Ծիրան
Ծիրան
Գիտական դասակարգութիւն
Թագաւորութիւն Բոյսեր
Տիպ Ծաղկաւորներ
Դաս Երկշաքիլաւորներ
Կարգ Վարդածաղկաւորներ
Ընտանիք Վարդազգիներ
Լատիներէն անուանում
Prunus armeniaca
 L. 
Հատուկ պահպանութիւն


Դասակարգումը
Ուիքիցեղերու մէջ


Պատկերներ
Ուիքիպահեստի մէջ





Ծիրան կամ՝ Ծիրանի ծառ (լատ.՝ Prunus armeniaca կամ Armenian plum, հոմանիշ՝ Armeniaca vulgaris Կաղապար:Լսել), Հայաստանի բնիկ պտուղներէն մին։ Ծիրանը դէպի Եւրոպա տարածուած է Հայաստանի միջոցով։

Ծիրանենի

Խմբագրել
 
Ծիրանի ծառ Արտաշատին մէջ

Արդիւնաւէտ ծառ է միջին չափի հասակով (2,3 մ.), բայց տարիքոտ ծառերուն հասակը կը հասնի 8 մ. եւ աւելի։ Տերեւները սրտաձեւ են, տերեւներուն հասակը 10 ս․մ. կ՛ըլլայ, իսկ լայնքը՝ 3,4 ս․մ.։ Աշնան ծառերը տերեւաթափ կ'ըլլան եւ կը բուսնին Գարնան, իսկ Ամրան պտուղները կը հասուննան։ Ծաղիկներուն գոյնը կ՛ըլլայ ճերմակ՝ վարդագոյնի մօտ։

Համառօտ պատմութիւն

Խմբագրել

Ծիրանին բուն բնավայրը Չինաստանն է, ուր կ'աճէր Ռուսիոյ սահմանի ցամաքաին։ Չինաստանի մէջ յայտնուեցաւ 3000 Ք.Ա., ապա փոխադրուեցաւ Հայաստան եւ ուրիշ երկրներ. Եւրոպա մտաւ Քրիստոսի ծնունդին հետ։ Ծիրանի մշակումը տարածուեցաւ աշխարհի մէջ։ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ շատ մեծ քանակով ծիրան կը մշակուի։ Այս օրերուս Թուրքիան կ՛արտահանէ չոր ծիրանի 85% տոկոսը։

Ծիրանը կը գտնուի պաղ եւ միջին պաղութեամբ կլիմայ ունեցող քաղաքներու մէջ, բայց զայն ցանելու ամենալաւ վայրը՝ չոր կլիմայ ունեցող երկիրներն են։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Արտադրութիւնը

Խմբագրել
 
2012-ին ամենաշատ
ծիրան արտադրած
երկիրները
Կաղապար:TUR 795 768
Կաղապար:IRN 460 000
  Ուզպեքիստան 365 000
  Ալճերիա 269 000
Կաղապար:ITA 247 146
  Փաքիստան 192 500
  Ֆրանսա 189 711
  Մարոք 122 405
  Սպանիա 119 400
Կաղապար:EGY 98 772

Աճման Պայմանները

Խմբագրել

Ծիրանի ծառը կ'ազդուի օդէն, մանաւանդ՝ ծաղկած ժամանակ։ Ծառը կը վնասուի, երբ տաքութիւնը կը բարձրանայ եւ բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ բերքին։ Ինչպէս նաեւ խոնաւութեան բարձրացումով կը շատնան սնկային հիւանդութիւնները։

Բժշկական Գործառութիւններու Մէջ

Խմբագրել
 
Ծիրանի չիր

Ծիրանը հարուստ է կենսանիւթներով (վիթամիններով)։ Ան կը պարունակէ կենսանիւթ A, որ մարդու կ'ապահովէ մէկ օրուայ անհրաժեշտ նկատուող 18%-ն, կենսանիւթ C, երկաթ եւ քալսիում։ Ծիրանը թարմ վիճակով երկար ժամանակ չի դիմանար, այդ պատճառով զայն չորցնելով կը պահեն, ինչպէս՝ Սուրիոյ մէջ։

Չոր ծիրանը աւելի հարուստ է կենսանիւթերով՝ քան թարմը։ Ծիրանը կը լաւացնէ տեսողութիւնը, կ'աշխուժացնէ լեարդը. օգտակար է արեան տկարութեան բուժման եւ կը նուազեցնէ քոլեստերոլի մակարդակը արեան մէջ, ինչպէս նաեւ կը պաշտպանէ սիրտն ու երակները զանազան հիւանդութիւններէ։

Օգուտները

Խմբագրել
 
Թարմ ծիրան

Ծիրանը կը պարունակէ հետեւեալ կենսանիւթերը՝ կենսանիւթ A, կենսանիւթ B1, կենսանիւթ B2 եւ կենսանիւթ C, որոնք կ'օգնեն մարսողութեան, կը նպաստեն անքնութեան վերացման եւ ախորժակի բարելաւման. ծիրանի օգտագործումը կը զօրացնէ մարմնի դիմադրողականութիւնը, անհրաժեշտ է երեխաներու աճման ընթացքին։ Անոր սպառումը անհրաժեշտ է յղիներուն։

Քաղցկեղի դէմ պայքար

Խմբագրել

Նոր գիտութիւնը Չինաստանի մէջ փաստեցաւ, որ կենսանիւթերով հարուստ ուտելիքներ սպառելը կը պաշտպանէ լեարդը քաղցկեղի դէմ։

Նոր գիտութիւնը կը հաստատէ, որ չոր ծիրանը կը պաշտպանէ մորթը կնճիռներէ, իր մէջ պարունակած մեծ քանակով կենսանիւթ C-ի շնորհիւ։

Սննդային Տեղեկութիւն

Խմբագրել

Իւրաքանչիւր ծիրան (35 կ.) կը պարունակէ հետեւալները.

  • Ջերմուժ (քալորի)՝ 17
  • Ճարպեր՝ 0.14
  • Գարպոհիտրադ՝ 3.89
  • Թաղանթանիւթ՝ 0.7
  • Սպիտակուց՝ 0.49
  • Քոլեստերոլ՝ 0

Ծիրանի Հիւթ

Խմբագրել

Կարելի է խառնել ծիրանը շաքարով եւ ջուրով՝ հիւթաքամիչի մէջ, եւ ստանալ ծիրանի հիւթ։ Ծիրանի հիւթը հարուստ է կենսանիւթերով եւ սպիտակուցներով, որոնք կը նպաստեն մարսողութեան։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Loudon, J.C. (1838). Arboretum Et Fruticetum Britannicum. Vol. II. London։ Longman, Orme, Brown, Green and Longmans. pp. 681–684.