Գեղամ Թազեան (1938, Թուրքիա), բազմավաստակ կերպարուեստագէտ, դասախօս։

Գեղամ Թազեան
Ծնած է 1938
Ծննդավայր Մուսա Լեռան Խտըրպէկ գիւղը
Քաղաքացիութիւն  Սուրիա
 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մասնագիտութնիւն արուեստագէտ, գեղանկարիչ, դասախօս
Կայք keghamtazian.com

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Գեղամ Թազեան ծնած է Մուսայ Լերան Խտըրպէկ գիւղը 1938-ին: Զաւակը Խաչեր եւ Մարի Թազեաններու, կրտսերը՝ հինգ զաւակներու: Սուէտիայէն գաղթած եւ հաստատուած Այնճար գիւղը: Փոքր տարիքին հայրը կորսնցնելէ ետք ընտանիքով փոխադրուած են Պէյրութ, ուր նախնական կրթութիւնը ստացած է Էշրէֆիէի Սուրբ Յակոբ ազգային Վարժարանը: Այնուհետեւ 1960-ին մեկնած է ԱՄՆ, ուր յաճախելէ ետք կարգ մը արուեստի ուսումնարաններ, ընդունուած եւ աւարտած Տիթրոյթի Ուէյն համալսարանի նկարչութեան եւ քանդակագործութեան բաժինը, ստանալով Մագիստրոս Արուեստից համապատասխան վկայական: 1967-էն ի վեր կը դասախօսէ Միշիկընի Օգլընտ Քոմիւնիթի Գոլէճի արուեստի բաժնին մէջ»:

Բազմավաստակ կերպարուեստագէտ Գեղամ Թազեան դասաւանդած է նաեւ այլ արուեստի բարձրագոյն հիմնարկներէ ներս,կազմակերպած է երեսունէ աւելի անհատական ցուցահանդէսներ ու մասնակցած՝ բազմաթիւ խմբային ցուցահանդէսներու աշխարհի տարածքին, սկսեալ Նիւ Եորքէն ու Թորոնթօյէն մինչեւ Լոնտոն ու Փարիզ եւ Լոս Անճելըսէն ու Շիքակոյէն մինչեւ Երեւան ու Պէյրութ:

Անոր անհատականութեան կազմաւորման ու բիւրեղացման մէջ կենսական դեր կատարած են երկու կին անձնաւորութիւններ, որոնց երախտագիտութեամբ կը յիշէ իր զրոյցներուն մէջ։ Նախ իր մօրը՝ Մարիին, որ առանց հայրական նեցուկի հինգ երեխաներ մեծցուց, դաստիարակեց ու պահեց իբրեւեւ հայ, իսկ երկրորդը՝ իր ուսուցչուհիին՝ Օլիվիա Պալեանին, որ օգնեց, հովանաւորեց ու մղեց զինք դէպի արուեստ:

Թազեանի արուեստի ներշնչումի աղբիւրները

Խմբագրել

Գեղամ Թազեան հետեւեալը կը պատասխանէ.

  «Այնճարի (Լիբանան) Հայ մամիկներուն և մշակներուն արևախանձ դէմքերը շատ տպաւորած են զիս: Հայ դպրոցին մէջ հայկական ջարդերու և տառապանքներու մասին լսածներս արտաբերած եմ գործերուս մէջ։ Հայկական ճարտարապետութեան կոթողներու աւերակ երևոյթը զիս կը ներշնչէ. զանոնք վերակենդանացնելու մղում մը կ’ունենամ»:[1]
- Գրախօսեց՝ Մովսէս Ծիրանի
 


Թազեանի արուեստի «համադրութեան ընդհանրութիւնները»ն ու «ստեղծագործական ինքնավստահ քայլերը» կը բխին արեւախանձ դէմքերէ, ջարդերէ, տառապանքներէ ու աւերակուած կոթողներէ, որոնց վերակենդանացնելու մղումը կ’ունենայ: Հակառակ անոր որ ան խորապէս տպաւորուած է հայկական ձեռագիր մատեաններէն, անոր երանգապնակը զուսպ է ու սահմանափակ: Մանրանկարչական վառ ու պայծառ գոյներու փոխարէն ան կ’օգտագործէ խունացած մագաղաթեայ երանգները, որոնք ոչ միայն հալածուած ու տառապած ժողովուրդի մը դարաւոր վկաներն են, այլեւ բարձր մշակոյթի տէր ազգի մը իմաստութիւնն ու առհաւական յիշողութիւնը կը կրեն իրենց մէջ։ Իսկ անոնց վրայ պատկերուած սուրբերու եւ մատենագիր-ծաղկողներու տագնապն ու տուայտանքը գեղեցկօրէն դրսեւորուած են նաեւ Թազեանի կերտած կերպարներու մէջ, յատկապէս հայուհիներու պարագային: Ուրիշ ձեւ չէր կրնար ըլլալ: Բնական է որ մուսալեռցի իր պապերուն առհաւական արիւնը, ծնողական ցեղային դաստիրակութիւնն ու հայկական դպրոցէն ներս ստացած ազգային հոգեմտաւոր սնունդը, իր արուեստը պիտի օժտէին ազգային ու մարդկային գեղագիտական վսեմ արժանապատուութեամբ:

Թազեանի ստեղծագործութիւններու ոճը

Խմբագրել

Գեղամ Թազեանի ստեղծագործութիւնները, իրենց ոճային, արտայայտչաձեւերու, օգտագործած նիւթերու եւ որդեգրած միջոցներու բազմազանութեամբ հարուստ են ու տարաբնոյթ: Անոնք կ’ընդգրկեն արուեստի գրեթէ բոլոր հիմնական ուղղութիւնները, սկսեալ դասականութենէն ու տպաւորապաշտութենէն մինչեւ գերիրապաշտութիւնն ու վերացականութիւնը: Ան առաջինը չէ, որ միաժամանակ ստեղծագործած է արուեստի տարբեր արտայայտչաձեւերով: Իրմէ առաջ եւ ետք եղած են շատ շատեր: Սակայն ինք կ’առանձնանայ անոնցմէ իր գեղարուեստական «արկածախնդրութեամբ», ուր Եղեռնի արձագանգները կարեւոր տեղ կը գրաւեն: Կարենալ հասնելու համար լաւագոյնին, բարձրին ու առաւել արտայայտչականութեան, ան տեւականօրէն հետամուտ է լրջախոհ ու բեղմնաւոր որոնումներու:

Թազեանի արուեստը

Խմբագրել

Բացառիկներ միայն կարողութիւնը ունին քարի ու փայտի նման անշունչ առարկաները շնչաւորելու, իբրեւեւ գեղարուեստական յղացք: Այդ բացառիկներէն է նաեւ Գեղամ Թազեան: Այս առումով ան Hylozoist մըն է, այնպէս ինչպէս Արշիլ Կորքին, Երուանդ Քոչարը եւ կամ Յակոբ Յակոբեանը: Այ’ո, եթէ ուզենք անպայման ինչ որ ԻԶՄ-ով բնորոշել Թազեանի արուեստը, ապա «Հայլոզոիզմ»ն է այդ մէկը, որ ոչ պահական է և ոչ ալ մտածուած, այլ բնականօրէն իր ազգային խորքերէն կը բխի անոր նիւթակենսապաշտութիւնը: Քարի, հողի, ջուրի, յաճախ նաև տան առարկաներու, (ինչպէս. օճախ, աղաման, տաշտ, սանդ, ևայլն) պաշտամունքը հազարամեայ արմատներ ունի հայ մշակոյթի մէջ:

Հին յունարէնէն փոխ առնուած և եւրոպական լեզուներու մէջ տարածուած Hylozoism-ը, կը թարգմանենք «նիւթակենսապաշտութիւն», բայց դժուար թէ հասկնալի ըլլայ ոմանց համար: Բառը կազմուած է նիւթ եւ կեանք ամատ բառերէն, որ առաջին անգամ կը յիշատակուի նախասոկրատեան փիլիսոփայութեան, Միլեթեան դպրոցին մէջ, ուր կ’ակնարկուի նիւթի եւ առարկաներու պաշտամունքին: Հին աշխարհի գրեթէ բոլոր ժողովուրդները կը հաւատային թէ նիւթը՝ առարկան ինչպէս օրինակ քարը կ’ապրի, կը շնչէ, զգացում ունի եւ հետեւաբար կը պաշտէին զայն:

Ինչպէս վերը նշեցինք հայլոզոիզմը ոչ միայն խոր արմատներ ունի Հայ մշակոյթի մէջ, այլեւ մաս կը կազմէ մեր ազգային խառնուածքին ու էութեան եւ այս պատճառով ալ տարերայնօրէն կը դրսեւորուի, իր մարդկային ու ազգային հոգեմտաւոր արժէքներուն հաւատարիմ մնացած Հայ կերպարուեստագէտներու մոտ, որոնց ամենաարժանաւորներէն Է Գեղամ Թազեանը:

Թազեանի արուեստի գեղարուեստական ուժն ու համամարդկային արժէքը

Խմբագրել

Ան ինչքան ալ ստեղծագործէ այլազան ու ժամանակակից արտայատչաձեւերով, ինչքան ալ կիրառէ տարօրինակ առարկաներ, ինչքան ալ յօրինէ բոլորովին նոր ու արտակեդրոն համադրումներ կամ զետեղումներ, միեւնոյնն է, իր «ազգային մատնահետքերը» անպայմանօրէն ի յայտ կու գան անոնց վրայ։ Ահաւասիկ հո’ս է իր արուեստի գեղարուեստական ուժն ու համամարդկային արժէքը, որոնք արգասիքն են ինքնաորոնման իր յարատեւ խորացումներուն:

Թազեանի արուեստի օտարալեզու արուեստի հրատարակութիւններ

Խմբագրել

Անոր արուեստի մասին անդրադարձած են ստուար թիւով օտարալեզու արուեստի հրատարակութիւններ: Ինչպէս. «Ֆրի Փրէս», «Ամերիքըն Արթիսթ», «Արթ Նիուզ», «Արթիսթ Մանթլի», «Ինթըր Լինք», «Տը Տիթրոյիթ Նիուզ», եւայլն:

Շքանշաններ եւ Պարգեւներ

Խմբագրել

Իր ստեղծագործական կեանքի ընթացքին արժանացած է շարք մը համաամերիկեան եւ համաշխարհային տարողութիւն ունեցող շքանշաններու եւ պարգեւներու, որոնց մէջ առաւել յատկանշական են Ուէյն եւ Հէրըն թանգարաններու շնորհած մրցանակները:

Ծանօթագրութիուններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել