Դրաստամատ Մարտիրոս Կանայեան (Դրօ), Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան զօրավար (ընդհանուր հրամանատար), ֆետայի, Ազատագրական շարժման գործիչ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ռազմական նախարար (1920), Հայաստանի դեմոկրատական Հանրապետութեան հիմնադիրներէն։ Բ. համաշխարհային պատերազմի տարիներուն, Դրօն նպատակ ունենալով Հայաստանի անկախութիւնը Խորհրդային միութենէն վերականգնել, Գերմանիոյ զինուած ուժերու կազմին մէջ ստեղծուած Հայկական զօրախումբին հրամանատար։

Դրաստամատ Կանայեան
Ծնած է 31 Մայիս 1883
Ծննդավայր Իգտիր, Երեւանի նահանգ[1][2]
Մահացած է 8 Մարտ 1956(1956-03-08)[1][2] (72 տարեկանին)
Մահուան վայր Պոսթըն,ԱՄՆ
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն
 Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն
 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ազգութիւն Հայ[2]
Մասնագիտութիւն զինուորական, քաղաքական գործիչ
Վարած պաշտօններ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար[1]
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն[2]

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 1884-ին Ռուսական կայսրութեան տարածքին գտնուող Սուրմալու գաւառի Իգտիր քաղաքին մէջ։ Հայրը՝ Մարտիրոս Կանայեան, ճանչցուած էր որպէս խելացի, ուժեղ կամքով, հարուստ, ազդեցիկ եւ ժողովուրդին մէջ յարգանք վայելող մարդ։ Իր մեծ տան մէջ հիւրերը անպակաս էին եւ հայկական շունչ ու ոգի կար անոր յարկին տակ։ Դրօ կը մեծնայ այդ մթնոլորտին մէջ։ Ան կը սիրէր դաշտերը թափառիլ, մանաւանդ՝ զօրանոցներու շրջակայքին մէջ, ուր հմայուած էր ընթացող զինուորական մարզանքներով։ Փոքր տարիքէն հայրը զինք կը տանի Իգտիրի (Սուրմալու) ծխական դպրոցը։ Սակայն Դրօ գիրքերու եւ ուսման նկատմամբ հետաքրքրութիւն չի ցուցաբերեր։ Ան կը փախչի դպրոցէն Իգտիրի ռազմական զօրանոցներուն մօտ թափառելու նպատակով: Հայրը զինք կը տեղափոխէ Երեւան՝ քիմիագիտութեան-դպրոց։ Ոգեշնչուած հայ ֆետայիներու յաղթանակներով եւ Դաշնակցութեան ազգային գաղափարներով՝ Դրաստամատ Կանայեան դպրոցին մէջ կը ստեղծէ երիտասարդական գաղտնի շարժում մը, որ ուղղուած էր ցարական իշխանութեան դէմ։

Եկեղեցապատկան գոյքերու բռնագրաւման օրէնք

Խմբագրել
 
Դրաստամատ Կանայեան

12 Յունիս 1903-ին ցարական իշխանութիւնը օրէնք մը կ'որդեգրէ, որմով կը բռնագրաւէր Հայ եկեղեցւոյ ամբողջ գոյքերը, ինչ որ հայ ժողովուրդին մօտ զայրոյթ կը յառաջացնէ։ Ժողովուրդը լաւ կը հասկանար, որ այս օրէնքը սպառնալիքի տակ կը դնէր հայ ազգին գոյութիւնը, որովհետեւ հայապահպանութեան մէջ մեծ դեր ունէր եկեղեցին եւ հայոց ամբողջ պատմութեան ընթացքին, երբ հայ ժողովուրդը պետականութիւն չէր ունեցած, եկեղեցին էր որ իր վրայ առած էր հայոց լեզուի եւ հայ մշակոյթի պահպանման հարցերը։ Ուստի Դաշնակցութիւնը կ'որոշէ զինուած խումբեր ստեղծել, որոնք հանդէս կու գային որպէս եկեղեցական գոյքերու պահապաններ եւ կ'իրականացնէին զանգուածային ցոյցեր։

Դրօ, որ խառնուածքով ըմբոստ տղայ մըն էր, ամբողջութեամբ կը նետուի կռիւի մէջ։

Նոյն տարուան ամառը մեծ թափ կը ստանայ զէնքի փոխադրութիւնը Սուրմալուի վրայով դէպի Արեւմտահայաստան. դաւաճաններու եւ լրտեսներու գոյութիւնը սակայն ահազանգի կը մատնէ գործը։ Թէջերապատի (Սուրմալուի գիւղերէն մէկը) գիւղապետ՝ Մարտիրոսը, մատնութիւններ կ՛ընէ։ Հ.Յ.Դաշնակցութեան կողմէ Դրոյի եւ Գերդանի կը վիճակուի անոր հաշիւը մաքրելը։ Կը հասնի յարմար առիթը, երբ Կանայեաններու մտերիմ բարեկամ՝ ռուս սպայ Սաշա Զաբոլոտկօ եւ իր ընկերները Դրոյենց տան հիւրերը կ՛ըլլան։ Երեկոյեան՝ կերուխումի պահուն, լուր կը հասնի Դրոյի, թէ դաւաճանը երկու հոգիի հետ հրապարակի վրայ է։ Դրօ դուրս կը թռչի եւ մէկ հարուածով գետին կը փռէ զայն։ Վրայ կը հասնի Գերդան եւ երկու դաշոյնի հարուած ալ ան կու տայ դաւաճանին։ Երկու ահաբեկիչները կը ձգեն դէպքին վայրը։ Դրօ կը վերադառնայ տուն։ Ծանրօրէն վիրաւորուած Մարտիրոս սակայն անմիջապէս չի մահանար. ձերբակալութիւններ կը կատարուին. կը ձերբակալուի նաեւ Դրօն։ Երբ կը տեսնէ Դրօն Մարտիրոս կ՛ըսէ, թէ ան էր զինք ահաբեկողը։ Ռուս սպայ՝ Սաշան կը պնդէ, թէ Դրօ իրեն հետ էր եւ կ՛աւելցնէ, թէ Մարտիրոս տաքութեան մէջ կը զառանցէր եւ գիտակից չէր իր ըսածին։ Քանի մը օր ետք Դրօ ազատ կ՛արձակուի։

Այս դէպքը Դրոյի մարտական աշխատանքներուն առաջինը կ՛ըլլայ։ Կուսակցութեան որոշումով ան կը հեռանայ Սուրմալուէն, կ՛անցնի Հիւսիսային Կովկասի Պիատիգորով քաղաքը, ուր եւ կը զինուորագրուի։

Հայ-թաթարական կռիւներ

Խմբագրել

1905-ին Պաքուի մէջ սկիզբ կ'առնեն հայ բնակչութեան կոտորածները, որոնք կը հրահրուէին ցարական իշխանութեան կողմէ։ 6 Փետրուար 1905-ին Պաքուէն կը հասնին հայ-թաթարական առաջին ընդհարումներուն լուրերը։ Դրօ գաղտնօրէն կը հեռանայ զօրաբաժինէն եւ կ՛անցնի Պաքու, ուր կը միանայ դաշնակցական հայդուկներու շրջանակին, Նիկոլ Դումանի ղեկավարութեան տակ։

Պաքուի նաւթաշխարհին մէջ, հայութիւնը տնտեսական եւ մշակութային մեծ կշիռ կը ներկայացնէր։ Հոն Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը ծաւալէր ու կը զօրանար։ Ռուս բռնատիրութիւնը հայոց դիմադրական ուժը կոտրելու համար կը դիմէր որեւէ միջոցի. այս պարագային, տգէտ մահմետականութիւնը կը ծառայէ իբրեւ գործիք հայերու դէմ։ Ռուս ոստիկանութեան աչքին առջեւ յանկարծակիի եկած հայեր զոհ կ՛երթան թալանող ու կոտորող ազերի թուրքին։ Պարզ էր, թէ ցարական իշխանութիւնն էր ծրագրողը այս վայրագութիւնները, զորս կը գործադրէր նահանգապետ Նակաշիձէի ձեռքով։ Շրջանի Կ.Կոմիտէի կողմէ կ՛առնուի անոր ահաբեկման որոշումը։ Նիկոլ Դուման 21 տարեկան երիտասարդ Դրոյի կը յանձնէ այդ պարտականութիւնը եւ 11 Մայիս 1905-ին օր ցերեկով Դրօ կ՛իրականացնէ իրեն յանձնուած գործը։

Պաքուէն ետք Դրօ կը շտապէ Երեւան։ Հոն քաղաքի թուրքերը սպաննած էին 20-25 հայեր։ Շրջանի մարտական ղեկավար Խեչոյին հետ խորհրդակցելով՝ կը ծրագրէ ուժեղ հակահարուած մը տալ թշնամիին։ Նոյն թուականի Օգոստոսին Դուման Դրօն կ'ուղարկէ Նախիջեւան: Նորս գիւղը ընտրելով իբրեւ կեդրոն՝ ան կը սկսի Նախիջեւանի գիւղերու ինքնապաշտպանութեան գործը։ Դրօ այնուհետեւ Արշակ Գավաֆեանի (Քեռի)ի ընդհանուր հրամանատարութեամբ կը վարէ լեռնային Նախիջեւանի եւ Զանգեզուրի ինքնապաշտպանութեան շատ մարտեր եւ ի վերջոյ թշնամին կը ստիպէ պարտուած հաշտութիւն կնքել։ Այս ինքնապաշտպանական մարտերուն մէջ Դրօ կը փաստէ իր հմուտ ռազմահրամանատար ըլլալը։

Ա. համաշխարհային պատերազմ

Խմբագրել

1915-ին կամաւորական զօրագունդին գլուխը անցած Դրօ կը մտնէ Վան: Անոր կողմէ իրականացած բոլոր մարտերը յաջողութեամբ կը պսակուին։

 
1914, Հայ կամաւորներ(Խեչօ, Դրաստամատ Կանայեան, եւ Գարեգին Փաստրմաճեան)

Դրօ արդէն մեծ հեղինակութիւն ունէր որպէս հրամանատար օսմանեան բանակի դէմ տարած յաղթանակներով։ Մարտ 1918-ին Հայոց ազգային խորհուրդին կողմէ նշանակուած է Հայոց ռազմական բանակին հրամանատար։

Բաշ-Ապարանի ճակատամարտ

Խմբագրել
 
Դրօն 1918-ին

23-28 Մայիսին ան կը ստանձնէ Բաշ-Ապարանի հերոսամարտ հրամանատարութիւնը։ Ապարանի ճակատամարտը, Դրոյին փառքի գագաթնակէտն էր։ Հայ ժողովուրդին համար ամէնէն օրհասական այդ օրերուն ան կրցաւ ոչ միայն կասեցնել թրքական 13.000-նոց զօրաբանակին յառաջխաղացքը դէպի Երեւան, այլեւ ջախջախիչ հարուած հասցուց թուրքերուն, որոնք խուճապահար փախան մարտադաշտէն։

Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն

Խմբագրել

Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն ետք, Դրօ ձեռնամուխ կ՛ըլլայ հայկական բանակի կազմաւորման։ Սակայն անոր վաստակը անուրանալի է յատկապէս երկրի ներքաղաքական կեանքի կայունացման գործին մէջ։ Դրօ յատուկ խումբ մը կը յառաջացնէ, որու նպատակը մաուզերիզմի դէմ պայքարն էր։ Դրօ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ կը կարենայ խիստ միջոցներով արմատախիլ ընել մաուզերիզմը Հայաստանի մէջ եւ երկրին մէջ կարգ ու կանոն հաստատել։

1920-ի աշնան՝ Սիմոն Վրացեանի վարչապետութեան օրով, ան կը ստանձնէ ռազմական նախարարի պաշտօնը։ Այն ատեն Դրօ կը յատկանշուի իր ռուսամէտ կեցուածքով։ Ան կը կարծէր, որ Հայ-թրքական պատերազմի պայմաններուն մէջ միակ ճիշդ քայլը Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգեր հաստատելն է, ինչ որ չէր հասկնար դաշնակցական կառավարութիւնը։

Նախարարապետ Վրացեան. «Ի նկատի ունենալով արտաքին հանգամանքների շնորհիւ երկրում ստեղծուած կացութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը իր 2 Դեկտեմբեր 1920-ի նիստին մէջ որոշեց հրաժարիլ իշխանութենէն եւ յանձնել զինուորական եւ քաղաքացիական բովանդակ իշխանութիւնը, զօրաբանակի ընդհանուր հրամանատարին որպիսի պաշտօնում նշանակել ռազմական նախարար Դրոյին»:

Երբ Հայհեղկոմը Երեւան կը ժամանէ, բնակչութեան դէմ բռնութիւնները կը սկսին։ Դրօն միակն էր, որ կ՛ըմբոստանայ եւ կ'ընդդիմանայ հայ բոլշեւիկներու գործելակերպին։

Յունուար 1921-ին Դրօ Մոսկուա կ'աքսորուի, ուր չորս տարի կը մնայ։ 1925-ին Դրօ կը յաջողի Փարիզ անցնիլ ապա՝ Ռումանիա: 1933-ին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ժբ. Ընդհանուր ժողովը զինք ցմահ կ'ընտրէ կուսակցութեան գերագոյն ղեկավարութեան մէջ։

Հայ-վրացական պատերազմ

Խմբագրել

1918-ին Հայաստան դիւանագիտական, ռազմական ու տնտեսական մեկուսացման մէջ էր։ Վիճակը կը բարելաւուի, երբ Ա. Աշխարհամարտին (1914–1918 թուականներուն) Թուրքիա պարտութիւն կը կրէ եւ կը սկսի հեռանալ Հարաւային Կովկասի գրաւուած շրջաններէն, այդ թիւին մէջ՝ Լոռիի եւ Ախալքալաքի գաւառներէն։ Սակայն այդ տարածքներու պատկանելութեան շուրջ հակամարտութիւն կը ծագի Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ, որ 1918-ի Դեկտեմբերի կէսերուն վերածուած էր Հայ-վրացական պատերազմի: Հայաստանի դեմոկրատական կառավարութիւնը Դրոյին կը վստահի հայկական բանակի հրամանատարութիւնը ու կը յանձնարարէ Լոռին մաքրել վրացիներէն։ Շուրջ մէկ ամիս տեւած պատերազմի ընթացքին հայկական զօրքերը Դրոյի առաջնորդութեանբ կը ջախջախեն վրացական զօրքերը, Դրօ կը յաջողի մաքրել Լոռին վրացիներէն եւ կը պատրաստուի շարժիլ դէպի Թիֆլիս։ Հայկական գրոհը կը կասեցուի միայն անգլիական դիւանագիտական ճնշման տակ։ Նկատի կ'առնուի նաեւ որ Թիֆլիս հինէն ի վեր մեծ մասամբ բնակուած էր հայերով։

Հայ-ազրպէյճանական կռիւներ

Խմբագրել
 
Զօրավար Դրօ

Դեկտեմբեր 1919-ի կէսերուն 600 զինուորներով Գորիս կը հասնի Զանգեզուր-Ղարաբաղ ռազմական ուժերու ընդհանուր հրամանատար նշանակուած Դրօն։ Կարճ ժամանակի ընթացքին՝ մինչեւ 19 Յունուար, ողջ Զանգեզուրը կ'ազատագրուի: Դրոյին ընդհանուր հրամանատարութեամբ կը կռուէին Եապոնի, Գարեգին Նժդեհի, տաթեւացի Վարդանի, Արտեմ Խանզատեանի եւ միւս հրամանատարներու առաջնորդած մարտական ուժերը: Դրօ փաստօրէն իր աւարտին կը հասցնէ Անդրանիկ Օզանեանի կիսատ ձգած գործը։

Արցախի մէջ արիւնահեղութենէ խուսափելու համար Օգոստոս 1919-ին կայացած Արցախահայութեան եօթներորդ համագումարին որոշում առնուած էր, մինչեւ Փարիզի հաշտութեան վեհաժողովի ընթացքին վերջնական լուծումը, ժամանակաւորապէս ընդունիլ Ազրպէյճանի իշխանութիւնը։ «Ռումբը կը պայթի» 22 Մարտ 1920-ի երեկոյեան՝ իսլամական Նովրուզ-Պայրամի օրը։ Թեժ մարտեր կը մղուին յատկապէս Վարանդայի մէջ, Ասկերանի ճակատին եւ Տումի-Խծաբերդի ու Մսուլմանլարի շրջաններուն մէջ։ Ասկերանի բերդի կռիւները կը տեւեն 18 օր. շուրջ 500 հայեր ընդդէմ՝ 3500-4000 հոգինոց բաղկացած կանոնաւոր զօրքին։ Թուրք-թաթարական ուժերու Ասկերանի գրաւումէն ետք կը սկսի Շուշիի կոտորածը։ Երեք օր ու գիշեր քաղաքի հայկական մասը հրդեհներու մէջ էր։ «Մշակ» թերթի 9 Մայիս 1920-ին թիւին մէջ Մարիեթա Շահինեան կը վկայէ, որ այդ օրերուն այրած է 7000 տուն, սպաննուած՝ 12.000 հայ։ Այս արիւնահեղութիւնը Հայաստանի կառավարութեան կը հարկադրէ օգնութեան հասնիլ Արցախին։ 14 Ապրիլին Դրոյին զօրագունդը կը մտնէ Շուշի: Կը հռչակուի Ղարաբաղի հայկական կառավարութիւն։ Կ՛ազատագրուի Արցախի մէկ մասը, յարաբերաբար խաղաղութիւն կը տիրէ։ 25 Ապրիլին Թաղաւարդ գիւղին մէջ հրաւիրուած Ղարաբաղի հայութեան 9-րդ համագումարը կ'որոշէ «հռչակել Լեռնային Ղարաբաղի միացումը Հայաստանի Հանրապետութեան որպէս անոր անբաժան մասը»:

Հատուած Դրոյի Ղարաբաղի «հայ ազգաբնակչութեան» ուղղած կոչէն՝ 26 Ապրիլ, 1920.

  Ես եկել եմ այն համոզումով եւ հաստատ որոշումով, որ յենուած ձեր վճռականութեան վրայ եւ միացած ձեր քաջարի զինուորներին, պէտք է յաղթենք թշնամուն: Ես վճռել եմ մնալ ձեր մէջ, կռուել ձեզ հետ եւ ազատութիւնն ու յաղթանակը տօնել այստեղ:  

Դրոյի փայփայած երազը, դժբախտաբար, չ՛իրականանար։ 28 Ապրիլին Ազրպէյճանի մէջ կը հռչակուի խորհրդային իշխանութիւն։ Յաջորդ օրը դիմակափոխ մուսաֆաթականները վերջնագիր կը ներկայացնեն՝ զօրքերը Արցախէն դուրս բերելու պահանջքով, հակառակ պարագային՝ կարմիր բանակի օգնութեամբ վռնտելու սպառնալիքով։ 5 Մայիսին Դրոյին հետ բանակցելու համար Արցախ կը ժամանէ 11-րդ կարմիր բանակի ռազմա-յեղափոխական կոմիտէի նախագահ Սերգօ Օրջոնիկիձէի ներկայացուցիչներ Սա­հակ Տէր Գաբ­րի­է­լե­ա­ն ու Լեւանդովսկին, 12 Մայիսին կարմիր բանակի զօրագունդը կը մտնէ Շուշի։ 25 Մայիսին, Հայաստանի Հանրապետութեան զօրքերը կառավարութեան հրամանով կը ձգեն Արցախը։ Այսպէս՝ բոլշեւիկներու ճնշման տակ Արցախի ազատագրումը կը յետաձգուի 70 տարիով։

1920-ի հայ-թրքական պատերազմ

Խմբագրել

Հայաստանի կառավարութիւնը, մեկնելով ռազմաճակատին մէջ տիրող կացութենէն, հայկական զօրաբանակին հրամանատարութեան ուժերը կը կեդրոնանան հիմնականին մէջ Կարսի եւ Սուրմալուի ուղղութեամբ. եթէ թուրքերը յաղթէին Սուրմալուի ճակատին մէջ, ուղղակիօրէն կը մտնէին Երեւան։ Կարսի ճակատի հրամանատարը Մովսէս Սիլիկեանն էր, Սուրմալուինը՝ Դրօն։ Սուրմալուի ճակատը թրքական կանոնաւոր եւ քրտական աւելի քան 10.000-նոց զօրագունդերու դէմ կանգնած էին 3.000 մարտունակ եւ հայրենիքին ու Դրոյին նուիրուած քաջակորով հայորդիներ։ Քանի մը օր ընթացող կռիւներուն հայ զինուորները պարտութեան կը մատնեն թուրքերը եւ ծանր կորուստներ պատճառելով կը հարկադրուին նահանջել։ Ի տարբերութիւն Սուրմալուի՝ Կարսի ճակատին դրութիւնը գնահատելի չէր։ Կարսի պաշտպանութիւնը ստանձնած ուժերը հայ բոլշեւիկներու շարունակական քարոզչական ազդեցութեան տակ գտնուելով իրենց կարմիր եղբայրներուն արժանաբար եւ եղբայրաբար դիմաւորելու համար հզօր բերդաքաղաքը առանց դիմադրութեան 30 Հոկտեմբերին կը յանձնեն թուրքերուն։ Քանի մը օր ետք Կարս բախտին կ'արժանանայ նաեւ Ալեքսանդրապոլը: Շիրակի ծանր կացութիւնը Սուրմալուն յաղթած Դրոյին զինուժին կը հարկադրէ ձգել պաշտպանութեան բնագիծերը եւ կամուրջները այրելով անցնիլ Արաքսը:

Բ. համաշխարհային պատերազմ

Խմբագրել

Բ. համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Դրօ, կապեր ունէր Գերմանիոյ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու՝ յատկապէս Մ. Պորմանի ու Ա. Ռոզենպըրկի ու այլ բարձրաստիճան զինուորականներու հետ։ Ըստ Դրոյի եւ գերմանացիներու միջեւ պայմանագիրին՝ յաղթելու պարագային Հայաստանի պէտք էր վերադարձուէին Նախիջեւանը, Ղարաբաղը եւ Ախալքալաքի մէկ մասը։ Դրոյի Հայապահպան ծրագիրին կը մասնակցին նաեւ այլ հայորդիներ։ 30 Դեկտեմբեր 1941-ին կը ստեղծուի «Հայկական 812-րդ գումարտակը» Դրոյի ընդհանուր հրամանատարութեամբ, որ ստեղծման պահուն 8.000 հոգի կը հաշուէր, հետագային նազիստներու արեւելեան արշաւանքին ժամանակ գերի բռնուած հայ զինուորներու թիւը կը հասնի 33.000-ի։ Դրօ «812-րդ գումարտակի գործողութիւնները կը ծաւալէ Ղրիմի եւ Հիւսիսային Կովկասի մէջ։ Եթէ Ստալինկրատի ճակատամարտին Գերմանիա յաղթէր, Թուրքիա պատրաստ էր պատերազմ յայտարարել Խորհրդային Միութեան դէմ ու ներխուժել Հայաստան։ Դժուար չէ պատկերացնել, թէ ինչ կը մնար այդ ատեն Հայաստանէն եւ հայութենէն։ Հայկական լեգէոնի առաքելութիւնը պիտի ըլլար Ստալինկրատի գերմանական զօրքերու յաղթանակէն անմիջապէս ետք, հիւսիսէն մտնել Հայաստան։

Բ. աշխարհամարտի տարիներուն գերակշռող էր Դրոյի դերը հայ ռազմագերիներու փրկութեան աշխատանքներուն մէջ։ Ան էապէս կը նպաստէ, որ ֆաշիստ Գերմանիան փոխէր իր վերաբերմունքը հայերուն հանդէպ, եւ հայերը Եւրոպայի մէջ չունենան հրեաներուն ճակատագիրը։

 
Դրաստամատ Կանայեան տարագրութեան մէջ

Բ. համաշխարհային պատերազմէն ետք Դրօ կը ձերբակալուի, բայց շուտով ազատ կ'արձակուի։ Կը հաստատուի Ամերիկայի Միացեալ նահանգներ, ուր կը շարունակէ զբաղիլ հայկական հարցի լուծման ուղղութեամբ քաղաքական աշխոյժ գործունէութեամբ։ Այնուհետեւ կը հաստատուի հայաշատ Լիբանանի մէջ։ Բուժման նպատակով կ'այցելէ Ամերիկայի Միացեալ նահանգներ։

Կը մահանայ 8 Մարտ 1956-ին. անոր վերջին խօսքերը կ՛ըլլան. «ախ մէկ էլ երկիրս տեսնէի» բառերը։

Թաղուած է Պոսթըն։ 29 Մայիս 2000-ին վերայուղարկաւորուած է Ապարանի ճակատամարտի յուշահամալիրին աջ եզրաթումբին վրայ։

 
Դրոյին շիրիմը՝ Ապարան

Դրոյի յիշատակին

Խմբագրել

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հիմնած է Դրաստամատ Կանայեանի անուան ռազմավարական ակադեմիան։ Յունուար 2001-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հիմնէ «Դրաստամատ Կանայեան» շքանշանը, որմով կը պարգեւատրուին ռազմական ուսուցման բնագաւառին մէջ աչքի ինկած զինուորականները, ազատամարտիկները եւ քաղաքական անձինք։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Դրո /կենսագրական։ Հուշեր։ Վկայութիւններ/, Երեւան, 1991, 414 էջ, - http://www.historyofarmenia.am/images/menus/975/Dro.pdf
  • Համլետ Գեւորգյան, Դրո; առաջին հրատ., Երեւան, 1999, 558 էջ, երկրորդ հրատ., Երեւան, 2000, 582 էջ, երրորդ հրատ., Երեւան, 2007, 670 էջ, 4-րդ հրատ, Երեւան, 2014, 920 էջ, - http://www.historyofarmenia.am/images/menus/979/Dro.pdf
  • Վարանդեան Միքայէլ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութիւն, հատ. Ա., Փարիզ, 1932, 510 էջ, հատ. Բ., Գահիրէ, 1950, 133 էջ, 2-րդ հրատ., հատ. Ա. Թեհրան, 1981, 352 էջ, հատ. Բ., Թեհրան, 1981, 351 էջ, 3-րդ հրատ., հատ. Ա. – Բ., Երեւան, ԵՊՀ, 1992, - http://www.historyofarmenia.am/images/menus/116/Dashnak1.pdf
  • Վրացեան Սիմօն, Հայաստանի Հանրապետութիւն, Փարիզ, 1928, Պէյրութ, 1968, Թեհրան, 1982, Երեւան, 1993, - http://www.historyofarmenia.am/images/menus/286/HH_Simon%20Vracyan.pdf
  • «Ալիք» օրաթերթ, բացառիկ համար. «Դրօյի յիշատակին», Թեհրան, 1956։
  • Գեւորգյան Համլետ «Ազատագրական պայքարի Կովկասյան ճակատը», 2010, 528 էջ։
  • Դրօ, Պէյրութ, 1956:
  • Դրօ (Դրաստամատ Կանայեան. 1884-1956): Կենսագրական նօթեր, Պէյրութ, 1956, 48 էջ:
  • Դրօն եւ իր գօրծը, Հալէպ, 1948, 52 էջ:
  • Թոռլաքեան Միսաք «Օրերուս հետ», Պոսթըն, 1953, 567 էջ, Թեհրան, 1982, 588 էջ, Պէյրութ, 1963, 2001, 623 էջ։
  • Հովհաննիսյան Ռիչարդ «Հայաստանի հանրապետութիւն», հատ. 1. (1918–1919 թթ.), 2005, 604 էջ։
  • Հովհաննիսյան Ռիչարդ «Հայաստանի հանրապետութիւն», հատ. 4. (Սալի եւ մանգաղի միջեւ։ Մասնատում եւ խորհրդայնացում 1920–1921 թթ.), 2016, 548 էջ։
  • Չելեպեան Անդրանիկ «Դրօ (Դրաստամատ Կանայեան)», Սաութֆիլդ, 2003, 422 էջ։
  • Պետրոսյան Գեղամ «Հայաստանի հանրապետութեան հարաբերութիւնները Ռուսաստանի հետ (1918–1920 թթ.)», 2011, 416 էջ։
  • Սարդարյան Կտրիճ «Հայ-վրացական հարաբերութիւնները 1918-1921 թթ.», 2002։
  • «Վէմ», երկամսեայ հանդէս, Պէյրութ, 1934, թիւ 3, 6։
  • Վիրաբյան Վանիկ «1918 թ. վրաց–հայկական պատերազմը, ՀՀ կառաւարութեան ռազմաքաղաքական գործունեութիւնը եւ կուսակցութիւնները», 2003, 252 էջ։
  • Վիրաբյան Վանիկ «Հայ–վրացական հարաբերութիւնները եւ Լոռու Չեզոք գոտին 1920–1921 թթ. (տարածքային սահմանազատումը)», 2015, 92 էջ։
  • Վիրաբյան Վանիկ «Հայ – վրացական ռազմաքաղաքական հարաբերութիւնները 1918 – 1921 թթ.», 2016, 828 էջ։
  • Վիրաբյան Վանիկ «Հայաստանի առաջին հանրապետութեան միլիցիան եւ ներքին գործերի նախարարութիւնը (1918–1920 թթ.)», 2003, 152 էջ։
  • Վիրաբյան Վանիկ «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական անվտանգութեան համակարգի ստեղծումը եւ գործունեութիւնը 1918–1920 թթ. (Հետախուզութիւն, բանակ, ՆԳՆ)», 2015, 746 էջ։
  • Վրացեան Սիմօն «Կեանքի ուղիներով», հատ. Դ., Պէյրութ, 1965, 307 էջ, Պէյրութ, 2007, 300 էջ։
  • Վրացեան Սիմօն «Հայաստանի հանրապետութիւն», Փարիզ, 1928, 548 էջ, Պէյրութ, 1958, 684 էջ, Թեհրան, 1982, 684 էջ, Երեւան, 1993, 704 էջ։
  • Վրացեան Սիմօն «Մրրկածին Դրօն», Պէյրութ, 1968, 1996, 207 էջ։

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 Ով ով է. հայեր / խմբ. Հ. ԱյվազյանԵրևան: Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 2005.