Բագրատունիներու Ծագումը
Բագրատունիներու Ծագումը Հայ ազնուական ամէնէն հին եւ մեծ տոհմերէն եղած են Բագրատունիները:
Ծագում
ԽմբագրելԸստ պատմահայր Մովսէս Խորենացիին, տոհմին նախահայրը հրեայ Շամբատն է, որ Երուսաղէմի նուաճման ատեն գերի ինկած էր Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը: Հայոց Հրաչեայ թագաւորին խնդրանքին վրայ Նաբուգոդոնոսոր ազատ արձակած է զայն եւ ուղարկած՝ Հայաստան: Իսկ Վաղարշակ թագաւոր Շամբատի ցեղէն Բագրատին թագադիր ասպետութեան կոչում շնորհած է:
Բագրատունիներու ծագման մասին այլ աւանդութիւն մը, որ կցուած է Սեբէոսի պատմութեան, կ'ըսէ, որ տոհմը սերած է Արամանեակէն, որուն շառաւիղներէն էր Զարեհ, եւ այնուհետեւ որդի ի հօրմէ յաջորդութեամբ` Արմոգ, Սարանգ, Շաւարշ, Փարնաւազ, Բագարատ, Բիւրատ եւ Ասպատ: Բագարատ թագադրած է Տրդատ Ա. թագաւորը եւ բազմեցուցած գահին վրայ: Անոնց տոհմական տիրոյթը դարձած է Աղձնիք նահանգին Անգեղ տուն գաւառը: Բագարատ հաւանաբար Տիգրան Մեծի զօրավարներէն մէկն էր, որ երկար ժամանակ Ասորիքի եւ Հրէաստանի մօտիկ երկրամասերուն մէջ պաշտօնավարած է. բան մը, որ հետագային հիմք ծառայած է տոհմին հրէական ծագման աւանդութեան:
Բագրատունիներու ծագման արմատները կ'երկարին նաեւ մինչեւ ուրարտական ժամանակները, եւ Ուրմիոյ լիճի ափերուն գտնուող Մանա երկիրի թագաւոր Բագադատի հաւանաբար առնչութիւն ունի Բագրատունիներուն հետ:
Պատմական տարեգրութիւններու համաձայն, Բագրատունիները եւ Երուանդունիները նոյն արմատէն ճիւղաւորուած են:
Բագրատունիներու տոհմին անուանադիր կարելի է նկատել ուրարտական Մուսասիր երկիրի Բագբարտու աստուածուհին: Իսկ Բագբարտու անունը կարելի է բացատրել իբրեւ բագ` աստուած, բար` բերք, այսինքն` պտղաբերութեան աստուածուհի: Հնչիւնաբանական օրինաչափութեամբ Բագբարտուէն յառաջացած է Բագարատ, Բագրատունի, իսկ ունի կը նշանակէ տոհմ:
Նախարարական Ազդեցիկ Տոհմ
ԽմբագրելԲագրատունեաց տոհմին նախնիներէն Ախշահրսարտ Արտաշէս Ա. թագաւորին օրով (Ն.Ք. 189-160) թագադիր ասպետ եղած է: Անոր զաւակն է Նիկեփոր, որ հաւանաբար նոյն Սմբատ Բագրատունին է: Սմբատ Բագրատունի Արտաշէս թագաւորին դայեակն էր. Երուանդ թագաւորի հալածանքներուն պատճառով փախցուցած է զայն Պարսկաստան, ապա երկուքը միասին վերադարձած են Հայաստան եւ պարտութեան մատնած Երուանդին բանակը: Սմբատ Բագրատունիի օժանդակութեամբ գահ բարձրացած է Արտաշէս Ա.:
Բագրատունիները քաղաքական եւ զինուորական ազդեցիկ ուժ էին Արտաշէսեաններու, ապա Արշակունիներու օրով եւ այնուհետեւ ալ մարզպանական Հայաստանի մէջ: Անոնց կը պատկանէր թագադիր ասպետութեան բարձր պաշտօնը եւ որոշ ժամանակներ ալ` սպարապետութիւնը: Հայ նախարարներուն կարգը ճշդող գահնամակին մէջ Բագրատունիները առաջինը կը նկատուէին, իսկ զօրանամակին համաձայն 1500 կռուող ունէին: Զինանշանը` զոյգ առիւծներ, անոնց միջեւ` կենաց ծառ, ծառին ներքեւ` օձեր, իսկ առիւծներուն վրայ` գունդեր:
Բագրատունիներուն տոհմական հնագոյն տիրոյթներն էին` Անգեղ տուն, Բագրեւանդ, Կոգովիտ եւ Սպեր: Արշակունեաց թագաւորութեան ժամանակ անոնք կեդրոնացած էին Բարձր Հայքի Սպեր գաւառին մէջ, իբրեւ կեդրոն ունենալով Սմբատաբերդը:
Այրարատեան աշխարհին մէջ, Արածանիի գլխաւոր երկու վտակներու աւազանին մէջ գտնուող Բագրեւանդ գաւառը Բագրատունիներու տոհմի ձեւաւորման գլխաւոր կեդրոնը կամ կեդրոններէն մէկն էր, եւ գաւառին ու տոհմին անունը նոյն արմատէն սերած է: Գլխաւոր բնակավայրերէն էր Բագաւան, Նպատ լերան ստորոտին, Արածանիի ձախ ափին: Իսկ Կոգովիտ կը գտնուի Մակու գետի ափերուն. հոն կը գտնուէր Դարոյնք ամրոցը (ներկայ Պայազիտ), որ նախապէս Արշակունիներուն կը պատկանէր եւ հետագային անցաւ Բագրատունիներուն:
Սմբատ Ասպետ Բագրատունի Պապ թագաւորին օրով սպարապետ եղաւ եւ անոր գլխաւորութեամբ հայոց զօրքը պարսիկներուն դէմ փայլուն յաղթանակ տարաւ Ձիրաւի ճակատամարտին:
Սահակ Ասպետ Բագրատունի Սասանեան Պարսկաստանի եւ Բիւզանդիոնի միջեւ Հայաստանի 387-ի բաժանումէն ետք սկիզբը Արշակ Գ. թագաւորին հետ էր, յետոյ անցած է Խոսրով Գ.ի մօտ եւ սպարապետ եղած:
Տիրոց Բագրատունի Վարդանանց պատերազմին մարզպան Վասակ Սիւնիի համախոհներէն էր:
Սահակ Բագրատունի 482-ին Հայաստանի մարզպան կ'ըլլայ, գործօն մասնակցութիւն բերած է Վահանեան պատերազմին եւ նահատակուած Ճարմանայնի ճակատամարտին: Անոր պատուէրով Մովսէս Խորենացի գրած է հայոց պատմութիւնը:
Սմբատ Բագրատունի Բիւզանդիոնի Մորիկ կայսեր (582-602) դէմ ապստամբական շարժման ղեկավարը եղած է: Հայաստանի ռազմական ուժը տկարացնելու դիտաւորութեամբ նախարարական զօրամասերը կը տեղափոխուէին Թրակիա եւ այլ վայրեր, ուր անոնք ստիպուած էին մասնակցելու սահմաններուն վրայ մղուող անվերջանալի պատերազմներուն: Սմբատ Բագրատունիի զօրամասը Խաղտիք հասնելով ըմբոստացած էր եւ չէր շարունակած ճանապարհը: Կայսրը շռայլ խոստումներով ապակողմնորոշած էր հայ զինուորները, իսկ Սմբատ Բագրատունի ուղարկուած է Հայաստան: Նոր ապստամբութեան մը նախապատրաստման պայմաններուն տակ Սմբատ ձերբակալուած է եւ Պոլիս տարուած է, ուր պալատական դատարանի որոշումով կրկէսին մէջ գիշատիչ գազաններու դէմ պէտք է մենամարտէր: Յաղթած է երեք գազաններու, որոնց շարքին` առիւծին եւ Մորիկ կայսր ներում շնորհած է անոր:
Սմբատ Բազմայաղթ պարսից Խոսրով Փարվէզ թագաւորին մօտ ծառայութեան մտած է, յաղթական պատերազմներ մղած քուշաններու եւ այլ ցեղերու դէմ եւ 600-ին Վրկանի եւ 607-ին ալ Հայաստանի մարզպան եղած: Քաջագործութիւններուն համար թագաւորէն ստացած է Խոսրով Շում (Խոսրովի ուրախութիւն) պատուանունը: Եկեղեցաշէն գործունէութիւն ունեցած է եւ փորձած է արգելք հանդիսանալ հայ եկեղեցիէն վրաց եկեղեցւոյ բաժանումին:
Վարազ-Տիրոց, Սմբատ Բազմայաղթի զաւակը, 628-632-ին Հայաստանի մարզպան եղած է: Ապա Կոստանդնուպոլիս գացած է եւ Հերակլ կայսրէն պատրիկի կոչում ստացած: Կայսեր դէմ կազմակերպուած անյաջող դաւադրութենէն ետք Ափրիկէ աքսորուած է: Հերակլի մահէն ետք, 641-ին վերադարձած է Կոստանդնուպոլիս, իսկ 645-ին փախած է Հայաստան եւ դարձած հայոց իշխան[1]: