Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեան
Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեան (24 Նոյեմբեր 1905, Տրապիզոն, Օսմանեան Կայսրութիւն - 3 Հոկտեմբեր 1995[1], Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ամերիկահայ անգլագիր գրող, բանասէր, ունի հայերէնով բանաստեղծութիւններու ժողովածու մը։
Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 24 Նոյեմբեր 1905 |
Ծննդավայր | Տրապիզոն, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 3 Հոկտեմբեր 1995[1] (89 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Քաղաքացիութիւն |
Օսմանեան Կայսրութիւն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Ուսումնավայր |
Ազգային Կեդրոնական Վարժարան Կանզաս նահանգի համալսարան? |
Մասնագիտութիւն | լեզուաբան, թարգմանիչ, Խմբագիր, գրագէտ |
Ստորագրութիւն |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է Տրապիզոն 1905։ Հայրը՝ Կարապետ Սիւրմէլեան, դեղագործ էր, մայրը՝ Զուարթ Տիրատուրեան։ Ունեցած է մէկ եղբայր եւ երկու քոյր։ Զաւէնը չորս զաւակներէն երրորդն էր։
1915 թ. Հայոց Եղեռնի ժամանակ կը կորսնցնէ իր ծնողները։ Յոյն բարեկամ բժիշկ մը կը պատսպարէ չորս որբերը։ 1916-ին տասնմէկամեայ Զաւէնը ռուսական նաւով կը մեկնի Պաթում, ապա՝ Կրասնոտար։ Զինադադարէն ետք՝ 1918-ին, Զաւէնը իր որբ ընկերներուն հետ կը հասնի Պոլիս, ապա՝ Արմաշի երկրագործական վարժարան։ Մէկ տարի ետք ընկերներուն հետ կ'որոշէ Հայաստան երթալ, բայց հազիւ տեղ հասեր էին, երբ թուրքերը կը գրաւեն Կարսը։ Զաւէնն ու իր որբ ընկերները թափառական, անպատսպառ ու ցրտահար օրեր կ'անցընեն։ Ի վերջոյ՝ 1920-ին կրկին կը վերադառնան Պոլիս, ուր Զաւէնը կը յաճախէ Կեդրոնական վարժարան։ Պոլսոյ որբանոցին մէջ Կենդրոնական վարժարան ուսանելու ժամանակ անոր առաջին ոտանաւորները կ'արժանանան Յակոբ Օշականի եւ Վահան Թէքէեանի ուշադրութեան։
1922-ին, Հայ գիւղատնտեսութեան միութեան աջակցութեամբ կ'անցնի ԱՄՆ, Քենզըս նահանգի երկրագործական գոլէճին մէջ ուսանելու։ Ուսաներ է նաեւ Նեպրասքայի եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարաններուն մէջ։ Ստեղծագործեր է 15 տարեկանէն։ 1924-ին Վահան Թէքէեանը կը խմբագրէ առանձին նամակներով ուղարկած Սիւրմէլեանի բանաստեղծութիւնները եւ Փարիզի մէջ իր միջոցներով կը հրատարակէ անոր հայերէն միակ բանաստեղծութիւններու ժողովածուն՝ «Լոյս Զուարթ»-ը, որ այդ շրջանի հայկական բանաստեղծութեան լաւագոյն նմոյշներէն է։ Հետագային գրեր է միայն անգլերէն։
1931-ին Սիւրմէլեանը Լոս Անճելըսի մէջ կը խմբագրէ «Armenian Messenger» շաբաթաթերթը։
Սիւրմէլեանը ճանաչում ձեռք կը բերէ իր առաջին անգլերէնով գրուած վէպով՝ «Ձեզ կը դիմեմ, Տիկնայք եւ Պարոնայք Ձեզ կը դիմեմ, Տիկնայք եւ Պարոնայք», որ ինքնակենսագրական բնոյթ կը կրէ եւ կը պատմէ Եղեռնի մասին տասնամեայ Զաւէնին աչքերով։ Վէպը հրատարակուեր է 1945-ին։
Սիւրմէլեանը հեղինակ է նաեւ «98.6°» վէպին (1950)։ Այս վէպը կ'առանձնանայ հերոսներու ներաշխարհի նուրբ վերլուծութեան վարպետութեամբ։ 1964-ին Անգլիոյ մէջ կը տպագրուի Սիւրմէլեանի «Սասնայ Ծռեր» ստեղծագործութիւնը, իսկ 1968-ին «Անմահութեան խնձորները», որը հայ ժողովրդական աւանդավէպերու հաւաքածու է։ Այս երկու ստեղծագործութիւնները հովանաւորած է ԵՈՒՆԻՍԿՕ-ն՝ որպէս հայ ժողովուրդի ստեղծագործութեան կարեւոր նմոյշներ։ 1968-ին կը հրատարակուի նաեւ Սիւրմէլեանի գրականագիտական «Techniques of Fiction Writing» աշխատութիւնը, որ մինչեւ այսօր կը գործածուի համալսարաներուն մէջ, որպէս դասագիրք վիպագրական արուեստի։
1958 - 1969-ին անգլերէն գրականութիւն դասախօսեր է Քալիֆորնիոյ համալսարանի եւ այլ ուսումնական հաստատութիւններու մէջ։
Հայերէն միակ «Լոյս զուարթ» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն
Խմբագրել«Լոյս զուարթ» ժողովածուն եղաւ Սիւրմէլեանի առաջին ու վերջին հայերէն ստեղծագործութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Սիւրմէլանի միակ բանաստեղծական ժողովածուն։ Ժողովածուն 1924-ին լոյս տեսաւ Փարիզ եւ վերահրատարակուեցաւ Նիւ Եորք 1950 եւ 1972 թթ.։ Ժողովածուն կ'ընդգրկէ 21 բանաստեղծութիւններ, որոնք կը նկատուին օրերու բանաստեղծաշատ մթնոլորտի մէջ։ Սիւրմէլեանի բանաստեղծութիւններու մէջ կը նկատուին հողի ու բնութեան նկատմամբ սէր ու նուիրուածութիւն։ «Փափաք» կը վերնագրէ իր բանաստեղծութիւնը, որուն մէջ կը ցանակայ ըլլալ «ցորենի արտին ծաղիկը կարմիր՝ գաւաթ արեւին», «Գիւղի հին կամուրջ մը փայտէ», «Մամռապատ աղբիւր մ'որ հազիւ կ'երգէ», «Գեղջուկին կաւէ ամանը բարի, որ քաղքի ծարաւն ալ մէջս մարի»[3]։
Ծանօթագրութիւններ
ԽմբագրելԱրտաքին յղումներ
Խմբագրել- Աշոտ Գաբրիէլեանի գրախօսականը Սիւրմելեանի «Արձակի տեխնիկա» գիրքի հայերէն հրատարակման առթիւ:[permanent dead link]
- Գրողներու Միութեան Տպարանը՝ «Լեւոն-Զաւէն Սիւրմելեան» Անունով Archived 2019-12-13 at the Wayback Machine.