Օհան Կարօ
Օհան Կարօ (Յովհաննէս Կարապետեան, 1890, Ռշտունիք, Վասպուրական, Մեծ Հայք - 27 Ապրիլ 1933, Փարիզի 14-րդ շրջան, Փարիզ, Ֆրանսա[1]), գրող եւ հանրային գործիչ:
Օհան Կարօ | |
---|---|
| |
Ծննդեան անուն | Յովհաննէս Կարապետեան |
Նաեւ յայտնի է իբրեւ | Օհան Կարօ, Բանուոր Խէ-Ծա եւ Մուսասիր |
Ծնած է | 1890 |
Ծննդավայր | Ռշտունիք, Վասպուրական, Մեծ Հայք |
Մահացած է | 27 Ապրիլ 1933 |
Մահուան վայր | Փարիզի 14-րդ շրջան, Փարիզ, Ֆրանսա[1] |
Քաղաքացիութիւն |
Օսմանեան Կայսրութիւն Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն |
Ազգութիւն | Հայ[2] |
Մասնագիտութիւն | գրագէտ, ուսուցիչ, բանաստեղծ |
Աշխատավայր |
Յառաջ Կեանք եւ Արուեստ Հայրենիք |
Կուսակցութիւն | Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է Վասպուրական, պատմական «Ռշտունիք»ի «Նոր Գիւղ»ը:
Գիւղին նախակրթարանը աւարտելէ ետք, կը դառնայ բրուտի աշկերտ: Ուսումնատենչ եւ ընդունակ պատանի, զինք կ'ընդունին «Աղթամար»ի միջնակարգ վարժարանը, որուն ընթացքը բոլորելէ ետք կը նուիրուի ուսուցչութեան: Պատանութենէ մինչեւ երիտասարդութիւն, Օհան Կարօ իր մասնակցութիւնը բերած է հանրային մեր բոլոր գործունէութիւններուն: Սակայն, ամէնէն աւելի ուսուցչութիւնը սիրած ու ապրած է, «խրճիթներէն մինչեւ խորհրդարան» երկարող իր բոլոր պաշտօններուն ու պարտականութեանց մէջ։ Մինչեւ 1915, ուսուցչական պաշտօն կը վարէ «Հայոց Ձոր»ի եւ «Կարկառ»ի մէջ։ Ընդհանուր պատերազմի սկիզբը, կ'անցնի «Կովկաս» ու մաս կը կազմէ «Քեռի»ի չորրորդ գունդին, իբրեւ կամաւոր, մինչեւ նահանջը: 1916-ին «Վան» կը վերադառնայ կրկին, եւ կը նուիրուի ուսուցչական, կուսակցական եւ հանրային գործունէութեան։ Իր սրտին ու հոգիին մօտիկ եղած են միշտ որբերը, թշուառները, ու իր ժողովուրդը մանաւանդ՝ որուն հանդէպ պաշտամունք ունեցած է միշտ, մանուկի անշահագործութեամբ։ 1920-ի դէպքերէն ետք, Երեւանէն կ'անցնի Պարսկաստան, ուրկէ Փարիզ: Այստեղ եւս, Օհան Կարօ մաս կը կազմէ, յաջորդաբար, գրական զանազան խմբակցութիւններու, մասնաւորաբար «Նահատակ Գրագէտներու Բարեկամներ» ընկերակցութեան։
Մահացած է աղիքներու հիւծախտէ, 27 Ապրիլ 1933-ին:
Երկեր
ԽմբագրելՕհան Կարոյի արձակներն ու քերթուածները ցրուած են զանազան թերթերու, մասնաւորաբար «Կեանք եւ Արուեստ», «Հանրագիտակ», «Յունահայ» եւ «Տաթեւ» տարեգիրքերուն, ինչպէս նաեւ «Նաւասարդ», «Երկունք» եւ «Ազդարար» պարբերականներուն եւ օրաթերթերուն մէջ։
Լեզուական նախնականութիւն մը կայ իր էջերուն մէջ, որոնք սակայն մանկութեան եւ երիտասարդութեան իր օրերու ապրումները բաբախուն կերպով կը փոխանցեն ընթերցողին, բարքերու եւ ազգագրական ծանօթութիւններու մթերքով մը։ Կեանքի տարբեր պայմաններու եւ միջավայրի մէջ, գրելու իր ընդունակութիւնները հաւանօրէն աւելի զարգանային։ Գրական իր վաստակը աւելի հանրային մարդն է, որ ցայտուն կը դարձնէ իր հոգին: Հայրենական իրականութեան եւ ժողովուրդին հանդէպ զգայուն հոգին ներշնչուած է «Խրիմեաններ»ու եւ «Սրուանձեանցներ»ու գործերէն։
Թարգմանական էջեր ունի՝ քրտական բանաստեղծութիւններէ[3]:
Ծանօթագրութիուններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 https://archives.paris.fr/arkotheque/visionneuse/visionneuse.php?arko=YTo2OntzOjQ6ImRhdGUiO3M6MTA6IjIwMjItMTEtMDkiO3M6MTA6InR5cGVfZm9uZHMiO3M6MTE6ImFya29fc2VyaWVsIjtzOjQ6InJlZjEiO2k6NDtzOjQ6InJlZjIiO2k6MjY0NzE1O3M6MTY6InZpc2lvbm5ldXNlX2h0bWwiO2I6MTtzOjIxOiJ2aXNpb25uZXVzZV9odG1sX21vZGUiO3M6NDoicHJvZCI7fQ==#uielem_move=-1608%2C-208.8000030517578&uielem_islocked=1&uielem_zoom=193&uielem_brightness=0&uielem_contrast=0&uielem_isinverted=0&uielem_rotate=F
- ↑ Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'hui — Maisons-Alfort: 2021. — P. 440. — ISBN 978-2-905686-93-0
- ↑ Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Ա (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ, 2005։