Արծուի Վասպուրական (թերթ)

թերթ

«Արծուի Վասպուրական», ամսագիր, ապա՝ շաբաթաթերթ։ Հրատարակուած է Կ. Պոլսոյ մէջ 1855-1856 ու 1873-1874 թուականներուն եւ Վարագայ վանք[1] մէջ 1858-64 թուականներուն։ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին հրատարակուող առաջին պարբերականը։

Արծուի Վասպուրական
Տեսակ թերթ
Լեզու հայերէն
Հիմնադրուած է Յունիս 1855
Հիմնադիր Մկրտիչ Խրիմեան
Հրատարակիչ Արծիւ Վասպուրական Տպարան
Երկիր  Օսմանեան Կայսրութիւն
Հրատարակման վայր Կոստանդնուպոլիս, Կոստանդնուպոլիս եւ Վարագայ վանքի Ս․ Սոֆիա եկեղեցի

Խմբագիրները եղած են Մկրտիչ Խրիմեան եւ Մ. Անանեան։ «Արծուի Վասպուրական»-ի բովանդակութիւնը ընդգրկած է հինգ բաժին.

  • Հանդէս աստուածապաշտութեան,
  • Հանդիսարան հայրենաշէն առաքինեաց հայոց,
  • Տեսարանք հայրենի աշխարհաց,
  • Բուրաստան բարոյական առաքինութեանց ,
  • Թանգարան հայկազնեան դպրութեանց[1]:

Լուսաբանած է եկեղեցական կեանքի. Հայաստանի պատմութեան, կրթութեան, բարոյական դաստիարակութեան խնդիրներ։ Մեծ տեղ յատկացուցած է հայ մշակոյթի գործիչներու՝ Մեսրոպ Մաշտոցի, Սահակ Պարթեւի, Մովսէս Խորենացիի, Եղիշէի, Դաւիթ Անյաղթի եւ այլոց կեանքին ու գործունէութեան, մատնանշած անոնց դերը եւ ներդրումը հայ ժողովրդի ինքնութեան պահպանման գործին մէջ։

Թերթին խմբագիրը Մկրտիչ վարդապետն էր. օգնական եւ փոխանորդ` Մանուէլ վարժապետ Արտամետցեան, որ կը գրէր «Տեսարանք հայրենի աշխարհաց» բաժինի յօդուածները, ներկայացնելով Վասպուրականի գիւղերու, աւաններու եւ վանքերու տեղագրութիւնն ու պատմութիւնը:

Ուսուցիչ աշխատակիցները եղած ոն` Նահապետ Փիրղամէլեան, Մարտիրոս Փափազեան եւ Տիգրան Գալփակճեան: Աշակերտ աշխատակիցը եղած են` Գարեգին Սրուանձտեանց, Արսէն Թոխմախեան, Արամ Բժիշկ-Յակոբեան, Արշաւիր Փոխանեան, Արշամ Գրիգորեան, Հրաչեայ Սեւիկեան, Եղիշէ Տէր Մեսրովբեան եւ Միհրդատ Յարութիւնեան:

«Արծուի Վասպուրական»-ի աշխատակից եղած են աշուղ եւ բանաստեղծ Պետրոս Տէր Յովսէփեան-Մադաթեան Շամախեցի, որ Կովկասէն աշուղական ոտանաւորներ ուղարկած է, ինչպէս նաեւ «Հայկազուն օրիորդներ»:

«Արծուի Վասպուրական» բաժանորդներ ունեցած է նաեւ Ռուսաստանի մէջ[1]:

«Արծուի Վասպուրականը» լոյս տեսած է գրաբարախառն աշխարհաբարով[2][3]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 «Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)»։ www.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2023-08-20 
  2. «Վիեննայի մենաստանի մամուլի շտեմարան– ԱՐԾՈՒԻ ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆ»։ արտագրուած է՝ 2022-12-15 
  3. «Համահայկական թուանշային գրադարան» 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։   
Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։