Փաթմոս (յուն․՝ Πάτμος), հարաւային Էգէականի հրաբխային կղզի, Տոտեքանիսա, Յունաստան։ Մայրաքաղաքն է Հորա* (կամ Փաթմոս)։ Կը գտնուի Սամոսին հարաւը, Իքարիային հարաւ-արեւելքը, Լերոսին հիւսիս-արեւմուտքը։

Կղզի
Փաթմոս
Πάτμος
Փաթմոս․ Հորա՝ Փաթմոսի բերդը, ուր կը գտնուի Ս․ Յովհաննու Աստուածաբանի Վանքը՝ Եունեսքոյի Համաշխարհային Ժառանգութեան Յուշարձան
Երկիր Յունաստան, էգէական ծով
Շրջան Տոտեքանիսա
Տարածութիւն 34,14 քմ²
ԲԾՄ 269 մեթր
Բնակչութիւն 3047 մարդ (2011)
Կը գտնուի ափին Էգէական Ծով
Ժամային գօտի UTC+2 եւ UTC+3։00
Փոստային ցուցանիշ 855 xx
Պաշտօնական կայքէջ patmos.gr
Փաթմոս․ Աշխարհագրական դիրքը

Հորա․ յունական կղզիներու մայր գիւղին կամ քաղաքին տրուած անուն, որ կ՛ ընկերակցի տուեալ գիւղին կամ քաղաքին բուն անունին (մայրաքաղաքի իմաստ ունի)։

Ընդհանուր տեղեկութիւններ Խմբագրել

 
Փաթմոս

Տարածութիւնն է 34,142 քլ․² եւ ծովեզր՝ 70 քլ․։ Բնակչութեան թիւն է՝ 3 047։ Կղզիին մակերեսը ժայռոտ եւ անջրդի է։ Բաղկացած է երեք մասերէ որոնք իրարու կապուած են երկու նեղուցներով։ Բարձրագոյն կէտը ՝ Փրոֆիթի Իլիաս (270 մեթր) կը գտնուի կեդրոնը, Հորային (Փաթմոս) հարաւը։ Մնացեալ երկու բարձր կէտերն են Սքլաւես (հիւսիսը) եւ Փրասօ (հարաւը)։

Կղզին ունի բազմաթիւ հրուանդաններ եւ շրջապատուած է նոյնքան կղզիակներէ, որոնցմէ գլխաւորներն են՝ Փրասոնիսի, Թրաղոնիսի, Հիլիոմոտի, Այիա Թեքլա, Այ Եորղիս, Սքլաւա, Սքլաւոփուլա, Պալամու կղզիակներու համալիր, եւայլն։

Փաթմոս, Ասթիփալէա, Լերոս, Լիփսի եւ Աղաթոնիսի կղզիներուն հետ մաս կը կազմեն Քալիմնոս նահանգին։ Իսկ Փաթմոսի քաղաքապետութեան կը պատկանին Արքի եւ Մարաթի։

Սքալա մեծագոյն բնակավայրն է եւ նաւահանգիստը։ Մնացեալ բնակաբայրերն են՝ Քամպոս եւ Հրիստոս (հիւսիս), Ղրիքոս եւ Սափսիլա (հարաւ)։ Ցիր ու ցան բնակարաններով շրջաններ են՝ Լամպի, Վաղիա, Լեֆքես, Էփսիմիա եւ Տիաքոֆթի։

Պատմական ակնարկ Խմբագրել

 
Սուրբ Յովհաննու Աստուածաբանի Վանք․ կը գտնուի Հորա - Եունեսքոյի Համաշխարհային Ժառանգութեան Յուշարձան

Փաթմոս հին գրագէտներուն արձանագրութիւններուն մէջ Թուքիտիտիս (3, 33), Ստրապոն (10, 448) կը նշուի իբրեւ Փաթնոս։

 
Քարայրը ուր Յովհաննէս առաքեալ գրեց «Յայտնութիւն»ը

96-ին Փաթմոս կ՛ ապաստանի Յիսուսի աշակերտներէն՝ Յովհաննէս առաքեալը (կամ Յովհաննէս Աստուածաբանը) եւ կը գրէ «Յայտնութիւնը» (հին յուն․՝ Ἀποκάλυψις Ἰησοῦ Χριστοῦ)։

 
Սուրբ Յովհաննու Աստուածաբանի վանքին մէջ

Ժ․ դարուն կղզին ինչպէս (Էգէականի մնացեալ կղզիները) ծովահէններու յարձակումներէն մեծ վնասներ կը կրէ եւ գրեթէ կ՛ ամայանայ։ ԺԱ․ դարուն կը հիմնուի Սուրբ Յովհաննու Աստուածաբանի վանքը միաբան (հետագային սրբացած) Հրիստոտուլոսին կողմէ։ 1088-ին կը հիմնուի «Փաթմատիա Դպրոց»ը։ ԺԲ․րդ եւ ԺԳ․րդ դարերուն վանքը կը կողոպտուի Վենետիկցիներուն եւ արեւմուտքէն ներխուժող ծովահէններէն։

1453-ին, Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումէն ետք, կղզին կը հաստատուին գաղթականներ Պոլիսէն։ Կը զարգանայ բնակավայրը՝ Հորա, ուր հետագային Կրետէէն գաղթականներ հոն ապաստան կը գտնեն։ Կղզիին դիմագիծը կը փոխուի։ Փաթմոս մշակոյթի կեդրոն կը դառնայ։

Փաթմոս անջրդի ըլլալով, բնակիչները նաւագնացութեամբ կը զբաղին։ Օսմանցիներուն եւ արեւմտեան Եւրոպայի պետութիւններուն հետ կապերու հաւասարակշռութիւնը կը պահեն, զօրացնելով իրենց առեւտուրը եւ նաւատորմիղը։ ԺԷ․ դարուն Փաթմոս կը դառնայ նաւային եւ առեւտուրի կեդրոն․ այս ուղղութեամբ Սուրբ Յովհաննու Աստուածաբանի վանքը իր «Փաթմատիա Դպրոց»ով մեծ ներդրում կ՛ ունենայ։

1770-ին Օրլոֆեան ապստամբութեան ընթացքին կղզին ռուսերը կը գրաւեն։ Քիւչուք Քայնարծիի դաշինքէն (1774) օգտուելով, Փաթմոսի բնակիչները կը կառուցեն աւելի մեծ նաւեր, կը գործածեն ռուսական դրօշը եւ կը զարգացնեն ծովային առեւտուրը։

Միաժամանակ կը զարգանայ մշակոյթը։ 1769-ին «Փաթմատիա Դպրոց»ը կը բարեփոխուի՝ «Ազգի Ընդհանուր Դպրոց»․ յունական աշխարհի ուսման գլխաւոր կեդրոններէն մէկը կը դառնայ։

9 Յուլիս 1832-ին Կոստանդնուպոլսոյ Դաշինքով, Փաթմոս կրկին օսմանցիներուն ձեռքը կ՛ անցնի։ 1912-ին իտալացիները կղզին կը գրաւեն եւ 1947-ին վերստին Յունաստանին կը միանայ։

Պատկերասրահ Խմբագրել


[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել