Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարան
Եղիշէ Չարէնցի տուն-թանգարան, Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանը կը գտնուի Երեւանի մէջ։ Հիմնադրուած է 1964 թուականին Երեւանի այն բնակարանին մէջ, ուր 1935-1937 թուականներուն ապրած է Չարենցը։ Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանը բանաստեղծի կեանքի, գրական-մշակութային, հասարակական-քաղաքական գործունէութեան ուսումնասիրութեան գիտական կեդրոն է։
Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարան | |
---|---|
Տեսակ | հուշային թանգարան? |
Երկիր | Հայաստան[1] |
Տեղագրութիւն | Երեւան եւ Կեդրոն |
Հասցէ | Մեսրոպ Մաշտոց պող. 17[1] |
Հիմնադրուած է | 1964 |
Տնօրէն | Ժաննա Մանուկյան |
40°10′44″N 44°30′52″E / 40.178997°N 44.514372°E | |
Կայքէջ | charents.am |
Պատմութիւն
Խմբագրել2016 թուականին թանգարանի մուտքի մօտ տեղադրուած է Չարենցի դիմաքանդակը (քանդակագործ՝ Գետիկ Պաղտասարեան)։
ՀՍՍՀ Հայաստանի նախարարներու խորհրդի 8 Փետրուար 1964 թ.-ի որոշմամբ հիմնադրուեցաւ Չարենցի տուն-թանգարանը: Տասը տարուան հաւաքչական աշխատանքներէն յետոյ այն իր դռները բացաւ 1975 թուականի Յունուարին։ 1987 թուականին Չարենցի ծննդեան 90-ամեայ յոբելեանի առթիւ շէնքը ենթարկուեցաւ մասնակի փոփոխութեան եւ Հայաստանի կառավարութեան որոշմամբ թանգարանի տարածքն ընդլայնուեցաւ։ Թանգարանը կ՛ընդգրկէ 626,3 քմ տարածք, այդ թուականին՝ չարէնցեան ժամանակներու նմանութեամբ վերականգնուած յուշատունը։ Չարենցի տուն-թանգարանին մէջ ցուցակագրուած է 8000-էն աւելի ցուցանմոյշ։ Այս տունը Չարենցի մտերիմներու յիշողութեան մէջ մնաց իբրեւ հիւրընկալ օճախ, ուր յաճախ կը վայելէին չոր մրգերու ու արեւելեան քաղցրաւէնիքներու «դաստախունը»:
Միւս յարկաբաժիններուն մէջ կը ցուցադրին Չարենցի եւ անոր ժամանակակիցներու հետ առնչուող իրեր, լուսապատճէններ, գեղանկարներ եւայլն։ Թանգարանի այժմեան ցուցադրութեան հեղինակը Ռոպէրտ էլիբեկեանն է, նախկին ցուցադրութիւնը հեղինակած էր Կամօ Նիգարեանը։ Թանգարանի ամենանուիրական հատուածը յուշատունն է՝ մեմօրիալ բնակարանը: Բնակարանը կահաւորուած է արեւելեան ու եւրոպական իրերու համադրումով: Աշխատասենեակի նկարագիրը պատկերուած է Չարենցի «Հերոսի հարսանիքը» տրամային (1937 թ.). «Տեսարանը՝ սենեակ, գրասեղան, սեղանի լամբ՝ կարմիր թաւշեայ լուսամփոփով: Վառուած է միայն այդ լամբը եւ անոր լոյսով կիսաղօտ կերպով լուսաւորուած սենեակին մէջ, բացի սեղանէն, կ՛ուրուագծուին գրադարակներ, Ճիոտտոյի յայտնի որմնանկարէն մաս մը արտատպութիւնը, որ կը ներկայացնէ Տանթէին եւ Պետրարկին՝ դրախտին մէջ։ Դիմացի պատին, այսինքն գրասեղանի ետեւը՝ չինական պաննոյ, դեղին թաւիշի վրայ դրուած հսկայական անագապղնձեայ Պուտտայի գլուխը՝ դեղին, պսպղուն այտերով, ծուռ ու նշաձեւ աչքերով եւ հեգնական շրթունքներով»: Պահպանուած է սենեակի կահաւորանքը՝ գրասեղանի, թախտի, գաղտնապահարանի, Աբգար աղայէն ժառանգած գորգերու, չինական պաննոյի, Պուտտայի անագապղնձէ արձանիկներու, «Ունտերւուտ» գրամեքենայի, Լէօնարտօ տա Վինչիի, Ֆրա Անժելիկոյի, Ճիոտտոյի գործերու վերատպութիւններու համադրումով:
Ցուցասրահներ
Խմբագրել- Առաջին ցուցասրահ՝ կը ներկայացուին Չարենցի եւ անոր ժամանակակիցներու քանդակները
- Երկրորդ ցուցասրահ՝ նախատեսուած է թանգարանի միջոցառումներու եւ ժամանակաւոր ցուցահանդէսներու համար
- Երրորդ ցուցասրահ՝ կը ներկայացնէ Չարենցի կեանքն ու գործունէութիւնը
- Յուշատուն
Յուշատան մաս կազմող՝ Չարենցի աշխատասենեակի եւ հիւրասենեակի պատերը զարդարուած են չինական պաննոներով: Պաննոներուն մէջ դրուագներ են չինական հեքիաթներէն:
Եղիշէ Չարենցի գրադարան
ԽմբագրելԵղիշէ Չարենցի անձնական գրադարանը կը գտնուի թանգարանի յուշային մասին մէջ։ Ըստ բանաստեղծի դուստր Արփենիկ Չարենցի՝ 1930-ական թուականներուն գրադարանին մէջ եղած է մօտ 6000 գիրք: Չարենցի ձերբակալութենէն յետոյ գիրքերու մեծ մասը ոչնչացուած են: Այժմ գրադարանին մէջ կայ 1422 գիրք:
Գրադարանը կը ներառէ հայերէն, ռուսէրէն, օտար լեզուներով հազուագիւտ արժէքաւոր գիրքեր տարբեր մասնագիտութիւններու, արուեստի տարբեր ճիւղերու, կրօններու վերաբերեալ:
Չարենցը գրադարանը ունեցած է հայերէնով ընտիր գրականութիւն՝ Մովսէս Խորենացի, Փաւստոս Բիւզանդ, Գրիգոր Նարեկացի, Նահապետ Քուչակ, Ներսէս Շնորհալի, Սայեաթ-Նովա, Լէօ, Յովհաննէս Թումանեան, Վահան Տէրեան, Աւետիք Իսահակեան, Միսաք Մեծարենց, Պահաթուր Պահաթրեան եւայլն: Ուսումնասիրած է հին յունական, եւրոպական, ռուս գրականութիւն, ըլլալով հին արեւելքի արուեստի ու գրականութեան գիտակ՝ անձնական գրադարանը հարստացուցած է Աւրելիուսի, Մարսել Բրուսթի, Ասուագօշայի, Լուիճի Պիրանտելլոյի, Կոնստանտին Պալմոնտի, Ֆրեյտի, Շտեյների, Պելիի, Նիկոլայ Կոկոլի, Պուշկինի, Շպենգլերի, Թագորի ստեղծագործութիւններով:
«Գրքերի շարքում իրենց առանձնակի տեղն ունեն «Старые годи» հանդէսի 1907-1916 թթ. 25 հատորները»:
Անձնական գրադարանին մէջ շատ գիրքեր կը կրեն բանաստեղծի ինքնագիրերը. լուսանցքներուն մէջ առկայ են Չարենցի ձեռքով գրուած նշումներ, որոնք կ՛արտայայտեն բանաստեղծի վերաբերմունքը գիրքերի հանդէպ: Չարենցի անձնական գրադարանին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն Համլիկ Թումանեան, Աւետիք Իսահակեան, Գարեգին Բես, Խաչիկ Դաշտենց, Մ. Մազմանեան, Ռ. Թերլեմէզեան, Ա. Պելի, Ա. Գատով, Յու. Եանովսկի եւ ուրիշ հեղինակներու մակագրութիւններով գիրքերը:
Գրադարանը հնարաւորութիւն կու տայ պատկերացում կազմելու Չարենցի մտաշխարհի, անոր հոգեւոր հետաքրքրութիւններու, Չարենց երեւոյթի մասին:
Ցուցանմոյշներ
ԽմբագրելԱրտասահմանեան շրջագայութենէն բերուած ցուցանմոյշներ
ԽմբագրելԵղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանը բանաստեղծի կեանքի, գրական-մշակութային, հասարակական-քաղաքական գործունէութեան ուսումնասիրութեան գիտական կեդրոն է: Տուն–թանգարանին մէջ յատկապէս ուշագրաւ են Եղիշէ Չարենցի արտասահմանեան ճանապարհորդութենէն (1924-1925 թթ.) բերուած իրերը, արուեստի իւրօրինակ նմոյշները: Չարենցի տան հիւրասենեակին մէջ կը գտնուին ինը կրաւիւրներ՝ Տոյոկունիներու շարքը:
Չարենցը եւ եգիպտական դիմակը
Խմբագրել1923 թուականին գծագրուած յայտնի դիմանկարը, որ ներկայացուած է նաեւ Վիեննայի ցուցահանդէսին մէջ։ Նկարի համար անհրաժեշտ եղած է ընդամէնը երկու հանդիպում՝ մէկական ժամով:1932 թուականի երկերու հրատարակութեան ժամանակ Եղիշէ Չարենց օգտագործեց իբրեւ իր «Երկերի» նկար: Ետեւը կ՛երեւի կապոյտ թաշկինակի վրայ եգիպտական դիմակով նկարը, որ Սարեանը կը մեկնաբանէ իբրեւ «հմայիլ, ճակատագրի, յաւերժանալու մարդկային ձգտման խորհրդանիշ»: Նկարի բնօրինակը կը գտնու ԳԱԹ-ի մէջ, իսկ Հենրիկ Սիրաւեանի արտանկարը՝ Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանին մէջ:
«Մահաթմայ Չարենց» գեղանկար
ԽմբագրելՌուբէն Զարեանը իր յուշերու մէջ կը գրէ. «Մի օր Չարենցը խնդրեց Բաժբեուկ Մելիքեանին՝ նկարել իրեն հնդկական ձեւով, ծալապատիկ նստած: Այս շրջանում Հնդկաստանի մասին շատ էր կարդում, խօսում էր Կանտիի մասին, անդրադառնում էր պուտիզմին, իոգէրին, խօսում էր նրանց ուսմունքից: Յաճախ էլ նայում էր Պուտտայի արձանիկին, եւ կարծես մոռացած, թէ մարդ կայ շուրջը՝ խօսում էր վերացած, հոգով եւ մտքով տեղափոխուած Կանկէսի ափերը: Միւս օրը եկայ՝ նկարն աւարտուած էր եւ արդէն պատից կախուած, տակն էլ խոշոր տառերով գրուած՝ «Մահաթմայ Չարենց»: Չարենցի նկարի վերը գրուած է.
«Ինձ
Դու դեռ անփորձ ես, ոգով, դեռ թոյլ ես, Չարե՛նց.-
Վարժի՛ր ոգիդ, յեղի՛ր մոգ, ոգ ու արեգ,
Ինչպէս Կայ՛նդին Մահաթմայ՝ հնդիկն հանճարեղ...
25.1.1936.»
Գծանկար
Խմբագրել1937 թուականին Աղաւնի Մեսրոպեանը 22 վայրկեանի մէջ կը նկարէ Չարենցին: Նկարին մէջ Եղիշէ Չարենցը կիսադէմով է, թասակով: Նկարի վրայ կայ Չարենցի ստորագրութիւնը: Նկարի աջ անկիւնը նկարչուհիին մակագրութիւնն է. «Աղաւնի ‖-1937 (նկ. 22 րոպէ) «Բռազնիկի» առթիւ…. Եերեւան, Նոր բնակարան»:
Չարէնցի պատեֆոնը
Խմբագրել1934 թ. Չարենցի ձերբակալութենէն յետոյ բանաստեղծի կինը՝ Իզապելլա-Կոտապաշեանը, երեխաներու ապրուստը հոգալու համար կ՛որոշէ վաճառել որոշ իրեր: Ան կը խնդրէ ընտանիքի բարեկամ Ռեգինա Ղազարեանին վաճառել Չարենցի պատէֆոնը՝ ինը ձայնապնակներով: Ռեգինան այդ խնդրանքով կը դիմէ Անժէլլա Մկրտումեանին, որ տունը կը բնակէր: Բանաստեղծի ձերբակալութենէն քանի մը ամիս անց կ՛աքսորուի նաեւ կինը: Երեւանէն Մոսկուա կը մեկնի Ռեգինա Ղազարեանը, եւ պատէֆոնը կը մնայ Անժէլլա Մկրտումեանի մօտ: Կ՛անցնին տարիներ, Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտին Երեւան կը վերադառնայ Ռեգինան: Հետաքրքրուելով պատեէֆոնի ճակատագրով՝ կը տեղեկանայ, որ Անժէլլան մահացած է, եւ պատէֆոնը, որպէս քրոջ իր, կը գտնուի անոր եղբօր՝ Ալպերտ Մկրտումեանի մօտ: Պատէֆոնի պատկանելութեան մասին Ռեգինայի բացատրութիւնները եւ այն վերադարձնելու խնդրանքները կը մնան անպատասխան: 1999 թ. Սեպտեմբերի օր մը Չարենցի պատէֆոնը կը յայտնուի Երեւանի «Վերնիսաժ»ին մէջ։ Այն վաճառքի հանած էր Ալպերտ Մկրտումեանը: «Վերնիսաժ»ի մէջ շրջելէ ետք Ռեգինա Ղազարեանի բարեկամներէն Հրանդ Պապանեանը պատահաբար կը տեսնէ պատէֆոնը եւ վաճառողէն կը տեղեկանայ, որ այն Չարենցինն է: Հ. Պապանեանը Ռեգինայէն կը պարզէ վաճառողի յայտարարութեան հաւաստիութիւնը, կը գնէ պատէֆոնը եւ կը նուիրէ Ռեգինա Ղազարեանին: Վերջինս ալ պատէֆոնը կը յանձնէ Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարան:
Պուտտայի արձանիկներու հաւաքածոյ
ԽմբագրելԵղիշէ Չարենցը ուսումնասիրած է պուտտայական ուսմունքը եւ իր տան մէջ կան Պուտտայի՝ տարբեր չափերով արձանիկներ:
Պուտտայի գլուխը
ԽմբագրելՊուտտայի գլուխը Չարենցը գնած է Թիֆլիսէն: Քանդակը փայտէ պատուանդանի վրայ է՝ կիսափակ աչքերով, շուրթերը ժպտուն-հեգնական, ականջները՝ երկար-ակօսաւոր բիլթերով, յօնքամիջին խոշոր խալով եւ գանգուր, գագաթին գմբէթարդ ելուստէ սանրուածքով: Այս քանդակը միշտ եղած է Չարենցի աշխատասենեակին մէջ, գրասեղանի ետեւի պատուանդանի վրայ:
Թանգարանի տնօրէններ
Խմբագրել- Նուարդ Պաղտասարեան (1975-1983 թ.), թանգարանի հիմնադիր տնօրէնը եղած է Նուարդ Պաղտասարեանը, որ թանգարանը ղեկավարած է 1975-1983 թուականներուն: Անոր պաշտօնավարման վերջին տարին թանգարանի տարածքը վերափոխուած եւ ընդաձակուած է: Նախագիծի հեղինակ, ճարտարապետ Կարէն Ալեքսանեան, ցուցադրութեան ծրագիրի հեղինակներ՝ տնօրէն Նուարդ Վարդանեան, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու՝ Անահիտ Չարենց:
- Էմմա Պուտաղեան (1983-1989 թ.), մշակութաբան, արուեստաբան, թանգարանի երկրորդ տնօրէնը։
- Լիլիթ Յակոբեան (1989-2016 թ.), թանգարանի նախկին աշխատակից, ղեկավարած է թանգարանի գործունէութիւնը մինչեւ 2016 թ․։ Անոր աշխատանքային երկարամեայ կենսափորձի եւ մշակոյթի զարգացման գործին մեծ աւանդի համար շնորհուած է «ՀՀ Մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ» կոչումը:
- Անահիտ Ասատրեան (2016 թուականէն առ այսօր), բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, բանաստեղծ, Գրողներու միութեան անդամ։
Միջոցառումներ
ԽմբագրելԹանգարանը կը կազմակերպէ բազմաբնոյթ միջոցառումներ, որոնցմէ են՝ ցուցահանդէսներ, գրական-երաժշտական երեկոներ, դասախօսութիւններ, թեմատիկ դասեր, համերգներ, հանդիպումներ, շնորհանդէսներ, պոէզիայի օրեր, չարէնցեան ընթերցումներ եւայլն։ Թանգարանը կ՛անցկացնէ թեմատիկ դասախօսութիւններ, ժամանակաւոր ցուցահանդէսներ: Չարենցի տուն-թանգարանը համայն հայութեան ամենանուիրական վայրերէն է։
Չարէնցի սենեակը «Ինտուրիստ» հիւրանոցին մէջ
Խմբագրել2016 թուականին Չարենցի տուն-թանգարանի հետ համատեղ «Ռոյալ Կոլտէն Թուլիփ Երեւան» (նախկին՝ «Ինտուրիստ») հիւրանոցին մէջ բացուած է Չարենցի սենեակը։ Այդ սենեակին մէջ 1928 թուականէն մինչեւ 1935 թուականը բնակած է Չարենցը։ Չարենցը բնակած է սկզբը երկրորդ յարկի 21 համարին մէջ։ Անոր պատշգամը կը նայէր Աստաֆեան, այժմեան Աբովեան փողոցին: Այստեղ գրած է «Գիրք ճանապարհի» բանաստեղծութիւններու ու պոէմներու ժողովածուն:
ԻՒՆԵՍՔՕ-ի վկայագիր
Խմբագրել1997 թուականին թանգարանի տուեալները կը հարստանան. «International Star Registry» ներկայացուցչութեան կողմէն թանգարանին յանձնած վկայագրով մը, ըստ որու՝ մէկ աստղ երկնքին մէջ կոչուած է «Եղիշէ Չարենց» անունով: ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ թանգարանին յանձնուած է ԻՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէն Ֆետերիկօ Մայորէի ուղերձը՝ Չարենցի ծննդեան 100-ամեակի առթիւ:
Հասցէ
ԽմբագրելԹանգարանը կը գտնուի նախկին Սունդուկեան 6, այժմ՝ Երեւանի Մաշտոցի պողոտայի թիւ 17 շէնքին մէջ։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- [[Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարան#cite ref-Monuments database — 2017. 1-0|Jump up↑]] Monuments database — 2017.
- Jump up↑ Չարէնց 115։ Երեւան: «Աստղիկ գրատուն» հրատարակչութիւն։ 2012։ էջ 120։ ISBN 978-9939-840-07-9
- Jump up↑ «Եղեգնեայ գրչով. գրական Երեւան | Եղիշէ Չարէնց»։ Журнал ЖАМ։ Վերցուած է 2018-01-27
- ↑ Jump up to:4,0 4,1 4,2 4,3 4,4 4,5 4,6 4,7 Եղիշէ Չարէնցի տուն թանգարան, Երեւան, «Պերայ Պրինտ» ՍՊԸ, 2008, 104 էջ, ISBN 978-99941-874-0-9
- ↑ 1,0 1,1 Wiki Loves Monuments monuments database — 2017.