Ֆրանչիսկոս Աղաճանեան
Ֆրանչիսկոս Աղաճանեան, (1894, Ախալցխա, Թիֆլիսի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն), եպիսկոպոս, ծնած Ախալցխա (Վրաստան) 1894, ծննդավայրին մէջ նախնական ուսումը ստանալէ ետք՝ փոքր հասակին Հռոմի Ուրբանեան վարճաանը կը ղրկուի, ուր փայլուն շրջան մը բոլորելէ ետք՝ համալսարանական ընթացքը կ՚աւարտէ ստանալով փիլիսոփայութեան, աստուածաբանութեան եւ Երկուց իրաւանց վարդապետական աստիճանը։ 1917-ին Ռուսիոյ թեմին վրայ քահանայ կը ձերնադրուի, համաշխարհային պատերազմէն ետք կրցած է երդալ Թիֆլիս, ուր ժողովրրդական պաշտօն վարելով՝ կարճ ժամանակի մէջ ամբողջ ժողովրդեան համակրանքը վայելած է։ Յետոյ 1920-ին Հռոմ կանչուած է Ուրբանեան համալսարանին մէջ փիլիսոփայութեան դասատուի պաշտօնով եւ միեւնոյն ատեն կը վարէ Լեւոնեան դպրեվանքի (ուր միայն հայ կղերականներ կը պատրաստուին) Փոխան-Մեծաւորի պաշտօնը։ Գեր. Աղաճանեան փիլիսոփայական շրջանէն անցած է Աստուածաբանութեան կաճարի դասատուութեան, որով մինչեւ օրս (1937) կ՚ուսուցանէ հոն ամէն ազգի համալսարանականնէրուն՝ Յաղագս խորհրդոյ մասնաճիւղը։ 1932-ին Արհ. Տէր Աբրահամեանի կը յաջորդէ Լեւոնեան դպրեվանքի մեծաւորութեան պաշտօնով զոր կը վարէ ցայսօր (1937)։ Տեղեակ է լատիերէն, իտալերէն, անգլիերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն եւ վրացերէն լեզուներու։
Ֆրանչիսկոս Աղաճանեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1894 |
Ծննդավայր | Ախալցխա, Թիֆլիսի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն |
Քաղաքացիութիւն | Իտալիա |
Կրօնք | քրիստոնէութիւն |
Մասնագիտութիւն | հոգեւորական |
Ս. Աթորը իբրեւ գնահատանքի ցոյց այս կարող հայազգի հոգեւորականը բարձրացուցած է եպիսկոպոսութեան՝ իբրեւ տիտղոսաւոր Կոմոնայի Հայոց եւ 1935 Յուլիս 21-ին տեղի ունեցած է եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը։ Գեր. Ֆր. Աղաճանեան 1929-ին Տէր Կոմիտաս Քէօմիւրճեանի Երանուցման առթիւ իր աշխատանքի մեծ բաժինը բերած է։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայ հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938 Պուքրէշ, էջ 93-94։