Հայկական Բանակ (1918-1920)

Հայկական Ազգային բանակ, ստեղծուած է Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան օրերուն՝ 1918-ին Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք։ Գոյատեւած է մինչեւ հանրապետութեան խորհրդայնացումը՝ 2 Դեկտեմբեր 1920[1]:

Յովհաննէս Հախվերդեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին ռազմական նախարար

Կազմաւորման Պատմութիւն

Խմբագրել
 
Կաթողիկոս Գէորգ Ե. Սուրէնեանցը (Տփղիսեցի) կ'օրհնէ կամաւորները: (1918)

Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի սպայական կազմին հիմնական մասը՝ ռուսական զինուորական դպրոցներ աւարտած, Առաջին համաշխարհային պատերազմին մասնակցած զինուորներ էին։ Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտին՝ 13 Դեկտեմբեր 1917-ին, կովկասեան բանակի գլխաւոր հրամանատարի 136 հրամանով կ'արտօնուի հայկական մարմնի ստեղծումը, որ հետագային կը դառնայ Հայկական ազգային բանակի կորիզը[2]։

Ռուսական զօրքերու դուրս գալէն ետք Հայկական մարմինը կը կազմաւորուի ռուսական բանակի հայկական գունդերու եւ հայդուկային ջոկատներու հիման վրայ՝ ժառանգելով ռուսական բանակի կառուցուածքային սկզբունքները եւ սպառազինութիւնը՝ զէնքն ու զինամթերքը։ Անոր բարձրագոյն սպայական եւ հրամանատարական կազմը կը բաղկանար հիմնականօրէն ռուսական բանակի հայ բարձրաստիճան, աւագ եւ կրտսեր սպաներէ, ինչպէս նաեւ ֆետայական շարժման մասնակցած խմբապետներէ։ Ձեւաւորուած կանոնաւոր զօրամասերու հետ համատեղ բանակի կազմին մէջ կը գործէին նաեւ աշխարհազօրային ջոկատներ[3]։

  Հայկական բանակը կազմուած է ռուսական ձեւով եւ կը կառավարուի ռուսական զինուորական կարգերով: Հրամանատարական (սպայական) կազմը իր կրթութիւնը ստացած է ռուսական դպրոցներու մէջ, զինուորներուն մեծ մասը ծառայած եւ վարժուած է ռուսական բանակին մէջ: Պոլշեւիկեան շարժումներէն հայկական զօրքերը, ինչպէս եւ առհասարակ Հայաստանի բնակչութիւնը, մնաց միանգամայն ազատ: Կարգապահութիւնը բանակին մէջ միանգամայն բաւարար է, գիտակցութիւնը եւ կարգապահութիւնը` շատ բարձր
- «Համառօտ տեղեկութիւններ Հայաստանի Հանրապետութեան մասին» տեղեկագիր
 


Հայկական Մարմին

Խմբագրել
 
Քրիստափոր Արարատեան՝ հայկական մարմնի հրետանային զորքի հրամանատար, Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ ռազմական նախարար

Հայկական բանակային մարմնի կազմին մէջ կային երկու հրաձգային խումբե8` իւրաքանչիւրը կազմուած չորս հրաձգային գունդէ եւ մէկ հրաձգային-հրետանային զօրքէ, առանձին հեծելազօրային զօրք` կազմուած երկու հեծելազօրային գունդէ, բերդապահ-հետեւակային զօրք՝ կազմբւած հինգ հետեւակային գունդէ, պահեստազօրային զօրք՝ բաղկացած երկու հետեւակային գունդէ եւ չորս գումարտակէ, հաւաքական զօրաջոկատ եւ շարք մը այլ առանձին եւ մասնագիտական զօրամասեր ու ստորաբաժանումներ[3]։

Ձեւաւորուած կանոնաւոր զօրամասերու հետ միասին բանակի կազմին մէջ կը գործէին նաեւ աշխարհազօրային ջոկատներ, կամաւորական խմբաւորումներ, որոնցմէ էին Անդրանիկի զօրամասը, Պանդուխտ մշեցիներու խումբը, սասունցիներու ջոկատները եւ այլն։

Թուաքանակը 1918-ին

Խմբագրել

1918-ի Մարտի վերջաւորութեան հայկական մարմնի մարտական անձնակազմի թուաքանակը կը կազմէր շուրջ 20 000, որմէ մօտ 800-ը սպայ էին[4]։ 1918-ի ամառը հայկական մարմինը կը վերակազմաւորուի մէկ հետեւակային խումբի, որուն հրամանատար կը նշանակուի զօրավար Մովսէս Սիլիկեանը (1862-1937)։ Խումբին թուակազմը կը հասնէր մօտաւորապէս 16 հազարի[5]։ 1919-ի Յունուարի դրութեամբ այդ քանակը գրեթէ անփոփոխ էր։ Նոյն թուականի վերջաւորութեան արդէն հայկական բանակի թուաքանակը կը կազմէր աւելի քան 30 000[6]։

31 Մարտ 1918-ի տուեալներով, հայկական մարմնի զօրամիաւորումներու խմբաւորումները եւ մարտական կազմը ունէին հետեւեալ պատկերը.

  • Բէկլի Ահմետի զօրաջոկատ՝ թիւով 11 գումարտակ, 14 լեռնային, 4 թեթեւ թնդանօթ, 8 հեծելազօրային էսկադրոն,
  • Կաղզուանի զօրաջոկատ՝ 1 գումարտակ եւ 130 հեծելազօրային, Երեւանի զօրաջոկատ՝ 14 գումարտակ, 12 լեռնային, 6 թեթեւ թնդանօթ եւ 3 հարիւրեակ,
  • մարմնի պահեստային ուժերու կազմին մէջ կային 11 գումարտակ, ընդամէնը՝ 37 գումարտակ, 26 լեռնային եւ 10 թեթեւ թնդանօթներ, 170 գնդացիր, 12 հեծելազօրային էսկադրոն եւ 3 հարիւրեակ, որոնց մէջ կար 16715 հետեւակ ու հեծեալ զինուոր եւ 600 սպայ[3]:

11 Դեկտեմբեր 1918-ին կը սկսի հայ-վրացական պատերազմը։ Մինչեւ Դեկտեմբերի վերջ վրացական բանակը պարտութիւններ կը կրէր ու կը նահանջէր։ 26 Դեկտեմբերի դրութեամբ, հայկական բանակը իբրեւ ռազմավար վերցուցած էր 400 վակոն, 25 շոգեքարշ, 39 գնդացիր եւ 3 զրահագնացք: 31 Դեկտեմբերին վրացական բանակի նոր անյաջողութիւններէն ետք Թիֆլիսի համար վտանգ կը ստեղծուի[7]։ Անմիջապէս Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչներու միջնորդութեամբ հայերուն եւ վրացիներուն միջեւ զինադադար կը կնքուի։

Թուաքանակը 1920-ին

Խմբագրել

Արդէն 1920-ի Յունուարին հանրապետութեան բանակի թուաքանակը կը հասնէր 25 000-ի, իսկ աշնան՝ թուրք-հայկական պատերազմի շրջանին, շուրջ 40 հազարի[8]։

Սպառազինութիւն

Խմբագրել

Բանակը սկիզբէն ի վեր հիմնականօրէն զինուած է ռուսական բանակի հիմնական սպառազինութեամբ։

Պաղ Զէնք

Խմբագրել
 
Ղազախ զօրքերու թրասուսեր եւ կովկասեան դաշոյններ

Հայկական բանակին մէջ եղած են հետեւեալ պաղ զինատեսակները.

1 1881 նմուշի դրագունական թրասուսեր (ռուս.՝ шашка)
2 1904 նմուշի կովկասեան ղազախ զօրքերու թրասուսեր
3 1913 նմուշի կովկասեան ղազախ զօրքերու սպայական թրասուսեր
4 1913 նմուշի հետեւակային զօրքերու սպայական կորսուր (ռուս.՝ сабля)
5 1907 նմուշի «Պեպուտ» դաշոյն
6 1904 նմուշի ղազախ զօրքերու դաշոյն

Սպառազինութեան մէջ կային նաեւ կովկասեան վարպետներու կողմէ պատրաստուած պաղ զէնքի տեսակներ, թէ՛ աշխարհազօրային ջոկատներու, թէ՛ կանոնաւոր ստորաբաժանումներու մէջ. յաճախ կ'օգտագործուէին նաեւ կովկասեան վարպետներու կողմէ պատրաստուած ամենատարբեր թրասուսերներ, կոր սուրեր եւ դաշոյններ:

Կարճափող Հրազէն

Խմբագրել
 
1895 նմուշի թմբկաւոր «Նական» ատրճանակ

Հայկական բանակի սպայական եւ զինուորական կազմի որոշ մասը զինուած էր նաեւ ռուսական բանակի հիմնական «Նական» (անգլերէն՝ Nagant) թմբկաւոր ատրճանակներով (7,62×38 մմ փամփուշտով)։ Սակայն բոլորին կողմէ առանձնայատուկ սէր կը վայելէր մեծ տարածում գտած «Մաուզէր» (անգլերէն՝ Mauser К-96) ուղիղ փամփշտատուփով ատրճանակը (7,63×25 մմ փամփշտով), որ աւելի ծանօթ է տասնոց անունով։

1 1895 նմուշի թմբկաւոր «Նական» ատրճանակ
2 1871 նմուշի թմբկաւոր «Սմիթ-Վեսսոն» ատրճանակ
3 1896 եւ 1908 նմուշներու «Մաուզէր» ատրճանակ

Երկարափող Հրազէն

Խմբագրել

Հայ շարքային հրաձիգ զինուորին հիմնական զէնքը ռուսական երեքգծանի՝ 7,62 մմ-ոց Մոսինի-Նականի (ռուս.՝ Мосин-Наган) հրացանն էր (7,62×54 R մմ-ոց փամփուշտներ), որոշ սահմանափակ քանակութեամբ կար նաեւ գերմանական, ֆրանսական եւ այլ տեսակի հրացաններ։ Ըստ որոշ տուեալներու, ռուսական բանակի հեռանալէն ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան մնացած էր 100 000 երգծանի հրացան, մէկ միլիառ փամփուշտ, 3000 թնդանօթ, 3000 գնդացիր եւ այլն[9]։ Այս տվյալները կան անգամ Անդրանիկի հուշերում։

Ըստ այլ կարծիքի հեռացող զինուորները երբեմն զէնքերը ոչ միայն չէին ձգեր, այլ նաեւ կը տանէին մեծ քանակութեամբ եւ ռուս-թրքական ռազմաճակատը անգամ լաւագոյն ժամանակներուն չունէր 3000 հրանօթ կամ գնդացիր[10]։ Ռուս-թրքական ռազմաճակատը կը նկատուէր երկրորդական եւ բոլոր մատակարարումները անկանոն էին։ Կովկասեան բանակի զօրքերը լաւագոյն ժամանակներուն անգամ չեն ունեցած նոյնիսկ 1000 հրանօթ[10][11]։ 2000-էն քիչ մը պակաս հրանօթ ունէր Ա. Պրուսիլովի հրամանատարութեան ենթակայ ամբողջ հարաւ-արեւմտեան ռազմաճակատը 1916-ի իր յայտնի ճեղքման ժամանակ՝ 3 Յունիս 1916-էն մինչեւ նոյն տարուան 22 Օգոստոսը։

Նոյնը կը վերաբերի նաեւ հրացաններու եւ փամփուշտներու թիւերուն։ Յուլիս 5 1920-ին Պաթում հասած նաւը Անգլիայէն բերած էր 25 000 միաւոր «Ռոս Մարք II» (անգլերէն՝ Ross Mark II) կամ «Ռոս Մարք III» (անգլերէն՝ Ross Mark III) քանատական հրացան, 400 միաւոր «Վիքըրս» (անգլերէն՝ Vickers) գնդացիր եւ մօտաւորապէս 58 000 000 փամփուշտ այս զէնքերուն կիրարկման համար[12], ինչպէս նաեւ մեծ քանակութեամբ պարէն, հագուստ եւ այլն։

Գնդացիրներ

Խմբագրել
 
Ամերիկյան «Լյուիս» գնդացիր

Հայկական բանակին մէջ կը կիրարկուէին ռուսական «Մաքսիմ»ներ (անգլերէն՝ Maxim), սահմանափակ քանակութեամբ անգլիական «Վիքըրս» (անգլերէն՝ Vickers), ամերիկեան «Լուիս» (անգլերէն՝ Lewis) եւ «Քոլթ Պրաունինկ M1895» (անգլերէն՝ Colt Browning M1895) գնդացիրներ։ Շատ սիրուած էր յատկապէս «Լուիս»-ը, որ կիրարկման համար յարմարագոյնն էր[13]:

Բանակը կը կիրարկէր քանի մը տեսակի գնդացիրներ եւ անոնց համար տարատեսակ փամփուշտներու հայթայթումը մեծ խնդիր էր։ Հայկական առանձին գումարտակներու ժամանակ մօտաւորապէս 800-1000 զինուորին, որոնք կը կազմէին մօտաւորապէս մէկ գումարտակ բաժին կը հասնէր մինչեւ 4 գնդացիր, այն ալ փամփուշտներու համեմատաբար լաւ մատակարարումներու պայմաններու մէջ[14]: Ըստ 31 Մարտ 1918-ի տուեալներուն, հայկական բանակային մարմնի սպառազինութեան մէջ կար 170 գնդացիր եւ ընդամէնը 36 հրանօթ (20000/170=117)[15]: Նոյնիսկ Մարտ 1919-ի դրութեամբ Դրոյի ենթակայութեան տակ եղած աւելի քան 1400 հոգինոց զօրախումբը ունէր ընդամէնը 2 գնդացիր[16]:

Գնդացիրները Ըստ Տեսակի

Խմբագրել
 
«Քոլթ Պրաունինկ M1895» հաստոցային գնդացիրը
Հաստոցային գնդացիրներ Ձեռքի գնդացիրներ
1905–1910 նմուշի «Մաքսիմ» 1915 նմուշի «Լուիս»
1914 նմուշի «Քոլթ-Պրաունինկ» 1902 նմուշի «Մատսեն»
1910 նմուշի «Վիքըրս»

Հայկական Բանակի Հրետանին

Խմբագրել

Հայկական մարմնի հրետանին կազմաւորուած էր հրետանային 2 կիսաբաժիններէ, 4 առանձին բաժիններէ եւ առանձին լեռնային մարտկոցէ, ընդհանուր առմամբ մօտաւորապէս 100 հրանօթ, որոնցմվ սոսկ կէսը պահպանուած էր պատերազմէն ետք։ Մարմնի վերակազմաւորման ընթացքին կը ձեւաւորուի հրետանային մէկ կիսաբաժին՝ հրետանային հաւաքակայանով եւ ուսումնական զօրախումբերով։ 1918-ի Աեպտեմբերին կը ձեւաւորուի ռազմական նախարարութեան հրետանային վարչութիւնը, որուն պարտականութիւնն էր զինել բանակը, արդիականացնել հրետանիի նիւթական մասը, զօրքը ապահովել հրետանային զէնքով ու զինամթերքով։ Տարեվերջին, թուրքերը Ալեքսանդրապոլը լքելէն ետք, այնտեղ կը մեկնի վարչութեան ատենապետը՝ զօրավար Կոստանդին Ղամազեանը՝ հաւաքելու եւ կարգի բերելու զինամթերքի պահեստները, որոնք թուրքերը թողած էին թափթփած վիճակի մէջ։ Վրաստանի դէմ պատերազմին ընթացքին հայկական բանակը կը բռնագրաւէ 17 հրանօթ, որոնցմէ 2-ը՝ հաուպից, գնդացիրներ, հրացաններ, ձիեր եւ այլ գոյքեր։ Ասիկա կարելիութիւն կու տայ իսկոյն ետ ձեւաւորելու 2 մարտկոց՝ «թեթեւ» ու լեռնային։ Բացի անկէ, մեր բանակը կը համալրուի երկու սարքին զրահագնացքով։

Կարսի մէջ եւս թրքական զօրքերը ձգած էին որոշ քանակութեամբ հրետանային գոյքեր՝ հրանօթներ, զինամթերք, վառոդ եւ այլն։ Կարս կը գործուղղուին մասնագէտ սպաներ՝ այդ գոյքերու հաւաքման, տեսակաւորման եւ Ալեքսանդրապոլի ու Քանաքեռի պահեստներ տեղափոխելու համար։ Կը ձեւաւորուի նաեւ Կարսի բերդի հրետանին։ Ալեքսանդրապոլին մէջ կը հիմնուի հրետանային արհեստանոց՝ հրանօթները վերանորոգելու, ինչպէս նաեւ բանակի հրետանին ու հրազէնային զէնքերը պահեստամասերով ապահովելու համար։ Բաժանումի՝ երեք առանձին կիսաբաժանումներու վերակազմաւորուելուն համապատասխան՝ կը ձեւաւորուին 3 առանձին հրետանային գումարտակներ՝ 3-ական մարտկոցներով։

Հրետանին 1919-ին

Խմբագրել
 
Ֆրանսական «Danglise-Schneider» 1909-ի նմուշ,

1919 վերջին հայոց բանակի հրետանին ունէր 130-140 հրանօթ, որոնցմէ 63-ը (15 մարտկոց) տրուած էր հրետանային ջոկատին։ Կարսի բերդի հրետանին ունէր 64 հրանօթ եւ 2 զրահագնացք՝ 4 հրանօթով։ Ինչպէս կը տեսնենք, բոլորը միասին կը կազմեն 135 հրանօթ։ Յատուկ նշենք, որ 1914-1916 թուականներուն Կարսի ամրոցին մէջ եղած է մօտաւորապէս 90 հրանօթ՝ 5 հրետանային գումարտակ։ Նոյնիսկ եթէ եղած է 6 հրանօթային մարտկոց եւ 3 մարտկոցային գումարտակ, ինչ որ աւելի շատ բացառութիւն էր, քան օրինաչափութիւն, կ'ըլլայ ճիշդ 90: 16 Յուլիս 1919-ին Հայաստանի մէջ Ազրպէյճանական Հանրապետութեան ռազմական ներկայացուցիչը գաղտնի հեռագրով իր ղեկավարութեանը կը հաղորդէր, որ հայկական բանակին մէջ կայ 12 հրետանային մարտկոց՝ 4-ական հրանօթներով։ Դժուար չէ հաշուել, որ այդ մէկը կը համապատասխանէ 48 հրանօթի։

Հրետանին 1920-ին

Խմբագրել

1920-ի Օգոստոսին հայկական բանակի հրետանին արդէն ունէր 4 գումարտակ, որոնք կը ներառէին 4 թեթեւ եւ 9 լեռնային մարտկոցներ, այլ տուեալներով՝ 16 մարտկոց։ Նոյն սկզբունքով հաշուելու պարագային կ'ունենանք 72-96 հրանօթ։ Նկատի առնելով, որ դաշտային հրետանին, ըլլալով փոքր տրամաչափով, կրնար աւելի մեծաքանակ ըլլալ, հրանօթներու քանակը հազիւ կրնայ հասնիլ 100-ի։ Նորէն ընդգծենք, որ ասիկա 6 հրանոթներով մարտկոցներու պարագային է, իսկ իրականութեան մէջ՝ մարտկոցները, ինչպէս վերը տեսանք, հիմնականին մէջ ունէին 4 հրանօթներ։ Այդ պարագային առաւելագոյնը կրնար ըլլալ 64 հրանօթ։

Հրետանիի սպառազինութիւնը հիմնականին մէջ կը կազմէին երեք տիւյմանոց՝ 76,2 մմ-ոց թեթեւ (1900-ի նմուշ), լեռնային հրանօթները (1909-ի նմուշ, ֆրանսական «Danglise-Schneider» ընկերութեան հրանօթը), ինչպէս նաեւ հինգ տիւյմանոց՝ 122 մմ հաուպիցները։ Կան նաեւ չապացուցուած տեղեկութիւններ, որ հայկական բանակին մէջ եղել են նաեւ 8 տիւյմանոց՝ 203,2 մմ-ոց հրանօթներ։

Զրահագնացքներ

Խմբագրել
 
1919-ի զրահագնացք

Հայկական բանակը ունէր զրահագնացքներ, անոնց նախնական քանակը, վրացական բանակէն վերցուածներու հետ միասին ինչքան կազմած են, ինչպէս գործածուած են եւ այլն։ Անոնք բավականին կարեւոր միջոցներ էին այդ ժամանակ, հիմնականին նախատեսուած էին երկաթուղագիծերու մօտ գտնուող կարեւոր նշանակութեան առարկաներու պաշտպանութեան եւ համազօրային միւս զօրատեսակներուն կրակային աջակցութիւն ցուցաբերելու համար։ Շատ յաճախ կը կիրարկուէին ապստամբած այս կամ այն շրջաններու դէմ պայքարի համար։ Այս զրահագնացքները բաղկացած էին զրահապատ շոգեքարշէ, մէկ կամ երկու զրահահարթակներէ եւ մինչեւ չորս զրահապատ պահեստավակոններէ։ Զրահահարթակներու վրայ տեղակայուած էին թեթեւ հրանօթներ եւ քանի մը գնդացիրներ։

Օժանդակ Զօրքեր

Խմբագրել
 
Voisin III

Ռուսական հրամանատարութեան կողմէ հայկական մարմնի տնօրինութեան յանձնուած էր 2-րդ, այլ տուեալներով 3-րդ Կովկասեան օդային ջոկատը, որ կը դառնայ հայկական բանակի օդուժի հիմքը[17]։ Հայկական բանակի օդային ջոկատի հիմնադրման ամսաթիւ կը նկատուի 15 Օգոստոս 1918։ Օդային ջոկատի առաջին հրամանատարն էր պորուչիկ Վոիպովը, որուն 1919-ի սկիզբներուն կը փոխարինէ հետագային յայտնի Արթուր Վասիլի Ղուլեան-Ռիլսկին (երբեմն կը նշուի նաեւ Գուլեան)։ Սկզբնապէս հայկական միակ օդային ջոկատը ունէր երեք օդանաւ, երեքն ալ տարբեր մակնիշներու՝ «Nieuport», «Morane-Saulnier L» եւ «Voisin III» կամ «Voisin V»:

Պահեստամասեր չկային եւ թռիչքներ գրեթէ չէին կատարուեր։ Քամին պոկած էր անգարի կտուրը, որուն հետեւանքով կը ջախջախուին օդանաւերէն երկուքը։ «Voisin III»-ը կը մասնակցի Հայ-վրացական պատերազմին, սակայն նոյնպէս շարքէն դուրս կու գայ Ալեքսանդրապոլի մէջ, վառոդի պահեստի պայթիւնի ժամանակ։ Այսպիսով, օդային ջոկատը փաստօրէն կը դադրի գոյութիւն ունենալէ։ Ասիկա կը նշանակէ, որ օդային ջոկատի փոխանցումէն ետք հայերը վերանորոգած էին այդ օդանաւերը եւ փորձած էին կիրարկել։ 28 Փետրուար 1919-ի թուագրութեամբ կայ մէկ զեկուցագիր, որ ռազմական նախարարը ուղարկած է նախարարներու խորհուրդին[18]: Զեկոյցին մէջ մասնաւորապէս կը նշուի, որ տուեալ դրութեամբ օդուժին մէջ կայ ընդամէնը մեկ գործող օդանաւ եւ քանի մը ամիսէն երկու կոտրուածէն կարելի է հաւաքել մէկը։ Բոլոր սարքերը հինցած ու մաշած են։ Ջոկատի կազմն է՝ 5 օդաչու, 1 դիտորդ-օդաչու, 1 մեքանիք-հրահանգիչ, 3 շարժիչագործ, 6 շարժիչագործի օգնական, 2 վարորդ, 2 վարորդի օգնական, 10 վարպետ։ Ելլելով այս ամէնէն, նախարարը կ'առաջարկէ կազմալուծել ջոկատը, իսկ որոշ ծառայողներ գործուղել Ֆրանսա ուսանելու եւ նոր սարքերու ձեռքբերման համար։ Ուսումը պիտի տեւէր 1-2 տարի եւ անկէ ետք ձեռք պիտի բերուին ժամանակակից սարքեր։ Նախարարը կը զեկուցէ նաեւ, որ ֆրանսացի օդաչու Ա. Փուատեպարուն կը կարծէ, որ օդային ջոկատը, այնուամենայնիւ, հարկաւոր է սահմանի պահպանման համար։ Վերջաւորութեան, նախարարը կը խնդրէ թոյլ տալ ուսման համար գործուղել 5-6 սպայ եւ 15-18 զինուոր, իսկ Ֆրանսայէն գնել օդանաւեր ու սարքաւորումներ։

 
Salmson 2A2 օդանաւը օդին մէջ

Կարսի ազատագրումէն ետք, 1919-ի Մարտէն կը սկսի նոր ջոկատի կազմաւորումը։ Կարգի կը բերուին թռիչքադաշտը, անգարներն ու պահեստամասերը, կը ստեղծուին օդանաւերու նորոգման ու հաւաքման արհեստանոցներ։ Կը սկսի նոր օդանաւերու սարքաւորումը։ 1919-ի վերջաւորութեան կը հաւաքուին երեք «Morane-Saulnier L», երեք «Voisin» եւ մէկ «Nieuport», որոնց վերջնական շահագործման համար, սակայն դերեւս անհրաժեշտ էր ձեռք բերել թեւերու համապատասխան երեսպատման նիւթեր եւ Հայկական օդային ջոկատը կ'ունենայ 7-8 թռչող սարք։ Աւելի ուշ Ֆրանսայէն ձեռք կը ձգուին երկու «Salmson 2 A2» օդանաւեր, որոնք տուեալ ժամանակի համար թռիչքային մեծ արագություն ունվին՝ 200քմ/ժ եւ նախատեսուած էին հետախուզական թռիչքներու, ըստ հարկի նաեւ ռմբակոծում իրականացնելու համար։

1920-ին տարբեր երկիրներէ Հայաստան կը ժամանէին նաեւ օդային սարքերու ոլորտի տարբեր մասնագէտներ։ Հայաստանը Անգլիայէն կը գնէ որոշ քանակութեամբ օդանաւեր, որոնք, սակայն 1920-ի սկիզբէն կանգնած էին Պաթումի մէջ եւ Հայաստան չէին փոխադրուեր[19]: Առաջին հայ օդաչուներէն էին նաեւ Ռուբէն Բաբայանը, Նիքոլայ Խորոզովը[20]: Վերը նշուած երկու ֆրանսական օդանաւերը Պաթումէն Հայաստան կ'ուղարկուին 16 Յունիս 1920-ին գնացքի համապատասխան՝ 303532 եւ 804592 վակոններով, անոնց կ'ուղեկցէր Ղուլեան-Ռիլսկին[21]:

Ռատիոբաժանմունք

Խմբագրել

1918-ի Օգոստոսին կը ձեւաւորուի ռատիոհեռագրական բաժանմունքը։ Կը գտնուի 2 ռատիոկայան՝ մէկը Քանաքեռի հրետանային պահեստին մէջ, միւսը՝ Բաշ Ապարանի մէջ: 1919-ի Սեպտեմբերին ռատիոբաժանմունքը կը վերափոխուի ռատիոգումարտակ՝ ինքնաշարժ-կարքային, դաշտային եւ 2 փոքր ռատիոկայաններով։ Բացի անկէ, դաշտային ռատիոկայանի առանձին մասերէն կը սարքաւորուի ժամանակաւոր բազիսային ռատիոկայան։ Երեւանի թեքնիքական ընկերութիւնը կը սարքաւորէ եւ ռազմական գերատեսչութեան կը յանձնէ հզօր ռատիոկայան։ Ռատիոհեռագրական ծառայութեան համար մասնագէտներ պատրաստելու նպատակով, գումարտակին առընթեր կը բացուի յատուկ դպրոց։

Նաւատորմիղ

Խմբագրել

Սեւանայ լիճի նաւատորմիղը կը կազմաւորուի 1919-ի Մայիսին։ Կազմաւորողն ու հրամանատարն էր ռուսական ծովակալութեան սպայ Սերգէյ Թումանեանը։ Նաւատորմիղի կեդրոնը կը սարքաւորուի Ելենովկա գիւղին մէջ (այժմ՝ Սեւան քաղաք)։ Կը հիմնուի նաւահանգստային դարբնոց, փականագործական եւ ատաղծագործական արհեստանոցներ։ Կը կառուցուի «Աշոտ Երկաթ» ռազմաբեռնատար երկկայմ առագաստանաւը, որուն տարողութիւնը 1000 փութ էր, զինուած է մէկ թնդանօթով, երկու գնդացիրով եւ ունէր լուսարձակ։ Նաւատորմիղը կը կոչուէր զօրք եւ ռազմական բնոյթի բեռներ փոխադրելու համար։ Բացի «Աշոտ Երկաթ» ռազմանաւէն, նաւատորմիղն ունէր նաեւ քանի մը շարժիչային թիանաւ, իսկ 1920-ի Սեպտեմբերին Շահթախթէն Սեւանայ լիճ կը փոխադրուի ռուսական նաւատորմի «Սեստրիցա Նիուշա» նաւը, որ Հայաստան բերուած էր Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն՝ Վանայ լիճ փոխադրելու համար։ Անիկա կը վերանուանուի «Գեղանուշ»:

Մատակարարում

Խմբագրել

Հայաստանի անկախութեան հռչակման շրջանին զօրքի մատակարարման աղբիւրները իսպառ կը բացակայէին։ Հարկ կ'ըլլայ զօրքերու մատակարարման իրականացման նոր միջոցներ գտնել, քանի որ նախկին ռուսական բանակի բոլոր պահեստներն ինկած էին թուրքերու ձեռքը, իսկ Թիֆլիսի մէջ եղածը փոխանցուած էր վրացիներուն։ Հաղորդակցութիւնը կ'իրականացուէր թուրքերու արտօնութեամբ, շաբաթը 1-2 անգամ՝ Ալեքսանդրապոլով, որուն մէջ՝ կառավարութեան տնօրինութեան տակ կային 3-4 շոգեքարշ եւ 2 ապրանքատար գնացք։ Բացի անկէ, թուրքերը կ'արգելէին որեւէ ռազմական գոյք անցընելը։

Դեկտեմբերին սկսած հայ-վրացական պատերազմի հետեւանքով հաղորդակցութիւնը կ'արգելակուի մինչեւ 1919-ի Մարտ ամիսը։ Ընդ որուն, այդ հակամարտութեան ընթացքին ռազմական գոյքերուն մեծ մասը Թիֆլիսի մէջ կը բռնագրաւուի վրացիներու կողմէ։ Աշխատանք կը տարուէր զօրքի համար անհրաժեշտ գոյքի արտադրութեան համար։ 1919-ի գարունէն սկսեալ, երկրի տնտեսական կեանքի աշխուժացման զուգընթաց, զինարտադրութիւնը կը սկսի տեղի ունենալ աւելի մեծ քանակով։ Սպառազինութեան պակասը կը լրացուէր համբարակային վարչութեան պատկանող արհեստանոցներու արտադրանքի հաշիւին։ Երեւանի եւ Կարսի ճարտարապետական արհեստանոցները կը թողարկէին հիմնականին ռումբեր եւ այլ պայթուցիկ նիւթեր, փամփուշտներ, իսկ Ալեքսանդրապոլի եւ Կարսի կարի արհեստանոցները՝ ռազմական հանդերձանք, անդրավարտիքներ, շապիկներ, գլխարկներ եւ այլն։

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. ՀՍՀ, Համաձայնագիր Հայաստանի Հանրապետության եւ ՌԽՖՍՀ միջեւ 1920 դեկտեմբերի 2
  2. Ս․ Վրացյան, Հայաստանի Հանրապետություն, Երեւան, 1993, էջ 62
  3. 3,0 3,1 3,2 Հայկական բանակի սպառազինությունը (1918–1920 թթ.)
  4. Հայաստանի ազգային արխիվ, ֆոնդ 1267, ց. 1, գ. 30, թ. 7
  5. Հայաստանի ազգային արխիվ, ֆոնդ 45, ց. 1, գ. 32, թ. 1-2
  6. Կարապետյան Մ., Հայաստանի Հանրապետության բանակը (1918-1920 թթ.), Երան, 1996, էջ 45
  7. Մ․ Կարապետյան, Հայաստանի Հանրապետության բանակը (1918-1920 թթ.), Երեւան, 1996, էջ 91
  8. Ռուբեն, Հայ-հեղափոխականի մը հիշատակները, հ. 7, Երեւան, 1991, էջ 337-338:
  9. Հ. Ռ. Սիմոնյան, Թուրք-հայկական հարաբերությունների պատմությունից, Երեւան, 1991, էջ 295-296
  10. 10,0 10,1 Н. Г. Корсун, Первая мировая война на Кавказском фронте, Москва, 1946, стр. 8-25.
  11. Военный энциклопедический словарь, Москва, 2002, стр. 1404, 1178, 1399
  12. Երկու զէնքերն ալ կը կիրարկէին անգլիական 7.7x56R մմ-ոց (.303 British) փամփուշտը
  13. Ford, Roger (2005). The World’s Great Machine Guns from 1860 to the Present Day. London (UK): P.68-71. անգլերէն՝
  14. Մ․ Կարապետյան, Հայկական կամավորական խմբերը եւ ազգային գումարտակները կովկասյան ռազմաճակատում, Երեւան, 1999, էջ 95:
  15. ՀԱԱ, ֆ. 1267, ց. 2, գ. 88, թ. 1
  16. ՀԱԱ, ֆ. 199, ց. 1, գ. 35, թ. 146:
  17. Հայաստանի առաջին հանրապետության օդուժը
  18. Հայաստանի ազգային արխիւ, ֆոնդ 199, ց. 1, գ. 35, թ. 53:
  19. Գ. Ա Գալոյան, Հայաստանը եւ մեծ տերությունները 1917-1923 թթ., Երեւան, էջ 186
  20. ՀԱԱ, ֆոնդ 199, ց. 1, գ. 142, թ. 184-190
  21. Հայաստանի ազգային արխիվ, ֆոնդ 200, ց. 1, գ. 442, մաս 1, թ. 180