Վարսենիկ Աղասեան

Հայ բանաստեղծուհի, թատերագիր, մանկագիր եւ թարգմանիչ։

Վարսենիկ Աղասեան (15 Յուլիս 1898(1898-07-15)[1][2], Ճահուկ, Նախիջևանի գավառ, Երեւանի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն[1][2] - 17 Հոկտեմբեր 1974(1974-10-17)[2], Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[2]), հայ բանաստեղծուհի, թատերագիր, մանկագիր եւ թարգմանիչ։

Վարսենիկ Աղասեան
Ծնած է 15 Յուլիս 1898(1898-07-15)[1][2]
Ծննդավայր Ճահուկ, Նախիջևանի գավառ, Երեւանի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն[1][2]
Մահացած է 17 Հոկտեմբեր 1974(1974-10-17)[2] (76 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[2]
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Ազգութիւն Հայ[1][2]
Մասնագիտութիւն թարգմանիչ, բանաստեղծուհի, թատերագիր, մանկագիր, արձակագիր
Աշխատավայր Կոմունիստ (թերթ, Պաքու)[1]
Անդամութիւն Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու Միութիւն

Կեանք եւ գործունէութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Նախիջեւանի Ջահուկ գիւղը։ փոքր տարիքին ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Թիֆլիս, ուր ստացած է իր կրթութիւնը Հայուհեաց Բարեգործական ընկերութեան դպրոցէն ներս:

Վարսենիկ իր առաջին բանաստեղծութիւնը հրատարակած է 1912 թուականին՝ 14 տարեկան հասակին, «Պատանի» հանդէսին մէջ:

Ուսումը աւարտելէ ետք, 1928-1929 տարիներուն աշխատած է Պաքուի հայալեզու «Կոմունիստ» թերթի խմբագրական կազմէն ներս՝ իբրեւ գեղարուեստական գրականութեան բաժինի վարիչ: Ապա դարձած է Պաքուի ձայնասփիւռի ասմունքող եւ հաղորդավարուհի:

Աշխատութիւններ

Խմբագրել

Թատրերգութիւններ եւ բանաստեղծութիւններ

Խմբագրել

Բանաստեղծութեան կողքին Վարսենիկ գրած է նաեւ թատրերգութիւններ, որոնք ներկայացուած են Պաքուի, Ստեփանակերտի, Գանձակի եւ այլ վայրերու մէջ. անոնցմէ յայտնի է «Փոթորկուած անտառը» ներկայացումը:

Աղասեանի բանաստեղծութիւններն ու թատրերգութիւնները ժամանակի ընթացքին հրատարակուած են թէ՛ Պաքուի եւ թէ Երեւանի մէջ. անոնցմէ են․

  • «Օրերու երգը»,
  • «Ծիտիկի խինդը»,
  • «Երջանիկ մանկութիւն»ը,
  • «Ժպիտներ»ը,
  • «Մայրական յոյզեր»ը եւ ուրիշներ:

Թարգմանութիւններ

Խմբագրել

Բանաստեղծութեան ու թատրերագրութեան կողքին, Աղասեան զբաղած է նաեւ թարգմանական աշխատանքով: Պաքու գտնուած ժամանակ հայերէնի վերածած է Մեհտի Սէիզատէի, Նիզամի Կիանջեւի եւ այլ ազերի գրողներու գործերը:

Թարգմանութիւններ կատարած է նաեւ ռուսերէն լեզուէն, հայերէնի թարգմանելով Աերկէյ Միխալքովի, Նիքոլա Նեքրասովի, Ալեքսէյ Թոլսթոյի եւ ուրիշներու գործերը:

Շնորհիւ իր գրական վաստակին, Վարսենիկ Աղասեան 1934 թուականին դարձած է Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ[3]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել