազան տարատեսակներ․ տարածուած են՝ վարդի, արքայատանձի եւ մաստիհայի (Mastic) համերով։ Ընդհանրապէս կը պարունակէ նուշ, սակայն վերջին տասնամեակներուն պարունակութիւնը հարստացած է ուրիշ միրգերով կամ մրգափոշիներով, ինչպէս օրինակ՝ պիստակ, հնդկընկոյզ, նոյնիսկ՝ տուրմ։ 
  • 2018-ի տուեալներով, հանգստապատառը կ'արտադրուի աշխարհի աւելի քան 60 երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Ասիոյ, Եւրոպայի (Ռուսաստան, Ուքրանիա, Պելառուսիա եւ այլն), Լատին Ամերիկայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի։

Յունաստան Խմբագրել

 

Հակառակ անոր, թէ հանգստապատառը Էգէականի արեւելեան յունահոծ ափերուն լայն ընդունելութիւն գտած էր եւ գլխաւորաբար յունական փոքր արհեստանոցներէ կ'արտադրուէր, Յունաստանի մէջ կը տարածուի ԺԹ․ դարուն։ Սիրոս կղզին արտադրուած հանգստապատառը (λουκούμι) հռչակ ունի․ անիկա կղզիին գլխաւոր արտադրութիւններէն է։ Հիւսիսային Յունաստանի Սերես շրջանը իր ուրոյն լոխումը կ'արտադրէ, որ «աքանես» կը կոչուի․ անիկա իւրայատուկ համ մը ունի, որովհետեւ այծի կարագ կը պարունակէ։ Նաեւ Գոմոթինիի շրջանը կ'արտադրուի լոխումի երշիկաձեւ տեսակը, որ ընկոյզ կը պարունակէ։

Եւրոպական Միութեան կողմէ հաստատուած մակնիշ Խմբագրել

Հանգստապատառի միակ տեսակը, որուն անունը (մակնիշը) Եւրոպական Միութեան կողմէ հաստատուած է Կիպրոսի «Երոսքիփու Լոխում»ն է․ Երոսքիփու Լոխում Loukoumi Geroskipou PGI (Protected geographical indication -PGI-)։

Պատկերասրահ Խմբագրել

[3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10]

Աղբիւրներ Խմբագրել

Հածիքոսթի Մ․ 2008 Երոսքիփու, Հին տարիներէն մինչեւ այսօր, Երոսքիփու քաղաքապետութիւն, Կիպրոս

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

  1. Աքանես(յունարէն)