Հայկական Կարի Տեսակներ
Հայկական Կարի Տեսակներ կը համարուին Հարթակար, օղակակար, շղթայակար, լիցքակար, հանգուցային կար, թելքաշ կար, կոթասեղ եւ այլն, նաեւ եւրոպական կարիքէն` քրոշէն, ռեքոքոն, ափլիքը կը գործածէին ասեղը, հլունը, մաքուքը:
Հայկական կարի դպրոցներ
ԽմբագրելԱշխարհագրական տարածքներուն անուններով բացուած են ստեղծագործական դպրոցներ, որոնցմէ նշանաւորներն էին` Այնթապի կար, Մարաշի կար, Սվազի կար եւ այլն:
Այս դպրոցները բնորոշող գեղարուեստական ընտիր իրեր պահպանուած են Էջմիածինի գանձատունը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թանգարանը, Վենետիկի Ս. Ղազար եւ Վիեննայի Մխիթարեաններու միաբանութիւններու մօտ, Պոլսոյ Երուսաղէմի պատրիարքարան, Նոր Ջուղայի Ամենափրկիչ վանքը, Հալէպի Զարեհեան գանձատունը, Տիթրոյիթի Ալեք եւ Մարի Մանուկեաններու թանգարանը, Երեւանի հաւաքածոներու թանգարաններուն մէջ: Առանձին օրինակներ կը գտնուին Վարշաւիոյ, Պուտափեշտի եւ այլ քաղաքներու աշխարհահռչակ թանգարաններուն մէջ:
Այնթապի կար
ԽմբագրելԱյնթապի բնակիչները շատ լաւ արհեստաւորներ եւ վաճառականներ էին: Կը զբաղէին գորգագործութեամբ, կարպետագործութեամբ, ինչպէս նաեւ ասեղնագործութեամբ: Կ'ասեղնագործէին թաշկինակներ, սփռոցներ, անձեռոցիկներ, գլխաշորեր, հագուստի զանազան հատուածներ, «օյա» անունով ժանեակներ: Կարեւորը կտաւը ըլլար թափանցիկ, ուրկէ կարելի ըլլար ուղղահայեաց գիծերով թելեր քաշել, ապա ձեռագործել կերկահին վրայ: Պէտք էր երկու կողմերը իրարու նման ըլլային: Կարը կը կրէր հայկական ճերմակ գործ-անունը, որովհետեւ ընդհանրապէս կը գործածէին ճերմակ կերպաս:
Մարաշի կար
ԽմբագրելԵրկու տեսակ կարեր ունի: Հարթակարը` կոթասեղ կամ Զէյթունի կար եւ հիւսածոյ կար, որ յատուկ է միայն Մարաշին:
Նախ թաւիշ կտորին վրայ նշուած գծագրութիւնը կը դրոշմեն, ապա չորս շարքերով, աջէն ձախ կարերը կ'ասեղնագործեն գծուած նախշերը: Ընդհանրապէս կ'օգտագործեն կարմիր, կապոյտ, երկնագոյն եւ ճերմակ գոյներով բամպակէ, բուրդէ, մետաքսէ եւ թոյլ ոլորուած թելեր:
Ուրֆայի կար
ԽմբագրելՈւրֆայի հայերը նշանաւոր կտաւագործներ, դրոշմատպողներ եւ ասեղնագործներ էին:
Ուրֆայի կարը լիցք կը կոչուի, ընդհանրապէս բնութիւնը բնորոշող նկարներ են եւ գործածուած մեղմ գոյնի թելեր, հաւանաբար բնակիչներուն նկարագիրին եւ ճաշակին համընկած: Ուրֆայի գործերը մեծ շուկայ գտած են քիչ մը ամէն տեղ, շնորհիւ Հալէպի աշխատանոց-որբանոցի եւ միսիոնարներու ջանքերուն:
Սվազի գործ
ԽմբագրելՍվազի կարը ունի խաչասեղ լիցք եւ հարթակար: Կը գործածեն ճերմակ կամ բնական գոյնի կտաւ, որոնց ծակտիկները կարելի ըլլայ հաշուել, քանի որ համրանքի վրայ հիմնուած է, եւ երկու երեսները պէտք է ըլլան նման:
Վանի կար
ԽմբագրելԵրկու տեսակ կար ունի.
ա.- Երեք թելերով կ'աշխատցուի, գործող թելը սեղմելով կը ստացուին ցանցի նախշեր, ապա շուրջը` ոսկեթել հարթակար:
բ.- Շղթայակարը, որ շատ փոքր եւ խիտ շարքերով գոյնզգոյն մետաքսէ թելերով կ'աշխատին:
Քիլիսի կար
ԽմբագրելԿ'ընտրեն երկու տարբեր գոյնի կերպասներ: Մէկուն վրայ կը գծեն նախընտրած նախշը եւ որոշ գիծերը կը կտրեն: Երկրորդ կտորը կը տեղադրեն կտրուած գիծերուն համեմատ եւ կողքակարով կ'ամրացնեն կտորին վրայ կտրուած գծանկարներու հետեւողութեամբ:
Պոլսոյ կար
ԽմբագրելՇքեղ հարթակարն ու ուռուցիկ կարը, որ կը կոչուի նաեւ «գազազ» կար: Այս երկու կարերը կը զուգադրուին վերադիր կարին հետ, օգտագործելով ոսկեթել, արծաթաթել երբեմն մարգարիտը: Այս կարով ասեղնագործուած Ս. խորանի վարագոյր մը եւ խոյր մը պահպանուած են Էջմիածնի գանձարանին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի թանգարանին մէջ:
Սեբաստիոյ կար
ԽմբագրելԿը կոչուի թարսկար: Թափանցիկ կտորի վրայ թարս կողմէն լիցք կարով ասեղնագործուած է մետաքսաթելով, այնպէս մը, որ ուղիղ երեսը կը ստանայ իսկական զարդանախշը:
Յիշուած կարերէն բացի, Հայաստանի զանազան գաւառներ ունեցած են յատուկ կարեր, որոնք ընդհանրապէս օգտագործած են ծիսական (եկեղեցական առարկաներ) ձեռագործելու համար, ինչպէս` սկիհի ծածկոց, Ս. խորանի վարագոյր, ուրարներ եւ այլն, Քրիստոսի, առաքեալներու եւ աւետարանիչներու պատկերներով նախշուած:
Չմոռնանք Մուսա Լերան եւ Քեսապի նուրբ եւ գեղեցիկ օրինակներով ձեռագործուած ասեղնագործութիւնը, ժանեակագործութիւնը, մաքուքի գործեր, զորս մինչեւ օրս, այնճարցիները կը շարունակեն հիւսել, ձեռագործել. թուանշաններ, տարուան թիւը, հայկական նշանագիրներ եւ բանաստեղծական քառեակներ ու այսպէս սերունդէ սերունդ փոխանցելով պահպանուած կ'ըլլան իրենց ստեղծագործութիւնը տարբեր գաղթավայրերու տարածքին[1]: