Airbus A320-ը միջակ չափի օդանաւերու ընտանիք մըն է։ Աշխարհի ամէնէն շատ վաճառուող օդանաւերէն մէկն է, «Boeing 737»-էն ետք։ Առաջին օդանաւն է, որ ելեկտրական վարիչի մեքենաներ (անգլերէն՝ fly-by-wire) կը կիրարկէ։ Այս յառաջացումներուն հետ օդանաւին ապահովութեան մակարդակը կը բարձրանայ՝ ինչպէս նաեւ ճամբորդներուն հանգստութիւնը։

Լուֆթանզայի Airbus A319, A320, A321 օդանաւերը


Ընտանիքը կը միաւորէ A318, A319, A320 եւ A321 քաղաքացիական օդանաւերը, ինչպէս նաեւ՝ ACJ պիզնըս-ճեթը:

Airbus A320-ը կը կազմէ նոր օդանաւի ընտանիք մը, որ կը շինուի միւս «Airbus»-ներուն պէս, սակայն իրենց չափերը եւ կարողութիւնները կը տարբերին։ Այս ընտանիքը օդանաւի ընկերութիւններուն խնայողութիւն կը բերէ:


Ընտանիքին վերջնական հաւաքման գործարանները կը գտնուին Թուլուզ, Ֆրանսա եւ Համպուրկ, Գերմանիա։ 2009 թուականէն սկսեալ Չինաստանի Թիանճին քաղաքին մէջ նոյնպէս կ'արտադրուին այս ընտանիքի օդանաւերէն՝ Չինաստանի համար։[1]

A320 ընտանիքին արտադրութիւնը կը սկսի Մարտ 1987-ին, իր առաջին թռիչքը կը կատարէ 22 Փետրուար 1987-ին եւ առաջին առաքումը տեղի կ'ունենայ Մարտ 1988-ին։ Շուտով ընտանիքը կը համալրէ A321-ը (1994-ին), այնուհետեւ՝ A319-ը (1996-ին) եւ A318-ը (2003-ին)։

Airbus A320 ընտանիքին օդանաւները Խմբագրել

A318 Խմբագրել

  Երկարութիւն՝ 31,4 մ․

Շարժիչ՝ 2 CFMI CFM56-5B կամ 2 Pratt & Whitney PW 6000A
Ճամբորդողի կարողութիւն՝ 136 ճամբորդող
Հեռաւորութեան կարողութիւն՝ 6000 ք․մ․
Առաջին թռիչք՝ 1999

A319 Խմբագրել

  Երկարութիւն՝ 33,8 մ․

Շարժիչ՝ 2 CFMI CFM56-5 (A, B) կամ 2 IAE V2500-A (1, 5)
Ճամբորդողի կարողութիւն՝ 145 ճամբորդող
Հեռաւորութեան կարողութիւն՝ 6800 ք․մ․
Առաջին թռիչք՝ 1993

A320 Խմբագրել

  Երկարութիւն՝ 37,6 մ․

Շարժիչ՝ 2 CFMI CFM56-5 (A, B) կամ 2 IAE V2500-A (1, 5)
Ճամբորդողի կարողութիւն՝ 164 ճամբորդող
Հեռաւորութեան կարողութիւն՝ 5700 ք․մ․
Առաջին թռիչք՝ 1984

A321 Խմբագրել

  Երկարութիւն՝ 44,5 մ․

Շարժիչ՝ 2 CFMI CFM56-5B կամ 2 IAE V2500-A5
Ճամբորդողի կարողութիւն՝ 225 ճամբորդող
Հեռաւորութեան կարողութիւն՝ 5600 ք․մ․
Առաջին թռիչք՝ 1989

Airbus A320-ին հետ կապուած արկածներ Խմբագրել

Airbus A320 ընտանիքին օդանաւերու արկածներու պատճառով ընդհանուր 3047 զոհ եւ 34 կորսուած օդանաւ արձանագրուած է։

  • 14 Փետրուար 1990-ին Հնդկաստանի Պանկալոր քաղաքի օդակայանին մէջ օդաչուներու սխալին հետեւանքով վայրէջքի ժամանակ օդանաւը կը ջախջախուի եւ պատճառ կը դառնայ 92 զոհի։
  • 20 Յունուար 1992-ին Սթրասպուրկի մօտ նոյնպէս վայրէջքի ժամանակ եւ նոյնպէս անձնակազմի սխալին պատճառով Լիոնէն եկած Air Inter ընկերութեան A320-111 օդանաւը կը բախի վազքուղիին: Կը զոհուին բոլոր 87 ճամբորդներն ու անձնակազմի անդամները։
  • 23 Օգոստոս 2000-ին Պահրէյնի մէջ Գահիրէէն եկած Gulf Air ընկերութեան օդանաւը վայրէջքի երկրորդ շրջանը կատարելու ժամանակ կ'իյնայ Պարսից ծոցի ջուրերուն մէջ՝ պատճառելով 143 զոհ։
  • 3 Մայիս 2006-ի լուսցող գիշերը նոյնպէս ծովու մէջ իյնալու դէպք մը կը պատահի, այս անգամ՝ հայկական «Արմավիա» Երեւանէն Սոչի մեկնող օդանաւը վայրէջքի ժամանակ կ'իյնայ Սեւ ծովուն մէջ եւ ամբողջովին կը ջախջախուի։ Այս արկածը կը խլէ 113 մարդոց կեանք։
  • 18 Յուլիս 2007-ին պրազիլական Փօրթու Ալեկրիէն Սան Փաուլօ հասած օդանաւը անձրեւէն թռչուած վազքուղիին վրայ իջնելու ժամանակ սահելով կը մխրճուի վառելանիւթի պահեստին շէնքին եւ կը բոցավառուի։ Կը զոհուին 199 հոգի, որոնցմէ 12-ը երկրին վրայ էին։
  • 28 Յուլիս 2010-ին Փաքիստանի Իսլամապատ քաղաքին մօտակայքը Քարաչիէն եկած Airblue ընկերութեան A321-200 օդանաւը կը բախի Հիմալայայի ստորոտին ժայռերուն՝ զոհելով 152 անձեր։
  • 28 Դեկտեմբեր 2012-ին Քալիմանտան կղզիին մօտ Ճաւայի ծովին մէջ կը խորտակուի Indonesia AirAsia ընկերութեան դէպի Սինկափուր մեկնող օդանաւը: Կը զոհուին 162 անձեր։
  • 24 Մարտ 2015-ին տեղի կ'ունենայ օդանաւի միտումնաւոր խորտակում մը, երբ Պարսելոնայէն Տիւսէլտօրֆ մեկնող GermanWings ընկերութեան օդանաւին երկրորդ օդաչու Անտրէաս Լիւպից ֆրանսական Ալպերուն վրայ թռչելու ժամանակ կը փակուի օդաչուներու խցիկին մէջ եւ օդանաւը կ'ուղղէ դէպի վար։ Կը զոհուին օդանաւին մէջ գտնուող 23 երկիրներէ բոլոր ուղեւորները, որնցմէ 70-ը՝ Գերմանիոյ, 48-ը՝ Սպանիոյ քաղաքացիներ էին, ինչպէս նաեւ՝ անձնակազմի անդամները, ընդհանուր՝ 137 հոգի։
  • 31 Հոկտեմբեր 2015-ին տեղի կ'ունենայ ահաբեկչութեան զոհ դարձած օդանաւ մը խորտակոպելու դէպք մը, երբ Շարմ ալ Շէյխէն Սանթ Փեթերզպուրկ վերադարձող զբօսաշրջիկներու ռուսական «Քակալիմավիա» ընկերութեան Airbus A321-231 օդանաւը անոր մէջ տեղադրած ռումբի պայթիւնէն կ'իյնայ Արաբական թերակղզիի կեդրոնական մասին մէջ։ Արկածի հետեւանքով կը զոհուին 224 անձ:

Մրցակցութիւն Պօյինկ 737-ին հետ Խմբագրել

A320 ընտանիքը կը ստեղծէ Boeing 737-ին եւ McDonnell Douglas MD-80/90-ին կարգերու հետ մրցելու համար։ Airbus-ը 1988-ին ներկայացումէն ետք կ'արտադրէ A320 շարքի 6700 օդանաւ, նաեւ կը ստանայ է 5439 հատ օդանաւերուն համար վստահելի ապսպրանքներ (2015-ի օգոստոսին դրութեամբ):[2] Մրցակից Boeing-ը կ'արտադրէ 8674 հատ 737 ընտանիքի օդանաւեր՝ 1967-ի վերջաւորութենէն սկսեալ, միաժամանակ 7168 ապսպրանքներ կը ստանայ 1988-ի Մարտէն սկսեալ[3] ու նաեւ ունի 4269 օդանաւերու վստահելի պատուէր (31 Օգոստոս 2015-ի դրութեամբ)։[4]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Airbus։ «Aircraft Families»։ արտագրուած է՝ մարտի 1, 2011 
  2. «Airbus Orders and Deliveries»։ Airbus։ 31 March 2016։ արտագրուած է՝ 11 April 2016  spreadsheet with details
  3. «Orders and Deliveries search page»։ Boeing։ օգոստոսի 31, 2015։ արտագրուած է՝ հոկտեմբերի 2, 2015 
  4. «737 Model Summary»։ Boeing։ August 2015։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-09-27-ին։ արտագրուած է՝ հոկտեմբերի 2, 2015