Տարօնիկ գիւղ (Հ․Հ․)

ՏարօնիկԱրարատեան դաշտի գիւղ, Հ․Հ․ Արմաւիրի կազմին մէջ։ Կը գտնուի Երեւանէն 35 քլ․ հիւսիս-արեւմուտք, Վաղարշապատէն (Էջմիածին) 8 քլ․ հարաւ-արեւմուտք։

Տարօնիկ գիւղը եւ Մեծամօրի բնակավայրի տարածքին գտնուող վիշապաքարերը՝ հին ժամանակներուն «կը հսկէին» ջուրի հոսանքը

Հակիրճ տեղեկութիւններ

Խմբագրել
 
Տարօնիկ․ ջրհաւաքի համակարգ

Տարօնիկ, բարձրադիր գիւղ մըն է, ծովի մակերեսէն բարձրութիւնը 845 մ․ է, իսկ բնակչութեան թիւն է 2 036։

Բնակչութիւնը կը զբաղի այգեգործութեամբ եւ անասնապահութեամբ։ Ջուրի մատակարարումը անբաւարար կը նկատուի եւ ջանք կը թափուի հարցը լուծելու։

Հին անունը Զէյվա* եղած է․ բնակչութեան մեծ մասը Արեւմտեան Հայաստանի շրջաններէն (Վան, Պիթլիս, Մուշ) գաղթականներուն թոռներ ու ծոռեր են։

Զէյվա անունը կը վերաբերէ ժամանակին երկու հայաբնակ գիւղերու․ մին Արեւմտեան Հայաստանի Վանի նահանգին հարաւ-արեւմտեան մասին՝ Կարճկանի գաւառակ, իսկ երկրորդը Պատմական Հայաստանի Նախիջեւանի Շարուրի շրջանը աժմ Ատրպէյճանի սահմաններէն ներս Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւն։

Տարօնիկ գիւղին հարաւ արեւելեան մասին կը գտնուի Մեծամօրի բնակավայրը։ Հնագիտական պեղումներէն յայտնաբերուած հնավայրը, կը ցուցնէ թէ շրջանը բնակուած է Ք․Ա․ 4-րդ հազարամեակէն սկսեալ եւ եղած է մշակոյթի եւ առեւտուրի կեդրոն։ Ունեցած է աստղադիտարան, մետաղաձուլարան, միջնաբերդ, գերազմանատուն։ Գտնուած հնագիտական իրերը կը տեղադրուին Մեծամօրի պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանին մէջ։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. Զէյվա․ ուրիշ կիրաոումներ