Վարդերես Գարակէօզեան
Վարդերես Գարակէօզեան (18 Օգոստոս 1939, Պոլիս, Թուրքիա - 31 Դեկտեմբեր 2012, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), մաս կը կազմէ պոլսահայ արդի բանաստեղծներու խմբակին, որ բեղուն շրջան մը կ'արձանագրէ գրականութեան պատմութեան մէջ։
Վարդերես Գարակէօզեան | |
---|---|
Ծնած է | 18 Օգոստոս 1939 |
Ծննդավայր | Պոլիս, Թուրքիա |
Մահացած է | 31 Դեկտեմբեր 2012 (73 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Ուսումնավայր |
Ազգային Կեդրոնական Վարժարան Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունք |
Մասնագիտութիւն | բանաստեղծ, Խմբագիր, մանկագիր |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՎարդերես Գարակէօզեան ծնած է Պոլիս, 18 Օգոստոս 1939-ին, սեբաստացի ընտանիքի մէջ: Պօղոսեան-Վառվարեան վարժարան յաճախելէ յետոյ, իր գիտելիքները հիմնաւորած է Կեդրոնական վարժարանէն ներս, ուր ունեցած է հանրածանօթ դաստիարակներ – Վարդան Կոմիկեանՙ հայերէնի, Հրանդ Անդրէասեանՙ գրաբառի եւ Հայր Ներսէս Սեթեանՙ մատենագրութեան: 1958-ին աւարտած է կեդրոնական լիսէն:
Վարդերես Գարակէօզեան Պոլիսէն ետք հաստատուած է Հայաստան, ուր երկար ժամանակ տարած է մշակութային գործունէութիւն, հիմնած՝ «Էրեբունի» հրատարակչատունը ու հրատարակած՝ թանկարժէք հատորներ, ապա անցած է Ամերիկա ու բնակութիւն հաստատած՝ Լոս Անճելըսի մէջ, ուր իր մահկանացուն կը կնքէ 31 Դեկտոմբեր 2012-ին[1]։
Գարակէօզեանի «Թօ» ամսագիրը եւ «Թօ» հրատարակչութիւնը
ԽմբագրելԱյդ տարիներուն, 1959-ին, Մկրտիչ Մարկոսեանի հետ կը հիմնէր, կը խմբագրէր եւ կը հրատարակէր «Թօ» ամսագիրը, որ այդ շրջանի պոլսահայ նոր գրականութեան ամպիոնը պիտի ըլլար, առիթ ընծայելով նոր գրողներուն, որ փարին նոր կազմաւորուող գրական շարժումին, յանդուգն տեսակէտներ պարզելով ու մանաւանդ գրական դասական կապանքներէն ձերբազատ՝ նոր ոճ ու գրական նոր լեզու գործածելով, նոր գաղափարներ, նոր միտքեր, նոր ըսելիքներ արտայայտելու: Նոր խօսք ըսելու պատեհութիւն մը: Յանդուգն ու դժուարին առաքելութիւն մը արդարեւ, որ հազիւ տարի մը դիմացաւ, սակայն թողուց իր կնիքը: Բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիի համար առիթը ներկայացած էր բացատրելու եւ մեկնաբանելու իր ստեղծած «Առարկայական խորհրդանշապաշտութիւն» շարժումը:
Գարակէօզեանի «Թօ» հրատարակչութիւնը անվեհեր կերպով լոյս կ'ընծայէր աւելի քան 50 մանկապատանեկան գրքոյկներ, առիթ ընծայելով նորահաս սերունդին հայերէն կարդալու, հայ լեզուին հետ մտերմանալու կարելի եղածին չափ, ճոխացնելով հայ մշակոյթի ու գրականութեան գանձարանը, երբ Գարակէօզեան տակաւին 23 տարիքը չէր բոլորած: Հայակերտումը երկարաձգելու կարեւոր աշխատանք մը արդարեւ:
Գարակէօզեանի ուսումը Հայաստանի մէջ
ԽմբագրելԱնկիւնադարձ մը եղաւ Գարակէօզեանի կեանքին մէջ, երբ 1963-ին մեկնեցաւ Երեւան ուսանելու եւ 1967-ին աւարտեց Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժինը, աշակերտելով Մկր Մկրեանի, Էդուարդ Ջրբաշեանի, Հրանդ Թամրազեանի եւ ուրիշներու, աւելի խորացնելով իր գրական գիտելիքները, զօրացնելով իր ստեղծագործական կիրքը, մինչ իր երրորդ հատորըՙ «Շատ լաւ», լոյս կը տեսնէր Փարիզի մէջ 1965ին:
Գարակէօզեանի «Էրեբունի» հրատարակչութիւն-մատենաշարը
ԽմբագրելԱպա 1967-ին ստեղծելով «Էրեբունի» հրատարակչութիւն-մատենաշարը, լոյս ընծայեց սփիւռքահայ ժամանակակից բանաստեղծներու հատընտիրներ՝ Արսէն Ճանեանէն, Բիւզանդ Թօփալեանէն, Զահրատէն, Զարեհ Խրախունիէն, Մուշեղ Իշխանէն եւ այլ բանաստեղծներէ, իւրաքանչիւր գրքոյկը 1500 տողով, ընտրուած հեղինակներուն կողմէ:
Նաեւ իր նախաձեռնութեամբ Գարակէօզեան յարաժամ եւ մեծ եռանդով ու նուիրումով փարեցաւ հայ արուեստը տարածելու, ըլլալով հրատարակիչը նախանձելի որակով հատորներու:
Այսպէս՝
Գարակէօզեան արուեստի սիրահար մը ըլլալով՝ «Էրեբունի» հրատարակչութենէն, ծրագրած եւ հրատարակած է փոքրատիպ գունաւոր «Մանրանկարիչներ» շարքը (Թորոս Տարօնացի – 1984, Ծերուն -1984, Սարգիս Պիծակ – 1986, Գրիգոր – 1986, Թորոս Ռոսլին – 1986, Աւագ եւ ուրիշներ): Լոյս ընծայած է նաեւ «Վրձնի հայ վարպետներ» շարքը` Վարդգէս Սուրէնեան, Բաշինջաղեան, Յովհաննէս Այվազովսկի, Մարտիրոս Սարեան, Յակոբ Յակոբեան, Մինաս Աւետիսեան եւ ուրիշներ):
Հրատարակած է գեղարուեստական գրքոյկներ, նուիրուած՝ հանրածանօթ գեղանկարիչներ Ռուտոլֆ Խաչատրեանի (1985), Գրիգոր Խանճեանի (1998) եւայլն:
Իր «էրեբունի» հրատարակչատունը, որ Երեւան-Պէյրութ-Փարիզ շրջագիծի իր 10-ամեայ գործունէութենէն վերջը, 1981-ին շարունակուեցաւ Երեւան-Հելսինքի-Լոս Անճելըս՝ նոր ծիրին մէջ։ Սոյն հրատարակչութիւնը 1981-ին հրատարակած է պատկերազարդ ու գունատիպ երկու մանկական գրքոյկներ։
Գարակէօզեանի ուսումը Փարիզի մէջ
ԽմբագրելԳարակէօզեան 1967ին մեկնեցաւ Փարիզ, հետեւելու Սորպոնի գրականութեան եւ գրականագիտութեան բաժինի դասընթացքներուն, ուսումնասիրելու Անատոլուի հայ աշուղներու, քրտական բանահիւսութեան եւ ընդհանրապէս ժողովրդական մշակոյթներու հանգիտութիւններն ու մասնայատկութիւնները: Այս յաւելեալ գիտութիւնը անտարակոյս կարեւոր դեր ունեցաւ իր բանաստեղծութեան իւրայատուկ արգասիքին մէջ:
Գարակէօզեան կարեւոր ներդրում ունի նաեւ մանկապատանեկան հայ գրականութեան մէջ: Վաղ ժամանակէն ինքնագիր գործեր հրատարակած է, ինչպէս «Շնիկիս հետ», Իսթանպուլ, 1961ին, ապա Փարիզ, 1970ին: «Կենդանիներս խաղերով», Իսթանպուլ, 1962ին, իսկ երկրորդ տպագրութիւնըՙ Փարիզ 1970ին, «Վարդերես Գարակէօզեանի հանելուկները», 1981ին, եւայլն, իսկ Զարեհ Խրախունիի հետ արեւմտահայերէնի վերածած է Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթներըՙ յատկապէս մանկական աշխարհին համար եւ զայն հրատարակած է:
Գրական Կեանք
ԽմբագրելԻր առաջին բանաստեղծութիւնը Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթին մէջ
ԽմբագրելԻր առաջին բանաստեղծութիւնները լոյս տեսած են Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթին մէջ։ Ահաւասիկ նմոյշ մը տակաւին 21 տարեկանը չաւարտած Գարակէօզեանի այդ երախայրիքէն.
ԵՐԳ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ
Անգոյն ես ծովի նման
Գոյն ես փոխեր դարերով
Արքաներու թագերու շուկաներէն յամրընթաց
Անցեր ես գառի նման
Անգոյն ես հզօր խրոխտ
Մեծ վանքի քարի նման
Աղէկ ու գէշ նորն ալ կ'անցնի
կը մնաս ծովի նման:
Հրատարակած է բանաստեղծութեանց հետեւեալ գիրքերը
Խմբագրել«Իմ Մասիս», (Պոլսոյ,1960), «Զոյգ Աչքերէս», (Պոլիս, 1962, Երեւան 1967), «Շատ լաւ», (Փարիզ, 1965), «մատենաշար ժամանակակից սփիւռքահայ բանաստեղծութեան», (Պէյրութ, 1971):
Գարակէօզեան 1981ին լոյս ընծայեց «Կեանքին զուգահեռ» բանաստեղծութեան հատորը, Լոս Անճելըսի «Ապրիլ» գրատան հովանաւորութեամբ եւ Էրեբունի հրատարակչութեան կողմէ, 144 էջերու վրայ տարածուող, 6 բաժիններով: Այս քերթուածները երկնուած են Փարիզի, Մարսէյլի, Հելսինքիի եւ Պէյրութի մէջ, 1974-1980 շրջանին: Ձեւաւորում եւ գծանկարներՙ Վիգէն Թադեւոսեանի: Գարակէօզեանի ուրիշ հատորներն ալ Թադեւոսեանի կողմէ ձեւաւորուած են: Այստեղ եւս Գարակէօզեանի խոհերն ու մտորումները հիմնուած են կեանքի փորձառութեան վրայ, միշտ թելադրական ճանապարհով՝ կեանքի այլազան վիճակներու ստեղծած հաճելի կամ խոցելի երեւոյթները իր պրիսմակէն անցընելով, իր իսկ համոզումներուն վրայ հիմնուածՙ նոր ճանապարհ ցոյց կու տայ: Թէեւ անձնական մտածումներ են, սակայն իր մասին չեն այնքան, որքան ընկերութեան եւ մարդկութեան:
Գարակէօզեան 1989ին լոյս ընծայեց «Վերցրէք Մի Պուտ երկնքի Մովից» հատորը (Լոս անճելըս, հատորը դարձեալ Էրեբունի հրատարակչութեան կողմէ լոյս ընծայուածՙ 135 էջերով եւ 5 բաժիններով: Բանաստեղծութիւնները գրուած են տարբեր վայրերու մէջ, 1979-1986 տարիներուն:
Հեղինակ է նաեւ մանկական գրքոյկներու
Խմբագրել«Շնիկիս հետ», (Պոլիս, 1961, Փարիզ, 1970), «Կենդանիներս խաղերով», (Պոլիս, 1962, Փարիզ,1970):
Վ. Գարակէօզեանի «Հանելուկներ»ը (նկարող՝ Ալ. Բաղրամեան). Յովհաննէս Թումանեանի՝ «Սուտլիկ Որսկանը», (նկ. Ռ. Մանուկեան. արեւմտահայերէնով վերապատմած՝ Զ. Մելքոնեան):
«Էրեբունի» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է նաեւ «Ս. Էջմիածին» գունատիպ ալպոմը, ուր աւելի քան 100 գունաւոր վերատպութիւններով կը ներկայացուին Մայր Աթոռը՝ Ս. Էջմիածինն ու իր հարստութիւնները։
Համակրելի բանաստեղծը արտադրած է մարդասիրական ու հայրենասիրական տաղեր։ Իր ոճը առոյգ է ու կենսունակ, միեւնոյն ատեն ջերմ ու սրտայոյզ[2]:
Մրցանակ
Խմբագրել- Վ. Գարակէօզեան արժանացած է Սարգիս Պօղոսեան (ֆրանսահայ) 1961-1962 տարեշրջանի մրցանակին։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Ոչ Եւս Է Բանաստեղծ Վարդերես Գարակէօզեանը»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2013-01-02։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-02-03-ին։ արտագրուած է՝ 2020-03-31
- ↑ Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։