Փաթրիք Տէվէճեան
Փաթրիք Տէվէճեան, (26 Օգոստոս 1944[1][2][3][…], Ֆոնթենեպլօ[3] - 28 Մարտ 2020[3][4], Անթոնի[5][3]), ֆրանսահայ ականաւոր քաղաքական գործիչ, նախարար, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի անդամ, իշխող Ժողովրդական շարժման միութիւն կուսակցութեան (ԺՇՄ, UMP) նախկին գործադիր գլխաւոր քարտուղար։ 1983-2002 թուականներուն Անթոնիի քաղաքապետն էր, 2007 թուականէն ի վեր Օ-տե-Սեն նահանգի Գլխաւոր Խորհուրդի նախագահը։ 2014-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնին առթիւ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան միջեւ բարեկամական կապերու ամրապնդման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար պարգեւատրուած է Պատուոյ շքանշանով[11]։
Ան նպաստած է Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ընդունման աշխատանքներուն:[12]
Փաթրիք Տէվէճեանը մահացած է 29 Մարտ 2020-ին՝ թագաժահրի 2019-ի համաճարակին պատճառով, քանի մը օր առաջ՝ դրական ախտորոշումէն յետոյ, զինք հիւանդանոց տեղափոխելէն ետք: Զինք փոխարինող Ժաք Լըկռանը՝ Անթոնիի փոխ քաղաքապետը, յաջորդեց զինք նահանգային խորհուրդին մէջ:
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է հայ գաղթականներու ընտանիքի մէջ: Հայրը՝ Ռոլանտ Տէվէճեան, ծագումով Սեբաստացի էր: Փոքր տարիքին կորսնցուցած է մայրը: Ուսանած է Սեւրի հայկական քոլէճի մէջ, ապա՝ Փարիզի II համալսարանի մէջ: Հինգ անգամ ընտրուած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի անդամ: Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւերու նախաձեռնողն ու համահեղինակն էր: 2002-ին նշանակուած է Ֆրանսայի տեղական ինքնակառավարման հարցերու նախարար: 2004-2005 թուականներուն եղած է արդիւնաբերութեան նախարար, ապա՝ տնտեսական զարգացման ծրագիրներու նախարար: Տէվէճեանը յայտնի է Հայ Դատի համար իր պայքարով: ԱՍԱԼԱ-ի մարտիկներու դատավարութեան ժամանակ հանդէս եկած է որպէս անոնց փաստաբան: Շարունակաբար աջակցած է Տաւուշի սահմանամերձ գիւղերուն: Ան Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ժաք Շիրաքի փաստաբանն էր եւ Նիքոլա Սարքոզիի ընկերը եւ հիմնական գաղափարակիցներէն մէկը:
Երիտասարդութիւն եւ ընտանեկան կեանք
ԽմբագրելՀայրը՝ Ռոլան Տէվէճեանը, հայ ճարտարագէտ, ծնած էր Սվազի մէջ՝ Թուրքիա եւ գաղթած՝ Ֆրանսա Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով: Մայրը՝ Մոնիք Վալուան, ծնած էր Պուլոնյ-սիւռ-Մեռում: Փաթրիք Ռոլան Գարեգին Տէվէճեանը աշակերտած է Ֆռեթ-սիւռ-Սենի համայնքային դպրոցին մէջ, Սեւրի Սամուէլ-Մուրատ հայկական քոլէճին մէջ, այնուհետեւ Ֆենըլոնի դպրոցի եւ Lycée Condorcet մէջ:
Փաթրիք Տէվէճեանը ուսումը շարունակած է Ասասի Իրաւաբանական կաճառին մէջ, այնուհետեւ Փարիզի Քաղաքական հետազօտութիւններու հիմնարկին մէջ, որու տիպլոմը չստանար: Ալճերիոյ մէջ պատերազմը ան կ՚ընկալէ որպէս հակամարտութիւն իսլամներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ, որ իրեն կը յիշեցնէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, որմէ փախած էր իր հայրը[13], եւ այսպիսով, այս ամէնը զինք կը դրդէ երիտասարդական ազգային ներգրաւուածութեան: 1963-ին՝ 17 տարեկանին, ան կը միանայ «Արեւմուտք» հիմնադիր խումբին (որ կը լուծարուի 1968-ին եւ կրկին կը կազմաւորուի «Նոր կարգ» անուանումով): 2014-ին «Մոնթ»-ին տրուած հարցազրոյցին մէջ ան կը յայտարարէ. «Ես լիովին սխալած եմ եւ կ՚ընդունիմ, սակայն ոչ մէկ յանցագործութեան համար պատասխանատու չեմ[14]»:
1969-ին ան կ՚ամուսնանայ Սոֆի Ֆանպրեմերշի հետ, որ ճեներալ Քլոտ Ֆանպրեմերշի աղջիկն էր: Զոյգը կ՚ունենայ չորս երեխայ, որոնցմէ Թոման[15], Պետական կառավարման բարձրագոյն դպրոցի ուսանող եւ նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեայ է:
Փաթրիք Տէվէճեանը 1970-էն Փարիզի փաստաբաններու պալատի անդամ է: Ան ստանձնած է Ժաք Շիրաքի եւ Շարլ Փասքայի դատական գործերու պաշտպանութիւնը:
Քաղաքական ճանապարհ
ԽմբագրելՍկիզբը, ծայրայեղ աջակողմեան
Խմբագրել1964-ին Փաթրիք Տէվէճեանը, ինչպես Ալէն Մատլէնը, Էտուէ Նովելին, Քլոտ Կոասկէնը կամ Ժեռառ Լոնկէն, կը միանայ Փիեռ Սիտոյի հիմնադրած «Արեւմուտք» աջ ծայրայեղական ջատագովներու խումբին: Նոյեմբեր 1965-ին Տռակինանի ուղղիչ դատարանը Փաթրիք Տէվէճեանն ու Ալէն Մատլէնը կը դատապարտէ մէկ տարուան պայմանական ազատազրկման, զէնքի գողութեան եւ անօրինական պահելու համար[16][17][18]:
Փաթրիք Տէվէճեանը «Արեւմուտք» խմբաւորումէն իր հեռանալը կը համարէ 1966-ին, երբ հանդիպեցաւ Ռէյմոն Առոնին: Մինչդեռ, Ապրիլ 1966-ին ան այլ ծայրայեղ ազգայնականներու հետ, որոնցմէ մէկն ալ Ալէն Մատլէնն էր, աշխուժօրէն կը մասնակցի Օտէոնի թատրոնի դիմաց կազմակերպուած ցոյցերուն՝ ընդդէմ Ժան Ժընէի «Paravents» ներկայացման, որն աջ ծայրայեղականները կ՚ընկալէին որպէս ոտնձգութիւն գաղութարար Ֆրանսայի քաջ կեցուածքին: Ըստ լրագրող Ֆրետերիք Շառփիէի, որ յղում կ՚ընէ «Լիպերասիոն» օրաթերթին, Տէվէճեանը այս միաւորման անդամ էր առնուազն մինչեւ Յունուար 1967, իսկ իր հեռացումը այդ ժամանակ իշխող կործանարար մթնոլորտի հետեւանքն էր: Իրեն կը մեղադրեն Յունուար 1967-ին, «Արեւմուտք»-ի կազմակերպած խափանարարական խումբի մը մասնակցութեան մէջ, որ Ռուանի մէջ յարձակած էր ծայրայեղ ձախերու ուսանողներու վրայ, 12 Յուլիս 1967-ին կը դատապարտուի ծայրայեղ աջ այլ անդամներու հետ, որպէս «բարոյական հեղինակ» կանխամտածուած եւ զէնքի ուժով գործադրուած բռնութեան համար: Անկէ կը կասկածին խումբի այլ անդամները մատնելու մէջ, ան ջուրով տանջանքներու կ՚ենթարկուի եւ խումբը կը յայտարարէ անոր հեռացման մասին 1967-ի Նոյեմբերին: Այնուհետեւ, ան հրապարակայնօրէն ընդուներ եւ զղջացած է այն, ինչ որ ինք կը համարէ երիտասարդական սխալ:
1970-ին Ճորճ Լիէպեռի հետ կը ստեղծէ «Contrepoint» (Հակակաշիռ) հանդէսը` Ռեյմոն Առոնի հովանաւորութեամբ:
Անդամակցութիւն «Հանրապետութեան համար միաւորման» եւ ընտրութիւն Անթոնիի մէջ
ԽմբագրելՅաջորդող տարիներուն իր փաստաբանական գործունէութիւնն ու քաղաքական համոզումները զինք կը մղեն յարիլ Տիկոլիսթական շարժման: Ան կ՚անդամակցի «Հանրապետութեան դեմոկրատներու միութեան» 1971-ին եւ կ՚աջակցի բոլորովին նոր «Հանրապետութեան համար միաւորման»: Վերջինիս կանոնադրութիւնը կը գրէ իր մտերիմ Շառլ Փասքայի հետ:
1977-ին կոմունիստ ծերակուտական Անտռէ Օպռիի կազմած ձախերու ցուցակով թեկնածուական մասնակցութիւնը Անթոնիի քաղաքապետարանի ընտրութիւններուն կը յաղթէ: Տէվէճեանը հակակոմունիստ էր եւ իր թեկնածութիւնը կ՚առաջադրէ «Հանրապետութեան համար միաւորում»-էն քաղաքի ընտրութիւններուն յաղթանակ տանելու համար:
Ան կը պարտուի 1978-ի օրէնսդրական ընտրութիւններուն, ինչպես նաեւ 1982-ի կանտոնային եւ 1983-ի մունիցիպալ ընտրութիւններուն: Մինչդեռ, Պետական Խորհուրդի վարչական թրիպունալ դիմելէն յետոյ, 1983-ի քաղաքապետարանի ընտրութիւնը կը չեղարկուի զեղծարարութեան պատճառով: Ան կը յաղթէ երկրորդ ընտրութիւններուն եւ կ՚ընտրուի Անթոնիի քաղաքապետ: Իր ընտրական ցուցակին մէջ Ժան-Իվ Լը Կալուն կը դառնայ մշակութային օգնական՝ որպէս Հանրապետական կուսակցութեան անդամ: 1985-ին, երբ վերջինս կ՚անդամակցի «Ազգային ճակատ»-ին, Փաթրիք Տէվէճեանը զայն կը հեռացնէ քաղաքապետարանի մեծամասնութենէն:
Փաթրիք Տէվէճեանը Անթոնիի քաղաքապետ եղած է 19 տարի՝ 1983-էն մինչեւ 2002 եւ ինքզինք նուիրեր՝ քաղաքի արդիականացման, ուր եւ ապրեցաւ մինչեւ իր մահը: Ան կը վերընտրուի իր պաշտօնին մէջ 1989, 1995 եւ 2001-ականներուն: Վերջին տարին կայացած ընտրութիւններուն ան իր ընտրական ցուցակով առաջին անգամ յաղթանակ կը տանի ընտրական առաջին փուլին:
Օ-տը-Սենի պատգամաւորութեան առաջին Յանձնարարութիւնները
ԽմբագրելՓաթրիք Տէվէճեանը 1986-ին կ՚ընտրուի պատգամաւոր եւ մինչեւ 2002 Ազգային ժողովի ֆինանսներու յանձնաժողովի անդամ կը մնայ: Առեւտուրի եւ մաքսագիներու գլխաւոր համաձայնագրի զեկուցող էր 1993-ին, իսկ 1997-2002 թուականներուն՝ Արդարադատութեան նախարարութեան պիւտճէի զեկուցող: Ան «Հանրապետութեան համար միաւորման» այն եզակի խորհրդարանականներէն էր, որ քուէարկած է 1992-ին Մաասթրիխթի պայմանագրին համար:
1995-ի նախագահական ընտրութիւններու քարոզարշաւին, Նիքոլա Սարքոզիի հետ Էտուար Պալատիւռի ջերմեռանդ կողմնակիցն էր: «Հանրապետութեան համար միաւորման» մէջ ապաշխարանքի ճանապարհ կ՚անցնի, ինչպէս Պալատիւռիսթներու մեծամասնութիւնը: Ան կրկին աջակցութիւն կը ստանայ 2002-ի նախագահական ընտրութիւններու քարոզարշաւին:
Նախարար Ժաք Շիրաքի կառավարման ընթացքին
ԽմբագրելԱջակողմեանները կը յաղթեն 2002-ին: Նիքոլա Սարքոզիի կառավարման ընթացքին, երբ վերջինս դեռ ներքին գործոց նախարարն էր, ան կը նշանակուի տեղական ազատութիւններու լիազօրուած նախարար, երբ կիրառութեան կը դնէ ապակեդրոնացման երկրորդ վճիռը: Ժաք Շիրաք կը պահաջէ, որպէսզի նախարարներն ալ չբախին գործադիր յանձնարարութեան, ան հրաժարական կու տայ Անփոնիի քաղաքապետի պաշտօնէն՝ իր խորհրդականներէն մէկուն՝ Ռեյմոն Սիպիյիի օգտին: Զինք փոխարինող Ճորճ Սիֆրետին կը դառնայ պատգամաւոր՝ ըստ օրէնքով նախատեսուած դրոյթի:
Երբ Նիքոլ Սարքոզիին կը նշանակեն տնտեսութեան եւ ֆինանսներու նախարար, Փաթրիք Տէվէճեանը կը դառնայ Արդիւնաբերութեան լիազօրուած նախարար մինչեւ Մայիս 2005, երբ ալ մաս չի կազմեր Վիլփենի կառավարութեան: 13-րդ վարչական շրջանին Օ-տը-Սենի (Անթոնի, Պուռ-լա-Ռեն, Շաթընէ-Մալապռի, Սօ) պատգամաւոր կը վերընտրուի Հոկտեմբեր 2005-ին:
Որպէս Նիքոլա Սարքոզիի քաղաքական խորհրդական՝ Փաթրիք Տէվէճեանը «Ժողովրդավարական շարժման միութեան» առաջին անդամներէն էր, որոնք հրապարակայնօրէն կողմ արտայայտուեցան առաջին աշխատանքի պայմանագրի չեղարկման համար՝ հակառակ որ ան նախապէս քանի մը անգամ պաշտպանած էր զայն, քանի որ իր քաղաքական կուսակցութեան առաջադրած դրոյթներէն էր:
Նիքոլա Սարքոզիի նախագահութեան շրջանին ստանձնած գործառոյթներ
Խմբագրել2007-ին նախագահական ընտրութիւններու ընթացքին, ան, բնականաբար կը սատարէ Նիքոլա Սարքոզիի թեկնածութիւնը: 2007-ի Մայիս 18-ին Փաթրիք Տէվէճեանը չի դառնար Ֆրանսուա Ֆիոնի կառավարութեան անդամ եւ իր աջակցութիւնը կ՚արտայայտէ Նիքոլա Սարքոզիի կողմէ կատարուած գովաբանական բացման՝ յայտարարելով հետեւեալը. «Ես անկեղծ կառավարութեան կողմնակիցն եմ, ինչպէս նաեւ սարքոզիսթներու, այսպիսով ամէնը ըսուած է»:
Դժգոհ Արդարադատութդան նախարարի պաշտօնին Ռաշիտա Տաթիի նշանակումէն՝ պաշտօն մը, որ Նիքոլա Սարքոզին իրեն նախօրօք խոստացած էր, Փաթրիք Տէվէճեանը, այնուամենայնիւ, 1 Յունիս 2007-ին կը յաջորդէ Նիքոլա Սարքոզիին Օ-տը-Սենի Գլխաւոր խորհուրդի նախագահութեան պաշտօնին մէջ եւ կը դառնայ «Ժողովրդական շարժման միութեան» նախագահ, որպէս լիազօր գլխաւոր քարտուղար՝ փոխարինելով Պռիս Օռթըֆիոյին: Իսկ 25 Սեպտեմբեր 2007-ին կը դառնայ գլխաւոր քարտուղար:
2008-ի Դեկտեմբեր 5-ին կը լքէ մեծամասնական կուսակցութեան ղեկավարի իր պաշտօնը, երբ կը նշանակուի նախարար եւ աշխուժացման ծրագրի կիրառման համար պատասխանատու, որ կառավարական ժամանակաւոր պաշտօն էր՝ ֆինանսական ճգնաժամին յաջորդած Ֆրանսայի տնտեսութեան աշխուժացման ծրագիրը իրագործելու համար: Մինչդեռ, ան չի դառնար Ֆրանսուա Ֆիոնի կառավարութեան անդամ, որ կը կազմուի 14 Նոյեմբեր 2010-ին:
Օ-տը-Սենի նահանգային խորհուրդի նախագահ
ԽմբագրելԳլխաւոր խորհուրդի նախագահութեան պաշտօնին իր ընտրուելէն մէկ տարի անց, Փաթրիք Տէվէճեանը «L՚Express»-ի մէջ 17 Յուլիս 2008-ին կը յայտարարէ հետեւեալը. «Ի շարունակականութիւն Նիքոլա Սարքոզիի նախաձեռնութեան, ինծի տարած են մաքրելու «Աւկեան ախոռները» Օ-տը-Սենի նահանգին մէջ»: Այս խօսքը թշնամանք կը յարուցէ Փաթրիք Տէվէճեանի եւ նահանգի այլ ընտրեալներու միջեւ:
Ընդդէմ Փաթրիք Տէվէճեանի կամքին՝ Ժան Սարքոզին կ՚ընտրուի գլխաւոր խորհրդի մեծամասնական խումբի նախագահ: Այս ընտրութիւնը նոր ճնշումներու առիթ կու տայ եւ Փաթրիք Տէվէճեանը կը հաստատէ. «Նիքոլա Սարքոզիի եւ մեր միջեւ իր տղան է»: Երիտասարդ ընտրուած պաշտօնեան այնուհետեւ կը ցանկայ յաջորդել Փաթրիք Տէվէճեանին՝ Պաշտպանութեան տեղամասի կարգաւորման համար հանրային հաստատութեան ղեկավար, այդ բանէն յետոյ, երբ վերջինիս չյաջողեցաւ փոխել այդ պաշտօնը զբաղեցնելու համար սահմանուած տարիքային շեմը: Հանրային կարծիքը թշնամաբար կը վերաբերի, այնունամենայնիւ, Ժան Սարքոզին կը հրաժարի իր թեկնածութենէն:
Նոյեմբեր 2010-ին, Ֆրանսուա Ֆիոնի կազմած երկրորդ կառավարութեան կազմին մէջ կրկին չընդգրկուելէն յետոյ, Փաթրիք Տէվէճեանը կը պարտուի «Ժողովրդավարական շարժման միութեան» դաշնութեան նախագահի թեկնածութեան Օ-տը-Սենի ընտրութիւններուն, որուն մէջ կը յաղթէ Ժան-Ժաք Կիյէն՝ 64% մեծամասնութեամբ: Փաթրիք Տէվէճեանը կը մեղադրէ Նիքոլա Սարքոզիի միջավայրին իր դէմ կազմակերպած դաւադրութեան համար:
2011-ի Գաւառային կամ նահանգային ընտրութիւններուն մօտենալուն զուգընթաց, Փաթրիք Տէվէճեանը կրկին կասկած կը յայտնէ առ այն, որ Ժան Սարքոզին կ՚ուզէ զբաղեցնել գլխաւոր խորհուրդի նախագահութեան իր պաշտօնը: «Ժողովրդավարական շարժման միութեան» շատ ընտրուածներ ձեռնպահ կը մնան կարծիք յայտնելէ, իսկ Ժան Սարքոզին կոչ կ՚ընէ սառնարիւնութիւն պահպանել: Ընտրութիւններու հետեւանքով կը փոխուի իրադրութիւնը. քանի որ Փաթրիք Տէվէճեանը կը վերընտրուի Անթոնիի մէջ, սարքոզիսթներէն շատերը (յատկապէս Իզապէլ Պալքանին եւ Մառի-Սեսիլ Մենառը), կը պարտուին: Նիքոլա եւ Ժան Սարքոզիները կը տեղեկացնեն, որ իրենք չեն ընդդիմանար գլխաւոր խորհուրդի նախագահի վերընտրուելուն:
Յունիս 2012-ին, նախագահական ընտրութիւններուն Նիքոլա Սարքոզիի պարտութենէն յետոյ, Փաթրիք Տէվէճեանի կաբինետի ղեկավարը՝ Մարի-Սեսիլ Կիյոմը հրատարակեց կարեւոր վէպ մը՝ «Մոնարխը, իր տղան, իր կալուածքը», որն ըստ իրեն՝ կը պատմէ Սարքոզիի կլանի կողմէն Փաթրիք Տէվէճեանի դէմ կատարուած խուսավարութեան մասին: Ամբողջովին ներկայացնելով Փաթրիք Տէվէճեանի տեսակէտը՝ գիրքը մեծ յուզմունք կ՚առաջացնէ սարքոզիսթներու եւ Օ-տը-Սենի «Ժողովրդավարական շարժման միութեան» անդամներուն միջեւ: Փաթրիք Տէվէճեանը կը մեղադրեն գիրքը պատուիրելուն համար, սակայն վերջինս այդ մեղադրանքը չ'ընդունիր եւ ի վերջոյ կը համաձայնի աշխատանքէն ազատել իր խորհրդասենեակի ղեկավարը:
Փաթրիք Տէվէճեանը 13-րդ վարչական շրջանի Օ-տը-Սենի պատմագաւոր կրկին կը դառնայ Դեկտեմբեր 2010-ին: Ան կը վերընտրուի 2012-ի Յունիսին՝ 200 ձայն առաւելութեամբ յաղթելով իր մրցակից Ժիւլիէն Լանտֆրիտին: Իր վերընտրութիւնը կը չեղարկուի 2012-ի Հոկտեմբերին Սահմանադրական խորհուրդի կողմէն անընտրելիութեան եւ զինք փոխարինող Ժորժ Սիֆրետիի պատճառով, որ արդէն ծերակոյտի մէջ «Հանրապետութեան համար միաւորման» փոխարինողն էր եւ այսպիսով, չէր կրնար մասնակցիլ օրէնսդրական ընտրութիւններուն: Ասոր հետեւանքով, մասնակի օրէնսդրական ընտրութիւն մը կը կազմակերպուի Դեկտեմբեր 2012-ին եւ Փաթրիք Տէվէճեանը կը վերընտրուի երկրորդ փուլին՝ 60% ձայներով:
Ան կը սատարէ Ֆրանսուա Ֆիոնի թեկնածութիւնը «Հանրապետութեան համար միաւորման» նախագահութեան համար 2012-ի աշնան տեղի ունեցած համաժողովին:
Ընդդէմ Փաթրիք Օլիէի առաջադրուած թեկնածու «Հանրապետութեան համար միաւորում»-էն Փարիզի մեթրոփոլի նախագահութեան թեկնածութեան համար, ան 2014-ի Դեկտեմբեր 19-ին կ՚ընտրուի Փարիզի մեթրոփոլի խառն սենտիքայի գործակալութեան նախագահ, յաջորդելով ընկերվարական Տանիէլ Կիռոյին եւ այսպիսով, ստանձնելով Մեծ Փարիզի մեթրոփոլի իրագործումը 2016-ի Յունուար մէկին:
2015-ին, նահանգային ընտրութիւններու ընթացքին ան կ՚ընտրուի նահանգային խորհրդական Անթոնիի նոր գաւառի համար: Եւ այնուհետեւ կը վերընտրուի Օ-տը-Սենի նահանգային խորհուրդի նախագահ (գլխաւոր խորհուրդի նոր անուանումն է):
Յունիս 2016-ին ան կը յայտարարէ, որ պիտի չմասնակցի 2017-ի օրէնսդրական ընտրութիւններուն: կը հովանաւորէ Նաթալի Քոշուսքօ-Մոռիզէին Հանրապետականներու 2016-ի նախագահական ընտրութիւններու քարոզարշաւին, բայց կ՚աջակցի Ալէն Ժիւպէին:
Յանձնարարութիւններու եւ գործառոյթներու բնութագրութիւն
ԽմբագրելԿառավարութեան մէջ
Խմբագրել- 7 Մայիս 2002-էն 30 Մարտ 2004-ին, Ներքին գործերու, Ներքին անվտագնութեան եւ տեղական ազատութիւններու նախարարին կից լիազօր նախարար, Ռաֆարենի կառավարութիւն (2002-ին Մայիս-Յունիս եւ 2002-ին Յունիս - 2004-ին Մայիս):
- 31 Մարտ 2004-էն 31 Մայիս 2005-ին. Պետական քարտուղարին, Տնտեսութեան, ֆինանսներու եւ արդիւնաբերութեան նախարարին կից լիազօր նախարար, Արդիւնաբերութեան նախարարութեան պատասխանատու, Ռաֆարենի կառավարութիւն (2004-ին Մարտէն 2005-ին Մայիս):
- 5 Դեկտեմբեր 2008-էն 13 Նոյեմբեր 2010-ին. վարչապետին կից նախարար, աշխուժացման ծրագրի կիրառման համար պատասխանատու՝ Ֆիյոնի կառավարութեան մէջ:
Ազգային ժողովի մէջ
ԽմբագրելՕ-տը-Սենի պատգամաւոր՝
- 1986-ի Ապրիլ 2-էն 2002-ի Յուլիսի 16. ընտրուեր է 1986 Մարտի 16-ին, վերընտրուեր՝ 1988-ին Յունիսի 12-ին, 1993-ին Մարտի 28-ին, 1997-ին Յունիսի 1-ին եւ 2002-ին Յունիսի 16-ին (2002-ին Յուլիսի 16-ին իր պաշտօնը կը փոխանցէ զինք փոխարինողին՝ Ներքին գործերու, Ներքին անվտագնութեան եւ տեղական ազատութիւններու նախարարին կից լիազօր նախարարի գործառոյթներու ստանձնման կապակցութեամբ):
- 2005-ի Հոկտեմբեր 4-էն 2009-ի Յունուարի 5-ը. ընտրուեր է 2005-ին Հոկտեմբերի 2-ին եւ վերընտրուեր 2007-ի Յունիսի 17-ին:
- 2010-ի Դեկտեմբերի 14-էն ի վեր կրկին ինքնաբերաբար կը ստանձնէ իր պաշտօնը կառավարական գործառոյթներու աւարտով պայմանաւորուած եւ 2012-ի Յունիսի 17-ին կը վերընտրուի երկրորդ փուլին համար, որ կը չեղարկուի 2012-ի Հոկտեմբերի 18-ի Սահմանադրական խորհուրդի որոշմամբ: Կը վերընտրուի օրէնսդրական մասնակի ընտրութիւններու երկրորդ փուլին՝ 2012-ի Դեկտեմբեր 16-ին:
Քաղաքապետական եւ միջհամայնքային յանձնարարութիւններ
Խմբագրել- 1983-ի Հոկտեմբերի 16-էն 2002-ի Մայիս 29, Անթոնիի քաղաքապետ:
- 2002-ի Մայիսի 30-էն 2005-ի Հոկտեմբերի 27, Անթոնիի քաղաքապետի երկրորդ տեղակալ (Օ-տը-Սեն):
- 2002-ի Հոկտեմբերի 11-էն 2005-ի Հոկտեմբերի 25, Օ տը Պիէվռի համախմբուած համայնքի նախագահ (անդամ՝ 2002-2008 թուականներուն):
Նահանգային յանձնարարութիւններ mandates
Խմբագրել- 2004-ի Մարտ 29-էն 2020-ին Մարտ 29, նահանգային խորհրդական (ընտրուած Պուռ-լա-Ռենի Գաւառի մէջ) եւ գլխաւոր խորհուրդի փոխնախագահ՝ մինչեւ 2007:
- 2007-ի Յունիս 1-էն 2020-ի Մարտ 29, Օ-տը-Սենի նահանգային խորհուրդի նախագահ:
Կուսակցութիւններու մէջ
- 1984-ին «Հանրապետութեան համար միաւորման» կեդրոնական կոմիտէի անդամ:
- 1986-1988 թուականներուն, դաշնութիւններու ազգային քարտուղար:
- 1998-1999 թուականներուն, «Հանրապետութեան համար միաւորման» ազգային քարտուղար, ընկերային հարցերու պատասխանատու:
- 1999-2001 թուականներուն, «Հանրապետութեան համար միաւորման» խօսնակ:
- 2001-2002 թուականներուն, «Հանրապետութեան համար միաւորման» նախագահ Միշէլ Ալիո-Մառիի քաղաքական խորհրդական:
«Հանրային շարժման միութիւն»
- 2002-ին, «Հանրային շարժման միութեան» հիմնադիրներու եւ գործադիր կոմիտէի անդամ:
- 2007-ի Սեպտեմբեր 25-էն 2008-ի Դեկտեմբեր 5, «Հանրային շարժման միութեան» գլխաւոր քարտուղար:
Այլ
- Լուվրի ընկերներու ընկերակցութեան փոխնախագահ:
- 2017-2020 թուականներուն, Լուվրի թանգարանի հանրային հաստատութեան ղեկավարութեան խորհուրդի անդամ[19]:
Հայկական համայնք
ԽմբագրելՓաթրիք Տէվէճեան, որ ընդգրկուած եցած է Ֆրանսայի հայկական համայնքին մէջ, որուն անդամ էր եւ ինք, կը պայքարէր յատկապէս Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան քաղաքական ճանաչման համար: Այս այլ կողմէ խորհրդարանական վերանայումի օրակարգի մէջ է՝ 8 տարի անց ձախակողմեաններուն կողմէ անյաջող փորձէն յետոյ, որ կը վերաբերէր 2006-ի Հոկտեմբերին ընդունուած օրէնքին, որուն շնորհիւ Ֆրանսան կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը[20]:
Երեսունհինգ տարի առաջ՝ 1985-ին, Պաթրիք Տէվէճեան Ասալայի գործողութիւնները որակած էր «դիմադրութիւն», որ 1975-83 թուականներուն շարք մը գործողությիւններ կատարած է՝ Թուրքիոյ եւ միջազգային հանրութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պարտադրման նպատակով: Ան, ի դէպ, եղած է Ասալայի որոշ անդամներու փաստաբանը:
Թուրքիոյ անդամակցութիւնը ԵՄ-ին
ԽմբագրելՓաթրիք Տէվէճեանը դեմ է(ր) Թուրքիոյ անդամակցութեանը Եւրոպական միութեան, համարելով որ ան չի յարգեր Քոփենհակընեան չափանիշները: Ըստ իրեն՝ Թուրքիան չ'ընդունիր իր անցեալը (Հայոց ցեղասպանութեան ժխտում), չի ճանչնար ԵՄ որոշ անդամ-պետութիւններուն (Կիպրոսի հանրապետութիւնը) եւ կը հալածէ ազգային որոշ փոքրամասնութիւններ՝ քիւրտերը:
Իր՝ «Խօսքի նախարարութիւնը» գիրքին մէջ, ան գրած է.
- «Ես, այսպիսով, շատ բարեացամ եմ Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան՝ հակառակ, իր բրտութեանն ու անընդունելի վերաբերմունքին, որ կը խորհրդանշուի եւրոպական տարածքի մէկ մասի ռազմական գրաւումով. Կիպրոսի հիւսիսային հատուածը՝ այն ժամանակ, երբ Թուրքիան կը խնդրէ իրաւաբանօրէն դառնալ անդամ» (էջ 190),
- Թուրքիոյ անդամակցութիւնն անհամատեղելի է եւրոպական նախագիծին հետ, որ իրապէս կը յենի իրեն անդամակցող ամէն մէկ պետութեան ազգայնականութեան ցաւին վրայ: Այդ է պատճառը, որ Թուրքիան կը մերժէ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ դատի կու տայ անոնց, ովքեր կը զայրանան, ինչպէս գրող Օրհան Փամուկը: Այս կը համարուէր ստորացում: Նոյն կերպ, Կիպրոսի հիւսիսէն դատարկումը եւ Կիպրոսի հարաւի ճանաչումը կը համարուէին պարտութիւն: Վերջապէս ասով կը բացատրուի այն, թէ ինչու Թուրքիան չի կրնար ընդունիլ պատսպարել քիւրտ փոքրամասնութիւնը. այս կ՚ընկալուէր որպէս ազգի մասնատում, վնաս միասնութեան համար» (էջ 191):
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 Sycomore / Assemblée nationale
- ↑ 2,0 2,1 2,2 Répertoire national des élus — 2019.
- ↑ 3,00 3,01 3,02 3,03 3,04 3,05 3,06 3,07 3,08 3,09 3,10 (unspecified title)
- ↑ 4,0 4,1 4,2 Who's Who in France — Paris: 1953. — ISSN 0083-9531; 2275-0908
- ↑ Geneanet — 2000.
- ↑ 7,00 7,01 7,02 7,03 7,04 7,05 7,06 7,07 7,08 7,09 Ֆրանսիայի ազգային ժողով — 1958.
- ↑ Patrick Devedjian, président des Hauts-de-Seine et ancien ministre, est mort du Covid-19 // Le Monde / J. Fenoglio — Paris: Société éditrice du Monde, 2020. — ISSN 0395-2037; 1284-1250; 2262-4694
- ↑ Sophie, l'indispensable moitié // L'Express — 2005. — ISSN 0014-5270; 2491-4282
- ↑ Devedjian père et fils ensemble face à la crise // 20 Minutes — Schibsted, 2009. — ISSN 1632-1022
- ↑ Փաթրիք Տէվէճեանին Պատուոյ Շքանշանով Պարգեւատրելու մասին
- ↑ [1]
- ↑ https://www.lexpress.fr/region/un-electron-libre-en-son-fief_485744.html
- ↑ https://www.lemonde.fr/politique/article/2014/02/26/qui-sont-les-anciens-d-occident_4373581_823448.html
- ↑ https://www.20minutes.fr/economie/307765-20090304-devedjian-pere-fils-ensemble-face-a-crise
- ↑ http://edito.nicematin.net/Var/pdf/devedjian_madelin.pdf
- ↑ «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-05-01-ին։ արտագրուած է՝ 2020-03-29
- ↑ https://www.lemonde.fr/politique/article/2010/05/14/evocation-de-son-passe-judiciaire-devedjian-deboute_1351900_823448.html
- ↑ https://www.legifrance.gouv.fr/affichTexte.do?cidTexte=JORFTEXT000034011323&dateTexte=&categorieLien=id
- ↑ «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-07-15-ին։ արտագրուած է՝ 2020-03-29
Աղբիւրներ
ԽմբագրելԱրտաքին յղումներ
Խմբագրել- Փաթրիք Տէվէճեանի մահը, կարելի է ըսել, մեծն Ազնաւուրէն յետոյ, անամոքելի վիշտ է հայ-ֆրանսական բարեկամութեան համար. Վարչապետի ցաւակցականը/ Aysor, 29/03/2020
- Patrick Devedjian, l՚amer RPR/ Liberation, 1998
- եմ Փաթրիք Տէվէճեանի մահուան բօթէն. սա ծանր հարուած է ֆրանսահայութեանը, հայ ժողովուրդին, Ֆրանսային». Նիկոլ Փաշինեան
- Փաթրիք Տէվէճեան Մարսէյի Մէջ Կը Զօրակցի Վալերի Պուայէի Թեկնածութեան Archived 2020-03-29 at the Wayback Machine.
- Տէվէճեան ընտանիքը 5000 նոր մարզազգեստ կը նուիրէ ՀՀ մարզերու մարմնակրթութեան դպրոցներու աշակերտներուն
- Ֆրանսայի մէջ պսակաձեւ ժահրէն մահացած է Փաթրիք Տէվէճեան / Ազատութիւն, 2020
- Ֆրանսայի մէջ պսակաձեւ ժահրէն մահացած է Փաթրիք Տէվէճեանը
- ՆԱՆԹԵՐԻ ԴԱՏԱՐԱՆԸ ՎՃԻՌ ԱՐՁԱԿԵՑ