Էլի Պէրպէրեան
Էլի Պէրպէրեան երաժիշտ, դասական, ժողովրդային եւ ազգային երգերու մեկնաբան: երաժշտական ուսումը կատարելագործած է Մագիստրոսի տիտղոսով, Գանատայի McGill համալսարանէն (Master of Music in Performance):
Էլի Պէրպէրեան | |
---|---|
Ծննդեան անուն | Էլիաս՝ Եղիա |
Ծննդավայր | Պէյրութ, Լիբանան |
Ազգութիւն | Հայ |
Մասնագիտութիւն | երաժշտական ուսումը կատարելագործած է Մագիստրոսի տիտղոսով, Գանատայի McGill համալսարանէն (Master of Music in Performance) |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԷլի Պէրպէրեան ծնած է Լիբանան: Հօրը եւ մօրը մեծ հայրերն ու մայրերը ականատես եղած են հայոց ցեղասպանութեան: Հօրը մեծ հայրը ծնած է Քիլիս: Հայրս յայտնուեր է Լիբանան, իսկ մօրը գերդաստանի մեծ հայրերն ու մայրերը Տիգրան Մեծի հիմնած կայսերական Տիգրանակերտ քաղաքէն են: Մորը մեծ հայրն իր ընտանիքով հրաշքով յայտնուեր է Տէր Զօր, հետագային հաստատուեր է Լիբանան: Էլի Պէրպէրեան կը տիրապետէ հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ Տիգրանակերտցիներու բարբառին:
Յաճախած է Լիբանանի Կիլիկեան վարժարանը, Թռչնոց բոյնը, Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանը, Մխիթարեան վարժարանը եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլէճը: 4 տարի հետեւած է Լիբանանի Պետական երաժշտանոցի դասընթացքներուն, ապա առիթը ունեցած է երաժշտական իր ուսումը շարունակելու Քանատայի ՄըգԿիլ համալսարանին մէջ, զոր աւարտած է 2015-ին՝ արժանանալով մագիստրոսական կոչումին: Լիբանանի մէջ 10 տարեկանէն սկսեալ ազգային-յեղափոխական երգերով հանդէս եկած է:
2006 Օգոստոս 9-ին հրաւիրուած է Քանատա, Մոնրէալ, Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ տարեկան քերմէսին, որմէ ետք հաստատուած է Քանատա: Էլի Պէրպէրեան այսօր, որպէս դասական, ժողովրդային եւ ազգային երգերու մեկնաբան, հանդէս կու գայ զանազան երգահանդէսներով ու ելոյթներով ոչ միայն Քանատայի, այլեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ:
Էլի Պէրպէրեանի ելոյթներու ընթացքին կը հնչեն թէ՛ դասականը եւ թէ՛ ժողովրդականը, ներառեալ pop music-ը:
Իմ երաժշտական ճանապարհս սկսայ դասականով, այդպիսով կը փորձէի մեր մշակոյթին ծառայել եւ տարածել, բայց զգացի, որ ժողովրդային խաւեր կան, որոնց զգացումներուն հարազատ թարգմանը ժողովրդական երգարուեստն է, որմէ եկած է նաեւ անոնց անուանումը՝ ժողովրդական, հետեւաբար սկսայ մեկնաբանել նաեւ ժողովրդական երգեր: Անդին երիտասարդութիւնը կը հակի ժամանակակից երգարուեստի pop music-ին, այդ ալ ներառեցի իմ երաժշտական ոլորտիս մէջ:
Չեմ ուզեր սահմանափակուիլ երգարուեստի որոշ տեսակով մը, այլ կ’ուզեմ ժողովուրդի՛ն երգիչը ըլլալ՝ երէց սերունդին, կրտսերին, երիտասարդին եւ բոլոր խաւերուն: Անշուշտ դիւրին չեղաւ այս մէկը, սակայն ամէնօրեայ տքնաջան աշխատանքով, փորձերով ու յարատեւութեամբ կարելի է ամէն բան իրագործել[1]: - Էլի Պէրպէրեան
|
Աշուղական երգերու իր առաջին ձայնասկաւառակը
ԽմբագրելՀամազգայինի «Ռուբէն Զարդարեան» մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ հրապարակուած է աշուղական երգերու իր առաջին ձայնասկաւառակը:
երաժշտական ալպոմներ
Խմբագրել“Արեան Կանչը“ ազգային, յեղափոխական երգերու ընտիր հաւաքածոյ մըն է, որ Էլի Պէրպէրեանի չորրորդ երաժշտական ալպոմն է, եւ որ կը յաջորդէ իր
- “Նրան Երգը“,
- “Յոյսի Դուռը“ եւ
- “Վարդեր Ուղարկիր“ ալպոմներուն
“Արեան Կանչը“ ալպոմին առաջին երկու երգերը` “Հրանդ Տինք“ եւ “Շուշի“ նոր երգեր են: Առաջինը` գրուած Մանուէլ Չարշաֆեանին եւ երկրորդը` Յակոբ Արսլանեանին, իսկ երաժշտութիւնը` Էլի Պէրպէրեանին կողմէ[2]:
Տեսահոլովակներ
ԽմբագրելԱռայժմ հրապարակած է երեք տեսահոլովակ՝ «Արեւ,արեւ», «Դու ես» եւ «Հոփփա» իր երգերուն, իսկ անցնող օրերուն հրապարակուեցաւ իր «Ինձ կը մոռանամ» տեսահոլովակը:
Ես առ այսօր հրապարակած եմ «Արեւ, արեւ», «Դու ես» եւ «Հոփփա» երգերուս տեսահոլովակները, եւ մեծ ուրախութեամբ կ’ուզեմ անդրադառնալ, թէ քանի մը ամիս առաջ Տիթրոյթի մէջ ելոյթներէս մէկուն ընթացքին, երբ 300 հոգի հաւաքուած էր սրահին մէջ, եւ ես «Դու ես»ը սկսայ երգել, ժողովուրդը գրեթէ իր բոլոր խաւերով, 16 տարեկանէն մինչեւ միջին տարիքի ունկնդիրները, բառ առ բառ հետս երգեցին: Այս մէկը ինծի համար մեծ իրագործում է, որ կը նշանակէ, թէ երգս հասած է ժողովուրդին, յատկապէս՝ հայ երիտասարդին, եւ կը փաստէ այն իրողութիւնը, թէ եթէ այդ երգը տեսահոլովակով չհրապարակէի, դժուար թէ հասնէր ժողովուրդին ընդհանրապէս, եւ հայ երիտասարդին՝ մասնաւորապէս[1]: - Էլի Պէրպէրեան
|
2019-ին, Էլի Պէրպէրեան հրապարակեց Յովհաննէս Շիրազի «Ինձ կը մոռանամ»ը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան, երաժշտութիւնը մշակած է Մաժակ Թոշիկեան:
Չափազանց խանդավառ եմ Շիրազի «Ինձ կը մոռանամ»ի բառերով, որ մեր ժողովուրդին արդար պոռթկումին հարազատ թարգմանն է: Այս մէկը պիտի հնչէ Նիւ Եորքի Թայմ հրապարակէն, ուր պիտի մեկնաբանեմ Շարլ Ազնաւուրի «Ils sont tombés»ն եւ գուսան Հայկազունի «Հայեր միացէք»ը: Ասոնցմէ զատ ունիմ երկու ճոխ երգեր, ինչպէս նաեւ «Դու իմ միակ» սիրային երգը, որուն հրապարակումը Դեկտեմբերին նախատեսուած է[1]: -
Էլի Պէրպէրեան
|
Նոր երգ «Երկիր իմ Լիբանան»
ԽմբագրելԷլի Պէրպէրեանի «Երկիր իմ Լիբանան» նոր երգին բառերու հեղինակ Աւետիք Աբղ. Տէր Կարապետեանը [3]:
«Միասին երեխաների համար» առցանց համերգ
Խմբագրել4 Յուլիս 2020-ին, տեղի ունեցաւ «Միասին երեխաների համար» առցանց համերգը, որուն մասնակցեցան հայազգի արուեստագէտներ աշխարհի չորս կողմերէն: Ձեռնարկին ընթացքին կատարուեցաւ հանգանակութիւն՝ ի նպաստ « Ժպիտների քաղաք» բարեգործական հիմնարկին՝ քաղցկեղ եւ արեան հիւանդութիւններ ունեցող երեխաներու եւ երիտասարդներու բուժման ծախսերը հոգալու նպատակով։
Մասնակցողներն են՝ Արա Մալիքեան (Սպանիա), Արա Գէորգեան (Հայաստան), Յարութ Փամպուքճեան (Միացեալ Նահանգներ), Ռոզի Արմէն (Ֆրանսա), Սիպիլ (Թուրքիա), Վահէ Պէրպէրեան (Միացեալ Նահանգներ), Սերժ Աւետիքեան (Ֆրանսա), Սեպուհ Սիմոնեան (Միացեալ Նահանգներ), Լենա Շամամեան (Սուրիա), Սերուժ Քրաճեան (Քանատա), Էլի Պէրպէրեան (Քանատա), Գեւ Օրգեան (Բրիտանիա), «Նիու Տոքթա» խումբը (Միացեալ Նահանգներ), Ալվարօ Յակոբեան (Ուրուկուէյ), «Գուսան» նուագախումբը (Արժանթին)[4]։
Աշուղական համերգ՝ Սայաթ Նովայի ծննդեան 300 ամեակին առթիւ
Խմբագրել2013 թուականի գարնան, Նիւ Եորքի Համազգայինը կազմակերպած էր աշուղական համերգ մը, Սայաթ Նովայի ծննդեան 300 ամեակին առթիւ, Էլին դիւթեց ներկաները ո՛չ միայն իր ձայնով, այլ մանաւա՛նդ ունկնդիրներուն ներկայացնելով իւրաքանչիւր երգի պատմութիւնն ու իմաստը [2]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 «Կոմիտասի երգարուեստը ինծի համար ուղղակի ներշնչում է». Հարցազրոյց երգիչ Էլի Պէրպէրեանի հետ
- ↑ 2,0 2,1 ԷԼԻ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՆՈՐ ՁԱՅՆԱՊՆԱԿԸ` “ԱՐԵԱՆ ԿԱՆՉԸ“
- ↑ Elie Berberian
- ↑ ««Միասին Երեխաների Համար» Բարեսիրական Ձեռնարկ՝ 4 Յուլիսին»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-08-05-ին։ արտագրուած է՝ 2020-08-26
Աղբիւրներ
Խմբագրել- «Միասին Երեխաների Համար» Բարեսիրական Ձեռնարկ՝ 4 Յուլիսին Archived 2020-08-05 at the Wayback Machine.
- Elie Berberian