Հովիկ Էդգարեան, ծնած է Իրանի Չարմահալ հայաբնակ գաւառի Հաջիաբաղ գիւղը, ուսուցչի ընտանիքի մէջ։ Տարրական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Նոր Ջուղայի Գէորգ Քանանեան եւ Իսֆահանի դպրոցներուն մէջ։ Ապա յաճախած է Թեհրանի նուագախումբերուն առափին ջութակներու շարքին մէջ։ Ապա անցած է Հռոմ եւ Լոնտոն։ 1955-ին աւարտած է Լոնտոնի երաժշտանոցը։ Նուագած է Լոնտոնի Սէնֆոնիք նուագախումբին մէջ։ Հետեւած է նաեւ դաշնամուրի ճարտարարուեստի ճիւղին, Լոնտոնի երաժշտական գործիքներու ինստիտուտին մէջ։

Հովիկ Էդգարեան
Ծնած է 25 Յունիս 1925(1925-06-25)
Ծննդավայր Չհարմահալ և Բախտիարի, Իրան
Մահացած է 2 Հոկտեմբեր 2016(2016-10-02) (91 տարեկանին)
Մահուան վայր Թեհրան, Իրան
Քաղաքացիութիւն  Իրան
Ուսումնավայր Երաժշտության թագավորական ակադեմիա?
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, երաժիշտ
Անդամութիւն Հայաստանի Գրողներու Միութիւն

Հ․ Էդգարեան նուիրուած ըլլալով հայ մշակոյթին եւ Մայր Հայրենիքին, 35 տարիէ ի վեր Հայաստանի կը տրամադրէ հին ձեռագիրներ եւ հրատարակուած գործեր։ Կորուստէ փրկած է շաս մը գրողներու արխիւները, զանոնք Հայաստան ղրկելով։ Պարգեւատրուած է Մեսրոպ Մաշտոցեան մատենադարանի մետալով։

Գրել սկսած է մանկութեան շրջանին, եւ 1936-ին տուած է իր առաջին գրուածքը «Հասկեր» պարբերականին մէջ։ Տուած է յօդուածներ հայերէն, պարսկերէն, անգլերէն եւ իտալերէն լէզուներով։ Նաեւ բանաստեղծութիւններ, որոնց թիւը կը հասնի 1900-ի։

Թեհրանի իր շէնքին մէջ հիմնած է սեփական ուժերով «Ռաֆֆի Դպրոց» անունով կրթարան մը, որուն տեսուչը ինքն էր։ Ապա կը ստիպուի թողուլ տեսչական ասպարէզը, իր մասնագիտութիւնը շարունակելու համար․ նաեւ կը փոխէ դպրոցին անունը «Նոր-Անի»-ի։ Այս վերջինը գոյութիւն ունի 31 տարիէ ի վեր։

Անդամակցած է Իրանահայ Գրողներու Միութեան եւ վարած՝ պատասխանատու պաշտօններ։ Մասնակցած է «Հայ ժողովրդական Թատրոն»ին, որուն հիմնադիրներէն է։

Թեհրանի մէջ հիմնած է իր անունով հրատարակչական ֆոնտ մը, որը մինչեւ այսօր լոյս ընծայած է 22 գիրք:

Իր հրատարակած գորղերն են․ «Խօսում են կենդանիները», «Ծաղկածովի Երանգներ» եւ «Լուսաշող»։

Ունի գրական ու երաժշտական անտիպ ստեղծագործութիւններ։

Աշխատակցած է տասնեակ մը թերթերու եւ պարբերականներու, մասնաւորաբար Իրանի, Պէյրութի եւ Հայաստանի մամուլին։

Նիւթական մեծ նուիրատուութիւններ կատարած է Հայաստան Հայաստանի երկրաշարժի աղէտեալներուն եւ համալսարանի քարտիսագիտական ճիւղին․ իր յատկացուցած գումարով համակարգիչի սարք մը գնած եւ կոչած են «Հովիկ Էդգարեան Լաբորատորիա»։ Սատարած է Պուլկարիոյ Հայոց դպրոցին, տրամադրելով կարեւոր գումար մը՝ յայտնի մտաւորական գրող Սեւտա Սեւանի ձեռամբ։

Հ․ Էդգարեան թախծալից տաղերու ընդմէջէն կ'արտայայտէ վշտակից։ հայ հոգիներու մորմոքը[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։