Փիոթր Տոսթոյեւսքի
Փիոթր Միխայլովիչ Տոսթոյեվսքի (ռուս.՝ Фёдор Михайлович Достоевский), ռուս մեծ գրող, գրականագէտ, փիլիսոփայ եւ հրապարակախօս։ Ռուս գրականութեան դասականներէն եւ համաշխարհային լաւագոյն վիպագիրներէն մէկը[11]։
Անոր ստեղծագործութիւնները իրենց արժանի տեղը կը գրաւեն համաշխարհային գրականութեան գանձարանին մէջ։ «Քարամազով եղբայրները» կը համարուի բոլոր ժամանակներու 100 լաւագոյն վէպերէն մէկը[12]։
Մանկութիւն եւ պատանեկութիւն
ԽմբագրելՓիոթր Տոսթոյեւսքի ծնած է 30 Հոկտեմբեր 1821-ին (11 Նոյեմբերին) Մոսկուա[13]։ Ան ընտանիքին ութ զաւակներէն երկրորդն էր։ Կրտսեր քոյրը՝ Լիուպով կը մահանայ 1829-ին՝ ծնելէն ետք, երբ ապագայ գրողը եօթ տարեկան էր։
Տոսթոյեւսքի կը յիշէր, որ իր «մայրն ու հայրը աղքատ աշխատաւորներ էին»։ Հակառակ հօր չքաւորութեան՝ Տոսթոյեւսքի հիանալի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն ստացած է, որուն համար ամբողջ կեանքին ընթացքին երախտապարտ եղած է ծնողներուն։ Անոր կարդալ սորվեցուցած է մայրը՝ «Հին եւ Նոր կտակարաններու հարիւր չորս սուրբ պատմութիւն» գիրքով։ «Քարամազով եղբայրներ» վէպին մէջ ծերունի Զոսիման կը պատմէ, որ մանկութեան տարիներուն այդ գիրքով կարդալ սորված է[14]։ Երեխային վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգած է նաեւ պիպլիական Եհովայի գիրքը։
Մանուկ հասակէն, իսկ աւելի ուշ՝ յատկապէս աքսորավայրին մէջ, ուր Տոսթոյեւսքի կրնար կարդալ Աստուածաշունչը կը դառնայ գրողին կեանքին գլխաւոր գիրքը։
1831-էն ընտանիքը կը սկսի ամառը անցընել Մոսկուայէն դուրս՝ իր համեստ կալուածին մէջ, ուր Տոսթոյեւսքի կը ծանօթանայ գիւղացիներու հետ եւ կը ճանչնայ ռուսական գիւղը[15]։
Գրողին խօսքերով, մանկութիւնը անոր կեանքին լաւագոյն շրջանը եղած է։ Հայրը իր մեծ որդիներուն լատիներէն կը սորվեցնէր։ Տնային ուսուցումը աւարտելէ ետք Տոսթոյեւսքի մեծ եղբօր՝ Միխայիլին հետ շուրջ մէկ տարի ֆրանսերէն կ'ուսումնասիրէ Քաթերինեան եւ Ալեքսանդրովեան ուսումնարաններու ուսուցիչ Ն. Տրաշուսովի քով. վերջինիս որդին՝ Ալեքսանդր Տրաշուսովը, տղոց թուաբանութիւն կ'ուսուցանէր, իսկ միւս որդին՝ Վ. Տրաշուսովը՝ գրականութիւն։
1834-1837 Միխայիլ եւ Տոսթոյեւսքի կ'ուսանէին Լ. Չերմակի մոսկոֆեան հեղինակաւոր թոշակատունը։
Երիտասարդութիւն
Խմբագրել1837 թուականը Տոսթոյեւսքիին համար խիստ կարեւոր թուական մը կը դառնայ. կը մահանայ մայրը, կը մահանայ Փուշքինը, որուն ստեղծագործութիւններով մեծցեր էին ինքն ու եղբայրը, կը տեղափոխուի Փեթերսպուրկ եւ կ'ընդունուի Գլխաւոր ճարտարագիտական ուսումնարան։
Միխայիլ եւ Փիոթր Տոսթոեւսքիները կը փափաքէին գրականութեամբ զբաղիլ, սակայն հայրը կ'ըսէր, թէ գրողի աշխատանքը չի կրնար ապահովել եղբայրներուն ապագան, եւ կը ստիպէ, որ տղաքը ընդունուին ճարտարագիտական ուսումնարան, որուն շրջանը աւարտելէ ետք, ստանձնած ծառայությունը նիւթական բարեկեցութիւն կ'երաշխաւորէր։ «Գրողի օրագիրը» գործին մէջ Տոսթոեւսքին կը յիշէ, թէ ինչպէս էին եղբայրներով Փեթերսպուրկի ճամբուն վրայ «Կ'երազեն միայն բանաստեղծութեան եւ բանաստեղծներու մասին», իսկ ինքը «միտքին մէջ անդադար վէպ կը յօրինէր վենետիկեան կեանքին վերաբերեալ»։
Գրական Առաջին Ստեղծագործութիւններ
ԽմբագրելՈւսումնարանը ուսանողութեան տարիներուն՝ 1840-1842, Փիոթր Տոսթոեւսքին կ'աշխատէր «Մարիա Սթիուըրթ» եւ «Պորիս Կոթունով» թատերախաղերուն վրայ։ Յունուար 1844-ին ան կը գրէ եղբօրը, որ աւարտած է «Ժիտ Եանկել» թատերախաղը։ Պատանեկան այդ առաջին ստեղծագործութիւնները չեն պահպանուած։ 1843-ի վերջին եւ 1844-ի սկիզբին Տոսթոեւսքին կը թարգմանէր Էժեն Սիւի «Մաթիլտա» վէպը, իսկ ավելի ուշ՝ Ժորժ Սանթի վէպը՝ միաժամանակ սկսելով աշխատիլ իր՝ «Խեղճ մարդիկ» վէպին վրայ։ Երկու թարգմանութիւններն ալ մնացած են անաւարտ։
Զինուորական ծառայութենէն ազատելէ շուրջ մէկ տարի առաջ՝ Յունուար 1844-ին, Տոսթոեւսքի կ'աւարտէ Պալզաքի «Էժենի Կրանտէ» վէպին առաջին ռուսերէն թարգմանութիւնը։ Թարգմանութիւնը կարելի է համարել ազատ վերապատում, քանի որ կը պարունակէ որոշ անճշդութիւններ, բացթողումներ, ինչպէս նաեւ՝ որոշ յաւելումներ Տոսթոեւսքիի կողմէ։
Առաջին անգամ Տոսթոեւսքիի թարգմանութիւնը տպագրուած է 1844ին՝ «Խաղացանկ եւ պանթէոն» ամսագիրի մէջ, առանց թարգմանիչին անունը յիշատակելու:
Մայիս 1845-ին վերջին, սկսնակ գրողը կ'աւարտէ իր առաջին վէպը՝ «Խեղճ մարդիկ»։
Ստեղծագործական վերելք
ԽմբագրելԳրականագէտները գրողին ամէնէն նշանաւոր ստեղծագործութիւններու շարքին կը դասեն «մեծ հնգամատեանը», որուն մէջ կը ներառուին խոհական վէպերը՝ «Ոճիր և պատիժ», «Ապուշը», «Դևեր», «Դեռահասը» եւ «Քարամազով եղբայրներ»ը։
«Խաղամոլը» վէպին ձեռագիրը հրատարակիչին յանձնելէ շատ չանցած Տոսթոեւսքի ամուսնութեան առաջարկ կ'ընէ Աննա Գրիգորեւնային։ 15 Փետրուար 1867-ին Տրոյիցկի տաճարին տեղի կ'ունենայ Տոսթոեւսքիին եւ Ա. Սնիտկինայի պսակադրութեան արարողութիւնը։ Երկրորդ կինը՝ Աննա Գրիգորեւնան, կը կազմակերպէ գրողին կեանքը՝ իր վրայ վերցնելով ընտանիքին նիւթական ղեկավարութիւնը, իսկ 1871-էն Տոսթոեւսքի ընդմիշտ կը ձգէ պտուտախաղը:
1872-1878 թուականներուն գրողը կ'ապրի Նովգորոտի մարզի Հին Ռուսա քաղաքին մէջ։ Կեանքին այդ տարիները չափազանց բեղուն էին։ Այդ ժամանակաշրջանին կը ծնին հետեւեալ ստեղծագործութիւնները. «Դեւեր» (1872), «Գրողի օրագիրի» սկիզբը (1873, օրակարգային հարցերու շուրջ բանավէճային եւ հրապարակախօսական գրառումներու շարքը), «Դեռահասը» (1875), «Հեզապարոն» (1876)։
Հոկտեմբեր 1878-ին Տոսթոեւսքի կը վերադառնայ Փեթերսպուրկ, ուր բնակութիւն կը հաստատէ Կուզնեչնի նրբանցքին վրայ գտնուող 5/2 տան բնակարաններէն մէկուն մէջ, ուր ալ կը մնայ մինչեւ իր մահը՝ 28 Յունուար 1881-ին։ Հոն 1880-ին ան կ'աւարտէ իր վերջին վէպը՝ «Քարամազով եղբայրները»։ Այժմ այդ բնակարանին մէջ կը գտնուի Փիոթր Տոսթոյեւսքիի գրական-յուշագրական թանգարանը։
Մահ եւ թաղում
Խմբագրել26 Յունուար 1881-ին (7 Փետրուարին) Տոսթոեւսքիին քոյրը՝ Վերա Միխայլովնան, եղբօր քով կու գայ, որպէսզի անկէ խնդրէ հրաժարելու իրենց մօրաքրոջ՝ Ա․ Քումանինայէն ժառանգութիւն ստացած կալուածի իր բաժինէն՝ յօգուտ քոյրերուն։ Բուռն վիճաբանութիւն մը տեղի կ'ունենայ, որմէ ետք Տոսթոեւսքիին կոկորդէն արիւն կու գայ։ Այդ տհաճ խօսակցութիւնը անոր հիւանդութեան (փքուռոյց) սրացման խթան կը հանդիսանայ. երկու օր ետք, գրողը կը մահանայ։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 Белкин А. А. Достоевский Ф. // Краткая литературная энциклопедия — М.: Советская энциклопедия, 1962. — Т. 2.
- ↑ 2,0 2,1 2,2 А. Кирпичников Достоевский, Федор Михайлович // Энциклопедический словарь — СПб.: Брокгауз — Ефрон, 1893. — Т. XI. — С. 72–81.
- ↑ T. Se. Dostoievsky, Feodor Mikhailovich // Encyclopædia Britannica: a dictionary of arts, sciences, literature and general information / H. Chisholm — 11 — New York, Cambridge, England: University Press, 1911. — Vol. 8. — P. 438–439.
- ↑ А. Кирпичников Достоевский, Федор Михайлович // Энциклопедический словарь — СПб.: Брокгауз — Ефрон, 1893. — Т. XI. — С. 72–81.
- ↑ 5,0 5,1 5,2 Գերմանիայի ազգային գրադարանի կատալոգ
- ↑ Fjodor Dostojewski
- ↑ Бороздин А. К. Достоевский, Федор Михайлович // Русский биографический словарь — СПб.: 1905. — Т. 6. — С. 608–670.
- ↑ http://www.sciencedirect.com/science/article/pii/0304347981900478
- ↑ 9,0 9,1 (unspecified title) — ISBN 0-691-01355-1
- ↑ Достоевская, Анна Григорьевна // Доде — Евразия — 1931. — Т. 23. — С. 331–332.
- ↑ Encyclopædia Britannica, Inc. Fyodor Dostoyevsky
- ↑ The 100 greatest novels of all time: The list 29. The Brothers Karamazov Fyodor Dostoevsky
- ↑ ЭСБЕ, Достоевский Федор Михайлович
- ↑ Կաղապար:Ռուսերեն գիրք
- ↑ Гроссман Л. П., 1962