ԳՈՀԱՐ Սիմֆոնիկ Նուագախումբ եւ Երգչախումբ

ԳՈՀԱՐ Սիմֆոնիկ Նուագախումբ եւ Երգչախումբ, Լիբանանահայ Խաչատուրեան եղբայրներու կողմէ հիմնուած է 1998-ին, Գիւմրիի մէջ, մօտ 175 արուեստագէտներով եւ կոչուած է ԳՈՀԱՐ՝ իրենց մօր անունով[1]:Սկիզբը համոյթը հանդիսացած է միայն նուագախումբով, իսկ այնուհետեւ ընդարձակուած է ու լրացուած է նաեւ երգչախումբով: Ներկայիս կազմուած է մօտաւորապէս 150 երաժիշտներէ, 12-15 երգիչ-մեներգիչներէ, մօտաւորապէս 15 պարուհիներէ:

ԳՈՀԱՐ Սիմֆոնիկ Նուագախումբ եւ Երգչախումբ

Պատմութիւն

Խմբագրել
 
«Գոհար»-ի հանդիսատեսը, որոնք կը ծածանեն Կիլիկիոյ թագաւորութեան դրօշը Ազատութեան հրապարակին մէջ, Երեւան, 2011 թ

1996 թուականին Լիբանանահայ Տիկ. Գոհար Խաչատուրեան այցելած է Գիւմրի՝ երկրաշարժէն տուժած շրջանը։ Տեսնելով այդ թշուառ վիճակն ու պայմանները, ան որոշած է աշխատանքի պայմաններ ստեղծել հոն գտնուող մարդոց համար: 1997 թուականին անոր զաւակները՝ Յարութ, Շահէ եւ Նար Խաչատուրեաններ Գիւմրիի կեդրոնը կառուցած են ԳՈՀԱՐ տարածքը։ 1999 թուականին իր աշխատանքին սկսած է ԳՈՀԱՐ երաժշտանոցը՝ իր ուսուցչակազմով եւ 100 ուսանողներով, ուր ուսումը եւ գործիքները կը տրամադրուին անվճար։

Համերգաշրջան

Խմբագրել
 
ԳՈՀԱՐի Լիբանանի համերգը, 2010

Համոյթի անդրանիկ միջազգային ելոյթը տեղի կ՚ունենայ 2002 Յունիսին, Նիկոսիա եւ Պէյրութ։

2002 Սեպտեմբերին, ԳՈՀԱՐ ելոյթ կ'ունենայ Երեւանի ազատութեան հրապարակին վրայ, 2005 Հոկտեմբերին, Իսթանպուլ, իսկ 2006ին՝ Մոսկուա, Քրեմլինի Պետական Պալատին մէջ։

2007-ին ԳՈՀԱՐ ելոյթ կ'ունենայ 6 անգամ ԱՄՆ եւ 2 անգամ Գանատա:[2]:

2009-ին ԳՈՀԱՐ ելոյթներ կ'ունենայ Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ, իսկ 2010 Սեպտեմբերին՝ Լիբանան, Զուք Միքայէլի Հռովմէական ամփիթատրոնին մէջ։

ԳՈՀԱՐի ամենատպաւորիչ ելոյթներէն մէկն էր 2011 Մայիս 28 թուականին Երեւանի Օփերայի բակին մէջ կազմակերպուած մեծ ու լուսառատ համերգը, «Հայաստանի աստղերու հետ»՝ նուիրուած Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հռչակման տարեդարձին: Համերգը օժտուած էր եռաչափ լուսային արտապատկերումով (3D Mapping), որ իր մեծածաւալութեամբ եւ ճաշակով նոր խօսք էր հայ մշակութային իրականութեան մէջ:

2012 Հոկտեմբերին ԳՈՀԱՐ ելոյթներ կ՚ունենայ Արժանթին, Պրազիլ եւ Ուրուկուէյ։[3]:

2015, Հոկտեմբեր/Նոյեմբեր թուականին, ԳՈՀԱՐ գերազանց յաջողութեամբ եւ բերկրանքով հանդէս եկաւ Լիբանանի մէջ[4]։ Հոն օգտագործուեցան արհեստագիտութեան ամէնէն արդիական ձեւերն ու ոճերը։ Համերգները ուղղակի սփռուեցան Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան եթերով, ինչպէս նաեւ համացանցի արտահոսքով, որոնք առիթը ընծայեցին Սփիւռքի բիւրաւոր ակնդիրներուն՝ մասնակից դառնալու եւ ըմբոշխնելու հայ երաժշտութիւնն ու մշակոյթը «ԳՈՀԱՐ-ի Բոլոր Ժամանակներու Սիրուած Երգեր»ով: Համերգները կայացան Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման ծիրէն ներս, «100 Տարի Ցեղասպանութենէն Վերապրած, 100 Երգով Վերածնած»:

ԳՈՀԱՐի համերգներուն տոմսերու վաճառքի ամբողջական հասոյթը կը տրամադրուի հայ դպրոցին եւ հայ ուսուցիչին՝ այն քաղաքին մէջ ուր ԳՈՀԱՐ ելոյթ կ՚ունենայ։

ԳՈՀԱՐ իր ուղիով, Հայկական Սփիւռքին ուրախութիւն եւ հաճոյք կը պատճառէ եւ Հայկական ոգին կը տոգորէ։ ԳՈՀԱՐի ճամբան Ա.Բ.Գ.-ն է։ ԳՈՀԱՐ-ի սատարը Հայ Ուսուցիչին է։ ԳՈՀԱՐի ծածանած դրօշակը Կիլիկիոյ Թագաւորութեան դրօշակն է։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «ԳՈՀԱՐի ստեղծման պատմութիւն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-09-19-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-01 
  2. KOHAR Armenian Ensemble
  3. KOHAR en Buenos Aires - Argentina Octubre de 2012
  4. KOHAR - Veraganknir Guiliguia | ԳՈՀԱՐ - Վերականգնիր Կիլիկիա | Live in Lebanon