Գրիգոր Գարաճեան
Գրիգոր Գարաճեան, (1895 Պոլիս – 14 Ապրիլ, 1963 Երեւան)․ ջութակահար, մանկավարժ, խմբավար։ Յունական շրջանակներուն մէջ ծանօթ է իբրեւ Ղրիղորիս Գարածաս (Γρηγόρης Καρατζάς)։ Յունաստան ապրած ու գործած է 35 տարի եւ հայրենադարձուած է 1948-ին:
Գրիգոր Գարաճեան (Գրիգոր Գարածա) | |
---|---|
ջութակահար, մանկավարժ, խմբավար | |
Ծնած է | 1895 |
Ծննդավայր | Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 14 Ապրիլ, 1963 |
Ազգութիւն | Հայ |
Մասնագիտութիւն | ջութակահար, դպրոցի ուսուցիչ, խմբավար |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԻզմիր
ԽմբագրելԳրիրոր Գարաճեան ծնած է 1895-ին Պոլիս։ Մայրը եւ քոյրը՝ Կիւլիզար, եղած են դաշնակահար։ Փոքր տարիքէն ջութակով կը զբաղի։ 1903-ին ընտանեօք Իզմիր կը տեղափոխուին։ Գրիգոր կը յաճախէ Իզմիրի երկսեռ հայկական դպրոցը (Մեսրոպեան եւ Հռիփսիմեանց վարժարաններու միացում)․ տեսչուհին է Տիկին Սաթենիկ Հալէպեան-Բարթող։
Աթէնք
ԽմբագրելԳրիգոր Գարաճեան, ջութակահարի ուսումը կը շարունակէ Փարիզի Երաժշտանոցը։ Ուսումը աւարտած տարին, 18 տարեկան հասակին Աթէնք կը հաստատուի։ Կը ստանցնէ համբաւ վայելող «Փանթէոն» զբօսավայրի նուագախումբին ղեկավարութիւնը։ Այդ ժամանակամիջոցին (1913 - 1917), Յունաստանի Կոստանտինոս թագաւորին անձնական հրաւէրով յաճախ ջութակի ելոյթներ կ՛ունենայ պալատին մէջ։ 1916-ին պետական նուագախումբի առաջին սոլիստներէն է եւ միաժամանակ կը դասաւանդէ պետական երաժշտանոցին մէջ (Իզմիր ապրած ըլլալով, տեղեակ էր յունարէնին)։
1917-ին, ջղային կծկումի մը հետեւանքով, ճպոտը գործածող աջ ձեռքին դաստակը երկու տարուան համար անգործածելի կը դառնայ։
Վերադարձ Իզմիր
ԽմբագրելԱ․ Համաշխարհային Պատերազմի զինադադարի շրջանին, դաշնակահար մօրը հետ Իզմիր կ՛ անցնի, ուր կը մնայ մինչեւ 1922-ի սկիզբները․ Իզմիր այդ ժամանակ կը գտնուի յունական գրաւման տակ։ Երաժշտական ելոյթներու կը մասնակցի եւ քաղաքին նուագախումբին խմբավարութիւնը կը ստանցնէ։
Յունաստան
ԽմբագրելՓոքր Ասիոյ Աղէտէն ետք, Աթէնք կը հաստատուի։ Աթէնքի Երաժշտանոցին առաջին ջութակահարը կը նշանակուի․ մեծ պատիւ մը օտարազգիի մը համար։ Յունաստանի մէջ իր 35 տարուան ասպարէզին ընթացքին, ան ծանօթ կը դառնայ իբրեւ Ղրիղորիոս Գարածաս (Գրիգոր Գարաճեան անունը յոյները կը յունացնեն․ Գրիգորիս՝ Ղրիղորիս, Ղրիղորիոս)։ Կը մասնակցի բազմաթիւ նուագահանդէսներու (Աթէնք, Սելանիկ եւ ուրիշ մեծ քաղաքներ)։
Բ․ Համաշխարհային Պատերազմի աւարտին, Յունաստանի մէջ ստեղծուած են քաղաքական նոր եւ ծանր պայմաններ։ Ազգայնականներու շրջանակին ճնշումներուն տակ, Գրիգոր կը կորսնցնէ Երաժշտանոցին առաջին ջութակահարի տիտղոսը․ զայն կը փոխարինէ յոյն ազգութեամբ ջութակահար մը։ Այս որոշումին իբրեւ հետեւանք, Գրիգոր կ՛ որոշէ հայրենադարձուիլ։
Հայաստան
Խմբագրել1948-ին, Գրիգոր Գարաճեան կնոջ եւ մօրը հետ Հայաստան կը ներգաղթէ ։ Անոր տաղանդը յայտնութիւն մըն է Երեւանի երաժշտական շրջանակներուն մէջ եւ շուտով Երեւանի Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան Օփերայի համերգային նուագախումբին երաժշտապետը կը նշանակուի․ պաշտօն, որ մինչեւ իր մահը կը վարէ։
Մահը
ԽմբագրելԳրիգոր Գարաճեան աչքերը կը փակէ սրտի տագնապի մը հետեւանքով, 14 Ապրիլ 1963-ին։ Դիակը ամբողջ օր մը կը ցուցադրուի Օփերայի սրահին մէջ եւ յուղարկաւորութիւնը մեծ շուքերով տեղի կ՛ ունենայ։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- «Ամէնուն Տարեգիրքը», 1964, Կարօ Գէորգեան, էջ 315-318
- «Ներկա՛յ» պարբերաթերթ, Յուլիս – Օգոստոս 1963, թիւ 26/27, էջ 18-20, Տոքտ․ Գ․Օ․Գ․ Պուենոս Այրես, Արժանթին
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Գրիգոր Գարածա, Յակոբ Ճելալեան, «Արմենիքա» պարբերաթերթ, Յունիս-Սեպտեմբեր 2020, թիւ 104 (յունարէն)
- ↑ «Կեդրոնական - Հայ Դպրոցը անցեալէն դէպի այսօր․ էջ 43-46»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-05-04-ին։ արտագրուած է՝ 2021-05-04