Լողազգեստ (ֆրանսmaillot de bain, անգլswimsuit), զգեստ մըն է, որ կը գործածուի մարմինին մասերը ծածկելու (պահելու)՝ լողալու, լոգնալու, արեւու լոգանքի եւ ընդհանրապէս բացօթեայ գործունէութեան ատեն։

3-րդ դար․ Վիլա Ռոմանայի խճանկարները կը ներկայացնեն երիտասարդ   մարզկուհիներ, որոնց հագուացքը կը յիշեցնէ մեր օրերու լողազգեստները։

Լողազգեստը ծանօթ իբրեւ՝ maillot, նորաձեւոթեան հնարողին անունն է, տրուած կիներու մէկ կտոր լողազգեստին։ Մայօ (maillot) եզրը առաջին անգամ կը գործածուի նկարագրելու համար ձիգ-պատշաճեցող մէկ կտոր լողազգեստը (1920 թուականներուն)․ ձեռակերտուած համանման jersey հիւսուածքով։ Նոյնպէս, «մայօ» անունը կը գործածուի սահմանելու համար պարի կամ մարզանքի սեղմնահագուստները։

Ստուգաբանութիւն

Խմբագրել

Մայօ maillot սահմանումը 1928-ին, տեղ կը գտնէ Անգլիական բառարանին մէջ։  Ֆրանսերէն լեզուին մէջ, մայօ maillot բառը «շապիկ» կը նշանակէ եւ կը գործածուի Tour de France հեծելարշաւի ընթացքին առաջնորդները զանազանելու համար։ Ֆրանսերէն լեզուի նոր սահմանումը՝ լողազգեստի համար, այս բառը կը գործածէ։ Պարսկերէն եւ արաբերէն խօսակցական լեզուներուն մէջ, յատկապէս  Լեվանթի շրջանը (արեւելեան Միջերկրական Ծով եւ արեւմտեան Ասիա- Սուրիա, Լիբանան, Յորդանան, Իսրայէլ եւ Պաղեստին), «մայօ» եզրը հասարակ գործածութիւն ունի նկարագրելու, սահմանելու համար տղամարդու եւ կիներու լողազգեստը։

Ներկայիս, խօսակցական լեզուի «մայօ» եզրը կը փոխարինէ մէկ կտոր լողազգեստ ասացուածքը:

Պատմական

Խմբագրել
 
Լողազգեստի մասին ծաղրանկար Punch թերթ․ 1 Սեպտեմբեր, 1877

Հռոմէական հնադարեան ժամանակաշրջանին, հանրային լոգանքները գնահատուած են եւ մարդիկ մերկ կը լոգնան։  

Միջնադարին, ջերմուկային ջուրերը եւ ծովու լոգանքները վատառողջ կը նկատուին։ 

 
«Պրայթընի ծովանուշները» Mermaids at Brighton․ Պատկերացում՝ William Heath 1829

Միայն ԺԸ. դարուն է որ լոգանքի բարիքները կը գնահատուին եւ մարդիկ շապիկով կը լոգնան։

 
1916 - լոգանքի զգեստի ծանուցում․  New York Times, Յունիս 11, 1916, էջ՝ 11

ԺԹ. դարու վերջաւորութեան, կիները սեղմիրանով corset եւ ուռած տաբատով կը լոգնան։  Իսկ, տղամարդիկը՝ մինչեւ բումբը (սրունքին մսոտ մասը) հասնող եւ երկայն թեւեր ունեցող զգեստով: Մասնաւոր տնակներ կը շինուին եւ ծովափներուն կը զետեղուին, դիւրացնելու համար ծովու լոգանք առնողներուն փոխուիլը՝  ծով չմտած կամ ծովէն ելլելուն։

1900-ին կիներուն լոգանքի հագուածքը մինչեւ ծունկերը հասնող թեթեւ հագուստ մըն է նոյն կտաւէն պատրաստուած ուռած վարտիքով մը։

Լողի ախոյեան, աւստրալացի Անեթ Քելըրման  Annette Kellermann իր մէկ կտոր լողազգեստը կը ստեղծէ․ գործնական եւ լողի յարմարցուած։

1920-ին Քոքօ Շանել Coco Chanel կը ներկայացնէ արեւայրուքի (արեւին տակ կենալով պղինձի գոյն առնել) նորաձեւութիւնը, ինչ որ կը պահանջէ մերկացնել թեւերը, ուսերը եւ սրունքները։

1932-ին «Թարզան» վարտիք-լողազգեստը  յեղաշրջում կը յառաջացնէ եւ տղամարդոց կ'արտօնէ իրենց մարմինը ցուցնել։

1946-ին «պիքինի» bikini  (երկու կտոր) լողազգեստը կը յայտնուի, սակայն ինքզինքը կը պարտադրէ միայն 1960-ական թուականներուն։ Իսկ 1970-ին`«մոնօքինին» (մէկ կտոր) եւ կը հետեւին անոր եւ «պիքինի»ին զանազան տարբերակները։  

1980-ական թուականներուն, ջրասահիկի surf ազդեցութիւնը տղամարդոց մօտ կը նպաստէ երկար եւ սեղմ գուլպայ յիշեցնող լողազգեստ հագնիլը եւ շուրջ 20 տարիներու համար կը փոխարինեն լոգանքի դասական վարտիքը։ Նաեւ կը սկսի գերակշռել սեղմ ու կարճ boxer եւ կամ սեղմ ու մինչեւ ծունկը jammer (շորտաձեւ) լողազգեստը-մանաւանդ լողաւազաններուն մէջ, առողջապահական պատճառներով- եւ մինչեւ ծունկը հասնող ժողովրդական լայն շորտաձեւ լողազգեստը short de bain – Boardshorts եւ կամ՝ անոր կարճ տարբերակը՝ caleçon de bain։

2010 թուականներուն, իգական սեռի մօտ կը նկատուի մէկ կտոր լողազգեստի վերադարձը․ պատճառները՝ մորթի քաղցկեղի աճումը, սեռային ժխտում, մարմնի տեսքէն նեղութիւն զգալ եւ շատ ուրիշ․․։

Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքի «Լողազգեստի Ցոյցը»

Խմբագրել
 
Բացաստանը The Esplanade, Coogee, 20 Հոկտեմբեր, 1907

Կիրակի 20 Հոկտեմբեր 1907-ին, հազարաւոր ցուցարարներ բողոքի ցոյց կը կազմակերպեն։ Անոնք կը բողոքեն քաղաքապետութեան կողմէ առաջարկուած օրէնքին դէմ, որմով՝ տղամարդիկ պարտաւոր էին շապիկաձեւ թիկնոց մը հագնիլ լողալու համար։

Ցուցարարները կը հաւաքուին Սիտնիի Bondi, Manly եւ Coogee ծովափերը, հագած կնոջական զանազան լողազգեստներ, սրամիտ ծաղրանք մը տալով առաջարկուած օրէնքին։

Ցուցարարներուն պահանջներուն դրական մօտեցում կ'ունենան հանրութիւնն ու լրատուական միջոցները։  Այսպիսով, քաղաքապետութիւնը կը հրաժարի իր որոշումէն։

Լողազգեստի զարգացումը

Խմբագրել

Մինչեւ Ի. դար

Խմբագրել

Ի. Դարասկիզբէն Մինչեւ ԻԱ. Դարասկիզբ

Խմբագրել

Առողջապահութիւն

Խմբագրել

Ջուրը, քրտինքն ու օդի ջերմութիւնը ծիլերուն թրմումին կը նպաստեն։ Անոնք թաց կամ խոնաւ լողազգեստին կտաւին վրայ գրգռումներ, ցպիկներ եւ բորբոսներ կը յառաջացնեն։ Այս պատճառով կը յանձնարարուի ծովէն ելլելուն պէս լողազգեստը փոխել։ ԻԱ դարուն, լողազգեստի ճարտարարուեստը կը փորձէ ստեղծել առողջապահական առումով կատարեալ լողազգեստը։

Ֆրասնայի հանրային լողաւազաններուն մէջ, առողջապահութեան համար, կ'արտօնուի հագնիլ միմիայն սեղմ լողազգեստներ։

Ծովու Լոգանքի Յարմարութիւններ

Խմբագրել

Ծովու լոգանքի մեքենայ

Խմբագրել

Ծովու լոգանքի մեքենան, ԺԸ. դարէն մինչեւ Ի. դարասկիզբին ժողովրդային համբաւ վայելով գործիք մըն էր։ Մարդոց կը դիւրացնէր փոխուիլ եւ ուղղակի ջուրը անցին։ Այս փայտաշէն տուփ-մեքենաները մինչեւ ծով կը գլորուէին։

Ծովու լոգանքի տնակ

Խմբագրել

Ծովու լոգանքի տնակը, շատ փոքր փայտաշէն վառ գոյներով ծովափի մեծ «տուփ» մըն է։ Կը հանդիպինք ժողովրդային ծովու լոգանքի յարմարցուած ծովեզերքներուն։ Կը պատսպարեն արեւէն, հովէն եւ կիզիչ տաքէն։ Նաեւ փոխուելու՝ ծով մտնելու կամ ծովէն ելլելու ատեն։

Պատկերասրահ

Խմբագրել


[1][2][3][4][5][6][7][8][9][10][11][12][13]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. Ֆրանսայի հեծելարշաւ(ֆր.)
  2. Քոքօ Շանել(ֆր.)
  3. Անեթ Քելըրման (ֆր.)
  4. Պիքինի(ֆր.)
  5. Կիներու եւ տղամարդոց string լողազգեստը(ֆր.)
  6. Ուիլիըմ Հելթ(անգլերէն)
  7. Ծովու լեգանքի մեքենայ(անգլերէն)
  8. Ծովու լոգանքի տնակ(անգլերէն)
  9. Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքի «Լողազգեստի Ցոյցը»(անգլերէն)